«Ազդակ»-ի 19 նոյեմբեր 2019 թիւին մէջ կարդացինք վերոնշեալ գիտաժողովին լրատուութիւնը, որմէ կը մէջբերեմ. «Երեւանի պետական համալսարանի հետազօտող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ցեղասպանագէտ Հիլմար Քայզերը, որուն զեկուցման թեման էր` «Բողոքականներու նպաստամատոյց գործունէութիւնը օսմանեան 4-րդ բանակի շրջանին 1915-1917 թուականներուն»:… «Հիլմար Քայզերը միակ զեկուցողն էր, որ անդրադարձաւ նաեւ ազգութեամբ թուրք այն մարդոց, որոնք դէմ եղած են ջարդերուն եւ օգնած են տեղահանուածներուն: Մասնաւորապէս ան ներկաներուն ուշադրութեանը ներկայացուց օսմանեան 4-րդ բանակի կատարած բարեսիրական գործողութիւններն ու օգնութիւնը հայերուն» (1): Իրա՞ւ…ի՞սկապէս…
Առ ի տեղեկութիւն՝ 4-րդ բանակի հրամանատարը 18 Նոյեմբեր 1914-էն սեպտեմբեր 1917, որուն յանձնուած էր Սուրիան եւ Պաղեստինը, այժմու Յորդանանը ներառեալ՝ Ահմատ Ճեմալ փաշան էր(1872–1922), որուն մասին Ուիիքիփիտիան կը գրէ.«commonly known as Jamal Basha as-Saffah or Jamal Pasha the Bloodthirsty in the Arab world, was an Ottoman military leader and one-third of the military triumvirate known as the Three Pashas (also called the “Three Dictators”) that ruled the Ottoman Empire during World War I and carried out the Armenian Genocide» (2). Թարգմանութիւնը՝ «Ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ ճանչցուած իբրեւ «Դահիճ Ճեմալ փաշա» կամ «Արիւնարբու Ճեմալ փաշա»,օսմանեան զինուորական ղեկավար մըն էր, եւ ան Օսմանեան կայսրութեան զինուորական հրամանատարութեան մէկ երրորդն էր, որ յայտնի էր իբրեւ Երեք փաշաներ (նաեւ կը կոչուի «Երեք բռնապետներ»), որոնք ղեկավարեցին Օսմանեան կայսրութիւնը Առաջին աշխարհամարտին ընթացքին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրեցին»:
Կը զարմանամ, որ այսպիսի անձերու ամպիոն տրամադրուած է հայկական հաստատութիւններու եւ խորհրդաժողովներու մէջ: Պիտի կրկնեմ «Յորդանանի Հայերը» գիրքի ներկայացումէս Քայզերի մասին գնահատականս. «Ես վերապահութիւնս կը յայտնեմ Քայզերի այս ուսումնասիրութեան, որ կարծէք, թէ կը փորձէ մեղմացնել ցեղասպանութիւն գործադրած Ճեմալ փաշային պատասխանատուութիւնը:
«Ճեմալ փաշան օսմանեան չորրորդ բանակի հրամանատարը եւ Մեծն Սուրիոյ կառավարիչն էր, եւ շրջանի բոլոր արաբներուն իսկ որակումով ցարդ «արիւնարբու դահիճ` ժազզար, սաֆֆահ» անուանուած է: Քայզերը Ճեմալ փաշայի մասին չհիմնաւորուած երկու սխալ եզրակացութիւններու կը յանգի: Առաջինը՝ որ իբր թէ դէպի Յորդանան աքսորեալ հայերուն հանդէպ «բարեացակամ» էր, եւ երկրորդ, աւելի՛ վտանգաւորը, կ՛եզրակացնէ, որ այս պատճառով, ուրեմն, Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած չէր…լաւ կազմակերպուած չէր կ՛ըսէ… էջ 40, 41, 46, մանաւանդ էջ 70:
«Զարմանալին այն է, որ Ճեմալ փաշային հրամանատարութեան տակ էր նաեւ ամբողջ Սուրիան, անապատները, Հալէպն ու Տէր Զօրը, ինչո՞ւ ան «բարեացակամ» չէր այնտեղ… Մա՛նաւանդ իր եզրակացութեան վերջին նախադասութիւնը (էջ 105), ուր թէեւ ցեղասպանութիւն եզրը կը գործածէ, սակայն տարօրինակօրէն կ՛ըսէ, որ Երիտասարդ թուրքերու իշխող կուսակցութիւնը ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ միատարր ցեղասպանական քաղաքականութիւն չէր որդեգրած…
«Պէտք է յիշեցնել, որ թրքական զինուորական դատարանը, այլ պատասխանատուներու կողքին, սպանդներ կազմակերպելու համար մահուան դատապարտեց նաեւ Ճեմալ փաշան, իսկ մահավճիռը գործադրեցին Ստեփան Ծաղիկեանը, Արտաշէս Գէորգեանը եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանը 21 յուլիս 1922-ին Թիֆլիսի մէջ, «Չեկայի» շէնքին իսկ առջեւ» (3):
Այստեղ կ՛ուզեմ յիշեցնել նաեւ «չքմեղանք որոնող» այլ պարագայ մը, որուն անդրադարձած էի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը – Ա.» (4) յօդուածաշարքով 24 ապրիլ 2018-ին, որմէ կը մէջբերեմ. «Երկրորդը եւ երրորդը երկու տարօրինակ յօդուածներ են՝ հայազգի Միւրիըլ Միրաք Ուէյսպախի կողմէ գրուած, ամերիկահայ «Տը Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» անգլերէն շաբաթաթերթին մէջ: 12 յունուար 2017 թուակիր` «Լիման վոն Սանտըրզ` պատուոյ խնդիր մը», շատ երկար յօդուած` 4100 բառ (6) եւ 16 նոյեմբեր 2017 թուակիր` «Լիման վոն Սանտըրզի արժանապատիւ հռչակին վերականգնումը» (7):
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2015-ին Գերմանիոյ նախագահին ուղերձէն, ուր Ցեղասպանութիւնը, նաեւ` Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը ընդունելէն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին 2 յունիս 2016-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն եւ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան Գերմանիոյ բաժինը ընդունելէն ետք`2017-ին գրուած են այս յօդուածները…
«Հեղինակը 2016-ի աշնան ամուսնոյն հետ այցելած է Գերմանիոյ Տարմսթատ քաղաքին պատմական գերեզմանոցը, ուր թաղուած է Լիման վոն Սանտըրզը: Ըստ երեւոյթին, Տարմսթատի քաղաքապետութիւնը 22 յունիս 2015-ին վերանայելէ ետք Լիմանի եւ վեց այլ զինուորականներու արժանիքները, մասնագէտներու կողմէ երեք տարուան ուսումնասիրութիւններէն ետք, որոշած են շնորհազրկել զանոնք «Պատուոյ գերեզման»-ի կարգավիճակէն: Պատճառը` «Անոնց վիճակը հիմնաւորուած էր միայն ռազմական յաջողութիւններու վրայ»: Իսկ Լիմանի պարագային կ՛աւելցնեն, որ` «Առ նուազն ան անուղղակիօրէն մասնակից էր հայերու տեղահանութեան եւ բնաջնջումին»: Այս հաստատման համար փաստաթուղթ-ապացոյցի փոխարէն` հեղինակները կը նշեն «Բարձր պատասխանատուութեան դիրքի իր պաշտօնը` արեւելեան Թուրքիոյ մէջ»:
«Սակայն, կ՛ըսէ հեղինակը, հայերը գիտեն, կամ պէտք է գիտնան, որ ան Զմիւռնիոյ (այժմ Իզմիր) շուրջ 6-7 հազար հայերու կեանքը փրկած է իր միջամտութեան շնորհիւ (անոնց տեղահանութիւնը սկսելէն ետք եւ ապահովական նկատառումներով եւ ոչ թէ` մարդասիրական, ՅՉ) հարց տալով, որ պէտք չէ՞ գոնէ այս պատճառով վերստին պատուի արժանանայ…
