Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Ահաւոր Պայթումին Առիթով. Վշտահար Եւ Աղէտահար Մայրաքաղաքը` «Եա Պէյրութ»

Օգոստոս 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Սակայն պէտք չէ մոռնալ
իր վէրքերը դարմանելու համար
լիբանանցիին բացառիկ կարողականութիւնը,
եւ լիբանանցիին հետ` լիբանանահայութեան
անվկանդ կամքը»:

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

«Արեւելքի հարս», «Արեւելքի Զուիցերիա», «Փիւնիկի երկիր», «Լիբանան երկիր դրախտավայր» յորջորջումները եւ օտարներու հիացման արժանացող Լիբանանը, որ երբեմնի ապահով ու գեղեցիկ զբօսաշրջական, հնագիտական երկիր կը նկատուէր, վերջերս դարձեալ վերածուեցաւ աղէտահար գօտիի, ցաւի, ցասումի, ողբերգութեան երկրի: Մէկ խօսքով` Պէյրութի նաւահանգիստը հարուածող ահաւոր պայթումը եկաւ ջրելու գեղեցկահիւս այն բոլոր արտայայտութիւններն ու կարծիքները, որոնցմով կը պարծենային Լիբանանի պետութիւնն ու լիբանանցիները: Կարծէք լիբանանցիին միշտ վիճակուած է զոհաբերութեան եւ քանդումի, տառապանքի եւ սուգի, ցաւի եւ անապահովութեան դառն բաժակը ըմպելու ցաւալի իրողութիւնը:

Այս առումով անցեալ շաբաթասկիզբին` երեքշաբթի, 4  օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը անջնջելի ու արմատացած սեւ յիշողութեան մը վերածուեցաւ` մարդկային կեանքի հանգրուանի եւ լիբանանեան պատմութեան մէջ արձանագրելով մռայլ էջեր: Այս պայթումը մրոտեց լիբանանցի մարդուն յիշողութիւնն ու ամբողջ էութիւնը:

Պայթումին ժամանակացոյցը

Լիբանանցիները արդէն իսկ իրենց ջիղերը յոգնեցուցած ու սպառած էին տնտեսական տագնապէն, «Քորոնա» համավարակի հետեւանքներէն: Անոնք առօրեայ օրապահիկը ապահովելու դժուարութիւնները տակաւին չթեւակոխած, յանկարծ` երեքշաբթի, 4  օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:06-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը դարանակալ լախտի նման եկաւ հարուածելու Պէյրութը, ի մասնաւորի` Քարանթինայի, Մար Մխայէլի, Ժըմմէյզէի, Էշրեֆիէի, Խալիլ Պետեւիի, Հայաշէնի, Զոքաք էլ Պլաթի եւ Պուրճ Համուտի մարդաշատ եւ հայահոծ շրջանները: Այս շրջաններու բնակիչները պայթումին ուժգնութեան ձայնէն այն տպաւորութիւնը ունեցան եւ կարծեցին, որ պայթումը իրենց փողոցին, շրջանին, շէնքին կամ մօտակայ վայրի մը մէջ տեղի ունեցած էր: Մէկ խօսքով` մարդիկ իրենց աչքերով մահուան սպառնալիքն ու սարսափը ապրեցան:

Մարդկային զոհեր եւ վիրաւորներ

Պէյրութի  նաւահանգիստի համարեա մօտ շրջաններ աղէտի գօտիի վերածուեցան: Մարդիկ պայթումին հետեւանքով ակնթարթի մը մէջ կորսնցուցին իրենց հարազատները, բնակարանը, աշխատատեղիները, ինքնաշարժները, խանութները: Պայթումին ահաւորութիւնը դժուարութիւններ դիմագրաւող լիբանանցիին համար ապտակի ուժեղ հարուած մը հասցուց: Երեխաներու եւ վիրաւորներու ճիչեր, ջարդուփշուր ապակիներ ամէնուրեք, քանդուած բնակարաններ, խանութներ… Ոմանք նոյնիսկ Աստուծոյ հրաշքը սեպեցին իրենց ողջ մնալը, որովհետեւ ըստ կարգ մը մասնագէտներու այս պայթումը ամբողջական քանդումի պիտի ենթարկէր Պէյրութի նաւահանգիստի մերձակայ շրջանները, եթէ չըլլային Միջերկրական ծովը (մօտաւորապէս 60 առ հարիւր պայթումին ուժգնութիւնը ծովը կլանած է եւ նոյնիսկ Կիպրոսի մէջ զգացուած է անիկա) եւ ցորենի տոկուն շտեմարանը (մօտաւորապէս պայթումին 20 առ հարիւր ուժգնութիւնը վերցուցած է):

Այս իմաստով, վերջին տուեալներուն համաձայն, 171 անմեղ զոհեր (որոնցմէ 13-ը` լիբանանահայեր) եւ աւելի քան 6000 վիրաւորներ արձանագրուած են, իսկ անյայտ կորսուածներ` մօտ 40 հոգի: Ասոր կողքին կան անշուշտ հազարաւոր բնակարաններու ու խանութներու կրած նիւթական ծանր վնասները: Այս քանդումէն դժբախտաբար անմասն չմնացին «Ուարտիէ», «Յունական», «Ժեհթաուի» եւ «Քարանթինա» հիւանդանոցները:

Լիբանանահայութեան զոհերը

Կարծէք հայուն ապրած եւ վերապահուած դառն ճակատագիրը բաւարար չէր պատմութեան ընթացքին, եւ ահա 13 լիբանանահայ անմեղ զոհեր իրենց արիւնը միախառնեցին Լիբանան հայրենիքի հողին: Այս զոհերը Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրած, փիւնիկի նման յառնող հայ ժողովուրդի ժառանգներն են: Ինչպէ՞ս բացատրել, վերլուծել այս աղէտին հետեւանքով զոհուելու պատճառը: Մէկ կողմէ հայուն տարագիր ճակատագիրը կայ, իսկ միւս կողմէ` Լիբանանը օտար պետութիւններու կռուախնձոր ըլլալու եւ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւին փտածութեան հետեւանքներուն իրողութիւնները:

Ափսոս, յոյսով ու ապագայատեսիլ երազներով ներշնչուած 13 հայորդիներ, յանձինս` Տելիա Փափազեանի, Ճեսիքա Պեզճեանի, Շանթ Յակոբեանի, Նազար Նաճարեանի, Անահիտ Պէրպէրեանի, Ժաք Պարամաքեանի, Ալիս Տէկիրմէնճեանի, Լիզա Կէօզիւպէօյիւքեանի, Կայա Ֆուտուլեանի, Վարուժ Թոսունեանի, Սարգիս Թէքիրեանի, քոյր Սոֆի Խոսրովեանի եւ Արամ Սարգիսեանի, իրենց թափած արիւնով անգամ մը եւս վերահաստատեցին լիբանանցիին եւ աշխարհին, որ հայը լիիրաւ լիբանանցի քաղաքացի է եւ կը մերժէ ահաբեկչութիւնն ու փտածութիւնը:

Միջազգային հակազդեցութիւն եւ օժանդակութիւններ

Պէյրութի նաւահանգիստը հարուածած պայթումը հսկայական զօրակցական ալիքի եւ հակազդեցութեանց դուռ բացաւ: Սկսեալ արաբական աշխարհէն հասնելով մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկա, ափրիկեան երկիրներ, Հայաստան եւ Արցախ:

