Յօդուածներ

Տառադարձութիւն

Տառադարձութիւն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Տառադարձութիւնը որեւէ անուն կամ բառ այլ լեզուով մը կարելի հարազատութեամբ արձանագրելու,– ո՛չ  թէ թարգմանելու,–  արուեստն է: Մեր պարագային՝  տուեալ օտար   անունին  մեսրոպեան այբուբենով արձանագրութիւնն է  ան՝ առաջնորդուելով հայեցի մտածողութեամբ եւ ընկալչութեամբ, վասնզի ամէն արտասանութիւն ամէն ազգի  կողմէ նոյն ձեւով չ’ընկալուիր: ***لودريان ---Բերուածը արաբերէն տառադարձութիւնն է    Ֆրանսայի այժմու արտաքին գործոց նախարարին, որ օրերս Լիբանան այցելեց: Ան կը կոչուի Jean-Yves...

«Կառավարութեան Հրաժարականէն Ետք Մուտք Գործած Ենք Մութ Փապուղիի Մը Մէջ »  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կառավարութեան Հրաժարականէն Ետք Մուտք Գործած Ենք Մութ Փապուղիի Մը Մէջ » Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ քըլ Լըպնան» ռատիոկայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականէն ետք մուտք գործած ենք մութ փապուղիի մը մէջ: «Նկատի ունենալով կառավարութիւններ կազմելու նախկին փորձառութիւնները, կը նախատեսենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը այդքան ալ արագ կարելի չըլլայ կատարել», ըսաւ ան: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը նոր փուլի շրջագիծին մէջ պէտք է...

Մոնթրէալէն Մեր Քաջալերանքն Ու Զօրակցութիւնը

Մոնթրէալէն Մեր Քաջալերանքն Ու Զօրակցութիւնը

ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ 4 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը այնքան ուժգին էր, որ ցնցեց մեզ բոլորս՝ մինչեւ Գանատա: Թեւերը թափահարող վիրաւոր թռչունի մը նման, անհանդարտ էի եւ անզօր: Անհնար էր կեդրոնանալ  ու աշխատիլ... Ցրուած էր միտքս, կտոր-կտոր էր սիրտս... Շատ յուզուած, միայն աղօթեցի... շա՜տ աղօթեցի... երկա՜ր աղօթեցի: Աղօթեցի բոլորին համար, բայց մասնաւորապէս լիբանանահայութեան համար: Անհամբեր էի նախ՝...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.  Հայ Դատի Վաւերագրուած Լուծումը՝ Սեւրի Պայմանագիրը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայ Դատի Վաւերագրուած Լուծումը՝ Սեւրի Պայմանագիրը

«Սեւրն է միակ հնարաւոր լուծումը Հայ Դատի եւ պսակումը հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի» Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան եւ միաւորուած տարածքով պետականութեան վաւերական փաստաթուղթը կը հանդիսանայ 100 տարի առաջ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, Օգոստոս 10-ին, Ֆրանսայի մէջ ստորագրուած միջազգային այս պայմանագրի Հայաստանի բաժինը կ՚ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները։ Այդ յօդուածներու ընդհանուր պարունակին մէջ Թուրքիան կը...

Հողը Գլխաւոր Երաշխիք`  Ազգային Մեր Անվտանգութեան  (Սեւրի Դաշնագիրին 100-Ամեակին Առիթով)

Հողը Գլխաւոր Երաշխիք` Ազգային Մեր Անվտանգութեան (Սեւրի Դաշնագիրին 100-Ամեակին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ 100 տարուան կեանք մը ունի Սեւրի դաշնագիրը: 100 տարիէ Թուրքիա կը տառապի «Սեւրի սինտրոմ»էն: Աթաթուրքին համար ան «թուրք ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած մեծ մահափորձ մըն էր», թուրք պատմագիտական շրջանակներու համար` ընդամէնը «փաստաթուղթ» մը, իսկ քաղաքագէտներու համար` սոսկ «նախագիծը ծրագիրի մը»: 100 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը անդամահատուած էր, առաւելագոյն կորուստներով պատրաստ` առաւելագոյն զիջումներու: Պարտուած Թուրքիա իրողապէս եւ իրաւապէս կը ճանչնար...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր – 100-ամեակ Դ. Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական Կուսակցութիւններուն Հայաստանի Մասին Դիրքորոշումները 1896-1928

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական Կուսակցութիւններուն 1856-էն 1928, տարեկան համագումարներուն ընթացքին, քննելէ ետք նախորդող տարուան իրադարձութիւնները, իրենց ծրագիր-յայտագիրներուն մէջ հինգ անգամ Հայաստանի մասին անդրադարձ կատարած են (1): Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ նշուած դիրքորոշումները՝ բանաձեւերը, կարգ մը լուսաբանութիւններով: Ա. 1896-ի Հանրապետական կուսակցութիւն, էջ 101-102:   1. 1896-ի Հայաստանի մէջ հայերու ջարդերուն մասին «Հայկական ջարդեր» խորագիրին տակ կ՛եզրակացնեն. «Հայաստանի մէջ...

Սեւրը Եւ Միջազգային Քաղաքականութիւնը

Սեւրը Եւ Միջազգային Քաղաքականութիւնը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Սեւրի դաշնագիրը մեր հողային ամբողջականութեան հիմը կազմող համաձայնագիր մըն է, որ միակ իրաւական փաստաթուղթն է հայկական հարցին եւ հողային պահանջին առնչուող բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ: Այս մէկը ամրագրուած էր ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւական վճիռով: Սակայն ներքին ամերիկեան քաղաքական պայմանները չներեցին, որ Միացեալ Նահանգներ առնէ քաղաքական քայլեր՝ իրագործելու այս պայմանագիրը: Ի՞նչ էր այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներուն քաղաքականութիւնը եւ ինչո՞ւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Սեւրի Դաշնագիրին 100-ամեակին Առիթով Մեր Իրաւունքներու Միջազգային Ճանաչման Բարձրակէտ Եւ Մեկնակէտ՝ Անսակարկելիին Վերատիրացման

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կանխող տարիներէն ի վեր, յաճախ կը խօսուի-կը լսենք, թէ մեր Դատին հետապնդումը պէտք է փոխադրենք իրաւական դաշտ, միջազգային իրաւունքի ոլորտ, այսինքն, աւելի համահունչ խօսինք այսօրուան աշխարհի լեզուով եւ գործենք համապատասխանաբար։ Պէտք չէ մտահան ընենք, որ այս մտածումը, արդար ու տեղին ըլլալով հանդերձ, նորութիւն չէ հայ քաղաքական միտքին ու Հայ Դատի գործիչներուն համար։ (Չենք...

Սեւր-100. Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունեցող Պայմանագիր

Սեւր-100. Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունեցող Պայմանագիր

Սեւրի պայմանագիրը դարձաւ 100 տարեկան: 1920 թուականի օգոստոսի 10-ին Փարիզի արուարձանում՝ Սեւրում, Հայաստանի Հանրապետութեան անունից Սեւրի պայմանագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեանը։ Ստորագրուած փաստաթուղթը Անտանտի երկրների եւ Օսմանեան կայսրութեան հաշտութեան պայմանագիրն էր, որը պաշտօնապէս հաստատում էր կայսրութեան բաժանումը Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ: Մասնաւորապէս պայմանագրի 88-93-րդ յօդուածները վերաբերում էին Հայկական հարցին: Թուրքիան Հայաստանը ճանաչում էր որպէս ազատ ու անկախ պետութիւն։ Թուրքիան ու...