«Իրականութեան մէջ այս յօդուածը եւ անոր ենթահող տրամաբանութիւնը յստակօրէն կը փաստեն Օթթօ վան Լիման Սանտըրզին պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ: Եթէ ան կրցաւ փրկել Զմիւռնիոյ հայերէն մաս մը` իբրեւ Թուրքիոյ մէջ գերման գերագոյն հրամանատարը, 1913-1919, ինչո՞ւ ան չփրկեց Թուրքիոյ ամբողջ հայ բնակչութիւնը` մէկուկէս միլիոն նահատակ հայերը…
«Երկրորդ յօդուածը կը վերաբերի 4 նոյեմբեր 2017-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած, հանգստեան կոչուած գերման զօրավար Էքհարտ Լիսեքի «Մարաջախտ Լիման վոն Սանտըրզ` պատուաւո՞ր զինուոր» խորագրով դասախօսութեան` իբրեւ քննարկում վերը նշուած «Պատուոյ գերեզման»-էն շնորհազրկուելու հարցին:
«Լիսեք այս հարցը քննարկող ճիշդ անձն էր», կ՛ըսէ Միրաք քանի որ ան նաեւ 2002-2005 Պոլսոյ մէջ ղեկավարած է ՕԹԱՆ-ի «Արագ միջամտութեան մարմինին», որուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան հազարէ աւելի նիւթեր ուսումնասիրած է եւ` թրքերէն ու այլ լեզուներ սորված: Ան չորս գիրքերու հեղինակ է, որոնցմէ` 2017-ին լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին. գերմանացի սպաները դերակատա՞ր էին»:
«Գերմանացիներուն երկընտրանքը» ենթաբաժինին մէջ Լիսեք կ՛ըսէ, որ գերմանացի սպաները, որոնք ստանձնած էին օսմանեան բանակը մարզելու գործը, պատուիրուած էին Վիլհելմ Բ. կայսրին կողմէ` «միջամուխ չըլլալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան»:
«Այս մէկը երկընտրանքի մղեց սպաները` կուրօրէն հնազանդի՞լ կայսրին, թէ՞ իրենց խղճին, երբ հակահայ ջարդերը սկսան: Եւ կը նշէ, օրինակ, զօրավար Ֆրետերիք Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆը (օսմանեան բանակի սպայակոյտի պետը, որ փոխարինեց Լիմանը, որ հարցեր կ՛ունենար պատերազմի նախարար Էնվեր փաշային հետ), որ միջամուխ եղաւ` ուղղակի զօրավիգ կանգնելով տեղահանութեան: Ապա կը նշէ Լիմանին միջամտութիւնը Զմիւռնիոյ 7-8 հազար (6-7 հազա՞ր) հայերու եւ այլ վայրերու մէջ` նաեւ յոյներու փրկութեան, եւ թէ` ան մերժած է իր հայ եւ հրեայ թարգմանները գործէ արձակել (քանի որ ուրիշը չկար): Վկայակոչելով Քրիսթոֆ Տինքըլի ուսումնասիրութիւնը` կ՛ըսէ, որ Լիմանը միակ սպան էր, որ փրկեց հայեր եւ յոյներ:
«Արդեօ՞ք բոլոր հայերուն տեղահանութիւնը իրենց երկրէն «ներքին քաղաքական հարց» էր…
«Պատերազմի ոճիրները բնա՛ւ կարելի չէ արդարացնել, նոյնպէս` բոլո՛ր «Պիղատոսները», որոնք կարողութիւնը ունէին կասեցնել մարդկութեան դէմ այս ահաւոր ոճիրը, սակայն ոչինչ ըրին:
Երբ ի՛ր իսկ դատարանը Ճեմալ փաշայի պարագային մահուան դատապարտեց զինք, իսկ Լիման վոն Սանտըրզ-ի պարագային իր քաղաքապետարանը մասնագէտներու կողմէ երեք տարուան ուսումնասիրութիւններէն ետք, որոշեց շնորհազրկել զինք՝ ի՞նչ են նպատակը Հիլմար քայզերին եւ այս «չքմեղանք որոնողին», եթէ ոչ ցեղասպանութեան ժխտողականութիւն՝ մէկ-մէկ ոճրագործներ առնել եւ փորձել անոնց մէջ գտնել «մեղմացուցիչ» արարքներ:
Պէտք է զգաստանա՛լ:
20 նոյեմբեր 2019
———————
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/466197
(2) https://en.wikipedia.org/wiki/Djemal_Pasha
(3) https://www.aztagdaily.com/archives/465103
(4) https://www.aztagdaily.com/archives/391028