Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւնը Պէտք Է Խարսխուի Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ

Յունիս 2, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի Հետ

— Ընկե՛ր Վիգէն, ողջ աշխարհին պատուհասած համավարակը փոխեց բոլորի օրակարգերը՝ վերջին ամիսներին դառնալով մարդկութեան թիւ մէկ մտահոգութեան առարկան: Չնայած ստեղծուած տագնապալի վիճակին՝ տեսնում ենք, որ հայկական համայնքները եւ մեր ազգային կառոյցները դրսեւորում են եռանդ ու համախմբուածութիւն հայրենակիցներին ամէնուր անհրաժեշտ օգնութիւններով ապահովելու շնորհակալ գործում՝ չմոռանալով առաւել նեղ կացութեան մէջ յայտնուած միւս համայնքները, օրինակ՝ Լիբանանը: Եթէ հնարաւոր է, ընդհանուր ձեւով ներկայացրէք ԱՄՆի հայկական կառոյցների եւ այդ շրջանակում ՀՅԴի ու նրա ուղեկից միութիւնների, յանձնախմբերի, այլ միաւորների իրականացրած եւ իրականացուող աշխատանքները:

— Կասկած չկայ, որ COVID-19 համավարակը յանկարծակիօրէն եւ չսպասուած ձեւով վերափոխեց մեր իրականութիւնը։ Արդի պատմութեան մէջ մեզի ծանօթ նախընթացներէն ամբողջութեամբ տարբեր ձեւով այս աղէտին հետեւանքը համաշխարհային տարողութեամբ է եւ ամէնուր կը զգացուի։ Աւելին՝ կայ անկանխատեսելիութեան ազդակը, որ տագնապը շատերուն համար վերածեց գոյութենական խնդրի՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեբանական ցնցումի իմաստով։ Այս նոր իրականութեան ի տես՝ ՀՅԴ շարքերը եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները մտան տագնապը դիմագրաւելու կացութաձեւի մէջ, որպէսզի աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող մեր համայնքներուն օգնեն՝ Հայաստանէն Արցախ, Լիբանան, Սուրիա, Մ. Նահանգներ, Արժանթին ու այլ երկիրներ։ Մինչ կարգ մը կազմակերպութիւններ եւս գործի լծուեցան, սակայն ՀՅԴ «պատասխանը» բնազդային կարելի է համարել՝ հաշուի առնելով իր պատմական դերը Սփիւռքի մէջ, ժողովրդային արմատներուն հետ գործելու իր մօտեցումները եւ առ այս իր ստեղծած համայնքային կառոյցները։ Հոս՝ Մ. Նահանգներու մէջ, յատկապէս Արեւմտեան շրջանէն ներս, Կեդրոնական կոմիտէն ստեղծեց շտապ օգնութեան մարմին մը, որ տեղական մարմիններով կազմակերպեց կարիքաւորներուն օժանդակութիւն հասցնելու գործը՝ Կլենտէյլի, Փասատինայի, Լա Քրեսենթա հովիտի, Հոլիվուտի, Նորթ Հոլիվուտի, Մոնթէպելլոյի կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն հասցնելով անհրաժեշտ սննդեղէնի ու յարակից

նիւթերու (հականեխիչներ, դիմակներ) ծրարներ, հիմնականին մէջ մեր Երիտասարդական միութեան անդամներուն միջոցով։ Մեր բոլոր ուղեկից կազմակերպութիւնները, ներառեալ ՀՕՄը, ՀՄԸՄը, մասնակից եղան այս հաւաքական ճիգին, որ այս տագնապին մէջ դարձան յոյսի եւ տոկունութեան խորհրդանիշներ։ Հեռավար կարգով սփռուած արարողութիւններով մեր եկեղեցիները հոգեւոր սնունդ հասցուցին համայնքին, իսկ հայկական դպրոցները անմիջապէս որդեգրեցին հեռավար ուսուցման համակարգը՝ արտակարգ արհեստավարժութեամբ։ Նոր տեսակի թելադրականութիւն ունեցող լոյս մը ծագեցաւ համայնքէն ներս, յատկապէս գործակցութեան, միասնականութեան ոգիով, որ ի յայտ բերաւ մեր ժողովուրդին ազնիւ յատկանիշները։

— Տեսնում ենք, որ, չնայած ստեղծուած վիճակին, չեն մոռացւում նաեւ ազգային հիմնական անելիքները՝ Հայ դատի ուղղութեամբ աշխատանքներ, Արցախի ճանաչման հարց, ճիգեր հայկական երկու հանրապետութիւններին ԱՄՆ-ի կողմից տրամադրուող օժանդակութիւնների մեծացման ուղղութեամբ, ճնշում Բաքուի վրայ եւ այլն:

— Նոյնիսկ այս համաշխարհային համավարակի մթնոլորտին մէջ հրամայական էր Հայ դատի աշխատանքները շարունակելը, ինչ կը վերաբերի Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման, Հայաստանի ի նպաստ ծրագիրներու հետապնդում, Հայաստանի տրուող ամերիկեան օժանդակութեան վերաուղղորդումը այն տրամաբանութեամբ, որ կարելի ըլլայ դարմանել տագնապին թէ՛ առողջապահական եւ թէ՛ տնտեսական հետեւանքները։ Այս աշխատանքները ոչ միայն շարունակուեցան, այլեւ յաւելեալ թափ ստացան շնորհիւ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակներուն՝ Ամերիկայի, Եւրոպայի մէջ եւ այլուր։ Նման տարողութեամբ աղէտները կը խախտեն ցարդ գոյութիւն ունեցած ընկերաքաղաքական կացութաձեւը։ Սա նաեւ պէտք է տեսնել իբրեւ պատեհութիւն յաւելեալ ձեռքբերումներու Հայ դատի եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան պարունակին մէջ։

— Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները լուծարեցին Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ փոխարինելով այն յանձնակատարի գրասենեակով: Ինչպէ՞ս էք գնահատում հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնների ներկայ վիճակը՝ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան եւ այլ առումներով: Իհարկէ, այս պարագայում եւս պէտք է զանց առնենք համավարակի պատճառով վերջին ամիսներին ստեղծուած առարկայական խոչընդոտները, երբ պարտադրուած ինքնամեկուսացման մէջ են ոչ միայն մարդիկ, այլեւ պետութիւնները:

— Անկախութենէն ի վեր Սփիւռքի վերաբերեալ ՀՀ իրարայաջորդ իշխանութիւններու որդեգրած հայեցակարգը ցոյց կու տայ Սփիւռքին նկատմամբ լուրջ անտեղեակութիւն մը։ Դժբախտաբար, փոխանակ ուղղութիւն սրբագրելու անհրաժեշտ քայլեր առնելու, կառուցային լուծումներ որդեգրուեցան, որոնք ծառայեցին սխալներու մշտատեւութեան։ ՀՀ ներկայ վարչակազմին պարագային նախարարութիւնը լուծարքի ենթարկելու որոշումը մեզ հասցուցած է նոր ու աւելի բարդ կէտի մը, որ աւելի եւս կը խոչընդոտէ աշխարհագրական սահմանները զանցող ու լիիրաւ ուժականութեամբ օժտուած Հայաստանի մը կերտումը։

Իրականութեան մէջ երկրորդական է այն, թէ ինչ է կառոյցին էութիւնը։ Երբ կը պակսի հիմնական հասկացութիւնը, եւ կառոյցը հիմնուած է խոցելի ենթադրութիւններու վրայ, անկասկած որ պիտի երերայ, ինչպէս որ պատահեցաւ անցնող տասնամեակներուն՝ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին։ Հայաստան-Սփիւռք երկհերձ եւ նուիրապետական ըմբռնողութիւնը կը ժխտէ պատմական իրականութիւնն ու հոլովոյթը։ Սփիւռքեան ինքնութիւնը կազմաւորուած է վերապրումի եւ գոյատեւման պարունակին մէջ, որ իր էութեամբ իսկ ճկուն է եւ պատշաճող եւ հետեւաբար նաեւ իր միջավայրին համապատասխանող։ Սփիւռքեան ինքնութեան այս երեսը գործնապաշտ է, նպատակաուղղուած եւ ազգայնամոլութենէ զերծ։ Միաժամանակ սփիւռքեան ինքնութիւնը զարգացած է այնպիսի ընկերա-մշակութային պարունակի մը մէջ, ուր տեղատոհմային պատկանելիութիւնը կը հանդիսանայ հասարակաց դաշտ մը։ Այնտեղ անհատական փորձառութիւնները կը ստանան հաւաքական բնոյթ։ Այս տեսակի ինքնութիւն մը ինքզինք կը դրսեւորէ կազմակերպչական ընդարձակ, բազմերես ու բազմաշերտ ցանցով մը, ուր ի վերջոյ կը կազմաւորուի ազգային ձգտում ըսուածը։

Ինչպէս վերը նշեցինք, կազմակերպչական այս ցանցերը ընդարձակ են եւ բազմաշերտ։ Իբրեւ այդպիսին՝ անոնք հետք կը ձգեն անհատական «պատումին» վրայ եւ միաժամանակ պարիսպ կը հանդիսանան ապամշակութայնացումին եւ որոշ չափով ձուլումին դիմաց։ Սփիւռքեան ինքնութիւնը կ’ենթադրէ եղաշրջական յարատեւ ընթացք մը եւ երբե՛ք կայուն, լճացած իրավիճակ։ Անոր տրուելիք որեւէ պարզունակ սահմանում սխալ է ու մոլորեցնող։ Օրինակի համար, վերջերս Հայաստանէն լրագրող մը առաջադրեց, որ Սփիւռքը կարելի է բաժնել «ինստիտուցիոնալ» եւ «ոչ ինստիտուցիոնալ» հանրոյթներու, հետեւաբար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կարելի է ըմբռնել այս մօտեցումով։ Այս մէկը լաւագոյն պարագային ցոյց կու տայ Սփիւռքին նկատմամբ մակերեսային ու պարզունակ ճանաչողութիւն մը՝ չըսելու համար, որ ան լրջօրէն կը թերագնահատէ Սփիւռքի պատմականօրէն հարուստ եղաշրջական հոլովոյթը։ Սփիւռքեան որեւէ կառոյցի մը անհատական անդամակցումը չի կրնար սահմանել Սփիւռքը սեւ ու ճերմակ տարազումով, որովհետեւ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները չեն համապատասխաներ «Institute»ի մը աւանդական հասկացութեան։

Սփիւռքի ծննդոցը ամէն բանէ առաջ փորձառութիւն մըն է, որ, ի վերջոյ իր հոլովոյթը ապրելով, վերածուած է կոկուած-մշակուած եւ համայնքին վրայ խարսխուած ենթակառոյցի մը, որ արտայայտիչն է այս փորձառութեան։ Հետեւաբար կառուցային աւանդական յատկանիշները կիրարկելի չեն Սփիւռքին պարագային, ինչպէս որ են ազգ-պետութեան մը պարագային։

Հետեւաբար յղացքային առումով սխալ մօտեցումները, ինչպէս «ինստիտուցիոնալ» եւ «ոչ ինստիտուցիոնալ»ը կամ վիճակագրական ցուցանիշները (ուր փորձ կը կատարուի ճշդելու անդամակցութեան տոկոսը այս կամ այն կազմակերպութեան կամ կուսակցութեան), մեզ կրնան առաջնորդել միայն սխալ ուղիի։ Քաղաքական մասնակցութեան իմաստով կան բազմամակարդակ ազդեցութեանց գօտիներ եւ համայնքային ուժական «կանոններ» եւ փրոթոգոլներ, որոնք անկարելի կը դարձնեն վիճակագրական տուեալներով Սփիւռքի հեղինակութեան այսպէս կոչուած «ուժերը» սահմանել։ Հետեւաբար այսպիսի թիւրըմբռնումներու հիման վրայ կառոյցի մը ստեղծումը կրնայ միայն արգելք հանդիսանալ Հայաստան-Սփիւռք երկարաշունչ եւ կառուցողական յարաբերութեանց վրայ։

Սփիւռքեան կազմակերպչական ցանցերը չձուլուած սփիւռքահայուն համար իր էթնիկցեղային ինքնութեան մաս կը կազմեն անկասկած։ Կազմակերպչական անդամակցութիւնը դերակատար է անոր մասնակցութեան եւ «աքթիվիզմին» չափին մէջ, բայց եւ այնպէս, ատիկա չի սահմաներ սփիւռքահայ անհատին ազգային ինքնութիւնը։

Սփիւռքը կարելի է ըմբռնել այն պարագային, երբ զայն իբրեւ «սիստեմ» ընդունինք եւ ոչ թէ իբրեւ հանրոյթ մը, որուն զանազան մասնիկները կարելի է զիրար կցել կամ անջատել. «սիստեմիք» մօտեցումը կը բացառէ այդպիսի հայեացք։

Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնը պէտք է սկսի փոխադարձ յարգանքի դիտանկիւնէն։ Այսինքն՝ պատմական իրողութիւնը, ատոր հոլովոյթը (տինամիզմը) ըմբռնելու կամեցողութիւն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքին տեղն ու դերը իբրեւ անկախօրէն գործող, լիազօր եւ բարձրակարգ նրբութիւններով օժտուած ազգային ուժ մը, որ անհրաժեշտ է սիստեմաթիք կերպով համարկել Հայկական աշխարհի նոր իրականութեան մէջ, քան թէ զայն համարել երկկողմանի յարաբերութիւններու գործիք։ Սկզբնական շրջանին, երբ Հայաստան նոր վերանկախացած էր (Սպիտակի աղէտէն եւ Արցախեան պայքարէն վերջ. կարելի էր այդ տարիները կոչել «կազմաւորման հանգրուան»), անհրաժեշտ էր միացեալ Սփիւռք մը, որ խաղար իր զօրակցական դերը։ Այդ տարիներուն, գոյատեւումը կը գերակշռէր ամէն ինչ։ Յաջորդող, համեմատաբար կայուն տարիներուն, սակայն, անհրաժեշտ էր, որ այս յարաբերութիւնը զարգանար դէպի աւելի բարձր հարթութիւն, ուր առնուազն կարելի պիտի ըլլար յստակեցնելու ճանապարհային քարտէս մը, որ յանգէր «սահման չունեցող ազգ»ի՝ խարսխուած ազգ-պետութեամբ։ Հայկական աշխարհ մը, որ հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի, ներազգային այլազանութեան նկատմամբ իրաւացի ըմբռնողութեան, հաւասարէ հաւասար յարաբերութեան, ժողովրդավարութեան եւ նմանօրինակ այլ հանգամանքներու վրայ։ Դժբախտաբար, չկրցանք «բարերարօգնող»ի յարաբերութենէն անդին անցնիլ, որ ժամանակի ընթացքին միայն փոխադարձ անհանդուրժողութեան եւ անվստահութեան կը յանգեցնէ, ըլլայ ատիկա բացայայտ թէ ծածուկ։ Դժբախտաբար, Սփիւռքի նախարարութիւնը, կամ հիմա Սփիւռքի նորակազմ յանձնակատարի գրասենեակը չեն կրնար դրական փոփոխութեան կրողները ըլլալ։

Սփիւռքը՝ իբրեւ բաբախուն եւ ուժական ընկերամշակութային մարմին, ճիշդ ձեւով չէ գնահատուած։ Աւելին՝ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւն մշակողները կը շարունակեն առաջարկել ծրագիրներ, որոնք կ’առաջադրեն «կազմակերպել» Սփիւռքը ու սահմանել անոր դերը Հայաստան-Սփիւռք լայն ծիրի մը մէջ, երբ կայ իսկական շփոթ, թէ իրապէս ինչ է այդ ծիրը։ Տակաւին կը սպասեմ այնպիսի առաջարկի մը, որ ըլլայ առարկայական, փաստական հիմքերու վրայ, որ փորձէ համադրել ակնառու թիւով ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ’առնչուին սփիւռքեան բարդ փորձառութեանց այլազան երեսներուն։

Աւելի բարդացնելով իրավիճակը՝ Սփիւռքի մէջ շատ մը անհատներու եզրակացութիւնները եւս զուրկ են փաստական հիմնաւորումէ եւ հետեւաբար նաեւ մոլորեցնող են։ Պէտք է խուսափիլ լուծումներ առաջադրելէ՝ առանց խորապէս ըմբռնելու այն «տինամիզմը», որ մեր ժողովուրդը հասցուցած է պատմութեան այս քառուղիին։

Ազդու եւ դրական փոփոխութեան համար նախապայման է առաջադէմ տեսլական մը՝ առանց անցեալէն մեր սորված դասերը անտեսելու։ Սակայն ընկերային կարգի կացութաձեւի փոփոխութիւնը կրնայ միայն յանգիլ ակնառու եւ երկարատեւ դրական զարգացումի, եթէ անցեալը տեղ մը վերջնականապէս մէկդի դրուի, եւ ապագայի յստակ տեսլական մը ուրուագծուի մեր առջեւ։ Տեսլական մը, որուն նպատակն է իրականացնել իրակա՛ն միաւորում՝ ի գործ դնելով մեր կարողականութիւնը եւ «ռեսուրսները» եւ առաւելագոյնս լարելով մեր ազգին իսկական ներուժը։

Մինչ կը տօնենք անկախութեան տօնը, մեր հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը, պէտք է վստահեցնենք, որ մեր ընտրանքները կը ցոլացնեն մեր յոյսերը, եւ մեր քայլերը կը մարմնաւորեն այդ յոյսերը։ Այլապէս մեզ սահմանողը պիտի ըլլան անցեալի կապանքները եւ ոչ թէ ապագայի մը տեսլականը։

«Դրօշակ», թիվ 6 (1640), հունիս, 2020 թ.

Նախորդը

Ակնարկ. «Հայերու Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ 1915-1923» Գիտաժողովին Առիթով

Յաջորդը

Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?