Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէ Ինչպէս Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կը Պայքարի «Քորոնա»-ի Համաճարակին Եւ Անոր Հետեւանքներուն Դէմ («Ժումհուրիա»-ի Հարցազրոյցը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հետ)

Ապրիլ 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այն միջոցներուն եւ գործադրուած քայլերուն, որոնք կ՛որդեգրուին Պուրճ Համուտի մէջ «Քորոնա» ժահրին եւ անոր հետեւանքներուն դէմ պայքարելու:

Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին շրջագիծին մէջ, կարելի է ըսել, որ քաղաքապետութեան աշխատանքը կեդրոնացաւ «Քորոնա» ժահրի մասին նախազգուշական արշաւներ կազմակերպելու, շրջանը հականեխելու եւ ընկերային հեռացումը գործադրելու:

Ան հաստատեց, որ սկզբնական շրջանին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ կեդրոնացան աշխատանքները, յատկապէս առողջապահական, հանրօգուտ շինութեանց, ոստիկանութեան եւ պահակներուն բաժանմունքներուն պարագային, նաեւ`քաղաքապետարանի կառոյցն եւ անոր պաշտօնէութիւնը «Քորոնա»-ի վարակէն զերծ կացուցելու նպատակով:

«Երկրորդ փուլին, քաղաքապետարանը սկսաւ հականեխումի արշաւի մը` նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող բոլոր աղօթավայրերը, կեդրոններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կեդրոնները, պետական հաստատութիւններն ու փողոցները: Այս աշխատանքին զուգահեռ կատարեցինք նաեւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու մասին նախազգուշական արշաւներ` ցրուելով թռուցիկներ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի բոլոր փողոցներուն մէջ կատարելով յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն յորդորեցինք բոլորը` մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ յանձնառու ըլլալու ընդհանուր զօրաշարժին», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ բնակարանային մեկուսացման մէջ մնալու, չհամախմբուելու եւ բացառութիւն չնկատուող հաստատութիւնները փակ պահելու առումով Պուրճ Համուտի մէջ մեծ ընդառաջում արձանագրուեցաւ: «Շրջանին բնակիչները գործակցեցան եւ ընդառաջեցին` իրենց գիտակցութեան շնորհիւ: Արձանագրուած խախտումները փորձեցինք ուղղել յաւելեալ ցուցմունքներ տալով, նախազգուշութեանց արշաւը աւելցնելով եւ ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութիւնը խստացնելով: Պուրճ Համուտի մէջ հականեխումի աշխատանքը ընթացքի մէջ է, իսկ ապրուստի հարցերը կը մնան մեծագոյն մարտահրաւէրը, որ պիտի ծագի` ընդհանուր զօրաշարժին իբրեւ հետեւանք», շեշտեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետը:

Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ քաղաքապետարանը կ՛աշխատի ժողովուրդին օժանդակութեան ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ` աւելցնելով սակայն, որ ինք չի փափաքիր թիւեր ճշդել եւ թուականներ յայտարարել, որովհետեւ այդ ծրագիրը տակաւին կ՛ուսումնասիրուի, եւ գործադրութեան պարագային պիտի ըլլայ քաղաքապետարանին համեստ կարողութիւններուն շրջագիծին մէջ:  Ան յոյս յայտնեց, որ պետական կեդրոնական հաստատութիւնները քաղաքապետարաններուն վերաբերող գումարները փոխանցեն անոնց, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի ընդառաջելու շրջանի կարիքներուն: «Հոս պէտք է շեշտել նաեւ, որ ընդհանուր ծախսերը կատարելը իր կարգին ունի կարգ ու կանոն, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւններ եւ վաւերացումներ»:

Մ. Պօղոսեան շեշտեց, որ հայրենիքն ու ժողովուրդը բաց պայքարի մէջ են, իսկ այս շրջանին բոլորէն աւելի ներգրաւուած են առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնները: «Ճիշդ է, որ առողջապահութեան նախարարութիւնն ու անոր կապուած մարզը առաջին գիծի վրայ կը պայքարի այսօր, սակայն ընդհանուր զօրաշարժի այս պայմաններուն մէջ, պէտք է իմանալ, որ ապրուստի դժուարութիւններ դիմագրաւող լիբանանցիները մօտեցած են աղքատութեան սեմին: Ժամանակն է, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը զօրաշարժի ենթարկուի եւ, առողջապահութեան նախարարութեան նման, իր ամբողջ կարողութիւններով կազմ ու պատրաստ ըլլայ, ինչպէս նաեւ շրջաններուն մէջ իր բոլոր կեդրոնները աշխուժացնէ` հասնելու համար ժողովուրդին: «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ընթացքին լիբանանցիներուն ապրուստի դժուարութիւնները այդ համաճարակին վտանգին համազօր դարձած են», հաստատեց Մ. Պօղոսեան:

Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կողմէ լիբանանցիներուն օժանդակելու իմաստով տրուած որոշումներուն` Մ. Պօղոսեան նշեց, որ ինք այս գծով ունի կարգ մը դիտողութիւններ: «Ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարելու, կրակմարի դրութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ շրջագայելու իրաւունքը սահմանափակելու որոշումներուն առընթեր, պէտք է ընկերային տագնապը նոյնքան կարեւոր նկատել: Այս առումով, պէտք է վերջ տալ խոստումներուն: Լիբանանցիներուն կէսէն աւելին աղքատութեան սեմին կը գտնուին, 5-6 անդամներէ բաղկացող ընտանիքները «բանտարկուած» են քանի մը տասնեակ մեթրի մէջ, աշխատանք չկայ, եկամուտ չկայ, կարողութիւններ չկան: Այս ընտանիքները հոգեբանական կամ կենցաղային այնպիսի վիճակի մէջ են, որ անոնք ի վիճակի չեն երբեք աղօտ եւ անյստակ խոստումներ լսելու: Թող պատասխանատուները խօսին ծրագիրներու եւ ոչ թէ խոստումներու մասին, երբ անոնց ծրագրաւորումը աւարտեն: Թող մշակուած ծրագիրներուն յստակ ու թափանցիկ գործադրութեան մասին, որդեգրուելիք ձեւին ու թուականին մասին պաշտօնապէս յայտարարուի:

«Օժանդակութիւնները բաժնելու պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ եւ վերջ տալ ժողովուրդը վարկաբեկելու մեթոտներուն: Եթէ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու ելեւմտական տագնապները, եւ ապա «Քորոնա»-ի ստեղծած ճգնաժամը պատճառ դարձած են, որ մարդիկ իրենց կենցաղային պայմանները կորսնցնեն եւ օժանդակութեան կարիք ունենան, ապա այս իրականութիւնը չի նշանակեր, որ անոնք մուրացկաններ են: Օժանդակութիւններ բաշխելու ծրագիրներն ու ձեւերը պէտք է սերտուած ըլլան եւ քաղաքացիին իր իրաւունքը շնորհելու կարեւորութեամբ առաջնորդուին», ընդգծեց ան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ժողովուրդին բժշկական օժանդակութիւն կը մատուցեն: «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, հիւանդանոցներու անձնակազմներուն եւ Կարմիր Խաչին: Այս պայմաններուն մէջ կը փափաքիմ բոլորին յիշեցնել, թէ այսօր շնորհակալ ենք իւրաքանչիւր համեստ աշխատաւորի, որուն ջանքերով կը յաջողին շարք մը նախաձեռնութիւններ, իւրաքանչիւր զինուորի, ոստիկանի, տնտեսի, փռապանի, սննդամթերքի վաճառատան աշխատաւորի, դեղագործի, դրամատուներու եւ այլ հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն, որոնք ժողովուրդին կացութեան մասին տեղեակ կը պահեն եւ նախազգուշական հսկայ արշաւ կ՛իրականացնեն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իւրաքանչիւր աշխատաւորի, որ այս պայմաններուն մէջ իր գործը նուիրումով կը կատարէ, որովհետեւ անոնք իրենց ճիգերով է, որ կը պահպանեն մարդ անհատին եւ ընկերութեան նուազագոյն կարիքները. անոնք արժանի են գնահատանքի», եզրափակեց Մ. Պօղոսեան:

 

Նախորդը

Յոյսին Յաղթական Մուտքը Երուսաղէմ

Յաջորդը

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հրապարակեց Որոշումներ, Որոնք Դրամատուներուն Մէջ Փոքր Հաշիւ Ունեցողներուն Առիթ Կու Տան Իրենց Գումարը Ստանալու

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?