Ուշագրաւ էր Եւրոպական Միութեան հիմնական երկիրներէն Ֆրանսայի առանձնայատուկ ուշադրութիւնը եւ զօրակցութիւնը, որ դրսեւորուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի շտապ այցելութեամբ Պէյրութի աղէտահար գօտի` յատկապէս աղէտեալներուն ցաւակից ըլլալու, միաժամանակ նոր կեանքի, վերաշինութեան յոյս ներշնչելու վերապրող մարդոց: Ֆրանսայի նախագահը մասնաւորաբար յայտարարեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները փտածներուն պիտի չհասնին, այլ` ուղղակի ժողովուրդին: Յոյժ գնահատելի է նաեւ Ֆրանսայի նախագահին  նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Փարիզի առցանց խորհրդաժողովը, որ մեծագումար եւ անմիջական օժանդակութիւններու խոստումներ ապահովեց Լիբանանին:

Ասոր զուգահեռ արդէն Պէյրութի օդակայանը ականատես է ամէնօրեայ մարդասիրական օժանդակութեանց, ըլլան անոնք սննդեղէն, դեղորայք, հագուստեղէն, դաշտային հիւանդանոցներ` ձեւով մը ամոքելու համար անտուն եւ սգաւոր մարդոց վիշտը:

Կամաւոր երիտասարդներուն եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն օժանդակութիւնը

Պայթումին առթած ահարկու հետեւանքներուն ականատեսը դարձայ նաեւ ես, երբ հարազատներուս այցելութեան գացի Մար Մխայէլի եւ Էշրեֆիէի շրջանները, ուր պատերազմի աւեր չկար, այլ ամբողջական քանդումի: Պահ մը այն տպաւորութիւնը ունեցայ եւ  կարծեցի, որ հրէշ մը արշաւած էր այնտեղ եւ իր հուժկու ձեռքերով քարուքանդ ըրած էր ամէն ինչ: Միւս կողմէ, ամէն փողոց կամաւոր երիտասարդներ, Քարիթասը, բազմաթիւ բարեսիրական հաստատութիւններ, հայ կամաւորներ, հայկական ակումբներ, սկաուտներ կրպակներ զետեղած էին` ուտելիք, ջուր, անմիջական բուժօգնութիւն մատակարարելու համար շրջանի աղէտահար ժողովուրդին: Իսկ այլ կամաւորներու խումբեր ճամբաները եւ շէնքերու յարկերը բարձրանալով աւելներով ու բահերով մաքրութեան արշաւ կազմակերպեցին. այս ալ ուրիշ ձեւով զօրակցութիւն: Տեղին է նշել, որ արուեստագէտներ աղէտահար գօտի իրենց այցելութեամբ նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին շրջանի տխրադէմ բնակիչներուն: Վարձքը կատար նուիրական աշխատանք կատարող եւ գնահատանք չսպասող բոլոր կամաւորներուն անխտի՛ր:

Աղէտահար շրջանի վերականգնում եւ վերաշխուժացում

Բայց մինչեւ ե՞րբ կարելի է այս ձեւով ապրիլ եւ կեանքը շարունակել: Այո՛, տակաւին ահաւոր քանդումին եւ սուգին վէրքերը չեն սպիացած, եւ հազիւ շաբաթ մըն է, որ անցած է այս սարսափազդու պայթումէն, այսուհանդերձ այս մթնոլորտին մէջ կեանքը չի կրնար շարունակուիլ: Անհրաժեշտ է, որ քաղաքական վերնախաւը աշխուժ ձեւով լծուի վերականգնումի աշխատանքի, որպէսզի վշտահար ժողովուրդը թօթափէ սուգի, սարսափի ամպն ու ալիքը, վերաշխուժանայ առօրեայ կեանքը, եւ լիբանանցին վերագտնէ իր մարդկային ազատ, ապահով եւ ուրախ ապրելու իրաւունքները:

Անհրաժեշտ է փիւնիկի նման յառնիլ եւ լծուիլ մեղուաջան աշխատանքի` ի պայծառութիւն եւ բարօրութիւն Քրիստոսի սուրբ քայլերով օրհնուած մայրիներու երկիր` Լիբանանին:

 

Նախորդը

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի Աշխատանքներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?