Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տառադարձութիւն (2)

Օգոստոս 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1.Գրադարձութիւն եւ տառադարձութիւն

Ասոնք գրաբանական  երկու տաբեր կրթանքներ  (discipline) են, որ  շատեր չեն զանազաներ, եւ հետեւանքը կ’ըլլայ այլանդակ բառերու ու մանաւանդ անուններու  երեւումը գրաւոր խօսքի մէջ՝ մամուլ, գրականութիւն եւ այլն:

Գրադարձել կը նշանակէ բառ  մը (գրութիւն մը) տառ առ տառ արձանագրել յատուկ  այբուբենով մը, որ կը կոչուի «գրադարձական միջազգային այբուբեն»: Սակայն ոչինչ կ’արգիլէ, որ  գրադարձումը կատարուի նաեւ  ազգային այբուբենով մը, եթէ այս վերջինը գոհացուցիչ տառերը ունի: Օրինակ՝ ենթադրենք, որ պիտի գրադարձենք ֆրանսերէն Georges յատուկ անունը հայերէնի. այս պարագային պիտի գրենք Գէորգէս, որ տառ առ տառ կը վերարտադրէ  այդ  անունը՝ առանց նկատի առնելու, թէ  ինչպէ՛ս կ’արտասանէ զայն  ֆրանսացին:

Տառադարձել կը նշանակէ լեզուի մը բառերը փոխադրել ուրիշ լեզուի մը՝ հիմնուելով այդ բառերուն տուեալ լեզուի մէջ ունեցած  արտասանութեան վրայ  միայն. օրինակ՝ վերոբերեալ Georges անունին տառադարձութիւնը պիտի ըլլայ Ժորժ,– քանի այսպէս կ’արտասանէ զայն ֆրանսացին եւ այդպէս ալ կը լսէ զայն հայը:

Երբ այդ նոյն անունը կրողը անգլիացի մը կամ ամերիկացի մըն է, այս պարագային  պիտի տառադարձենք Ճորճ, իսկ եթէ սպանացի մըն է, ապա պիտի  տառադարձենք  Խորխէ եւ այլն:

Արդ, ի՞նչ պարտին ընել  գրողները գործնական կեանքի մէջ:

Շատ պարզ է,– անոնք պարտին տառադարձել  եւ ոչ թէ գրադարձել:

Գրադարձութիւնը ոչ մէկ գործնական դեր ունի մեր կեանքին  մէջ: Ան գիտական ուրոյն կրթանք մըն է, որ կը ծառայէ վերծանելու  օտար, ընդհանրապէս մեռած ու կորսուած լեզուներու արձանագրութիւնները:

*   *   *

            Միւս կողմէ՝ ճիշդ տառադարձելու համար պէտք է գիտնալ, թէ տուեալ բառը ինչպէ՛ս կ’արտասանուի  իր լեզուին մէջ:

Տրուած ըլլալով որ արեւելահայերը ընդհանրապէս անծանօթ են արեւմտեան լեզուներուն՝ ֆրանսերէնին ու անգլերէնին, անոնք հակամէտ են գրադարձելու բառերը եւ ոչ թէ տառադարձելու զանոնք. օրինակ   կը գրեն՝  Robert’s=Ռոբերթս,  Kats=Կաթս,  Keats=Կեաթս, Chateaubriand=Կատեաուբրիանդ: Այսպէս է, քանի որ անտեղեակ են  այս անուններու Ռոբերց (իմա՝ Ռոպերց), Կաց  (իմա՝ Քաց), Կից (իմա՝ Քից) եւ  Շատոբրիան (իմա՝ Շաթոպրիան)  արտասանութեան:

Արեւմտահայ  գրողները ընդհանրապէս  ճիշդ կը տառադարձած են  այսպիսիները, սակայն կացութիւնը սկսաւ փոխուիլ արեւելահայերէնի հետ շփումներու զարգացումին ու աճին  զուգահեռ, եւ հիմա  մերոնք եւս սկսած են կուրաբար գրել Ռոպերթս,  Քաթս,  Քիթս, հութհի (houthi)…հակառակ ասոնց ճիշդ արտասանութեան, որ ծանօթ է գրեթէ ամէն արեւմտահայու:

  1. Ներհայկական ծիրէն ներս

Արդարօրէն կ’ակնկալուի, որ ներհայկական ծիրէ ներս  տեղի չունենան տառադարձական ակնբախ ու խրտչեցուցիչ խորթութիւններ ու այլանդակութիւններ. սակայն այդ չէ՛ իրողութիւնը:

Հայաստանի մաքսատուներու մէջ երբ սփիւռքահայը կը  ներկայացնէ իր փաստաթուղթերը, որոնք անշուշտ գրուած են օտար   լեզուով մը, բնաւ  բացառելի չէ, որ Վարդան-ը դառնայ  Վարտան՝ եթէ ան ֆրանսերէնէ կամ անգլերէնէ կը տառադարձուի, կամ ալ Ուարթան՝ եթէ արաբերէնէ կը տառադարձուի: Ինչո՞ւ:

Որվհետեւ  մաքսատան պաշտօնեան, որ ենթադրաբար տեղեակ է միջազգային գրադարձական  կանոններուն կամ աչքի առաջ ունի գրադարձական  ցուցակներ,– հաւատարմօրէն,– «աչքը գոց», ինչպէս պիտի ըսէր Թեքէեան,–  լատինական  t-ին դիմաց կը դնէ մեսրոպեան տ համարժէքը, իսկ արաբական  ت-ին դիմաց թ համարժէքը, եւ բնաւ չի մտածեր, որ իր առջեւ կեցողը իր հարազատ եղբայրը, զարմիկը կամ դրացի Վարդանն է, նոյն ինքն Մամիկոնեանի զարմէն եւ իր արիւնակիցը: Այս նոյն ոլորան կածաններով ու «տրամաբանութեամբ»՝ Տիգրանը կը դառնայ Դիքրան, Թորգոմը՝ Տորկոմ, Վազգէնը՝ Ուազկեն եւ այլն:

  1. Հայ-ռուսական ծիրէն ներս

Այստեղ եւս տեղի կ’ունենան այլանդակ փոխակերպումներ, որոնց բոլորին անշուշտ չեմ կրնար վերահասու ըլլալ, քանի ռուսերէն չեմ գիտեր. հանդիպածներէս թուեմ մէկ-երկուքըը:

ա)Ռուսերէնը չունի «հ»  հնչիւնը, եւ օտար լեզուներու այս տառը կա՛մ կ’անտեսէ, կա՛մ կ’արձանագրէ  Г տառով, որ նոյնն է յունական G(amma)  տառին հետ, որ կը հնչէ   արեւելահայերէն՝ Գ(ամմա), արեւմտահայերէն Կ(ամմա):

Եւ ահա ինչ-որ հայ մը՝  Օհան կոչեցեալ, Ռուսիոյ մաքսատան պաշտօնեային գրիչին տակ կը դառնայ Ogan կամ Օգան (իմա՝  Օկան): Յովհաննէսեանը կը դառանայ Գոգանէսեան:  Հոսպիտալ-ը ռուսերէն կը դառանյ   Գոսպիտալ, տեղին համեմատ այսպէս ալ կ’արտասանէ ու կը գրէ արեւելահայը[1], նոյն ճանապարհով եւ նոյն միջնորդութեամբ՝ Հոլիվուտ-ը  կը դառանյ Գոլիվուտ, Լիւֆթհանզան՝ Լիւֆթգանզա  եւ այսպէս շարունակ:

Երբ այդ  Օգան վերամկրտեալը Հայաստան կը վերադառնայ իր ռուսական արձանագրութեամբ, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ ձանձրոյթը յանձն կ’առնէ  վերանայելու  այս  անուանական փոխակերպումը, եւ ենթական հանգիստ կը շարունակէ Օգան  արձանագրուիլ եւ կոչուիլ Հայաստանի մէջ եւս: Իսկ Գոգանէսեանը լաւագաոյն պարագային կը դառնայ Օգանէսեան, որ կարծեմ բոլորիդ շատ ծանօթ անուն մը, ըսել կ’ուզեմ՝ արձանագրութիւն մըն է:

բ) Ռուսերէնը չունի  յունական Θ կամ հայերէն Թ տառն ու հնչիւնը, փոխարէնը կը գրէ ու կ’արտասանէ Ֆ. օրինակ՝

—Pythagoras-ը  (Պիւթագորաս) դարձած է  Պիֆագոր,

—Thadéus-ը (Թադէոս) եղած  է Ֆադէուս, ապա՝ Ֆադէեւ,

—mythe-ը վերածուած է միֆ-ի:

Եւ յատկապէս այս վերջինի պարագային արեւելահայը իր կարգին ռուս քեռիին հետեւակութեամբ կ’արտասանէ միֆ, փոխանակ ըսելու միթ,  թէեւ   աւելի մաղթելին պիտի ըլլար առասպել:

Ահա թէ ուր կը հասցնեն մեզ կամ կրնան հասցնել միջնորդաւորուած տառադարձութիւնները:

Թելադրանք՝ ջուրը միշտ աղբիւրէն խմել:

 

[1] Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը՝ Արսէն Թորոսեանը, գոսպիտալ կ’ըսէ:

armenag@gmail.com

Նախորդը

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ Ե. Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը

Յաջորդը

Դոկտ․ Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփաու Դրամաշնորհ Կը Ստանայ Անիի Նուիրուած Իր Յաջորդ Հատորին Համար

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?