ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Երկուքին պարագային ալ գործ ունինք ապաշնորհ ղեկավարութեան հետ (նախագահ եւ վարչապետ): Տարբերութիւնը այն է, որ Ամերիկայի համար այս ներկայ տագնապը, ինչքան ալ ծանր ըլլայ, նախագահը ինչքան ալ ապաշնորհ ըլլայ, երկիրը գոյութենական վտանգ չի դիմագրաւեր: Անիկա ունի պետական ամուր ու կայացած կառոյցներ:
Հայաստանի պարագային տարբեր է, որովհետեւ ան թէ՛ կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր (արտաքին թշնամիներ), եւ թէ անոր պետական կառոյցները օրէ օր կը ջլատուին: Այսպէս, վարչապետի պաշտօնը վարող Ն. Փաշինեան առաջին իսկ օրէն յայտարարեց, թէ ինք «իզմերու» չի հաւատար: Այսինքն ոչ մէկ գաղափարախօսութեան կը յարի. չունի գաղափարախօսութիւն (թէեւ կը ղեկավարէ… «կուսակցութիւն» մը): 3 ամիս վերջ ալ հրապարակաւ յայտարարեց, թէ «ինչի Հայաստանում կա՞յ մի դատաւոր որ ինձ կարա ասի` չէ…»` այս ձեւով սկսելով պետութեան իրաւական հիմքերը քանդելու գործընթացին…
Երկու օր առաջ ականատես եղանք մեր երկրի քաղաքացիական օդագնացութեան կառոյցին հասցուած ծանր հարուածին` իբրեւ ապաշնորհ ղեկավարումի նորագոյն ապացոյց: Վարչապետը կը յայտարարէ, թէ ան, որ խախտում նկատէ, թող իրեն ղրկէ համապատասխան լուսանկարները (ինք անձնապէս փոխարինած է պետական կառոյցները…): Երկրի ազգային ապահովութեան սպասարկութեան կը հրահանգէ երեւան հանել թաղային խրախճանքի մը հանգամանքները (Շէնգաւիթ): Այդ սպասարկութիւնն ալ, լուռ ու մունջ, երկրի ապահովութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացումի խնդիրը մէկ կողմ դրած, լծուեցաւ այդ գործին…
Չեմ ուզեր խօսիլ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող համավարակը դիմագրաւելու ուղղութեամբ հայրենի իշխանութիւններուն ցուցաբերած փնթիութեան մասին: Աւելորդ է:
«Սիրոյ եւ համերաշխութեան» քարոզիչ Փաշինեան յաջողեցաւ ներքին լարուածութիւն, ատելութիւն եւ երկպառակութիւն սերմանել ու չի դադրիր իր այս վարքագիծէն:
Նոյնը կը պատահի Ամերիկայի մէջ, ուր նախագահը ոչ մէկ նախադասութիւն արտասանած է ցարդ երկրին մէջ համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ: Ընդհակառակը` կրակին վրայ իւղ թափեց տակաւին քանի մը օր առաջ, շաբաթէ մը աւելի շարունակուող բողոքի ցոյցերուն կապակցութեամբ:
Երկու օր առաջ, երբ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինքն ու իր ընտանիքը «Քորոնա» ժահրով վարակուած են, շատեր դժուարութիւն ունեցան… հաւատալու (ստախօս Միհրանի պատմութեան հետեւութեամբ…): Այսօր, Լոս Անճելըսի տեղական ձայնասփիւռի կայաններէն հարցազրոյցի հրաւիրուած էր քաղաքագէտ մը, որ գիրք մը լոյս ընծայած էր Թրամփի սուտերուն մասին ու կը պնդէր, որ իշխանութեան գալէն ասդին, Թրամփ 19 հազար չգիտեմ քանի հարիւր սուտ խօսած է եւ մոլորեցնող յայտարարութիւն կատարած է…
Երկու երկիրներու պարագային ալ, խախտած է հանրութեան ներքին համերաշխութիւնը, «ընկերային պայմանագիրը»: Ամերիկան կրնայ «վերապրիլ» այս ծանր փորձութենէն: Մեր հայրենիքը` ոչ: Մենք կը դիմագրաւենք թէ՛ արտաքին թշնամին, որ օրէ օր աւելի լկտի կը դառնայ, եւ թէ՛ համավարակի վտանգը, որ օրէ օր աւելի կը մոլեգնի:
Հետեւաբար, ուժերը համախմբելու հրամայականը դրուած է սեղանին: Հայրենի իշխանութիւնները պարտաւո՛ր են գիտակցիլ այս հրամայականին: Եթէ իրենք չեն գիտակցիր, առնուազն թող բարի ըլլան երթալու իրենց «կարօտցած» տուները:
Անկախութեան սերունդի տեսլականը իրականութեան վերածելու կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ Արցախեան շարժումով, Արցախի ազատագրումով եւ պետականութեան ստեղծումով: Եթէ Շուշիի ազատագրումը խորհրդանիշը համարենք ազրպէյճանական լուծէն Արցախի ազատագրումին, դժուար չէ եզրակացնել, որ ատիկա լուրջ եւ շօշափելի քայլ մըն է Միացեալ Հայաստան ստեղծելու ճամբուն վրայ: Փաստօրէն, Արցախի ազատագրումով հողահաւաքի գործընթացը ճամբայ ելած պէտք է համարել:
Արդարեւ, միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի իտէալը ոչ միայն գաղափարական, այլ նաեւ շեշտակիօրէն քաղաքակա՛ն արժէք է: Մեր պետութեան համար անիկա ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եթէ, անշուշտ, Հայաստանի իշխանութիւնները քաջութիւնը ունենան զայն որդեգրելու:
Ո՞րն է, սակայն, այս իտէալին քաղաքական-ռազմավարական արժէքը:
Առաջին` Սեւրի դաշնագիրով Հայաստանի նորաստեղծ պետութիւնը օրինական ճանաչման կ՛արժանանար ազգերու միջազգային ընտանիքին կողմէ, իսկ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը իր կարգին կը յստակեցնէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը: Իրաւարար վճիռները (բոլոր նման վճիռները) միջազգային օրէնսդրութեամբ ունին պարտադիր բնոյթ խնդրոյ առարկայ երկու (կամ աւելի) կողմերուն համար: Այն պահէն, երբ տուեալ կողմերը կը համաձայնին դիմել իրաւարար վճիռի, սկիզբէն իսկ կ՛ընդունին այդ մէկուն իրաւացիութիւնը եւ պարտաւոր են գործադրել զայն:
Երկրորդ` Արեւմուտքը (օրին` դաշնակիցները) օրինական առումով մասնակից եւ յանձնառու եղած է թէ՛ Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութիւններուն, եւ թէ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին նկատմամբ: Այդ յանձնառութիւնը անժամանցելի է օրինականօրէն: Հայկական կողմին, Հայաստանի պետութեան համար կը մնայ զայն անժամանցելի համարել նաեւ քաղաքականօրէն, եթէ ցուցաբերուի համապատասխան կամքը: Այս կէտը կենսական է, որովհետեւ Արեւմուտքը, մասնայատուկ կերպով Եւրոպական միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները, հայ ժողովուրդին պարտական են վերոնշեալ յանձնառութեան բերումով:
Պաշտօնական Երեւանը իր արտաքին յարաբերութեանց օրակարգի սեղանին անպայմա՛ն պէտք է դնէ պարտապանութեան այս հարցը, որովհետեւ ատիկա հենքն իսկ է մեր պետականութեան լինելիութեան: Մեր կողմէ այս հարցի օրակարգի վրայ պահուիլը մեզմէ կը վանէ նաեւ այն անհարկի ճնշումները, որոնց կ՛ենթարկուի մեր երկիրը ամէն քայլափոխի` Արեւմուտքէն ըլլայ ատիկա թէ հիւսիսէն: Հայաստանով ու տարածաշրջանով շահագրգիռ ուժերը ոչ միայն «պահանջ» չեն կրնար ունենալ մեզմէ, այլեւ իրենք են, որ պիտի դրուին պարտապանի դիրքերուն: Հայաստան կարիքը ունի իր կենսական (ու արդա՛ր) տարածքին, այն տարածքին, որով կը բնութագրուի Միացեալ Հայաստանը, որպէսզի կարենայ գոյատեւել ու բարգաւաճիլ:
Երրորդ` վերանկախացած Հայաստանի պարագային Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարչակարգը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գաղափարին մէջ կը տեսնէր միայն ու միայն ատոր բարոյական բաղադրամասը, եւ նոյն այդ ճանաչումը մաս չէր կազմեր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան: Յաջորդող երկու նախագահներու` Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի պարագային ճանաչման հարցը ոչ միայն մաս կազմեց երկրի արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ հարստացաւ «հետեւանքներու վերացում» հասկացութեամբ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան բազմամակարդակ ու արդար պահանջատիրութեան դիւանագիտական բանաձեւումը` իր բոլոր բաղադրամասերով: «Հետեւանքներու վերացում» տարազը նաեւ ամրագրուեցաւ Ցեղասպանութեան համազգային հռչակագիրով (յունուար 2015): Ն. Փաշինեանի իշխանութեան օրով ցարդ «հետեւանքներու վերացումի» գաղափարը հնչեղութիւն չէ ստացած միջազգային հարթակներու վրայ: Ոչ միայն այդ, այլեւ վերջերս նոյնիսկ փորձ կատարուեցաւ 2015-ի համահայկական հռչակագիրին մէջ ամրագրուած «Յիշում ենք եւ պահանջում» տարազը փոխարինել միայն ու միայն… «Յիշում ենք»-ով:
Այս վարքագիծը կը յանգեցնէ հայկական դիրքերու տկարացումին: Փաստօրէն, այսօր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յուշումով Արցախի կապակցութեամբ բանակցութիւններու սեղանին դրուած է տխրահռչակ «փուլային» տարբերակը, որ էապէս անընդունելի է ՀՅ Դաշնակցութեան համար: «Փուլային» տարբերակին սեղան բերուիլը ինքնին հետեւանք է մերօրեայ պաշտօնական Երեւանի դիւանագիտական միտքին մօտ Միացեալ Հայաստանի գաղափարի բացակայութեան:
ՀՅ Դաշնակցութեան համար, կը կրկնենք, Արցախի ազատագրումը Միացեալ Հայաստան կերտելու ճամբուն վրայ գոյութիւն ունեցող փուլերէն մէկն է: Մենք խնդիր ունինք առաջին հերթին տիրութիւն ընելու Սեւրով եւ նախագահ Ուիլսընի վճիռով ամրագրուած մեր իրաւունքներուն: Այս ընելով` իր տրամաբանական պարունակին մէջ զետեղած կ՛ըլլանք նաեւ ազատագրուած Արցախին տիրութիւն ընելու մեր վարքագիծը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, Արցախի ազատագրումը մենք կը համարենք կենսական քայլ մը, փուլ մը Միացեալ Հայաստան ստեղծելու մեր ճիգերուն մէջ:
Հետեւաբար, դժուար չէ նկատել, որ Միացեալ Հայաստանի իտէալը ոչ միայն գաղափար, այլեւ ուժի անսպառ աղբիւր է մեր երկրի լինելիութեան, կենսունակութեան եւ բարգաւաճումին համար, եթէ մեր պետութիւնը ցուցաբերէ անհրաժեշտ կամքը:
Պաշտօնական Երեւանը պարտաւո՛ր է ցուցաբերել այս կամքը` ի խնդիր մեր ազգի ու պետութեան ապագային: