Տագնապի Մէջ Միայն Աստուծոյ Ներկայութիւնը Կրնայ Խաղաղեցնել Մեզ
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք‚ որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: Յովհն. 16:33 Թէեւ արտասովոր պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք Ս. Յարութեան տօնը, այլ սակայն լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն զատկական աւետիսը փոխանցելու եւ տագնապող հոգիներուն խաղաղութիւն բերելու բաղձանքով, կու գամ Յովհաննու Աւետարանի բառերով ըսել. -«...Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ մեր Տէրը յաղթեց աշխարհին»: Սակայն, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ քաջալերուիլ: Այսօր, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով,...




















