Անդրադարձ Հայաստանի Անհասկնալի Եւ Ահազանգային Կերպով Օրէ-Օր Բազմացող Յոռի Երեւոյթներուն Վերջինը. Անարդարանալի Անտրամաբանական Եւ Զարմանք Պատճառող Խնդիրներ
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 13 սեպտեմբեր 2017-ին «Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն Թէ՝ Այլ Բնագաւառի Երկիր» յօդուածիս մէջ (1), միամտօրէն, անհաւատալի թուացող, ճարտասանական հարցում մը հարցուցած էի. «Եթէ մեր պատանիները եւ երիտասարդութիւնը ապագային գրասենեակներու մէջ համակարգիչին առջեւ նստած աշխատանք պիտի տանին, ո՞վ պիտի մշակէ հողերը, ո՞վ պիտի արածէ հօտերը եւ արջառը, ո՞վ պիտի զբաղի երկրագործութեամբ, ո՞վ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգ պարէնաւորումը… Լիբանանի եւ Յորդանանի...
















