Ճեմարանի Քայլերգին Հետքերով
ԴՈԿՏ. ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ Ճեմարանիս մասին երբեք չեմ գրած: Ամբողջ կեանք մըն է, էութիւն մը, ներաշխարհ մը: Ի՞նչ գրել քանի մը տողի սահմաններուն մէջ: Բայց յանկարծ անոր Հանրային կապերու գրասենեակէն կը ստանամ ե-նամակ մը, դիմուած ինծի` «Սիրելի ընկ. Խաժակ Գուլաճեան»-ով: Հպարտացայ` Ճեմարանը կը յիշէ իր շրջանաւարտները: Կը խնդրուէր 90-ամեակին առիթով խօսք մը: Տնամեկուսացուած` արդէն խառն զգացումներով պարուրուած, յանցաւորի զգացում մըն ալ...

















