Յօդուածներ

Լիբանանահայութեանը զօրակցելու նպատակով նուիրահաւաք՝ Նոր Ջուղայում եւ Շահինշահրում

Լիբանանահայութեանը զօրակցելու նպատակով նուիրահաւաք՝ Նոր Ջուղայում եւ Շահինշահրում

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնից մարդկային եւ նիւթական զգալի կորուստներ կրած լիբանանահայութեանը զօրակցելու նպատակով՝ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի յանձնախումբը կեանքի է կոչել «Լիբանանահայութեան օժանդակութեան յանձնախումբ»՝ Նոր Ջուղայում եւ Շահինշահրում նուիրահաւաք կազմակերպելու համար։ Յանձնախմբերի կազմերում ընդգրկուած են Նոր Ջուղայի ու Շահինշահրի միութիւններից մէկական ներկայացուցիչներ եւ համայնքի այլ անհատներ։ Նուիրահաւաքի մեկնարկը տրուեց երկուշաբթի՝ 2020 թուականի օգոստոսի 17-ի երեկոյեան։ Առաջին օրուայ ընթացքում, յանձնախումբի աշխատանքին ծանօթանալու,...

Հայրենադարձութիւնը  Հայեցակարգի Կը Կարօտի  Կ՛ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ  Բենիամին Պչաքճեան

Հայրենադարձութիւնը Հայեցակարգի Կը Կարօտի Կ՛ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեան

«Վանայ ձայն»-ի հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապին, այդ տագնապը շրջանցելու համար ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւններուն, Հայաստանի կողմէ Լիբանանին եղած օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան երեւոյթին: Լիբանանահայութեան մասին խօսելով` Պչաքճեան նշեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը ազգային իր ներուժով եւ կարողականութեամբ միշտ հասած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներուն ու գաղութներուն, Հայաստանին ու Արցախին: Լիբանանի հայութիւնը իր...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին` «Այլեւս Խցանը Չկրցաւ Մնալ Շիշին Մէջ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Անկեղծօրէն` ցոյցերը արդէն շատ փոքր աշխուժութեամբ կը շարունակուին, նախորդող օրերուն պէս մեծ ցոյցեր չկան, սակայն կառավարութեան հրաժարականը քաղաքական նոր վիճակ ստեղծեց: Լիբանանի քաղաքական ուժերը տակաւին չեն կրնար նոր վարչապետի նշանակման շուրջ համաձայնութեան յանգիլ»: Այս մասին անդրադարձաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին: «Մեծ թիւով օտար պատուիրակութիւններ կ’այցելեն` սկսած Ֆրանսայի նախագահէն մինչեւ Իրանի արտաքին...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Եւ Լիբանանահայութիւնը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Արդարեւ, անհերքելի է այն փաստը, որ հակառակ աշխարհաքաղաքական, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական ներկայ անորոշ ճգնաժամին, մանաւանդ լիբանանահայութեան տագնապալի այս օրերուն, յատկապէս 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք որոշ շրջանակներու կողմէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու, համայնքը տկարացնելու, պառակտելու եւ գաղութի ղեկավարութեան դէմ ընկերային ցանցերու վրայ շղթայազերծուած արշաւը կ՛ապացուցէ, որ այս փուլին անհիմն զրպարտութիւններ եւ ամբաստանութիւններ հնչեցնողները բնաւ անմեղ չեն եւ...

Անդրադարձ.  Գլխաւորն Ու Իսկականը

Անդրադարձ. Գլխաւորն Ու Իսկականը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը 17 օգոստոսին հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնազրկած է Վրաստանի եւ Սերպիոյ մէջ իր երկրին դեսպանները, որոնք պաշտօնապէս ձերբակալուած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ փտածութեան հարցով քրէական գործի յարուցման ծիրին մէջ: Ճիշդ մէկ ամիս առաջ` 16 յուլիսին միեւնոյն հետաքննութեան ծիրին մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն հեռացուած էր Էլմար Մամետեարով: Անտրամաբանական է, որ...

Սուրբ Հոգին Աղբիւր Ներշնչման ու  Մասամբ Նորին

Սուրբ Հոգին Աղբիւր Ներշնչման ու Մասամբ Նորին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ  Հակառակ անոր որ մերօրեայ արուեստագէտը արդէն իսկ ձեռք բերած է ազատօրէն արտայայտուելու բացարձակ իրաւունք, տակաւին կան որոշ հանգամանքներ, որոնք կը շարունակեն «ուղղորդել» ստեղծագործողի ներշնչման ընթացքն ու սահմանափակել, անոնց լիարժէք կերպով արտայայտուելու կարողականութիւնը: Հինէն ի վեր արուեստի գեղագիտական ուժը, օգտագործուած ու նոյնի'սկ չարաշահուած է, ըլլայ քաղաքական, կրօնական, տնտեսական, թէ այլ բնագաւառներէ ներս: Անոնք թէեւ մեծապէս նպաստած են արուեստի զարգացման...

Անթիլիասի Ձեռագիրներն ու Հնատիպները Վերադասաւորման Ընթացքի Մէջ

Անթիլիասի Ձեռագիրներն ու Հնատիպները Վերադասաւորման Ընթացքի Մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Մատենադարանի ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ յետոյ յիշեալ բաժանմունքները սկսած են վերադասաւորման աշխատանքին: Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրատան եւ հնատիպներու բաժանմունքներուն: Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան...

«Երբ Հայերէնին Լրջօրէն Մօտենանք, Շատեր Կը Հետաքրքրուին»

«Երբ Հայերէնին Լրջօրէն Մօտենանք, Շատեր Կը Հետաքրքրուին»

ՄԱՐԻԼԻՆ ՉԱՐԵԱՆ   Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր ստացած է իր կրթութիւնն ու ուսումը։ Ապա ուսանած է Գերմանիոյ մէջ։ Ազգային խոր համոզումներու հիման վրայ ան կը զգայ մայրենի լեզուին կարևորութիւնը, նկատելով զայն որպէս ինքնութեան զատորոշիչ գիծ, և ունի իր մտահոգութիւնը՝ լեզուի սփիւռքեան նահանջին համար, եւ զայն կը համարէ հաղորդակցութեան և շփման միջոց աշխարհի մէջ սփռուած հայութեան համար: Մտահոգ արևմտահայերէնի նուաղումով՝ նուիրուած...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Յակոբ Բագրատունի. «Հայրենադարձութեան Մասին Կը Խօսին Այնպիսի Անհատներ, Որոնք Լիբանանէն Հեռացած Են Եւ Միացեալ Նահանգներ Հաստատուած Են»

«Այս օրերուն մենք, թէ այլ միութիւններ կենցաղային կարիքներ կը հոգանք: Ես քանի մը անգամ այցելեցի Պէյրութի աղէտեալ շրջաններ, ընտանիքներու հետ հանդիպեցայ»: Այս մասին արտայայտուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Նիուզ» կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին ` անդրադառնալով 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով լիբանանահայութեան խնդիրներուն: Ըստ անոր, կան ամբողջութեամբ քանդուած տուներ` անբնակելի, կան կիսաքանդ բնակարաններ եւ...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ Քաղաքակրթութեան Թեքումներուն Եւ Լաբիրինթոսին Մէջ – Ա.- Հայկական Ինքնութեան Մասին Վկայութիւններ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Մօտըրն Տիփլոմասի» կայքէջին մէջ 9 օգոստոս 2020-ին, Վալերի Փօլ (Valery Paul, PhD), վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է (In The Bends And Labyrinths Of Civilizations), որ հայ ժողովուրդի յատկանիշներուն մասին է (1), եւ (4): Այս կայքէջը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ միջավայր՝ արժեւորելու միջազգային բարդ խնդիրներ, որոնք յաճախ Արեւմտեան լրատուամիջոցներէն եւ ակադեմական շրջանակներու սահմաններէն դուրս կը մնան: Այնտեղ կան...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Լիբանանին Մէջ Մեր Դէմ Մղուող Այս Արշաւին Առիթով

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Վիրաւոր, հիւանդ, տկար ու ցաւի մէջ տնքացող անձը խոցելի կ՛ըլլայ։ Նոյնպէս ալ հաւաքականութիւնները։ Օգոստոս 4ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած պայթումը ոչ միայն ֆիզիքական մեծ քանդումի եւ մարդկային կորուստներու պատճառ դարձաւ, այլեւ հոգեբանական լուրջ հարուած հասցուց ժողովուրդին, ներառեալ նաեւ՝ լիբանահայութեան։ Մեր կորուստները մեծ են։ Ցաւը նոյնպէս։ Այս ծանր մթնոլորտին մէջ, փոխանակ ուժերը գումարելու եւ համախմբուելու, փոխանակ թրքական իրական ու...

Աստուծոյ Սիրոյն

Աստուծոյ Սիրոյն

ԴՈՒԻՆ          Աստուծոյ սիրոյն ձեր աչքերը լաւ բացէ՛ք  եւ  տեսէ՛ք տարուած հսկայական աշխատանքը: Աղէտը ահաւոր էր, «Քորոնա» ժահրի արհաւիրքէն  չազատած եկաւ տնտեսական տագնապը, որուն  յաջորդեց արհաւիրքներուն հզօրագոյնը... խլեց անմեղ զոհեր, քանդեց տուներ, անտուն ձգեց հազարաւորներ, որբ ձգեց մանուկներ, այրի ձգեց կիներ եւ ամուսիններ, անզաւակ ձգեց ծնողներ...: Բացէ՛ք ձեր աչքերը, լա՜յն բացէ՛ք, հասկցէ՛ք պատահածը, նայեցէ՛ք, թէ ի՞նչ կրնաք ընել: Աստուծոյ սիրոյն լարեցէ՛ք...

Զգոյշ՝ Սուրիահայութեան, Լիբանանահայութեան Եւ Հայրենիքի Կենսական Առկայութիւնը Չվերածենք Պերմուտայի Եռանկիւնի Կլանող Յորձանուտի

Զգոյշ՝ Սուրիահայութեան, Լիբանանահայութեան Եւ Հայրենիքի Կենսական Առկայութիւնը Չվերածենք Պերմուտայի Եռանկիւնի Կլանող Յորձանուտի

ԺԱՆ ՀԱԼԱՃԵԱՆ Ո՜վ զարմանալի, Գաբրիէլ հրեշտակապետը եւ Սադայել սատանայապետը իրենց վիճակուած առաքելութիւնը, փոխ շահաւէտ համագործակցութեան վերածած, այսօր կը դեգերին Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն գլխին, ձեռք-ձեռքի տուած, հոյակապ համաչափութեամբ մահուան թանկօն ու վալսը կը կատարեն: Կատաղի վայնասունային հեւքով արբշիռ, լայն բանալով մահուան ուրկանը, ցնծութեամբ կը շեփորեն մահուան փողը: Միւս կողմէ, մահասփիւռ գերանդին կը սրեն, անմեղ մարդոց անյագ հունձքով մը, առաւել մրցանիշ...

Պէյրութի Նաւահանգիստն Ու Հայոց Պատմութիւնը

Պէյրութի Նաւահանգիստն Ու Հայոց Պատմութիւնը

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ Պէյրութի նաւահանգիստը, որ արդէն մէկ շաբաթ է համաշխարհային հետաքրքրութեան ու կարեկցանքի առարկայ է՝ հոն տեղի ունեցած աղետաբեր պայթիւնին հետեւանքով, պատմական կարեւոր վայր մըն է հայութեան համար։ 1921-ի վերջին ամիսներուն եւ 1922-ի սկիզբը քեմալական իշխանութեան տակ նոր անցած Կիլիկիայէն Լիբանան ապաստանած շուրջ 10-20 հազար հայերուն մեծ մասը Լիբանան մուտք գործեց Մերսինէն Պէյրութ ուղղուող նաւերով։ Նաւահանգիստին մօտ գոյացան հայ...

«Արեւմտեան Հայաստանի Մէկ Բաժինը Հայ Ժողովուրդին Տալու Համար, Պէտք Էր Գոնէ 150,000նոց Բանակ Ուղարկել Այդ Շրջանները»

«Արեւմտեան Հայաստանի Մէկ Բաժինը Հայ Ժողովուրդին Տալու Համար, Պէտք Էր Գոնէ 150,000նոց Բանակ Ուղարկել Այդ Շրջանները»

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ Ստորեւ կու տանք Սեւրի դաշնագիրի 100ամեակին առիթով եւ անոր մասին «Ասպարէզ»ի՝ փրոֆ. Ստեփան Ասատուեանի հետ հարցազրոյցը. «ԱՍՊԱՐԷԶ».- Պատմական ի՞նչ գնահատում կարելի է տալ Սեւրի դաշնագիրին: ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Սեւրի դաշնագիրը պէտք էր այսպէս կոչուած եւ տասնամեակներ տեւած Հայկական Հարցի լուծումը ըլլար, սակայն չեղաւ:  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Արեւմտահայաստանը արդէն պարպած էր իր բնիկ հայ բնակչութենէն. բազմաթիւ պատճառներու...

«Յուսաբեր»-ի Խմբագրական․ Կը Կոտրե՞ն Թուրքիոյ Ճանկերը Եւ Ժանիքները

«Յուսաբեր»-ի Խմբագրական․ Կը Կոտրե՞ն Թուրքիոյ Ճանկերը Եւ Ժանիքները

Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները՝ Մ․Նահանգներու միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ ոչ-պատերազմիկ Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բեմադրութիւնը եւ անոր Անգարայի զայրացկոտ հակազդեցութիւնը խորհելու տեղիք կու տան։ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ա՛յդքան արժեւորումը Էմիրութիւններու հետ համաձայնութեան, իսկապէս որ համոզիչ չէ, մանաւանդ որ յարաբերութիւններու բնականոնացման գինն ալ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի հատուածներու Իսրայէլի կցումը բացառելն է։ Իսրայէլի նմանօրինակ բոլոր արարքները, թէկուզ Սպիտակ տան օրհնութեամբ,...

Ս. Աստուածածնայ Օրինակով Ապաւինիլ Եւ Ընդունիլ Աստուծոյ Որոշումները

Անուն Տեառն Օրհնեալ Յասմհետէ Մինչեւ Յաւիտեան. Քօղազերծուած Զոհողութիւնը՝ Աստուածամայր Սուրբ Կոյս Մարիամի

ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ․ ՕՀԱՆԵԱՆ  Ուրախութեան եւ ցնծութեան հոգեկան մեծ հրճուանք է իսկապէս իւրաքանչիւր հաւատացեալ Քրիստոնեայի համար, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխումը երկրէն՝ երկինք։ Անսահման է եւ խորհուրդով լի, աստուածային  նախախնամութեամբ, տնտեսութեամբ՝  ստեղծագործութիւնը՝ իր իրաւ, լռիւ ճշմարտութեանը մէջ։ Մարդ այսօր կորսուած իր երկրաւոր հոգերով, հոգնած իր մտածումներովը, ամէն վարկեան, ժամ եւ օր, չի գիտակցիր, կեանքի գոյութեան խորհրդաւորութեան․այս անչափելի երկիր մոլորակի մէջ, վխտացող...

Սպասում

Աղէտի Բնագիտութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ներանձնական.- Քանդումը բաղդատաբար փոքր էր բայց յանկարծ դադրեցան ելեկտրականութիւնը, հեռաձայնն ու համացանցային կապը: Չունէինք ջուր, դուռ կամ վարագոյր: Ծայր տուած էին խուճապահար փախուստն ու տարաձայնութիւնները: Ձայներէն դատած՝ բազմաթիւ անձերու նման համոզուած էի որ ենթարկուած ենք օդային յարձակումի: Այս անորոշութիւնը տեւեց շուրջ երկու օր: Տեսաերիզները ցոյց կու տան պայթիւնի հիմնական փուլերը: Առաջինին մէջ կը տեսնենք մոխրագոյն ծուխ: Այդ...

Ակնարկ.   Յետցնցումնային Քարտէսի Ուրուագծումը

Ակնարկ. Յետցնցումնային Քարտէսի Ուրուագծումը

Նաւահանգիստի պայթումին` պատահար թէ՞ ծրագրաւորուած խափանարարութիւն ըլլալու իրականութեան բացայայտումը կը թուի, որ երկրորդական նշանակութիւն կը ստանայ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ նման իրավիճակ դուռ կը բանայ քաղաքական մեծ քայլերու, նոր գործընթացներու: Որքան ալ ոչ բարոյական հնչէ, այնուամենայնիւ լայնածաւալ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուցած պատահարներ լիարժէք կ՛օգտագործուին աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ գործարկելու: Այս պատճառով ալ իրականութեան բացայայտումէն աւելի շահագրգիռ է հետաքննութեան լիբանանեա՞ն, թէ՞ միջազգային բնոյթը:...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Լիբանանեան Հորիզոններ – Գ. Ի՞նչ Հորիզոններ Լիբանանի Հայութեան Դիմաց

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ինչպէս նախընթաց ահաւոր կացութիւններու պարագային, նաւահանգիստի պայթումն ալ արդարօրէն խուճապային վիճակ ստեղծեց Լիբանանի մէջ, նոյն մթնոլորտին մէջ գրաւելով մեր գաղութի զաւակները: Եւ ինչպէս ամէն խուճապ, այս փուլն ալ կը յատկանշուի բարեմիտ զգացականութեամբ, որոշ իրատեսութեամբ եւ... սակարկութիւն չընդունող բաղձանքներու սակարանով: Յառաջ անցնելէ առաջ, ընենք քանի մը կարեւոր հաստատում: Ինչ որ պիտի արձանագրենք այս սիւնակին մէջ, պէտք չէ ընկալել ոեւէ...

Page 485 of 1112 1 … 484 485 486 … 1,112

Արխիւներ