Զ.Գ.Ղ.
Այնճար գիւղաւանի «Հիւղը» բնակարանի բակը շուրջ 20 հոգի, կիրակի երեկոյեան 26 Յուլիս 2020-ին, հաւաքուած էին հաղորդուելու հայ Աշուղ Ջիւանիի երգերով ու բանաստեղծութիւններով , պահ մը մոռնալով թէ ինչ աւերներ կը գործէ «Քորոնա վիրուս» ըսուած համաճարակը, Լիբանանի եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Մեծարենցեան երեկոներու ութերորդ տարին էր արդէն: Եօթը առատութեան տարիներուն կը յաջորդէր սովի տարին: «Հիւղը» բնակարանին տէրերը առանց վհատելու վճռած են Այնճարի ամառնային կիրակի երեկոները Մեծարենցին վայել ժամերով անցընել:
Օրուան խօսք առնողը Այնճարի զաւակ երաժշտագէտ, խմբավար Զաքար Քէշիշեանն էր: Տանտիրոջ՝ Զաւէն Ղարիպեանի բարի եկաքի խօսքէն ետք, օրուան բանախօսը հրաւիրուեցավ ներկայացնելու Աշուղ Ջիւանին:
Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ մենք ունեցած ենք պատմութեան ընթացքին շատ մը աշուղներ, բայց անոնցմէ ամէնէն նշանաւորներէն եղած են Նաղաշ Յովնաթան (17րդ դարուն), Սայաթ Նովա (18րդ դարուն) եւ Աշուղ Ջիւանի (19րդ դարուն):
Ահա թէ ինչ ըսած է Ջիւանի ինքզինքին մասին.
«Մոռնալ անկարելի է, անուշ կեանքս հայաստանն է, Բոլոր սրտի ու խոր մտքի հառաչանքս Հայաստանն է»
Այս տողերուն մէջ կը զգացուի հայրենիքի բախտին ու անոր ճակատագրին անմնացորդ նուիրուած երգիչի ազնիւ սրտի տրոփիւնը:
Անոր տառապող մտքի ու հոգիի, «հառաչող սրտի» մխիթարութեան ու փայփայանքին միակ առարկան հայն է, Հայաստանը: Երգիչը անձնուրաց սիրահարն է իր տանջուած ու հերոս ժողովուրդին, խաչուած ու չքնաղ հայրենիքին, անոր արիւնոտ պատմութեան , անոր պայծառ գալիքին:
Զաքարը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, Աշուղի քնարը կը բոցկլտայ բարիի, գեղեցիկի, առաքինութեան, մարդասիրութեան կրակով ու բուռն ցասումով կը ծառանայ վատի, անարդարութեան եւ բռնութեան դէմ:
Ջիւանին ամէնէն աւելի ինքը գնահատած է իր դերն ու նշանակութիւնը: Ան ինքզինք եւ իր նմանները «անթեւ թռչնակ» համարած է, որուն սրբազան պարտականութիւնն է, հարազատ ժողովուրդին մէջ ճշմարիտ խօսքով ու յուզաթաթախ երգով, սթափեցնել զայն անոր յուսահատութիւն բերող թմրութենէն, ոգեւորել, թոյլ չտալ որ մարի լաւ ապագայի յոյսը: Ան ամէն տեղ էր, ուր որ իր սիրած երգիչին կը սպասէր ժողովուրդը: «Դառն ցաւերը մարդու վրայ չեն մնայ երկար», «ոչ ուժեղը թող պարծենայ եւ ոչ տկարը տխրի», «բնականից աղքատութիւն չկայ չէ՞», «Կ’անցնեն այս օրերը, էլ ետ չեն դառնար, մեզի կը ժամանեն երջանիկ օրեր» :
1830-ական թուականներուն ռուս-թրքական եւ ռուս-պարսկական պատերազմներուն պատճառաւ բազմաթիւ հայեր ձգեցին իրենց պարսկահայաստանի եւ թրքահայաստանի ծննդավայրերը ու անցան ռուսահայաստանի հողերը: Գաղթող ընտանիքներէն մէկն էր Բեկոյենց Գասպարի բազմանդամ ընտանիքը, որ ձգելով հայրէնի Բասէնը, կու գան հաստատուելու պատմական Հայաստանի Գուգարաց գաւառներէն մէկուն՝ Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղը: Այդ ընտանիքին մէջ 1846 թուականին կը ծնի Բեկոյենց Ստեփանի չորրորդ զաւակը՝ Սերոբը, որ մեր Գրականութեան մէջ յայտնի դարձաւ Ջիւանի անունով:
Սերոբը վեց տարեկան էր երբ իր հայրը Ստեփանը պանդխտութեան մէջ կը մահանայ, կինն ու հինգ երեխաները ձգելով եղբօր խնամքին:
Փոքրիկ Սերոբը որուն հայրը Ջիւանիկ քնքշական անունով կը կանչէր զինքը, ի պատիւ հօրը, յետագային աշուղական մականուն դարձուց Ջիւանին: Հօրմէ զրկուելով, ան մօրը վրայ կը կեդրոնացնէր իր մանկական սէրն ու կարօտը: Սակայն այդ միակ մխիթարունթիւնն ալ երկար չի տեւեր: Շուտով հօրեղբայր Մարտիրոսը կարիքի պատճառով ստիպուած կ’ամուսնացնէ եղբօրը այրին, ու կը ղրկէ ուրիշ գիւղ: Անտէր որբերը լաց ու կոծով ճանապարհ կը դնեն մայրերնին, բլուրին դիմաց կանգնած կը սպասեն մինչեւ սիրելի մօր գլխաշորը կ’անհետանայ բլուրին ետին:
Սերոբին նկատմամբ հետզհետէ կ’աւելնար հօրեղբոր անգութ ու չար կնոջ դաժանութիւնը, յաճախ կը ծեծէր որբուկը երբ ամուսինը տունէն կը բացակայէր:
Սակայն մօր կարօտն ու վիշտը անոր մատաղ հոգիին մէջ կը վերածուէր երգի. կանուխ տարիքէն ան գրաւուեցաւ երգով ու նուագով: Այդ հակումը իր մէջ աւելի զարգացաւ իր ուսուցիչ Աշուղ Սիայի եւ ձմեռները գիւղ եկող ուրիշ աշուղներու ազդեցութեամբ:
Իր աշակերտելու շրջանին ան երբեմն կը գերազանցէր ուսուցիչը: Ջիւանին անուանի վարպետներու մօտ, երգեր յօրինելով եւ ջութակի վրայ յաջող նուագելով, ուշիմ եւ սրամիտ աշուղի համբաւ ձեռք կը ձգէ: Ջիւանիի համար Կարծախի գիւղական միջավայրը արդէն նեղ կու գար: Անոր միտքը ձգտում ունէր քաղաքի մթնոլորտին: Առիթը կը ներկայանայ, 1864-ին հօրեղբօր հետ Թիֆլիս եւ այդտեղէն Ալեքսանդրապոլ առաջին ճանապարհորդութիւնը կ’ընէ:
Բազմամարդ բազմազգ եւ ուրախ Թիֆլիսը շշմեցնող տպաւորութիւն կը ձգէ գիւղացի պատանիին վրայ: Այդ ժամանակուան Թիֆլիսը Յովհաննէս Թումանեանի նկարագրութեամբ, «Թիֆլիսը մի առանձին իւրայատուկ աշխարհ էր, համ ու հոտով, լեզուով ու աղօթքով ու ապահով, աղ ու հացով, նիստ ու կացով, մի հարսանիք տուն, ուր հրաւիրուած էին Կովկասի բոլոր ազգերն ու ցեղերը քէֆ անելու»:
Ջիւանին Կարծախ այցելած թափառական աշուղներէն շատ բան լսած էր նաեւ Ալեքսանդրապոլի եւ անոր անուանի աշուղներուն մասին: Թիֆլիսէն յետոյ ի հարկէ Ալեքսանդրապոլը արդէն չէր կրնար զարմացնել Ջիւանին: Բայց զինք կը քաշէր հոն ապրող հռչակաւոր աշուղներու համբաւը:
Թիֆլիսէն դուրս եկած սայլերու կարաւանը վերջապէս հանգիստ կ’առնէ Ալեքսանդրապոլի մէջ, եւ մինչ հօրեղբայրը ու միւս սայլապանները ապրանքները ըստ պատկանելիութեան յանձնելու գործով զբաղած էին, Ջիւանին կը սպրդի իրենցմէ, ու հարց ու փորձ ընելով կը գտնէ Կարօ եւ Յովհաննէս Տալեաններու յայտնի սրճարանը , ուր մշտական ելոյթներ կ’ունենային այդ ժամանակ մեծ անուն վաստկած Ջամալին, Ֆիզուլին եւ ուրիշ վարպետ աշուղներ:
Պատանին խորին երկիւղածութեամբ եւ յուզմունքով ներս կը մտնէ սրճարան: Ահա թէ ինչպէս կը նկարագրէ եղելութիւնը յետագային իր զաւակը Գարեգին Լեւոնեանը:
«17-18 տարեկան առողջ, բարձրահասակ գիւղացի մը մեծ ոչխարի փափախը գլխուն, սպիտակ շալէ չերքեզկայով ու շալուարով, մէջքին կապած գոյնզգոյն մետաքսէ գօտի, ոտքին տրեխ եւ թեւին տակ ունենալով ջութակ, իր վրայ կը հրաւիրէ ուշադրութիւնը սրճարանին մէջ գտնուողներուն»:
«Ծօ որտեղացի՞ ես, անունդ ի՞նչ է, աշու՞ղ ես, բան մը գիտե՞ս երգել ջալել» նման հարցումներով զինք կը հրաւիրեն բան մը երգելու:
Անակնկալի եկած նորեկը կ’ենթարկուի առաջին հրապարակային փորձութեան, որը կը հանդիսանայ իր երախայրիքը հայ աշուղական մրցահանդէսին:
Իր յօրինած առաջին երգի կատարման յաջողութեամբ սրտապնդուած Ջիւանին՝ ներկաներուն խնդրանքով ջութակի նուագածութեամբ, մի քանի սիրոյ երգեր կ’երգէ, հիացմունք պատճառելով ունկնդիրներուն: Վարպետ աշուղները գնահատելով անոր երգն ու նուագը, յատկապէս դուրեկան ձայնը, անոր կ’առաջարկեն մշտապէս մնալ Ալեքսանդրապոլ ու միանալ իրենց խումբին:
Բայց Ջիւանիին չէր վիճակուած արժանանալ նման բախտի: Իրենց գործն աւարտելով սայլապանները կը վերադառնան Կարծախ, իրենց հետ տանելով, սիրտն ու միտքը Ալեքսանդրապոլ ձգած պատանին:
Ճանապարհորդութեան ընթացքին ստացած իր տպաւորութիւններուն տակ էր ան տակաւին, երբ աշնանային օր մը Կարծախ կ’այցելէ իր աշուղական առաջին շրջագայութիւնը սկսած երիտասարդ Սազային: Լսելով տեղական աշուղի համեստ համբաւ ձեռք ձգած Ջիւանիի մասին, Սազային կը շտապէ հանդիպիլ եւ անձամբ ծանօթանալ Ջիւանիին հետ:
Այդ ձմռան ընթացքին Կարծախի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները այնքան կը մտերմացնեն աշուղները, որ այլեւս կ’որոշեն չբաժնուիլ իրարմէ եւ համատեղ աշխատանքի համար տեղափոխուիլ Թիֆլիս. այդպէս ալ կ’ընեն:
Կեանքի ու աշխատանքի անհրաժեշտ կենսափորձ չունեցող աշուղները կ’ապաստանին Կարապետ Սանոյեանի մօտ եւ անոր սրճարանին մէջ կը սկսին իրենց սկզբնական գործունէութիւնը:
Կարճ ժամանակ ետք ամէն տեղ կը տարածուի Սանոյեան սրճարանի ջերմ ընդունելութեան արժանացած նորեկներու հռչակը:
Անդրկովկասի այդ մտաւոր կեդրոնը ուր հաւաքուած էր ժամանակի հայ մտաւորականութիւնը, Ջիւանիի հոգեւոր ուժերուն եւ ստեղծագործական կարողութիւններուն աճման աղբիւր կը դառնայ:
Բայց որքան Թիֆլիսը մեծ ըլլար եւ առինքնող, այնուամենայնիւ Ջիւանիի սիրտը Ալեքսանդրապոլի մէջ էր, ուրկէ ստացած տպաւորութիւնները իրեն հանգիստ չէին տար:
Գաւառական Ալեքսանդրապոլը, ժամանակի հայկական քաղաքներու մէջ ամենազուարճասէրն էր, յայտնի իր արհեստաւորական սրամիտ եւ սրախօս բնակչութեան նիստ ու կացով, «աղ ու հացով»:
Ան յետագային կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլ:
Ալեքսանդրապոլ ապրած առաջին տարիներուն Ջիւանին 1872 թուականին կ’ամուսնանայ սրճարանատէր Յովհաննէս Տալեանի աղջկան Աշխէնին հետ, եւ այդ օրուընէ Ալեքսանդրապոլը կը դառնայ իր երկրորդ ծննդավայրը: Անոնք կ’ունենան վեց երեխայ, որոնց շարքին էր յետագային արուեստի վաստակաւոր գործիչ Գարեգին Լեւոնեանը:
Ջիւանիի Ալեքսանդրապոլ եղած ժամանակ աշուղներու ամբողջ համաստեղութիւն մը կար հրապարակի վրայ: Այստեղ էին նշանաւոր Ջամալին, Ֆիզային, եւ ուրիշ նշանաւոր աշուղներ: Սակայն այդ բոլորին մէջ որոշակի կը զատուէր Ջիւանիի հասունցած քնարի թարմ հնչիւնները: Շատ շուտով ան զինք շրջապատողներուն հոգին ու սիրտը կը դառնայ: Եթէ մինչեւ 1871-թ. ան այս կամ այն խումբի մէջ կ’երգէր, ապա այդ թուականէն սկսեալ ան կը կազմակերպէ իր խումբը եւ իր անունը եւ հռչակը կը սկսի տարածուիլ ամբողջ Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս:
Անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնէն յետոյ Ջիւանին ձեռնամուխ կ’ըլլայ բազմաթիւ արհեստակիցները մէկ կազմակերպութեան մէջ համախմբելու: Անոնց աշխատանքի մէջ որոշ կարգ ու կանոն մտցնելու եւ գուսանական արուեստը որոշակի ուղղութեան վրայ դնելու գործին: Կը ստեղծուի 25 աշուղներէ կազմուած միութիւն ու Ջիւանին միաձայնութեամբ կ’ընտրուի միութեան ղեկավարը:
Ջիւանին այժմ հնարաւորութիւն ունէր ազատ եւ համարձակ կերպով գործելու: Անհրաժեշտ էր այդ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը պայքարի հանել ժամանակի ամենացաւոտ խնդրի լուծման համար: Մինչեւ այդ ժամանակ իշխող սովորութիւն դարձած, պարսկերէն, թրքերէն, արաբերէն երգեր յօրինելէ ու սիրավէպեր պատմելէ պէտք է հրաժարէին: Հայերէն չգրելը եւ չերգելը հին արմատներ ունէր ու պայմանաւորուած էր մեր կեանքի ու լեզուի վրայ օտար նուաճողներու թողած դարաւոր ազդեցութեամբ:
Մեծ ջանքեր ու տաղանդ հարկաւոր էր աշուղական նախորդ դպրոցներու իշխող աւանդութիւնները ժխտելու, հայ ազգային նոր դպրոց հիմնադրելու համար, դպրոց մը որ ոչ միայն պէտք էր ստեղծագործէր ժողովուրդին հասկնալի հայերէն լեզուով, այլեւ արձագանգէր ժամանակի հրատապ հարցերուն, բորբոքէր ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային արժանապատուութեան ոգին, սիրոյ երգերու հետ միասին հնչեցնէր ընկերային պայքարի եւ հայրենասիրական երգեր:
Ալեքսանդրապոլի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ ապրող աշուղներուն համար, որոնց թիւը մի քանի տասնեակի կը հասնէր, Ջիւանին կը կազմակերպէ առաջին դպրոցը, որ ի դէպ մեր բանահիւսութեան մէջ աննախադէպ ձեռնարկ մըն էր:
Դպրոցը աշուղական արուեստի թեքնիք ու մասնագիտական եւ երաժշտական այլ գիտելիքներ տալու հետ միասին կը սորվեցնէր նաեւ երգերը հայերէն յօրինելու, սիրավէպերը մայրենի լեզուով պատմելու եւ հայերէն երգելու հմտութիւնը: Ան հեղինակած է հազարէ աւելի երգեր: Ան շատ բարձր կը գնահատէր եւ իր երգերուն հետ սիրով կը կատարէր անմահ Սայաթ-Նովայի, Շիրինի յայտնի երգերը:
Իսկ ինչպէս վարուիլ արեւելեան սիրավէպերու հետ:
Պատասխանը որոշ էր: Անհրաժեշտ էր ժողովուրդին մէջ ընդունելութեան արժանացած արեւելեան սիրավէպերն ու անոնց մէջ եղած երգերը վերածել հայերէնի:
Ճիշդ այդ նպատակով Ջիւանին, որ շատ լաւ գիտեր արեւելեան մի քանի լեզուներ եւ բաւական ծանօթ էր պարսկերէնի ու որոշ չափով ալ արաբերէնի, անմիջապէս ձեռնամուխ կ’ըլլայ «Ասլի Քեարամ», «Աշուղ Ղարիպ», «Շահ Իսմայիլ» եւ «Լէյլի-Մէջնուն» հռչակաւոր սիրավէպերու հայերէնի թարգմանութեան:
Ջիւանին ինքն ալ հեղինակած է երկու աշուղական սիրավէպեր՝ «Արշալույս եւ Լուսաբերիկ» ու «Հմայեակ եւ Արուսեակ» անուններով:
Ամենակարճ ժամանակի մէջ Ջիւանին լայն ճանաչում կը գտնէ եւ ազգային բանաստեղծի, երգիչի հռչակ կը վաստկի: Զինք կը ճանչնային ու անոր գործունէութեամբ կը հետաքրքրուէին Անդրկովկասի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս ապրող հայեր:
Ջիւանին եռանդուն հասարակական գործիչ էր: Ան ժողովրդական ծաւալուն եւ խմբային լուրջ ձեռնարկներու ոգին էր:
Աշուղ Ջիւանին կը սիրէին ու հաճոյքով կ’ունկնդրէին Անդրկովկասի միւս ժողովուրդները, վրացիներն ու ատրպէյջանցիները: Ան լաւ ատրպէյջաներէն գիտէր եւ այդ լեզուով գրած ու ներկայացուցած է քառասունէ աւելի երգեր:
Ջիւանին արդէն համազգային բանաստեղծի եւ երգիչի համբաւ ունէր, երբ 1895-թուականին ընտանեօք կը տեղափոխուին Թիֆլիս, վերջնականապէս այնտեղ բնակելու համար: Շատ բան փոխուած էր քաղաքին մէջ, կերպանափոխուած Թիֆլիսը իր նոր սովորութիւններով , վարք ու բարքով: Ջիւանիին ճանչցած Թիֆլիսէն շատ բան չէր մնացած, ալ չկար 60-ական թուականներու ուրախ-զուարթ կեանքը:
Այս նոր պայմաններուն մէջ մշտապէս ուրիշներուն օգնող եւ յոյս ու մխիթարութիւն տուող Ջիւանին կարօտ կը մնայ օգնութեան ու մխիթարանքի: Անոր նիւթական վիճակը երթալով կը վատթարանայ իսկ առողջութիւնը նոյնպէս կը տկարանայ:
Ջիւանիի վիճակը կը վատթարանայ նաեւ քաղաքական առումով: Թիֆլիսի մէջ աւելի կը զօրանայ հալածանքը Ջիւանիին դէմ: Ցարական սատրապ կովկասի կառավարիչին Գոլիցինի ոստիկանութիւնն ու անոր գործակալները կը լրտեսէին, կը հալածէին եւ մշտական սպառնալիքի ու ահաբեկման երկիւղի տակ կը պահէին երգիչը :
1900-ական թուականներուն ան զգալիօրէն կը փոխուի, ծերութիւնը, հիւանդութիւնը, հոգերը զինք շատ մաշեցուցած էին, մանաւանդ շատ կը յուսահատէր երբ իրեն կ’արգիլէին երգելը ու նուագելը, կուգային ջութակը ձեռքէն կը խլէին:
Զաքար Քէշիշեան աւարտելով իր խօսքը ըսաւ:
Մօտ կէս դար շարունակ իր ժողովուրդը ոգեւորող անոր վիշտն ու ուրախութիւնը, անոր խոհերն ու երազները բանաստեղծութեան եւ երգի միջոցաւ յաւերժացնող Ջիւանին մեռաւ անօգնական, նիւթական ու բարոյական ծանր կացութեան մէջ, երկարատեւ հիւանդութէնէ ետք 1909 թուականի Փետրուար 24-ին, Թիֆլիսի մէջ:
Զաքարին խօսքին աւարտին ներկաները ձայներիզի վրայ ունկնդրեցին «Ձախորդ Օրերը» երգը, իսկ շուիի վրայ «քանքարաւոր ընկեր» երգը՝ բանախօսին կատարմամբ:
————–
Կուգան Ու Կերթան
Ձախորդ օրերը ձմռան նման կոգան ու կերթան,
Վհատելու չէ, վերջ կունենան, կուգան ու կերթան.
Դառն ցաւերը մարդու վրայ չեն մնար երկար,
Որպէս հաճախորդ շարւէ շարան կուգան ու կերթան:
Փորձանք, հալածանք եւ նեղութիւն ազգերի գլխինց,
Ինչպէս ճանապարհի քարաւան կուգան ու կերթան,
Աշխարհը բուրաստան է հատուկ, մարդիկը ծաղիկ
Ո՜րքան մանուշակ, վարդ բալասան կուգան ու կերթան:
Ոչ ուժեղը թող պարծենայ, ոչ տկարը տխրի,
Փոփոխակի անցքեր զանազան կուգան ու կերթան.
Արեւը առանց վախնալու ցայտում է լոյսը,
Ամպերը դէպի աղօթարան կուգան ու կերթան :
Երկիրը ուսեալ զակին է փայփայում մօր պէս,
Անկիրթ ցեղերը թափառական կուգան ու կերթան.
Աշխարհը հիւրանոց է , Ջիւան, մարդիկը հիւր են,
Այսպէս է կանօնը բնական, կուգան ու կերթան :
* * *
Ծիրանի Ծառ
Ես մի ծառ եմ ծիրանի,
Հին արմատ եմ անվանի.
Պտուղներս քաղցրահամ
Բոլոր մարդկանց պիտանի:
Հին ծառ եմ արեւելեան,
Չունիմ որոշ այգեպան.
Տունկերս ամէն երկիր
Ընկած են բաժան-բաժան:
Ապրում եմ խեղճ, միայնակ,
Որոշ ծառի շքի տակ.
Հիւթս որդունքն է ծծում,
Իմ տունկերուս փոխանակ:
Տունկերս ուր էլ որ գնան,
Թեպետ նոյնը կը մնան,
Բայց օտար հողի վրայ
Չեն աճիլ, կը չորանան:
Արեւելքում ինձ տնկեց,
Երբ որ տէրը ստեղծեց.
Ասավ՝ աճէ, բազմացիր,
Մի այգի էլ ինձ տվեց:
Ուղարկեց մի այգեպան,
Հարավից հսկայ իշխան.
Այն հսկայի անունով
Կոչուեցայ ծառ հայկական :
Չորս հազար տարուայ ծառ եմ,
Մարմինս պինդ, կայտառ եմ
Թէեւ ուժս պակաս է ,
Բայց անունով պայծառ եմ :
ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