Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, հաւատքին, հոգիին, ծէսին ու շարականին մէջ յատուկ եւ մեծ տեղ կը գրաւէ Աստուածամօր ներկայութիւնը: Մեր եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Կոյս Մարիամի արագահաս բարեխօսութեան. ինչպէս կը յիշուի մեր աղօթքներէն մէկուն մէջ. «Եւ վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին բարեխօսութեանն, Տէր՛, ընկալ զաղաչանս մեր եւ կեցո զմեզ»:
Աստուածածնայ արժէքը միայն Աստուածորդիին ծնունդ տալուն մէջ չէ, որ կը տեսնենք, այլ նաեւ` մայրութեան, սրբութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, գուրգուրանքին ու բարեխօսութեան մէջ:
Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, Մարիամ Աստուածածին 15 տարիներ եւս կ’ապրի Երուսաղէմի մէջ ու կը կնքէ իր մահկանացուն: Առաքեալներ մեծ հանդէսով կը կատարեն անոր թաղումը, Գեթսեմանիի ձորին մէջ: Այս թաղման կարգին բացակայ կը մնայ միայն Բարթողիմէոս առաքեալը: Երեք օր, գիշեր ու ցերեկ, երգեր կը լսուին եւ հրեշտակային տեսիլներ կ’երեւին Սուրբ Կոյս Մարիամին գերեզմանին շուրջ: Եւ երբ Բարթողիմէոս առաքեալ կը հասնի եւ կ’իմանայ Աստուածածնի մահն ու թաղումը, բուռն փափաք կը յայտնէ վերջին անգամ տեսնելու զայն: Առաքեալներ տեղի կու տան անոր փափաքին, բայց երբ կը բանան գերեզմանը, հոն չեն գտներ անոր մարմինը:
Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով եկէք միասնաբար քննենք հիմնական ու կարեւոր երեք կարճ մտածումներ.
Ա.- Աստուածածինը ամէն բանէ աւելի գերազանց եւ տիպար մայր եղաւ: Բեթղեհեմէն մինչեւ Գողգոթա հետեւեցաւ իր զաւկին, բաժնեց իր զաւկին ճակատագիրը: Երեւակայեցէ՛ք Աստուածածինը խաչին դիմաց արտասուաթոր աչքերով: Երեւակայեցէ՛ք Աստուածածինը այն տառապանքի օրերուն, երբ իր աչքին առջեւ կը չարչարեն, կը խաչեն իր անմեղ զաւակը: Որքան կը վշտահարի, որքան կը յուզուի իր մայրական հոգին:
Այսօր, մայրե՛ր, դո՛ւք եւս օրինակելի եւ տիպար եղէք ձեր զաւակներուն: Եղէ՛ք միշտ ձեր զաւակներուն հետ թէ՛ տխրութեան եւ թէ՛ ուրախութեան պահերուն:
Եղէ՛ք օրհնեալ մայրեր, լոյսի մայրեր եւ լուսեղէն տաճարներ: Սուրբ Կոյս Մարիամին տիպարը միշտ ու միշտ ձեր միտքին ու հոգիին աչքերուն առջեւէն մի՛ հեռացնէք, անոր նայեցէ՛ք միշտ, որ իրեն պէս ըլլաք երանելի, պաշտելի ու խնկելի սուրբ մայրեր:
Եղէ՛ք աղօթասէր մայրեր, որպէսզի աղօթքի վահանով ու զրահով դուք եւս պաշտպանուիք չարին արձակած նետերուն դիմաց:
Եղէ՛ք օրհներգող ու փառաբանող մայրեր ու յարատեւ այսպէս ըսէք . «Տէրը պիտի գովաբանեմ. ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը: Ասկէ ետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի, քանի հզօրն Աստուած ինծի համար մեծամեծ գործեր կատարեց. սուրբ է անունը անոր» (Ղուկաս 1.46-49):
Բ.- Աստուածածինը մարդկային պատմութեան մէջ կը ներկայանայ, ամէնէն ազնուական, ամէնէն խոնարհ ու ամէնէն սուրբ կինը: Իր ժամանակ շատ մը հրեայ կոյսեր ընծայուած էին Աստուծոյ տաճարին, սակայն միայն ան արժանի եղաւ աստուածային գերագոյն պատիւին` ըլլալով Մայր Աստուծոյ, Աստուածածին եւ Տիրամայր: Աստուած միայն զինք ընտրեց իր ժամանակին ամէնէն անբիծ կոյսը, իր սրբութեամբ եւ պարկեշտութեամբ:
Այսօր, որպէս եկեղեցւոյ ծառաներ, փափաքը ունենանք հասնելու դէպի սրբութեան ու դէպի պարկեշտութեան:
Այսօր, որպէս Աստուծոյ զաւակները, մենք եւս ընտրեալները ըլլանք Աստուծոյ մեր հաւատքին միջոցով, ինչպէս որ մեր բոլոր նախնիները իրենց հաւատքի ճամբով է, որ Աստուծոյ աչքին ընտրեալները դարձան: Աբէլ իր հաւատքին վստահելով լաւագոյն զոհը մատուցանեց Աստուծոյ ու Աստուած ալ զայն արդարներու նախահայրը նկատեց: Ենովք իր հաւատքով Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցաւ եւ Աստուած ալ մարմնով երկինք փոխադրեց: Ուստի որպէս մեղաւորներ մենք եւս ամբողջ սրտով ու ամբողջ հոգիով ու ամբողջ հաւատքով դիմենք թագաւորներու թագաւորին ու բժիշկներու բժիշկին, որպէսզի մենք եւս ժառանգորդները դառնանք երկինքի արքայութեան:
Գ.- Սուրբ Կոյս Մարիամը այսօր անգամ մը եւս մեզմէ իւրաքանչիւրին կը յիշեցնէ, թէ մայրն է կորիզը հայ ընտանիքին: Ամէն ընտանիք իր մանուկները ունի, որոնք կը դաստիարակուին մօր շունչին տակ:
Լաւ դաստիարակուած զաւակ մը արուեստի գործ մըն է, ու զայն իրագործող արուեստագէտը մայրն է: Եւ ինչպէս որ արուեստագէտ մը իր արուեստի գործով կը հպարտանայ, որովհետեւ անոր մէջ իր հոգիէն եւ շունչէն մասեր դրած է, այնպէս ալ մայր մը իր զաւակով կը հպարտանայ, որովհետեւ անոր մէջ իր աշխատանքին արդիւնքն է, որ կը տեսնէ: Այստեղ յիշենք Եզնիկ Կողբացիին խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Մանուկին միտքը յստակ հայելիի նման է, անխրատ մի՛ թողուր, որպէսզի մեղքի ժանգը վրան նստելով զայն չապականէ: Մանուկին միտքը կակուղ մոմի կը նմանի, բարի խրատը եւ իմաստութեան ուսումը կնքէ, որպէսզի պիղծ ու վարշ այլ բան չտպաւորուի անոր վրայ»:
Ո՛վ մայր, դուն եւս քու զաւկիդ համար աղօթէ՛, խրատէ՛, դաստիարակէ՛, սիրէ՛ ու ժամանակ անցո՛ւր անոր հետ:
Եւ նաեւ սիրելի՛ մայր, քու զաւկիդ աղօթել սորվեցո՛ւր, խրատել սորվեցո՛ւր, սիրել սորվեցո՛ւր, Աստուածաշունչ կարդալ սորվեցո՛ւր, եկեղեցի յաճախել սորվեցո՛ւր, հայ լեզուն ու հայ մշակոյթը սորվեցո՛ւր: Այս է հայ մօր կոչումը այս աշխարհի մէջ:
Սիրելի՛ մայրեր, հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ պատրաստեցէք հայ եկեղեցւոյ, հայ ազգին ու հայրենիքին:
Հետեւաբար, Ս. Կոյս Մարիամ, որ աստուածային օրէնքներով սնանեցար ու զանոնք սերտեցիր գիշեր ու ցերեկ, տուր, որ մենք եւս հասկնանք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնը:
Դո՛ւն, որ աշխարհիկ բոլոր տեսակի փորձութիւնները աղօթքով ու սաղմոսերգութեամբ յաղթահարեցիր, տուր, որ մենք ալ կարենանք Քրիստոսի խաչով ու Ս. Աւետարանով համբերենք ու հասնինք կենաց պսակին:
Դո՛ւն, որ մարմնաւոր կեանքը անտեսեցիր Քրիստոսի փառքին արժանանալու համար, տուր, որ մենք ալ քեզմէ սորվինք, որովհետեւ չկայ աւելի թանկագին բան, քան արժանանալը Փրկիչին յաւիտենական սիրոյն: