Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Գանձասարի. Արցախահայութեան Վճռակամութիւնը

Ապրիլ 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Մինչ աշխարհի տարբեր պետութիւններ դադրեցուցած էին իրենց աշխատանքներուն մեծ մասը եւ կաշկանդուած՝ պսակաձեւ ժահրէն պաշտպանուելու աննախադէպ ջանքերով,  31 Մարտ  2020-ին Արցախի ժողովուրդը  կը շարունակէր իր պետութեան ամրապնդման գործընթացը։ Հանրապետութեան մէջ տեղի կ՛ունենային վեցերորդ նախագահական եւ եօթերորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները։

Ընտրութիւններուն արդիւնքով թեկնածուներէն ոչ ոք յաղթահարեց քուէներուն յիսուն առ հարիւր առաւել մէկ տոկոսին սահմանը, որուն համար ալ ընտրութիւններու երկրորդ փուլի թուական ճշդուեցաւ։

Նոյն օրերուն, երբ ողջ աշխարհը մարդասիրական գործընթացներով, քիչ մը աւելի մարդկայնացած, պսակաձեւ ժահրին համաճարակը յաղթահարելու  լուծումներ կ՛որոնէր, Ատրպէյճան զերծ կը մնար մարդասիրական նուազագոյն դրսեւորումէ եւ անտեսելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին զինադադարը յարգելու կոչերը, կրկին կրակ կը բանար հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայ զինուորներուն ուղղութեամբ՝ Արցախի համապետական ընտրութիւնները հաշտ աչքով չդիտելու մէկայլ արտայայտչաձեւով մը։

Միւս կողմէն, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գար՝ Արցախի համապետական ընտրութիւնները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներուն եւ ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն խախտում համարելով։

Արդարօրէն կը հնչէր ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատասխանը, ուր կը շեշտուէր, որ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յղումը, ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն եւ Մինսքի գործընթացին հաւասարապէս, անհիմն կը համարուի: Նախարարութիւնը կը յիշեցնէր, թէ ԵԱՀԿ / ԵԽԽ 24 Մարտ 1992-ի որոշումը, որ հիմք հանդիսացած էր Մինսքի գործընթացին, կը վերաբերէր յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներուն՝ որպէս գործընթացին մասնակից: «Ընտրութիւնները պէտք է ընթանան ընտրուած ներկայացուցիչներ ունենալու համար, հետեւաբար այս իմաստով՝ Արցախի ընտրութիւնները չեն հակասեր, այլ կը բխին խաղաղ գործընթացի տրամաբանութենէն եւ փաստաթուղթերէն», կ՛ընդգծէր նախարարութիւնը, աւելցնելով, որ մարդու իրաւունքներու, այսպէս կոչուած, խնամակալի դերակատարութեամբ հանդէս եկող Թուրքիոյ այս փորձերը անհիմն կը դառնան մանաւանդ այն իրողութեան լոյսին տակ, որ Թուրքիա խախտելով ե՛ւ դրացի երկիրներու ժողովուրդներուն իրաւունքները, ե՛ւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն կը վարէ տարիներէ ի վեր։

Ակնյայտօրէն միակողմանի եւ ապակառուցողական մօտեցում դրսեւորող Թուրքիան կոչ կ՛ուղղէր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին չճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան ընտրութիւնները։ Մինչդեռ Արցախ անգամ մը եւս կը փաստէր, որ ունակ է ժողովրդավարական բոլոր չափանիշներուն համապատասխան ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելու, այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք իրենց ժողովրդավարական դիմագիծով դժուար թէ իրականան Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի մէջ։

Այս իմաստով, Արցախի ժողովուրդը ժողովրդավարական նուաճում մը եւս կ՛արձանագրէր, երբ ընտրութիւններու կը մասնակցէին տասներկու քաղաքական ուժեր, անոնց միջեւ տեղի կ՛ունենար առողջ բանավէճ, եւ վերջապէս բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները համընդհանուր մէկ նպատակ կ՛արտայայտէին՝ ամրապնդել եւ զարգացնել պետութիւնը միասնականութեան պահպանումով, առանց հող զիջելու։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան յստակօրէն կը բնութագրէր ընտրութիւններուն հոլովոյթն ու երեսուն տարիներու ընթացքին յղկուած Արցախի ընտրական համակարգը, դիտել տալով որ ընտրողներուն  մասնակցութիւնը կ՛ուրուագծէր երկրին ապագային նկատմամբ ժողովուրդին խոր գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։ Իշխանեան միաժամանակ լուսարձակի տակ կ՛առնէր կարգ մը բացթողումներ եւ  անհրաժեշտ կը համարէր ընտրական երկրորդ փուլին անոնց վերացումը, վերյիշեցնելով սահմանադրական փոփոխութիւններուն անհրաժեշտութիւնը։

Արցախահայութիւնը անշեղ ուղիով կը շարունակէ ժողովրդավար ու խաղաղապահ պետականութեան ամրապնդման գործընթացը, հակառակ իր դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն: Երեւոյթ մը, որ Հարաւային Կովկասի մնացեալ երկիրներուն եւս օրինակ ծառայելու է, որովհետեւ տուեալ երկիրներուն բնականոն զարգացման ու խաղաղ գոյակցութեան գլխաւոր երաշխիքն է:

«Գ.»

 

Նախորդը

Դէպի Ներս

Յաջորդը

Մարզական՝ Մարտ Դ./2020

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?