Կ՚ուզեմ Դուրս Ելլել

«Ես Ո՞վ Եմ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020։ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը ցնցեց քաղաքը։ Եթէ Քուէյթ նստած հեռատեսիլի եւ ընկերային տեղեկատուութեան ցանցերու միջոցաւ սկսայ հետեւիլ, բայց առանց կարենալ  արձունքներս զսպելու։ Ինչպէս որ քուէյթեան տեղական թերթերէն մին սահմանեց Պէյրութի այս պայթում-աղէտը որպէս, «Պէյրութոշիմա»։ Իսկ պայթումին պատճառնե՞րը։ Բացայայտուեցաւ որ բաւական տարիներէ ի վեր Պէյրութի նաւահանգիստի շտեմարաններէն մէկուն մէջ մեծ քանակութեամբ քիմիական պայթուցիկ եւ...

Խմբագրական «Ազդակ» Բացառիկի – 2020.  Դէպի Սեւրի 100-Ամեակ. Այժմէական  Հնչեղութեամբ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի . Անկորնչելի Դատավճիռը

Փարիզէն հազիւ վեց մղոն հարաւ-արեւմուտք գտնուող Սեւրի շրջանն ալ, Օգոստոսի շոգ օրերուն, իր կարգին «վարակուած» կ՛ըլլայ ամառնային արձակուրդի տենդով: Ընդհանրապէս, հեւքոտ կեանքը մեռած ու «սառած» կ՛ըլլայ այդ օրերուն, մինչեւ իսկ շրջանի հանրահռչակ յախճապակիի գործարանները կը մատնուին անշարժութեան, ու այդ շրջանը այցելող զբօսաշրջիկը անակնկալի կը մատնուի, տեսնելով ամառնային արձակուրդին պատճառով քանի մը շաբաթ փակ մնացող դռներն ու անաղմուկ եւ անշշուկ անշարժութիւնը:...

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

«Անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ» ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ Սեւրը վկայ։ Անկատար տենչեր… Ահա հարիւր տարի է մեր տենչերը այդպէս ալ կը մնան անկատար։ Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեա՛կը վկայ։ 1920 օգոստոս 10ին Ֆրանսայի, իր յախճապակիներով աշխարհահռչակ, այդ քաղաքին մէջ ստորագրուած դաշնագիրը ի՛նք կը մնայ անկատար, կը մնայ որպէս չյարգուած խոստում,– խոստումնադրուժ աշխարհին կողմէ,– որպէս անվճա՛ր վճարագիր,– մեզի պարտական՝ նո՛յն այդ աշխարհին կողմէ։ Բայց...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Սեւրի Դաշնագիրը Հայոց Ազգային Ուխտին Պատուանդանն Է

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Երկու հազար չորս հարիւր տարի առաջ հին յոյն ողբերգակ Սոֆոկլէս գրած է. «Ոչ մէկ դաշնագիր կրնայ արգելք ըլլալ խաբեբային»։ Մինչ օրս դիւանագէտներ եւ քաղաքական առաջնորդներ իրենց խօսքով եւ արարքով կը շարունակեն ձայնակցիլ յոյն մեծ իմաստասէրին՝ հաստատելու, թէ դաշնագրերը կը ստորագրուին չյարգուելու համար։ Դաշնակից ուժերու եւ Թուրքիոյ միջեւ հարիւր տարի առաջ՝ 1920 օգոստոս 10ին, Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի մէջ կնքուած...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Մեր Բոլորին Պէյրութը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 2020-ի Օգոստոս 4-ն ալ պատմութեան անցաւ եւ համայն աշխարհի համար դարձաւ աւերակով, արցունքով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած «յիշատակուող» նոր թուական մը: Եթէ կ'ուզէք, կրկին Հիրոշիման յիշեցնող եւ 21-րդ դարու սարսափազդու թուական մը: Նոյն այս տխրահռչակ օրուան անսովոր տաք երեկոյեան, երբ քորոնայի պատճառով աշխարհէն կտրուած, պարտէզիս ծառերով զբաղուած էի, յանկարծ հայ դրացիս ցանկապատի միւս կողմէն, վէրք ստացող վայրի կենդանիի նման, ահաւոր ձայնով...

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն»  Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

Հարցազոյցը վարեց ԼՈՐԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ Հարցազրոյցը արտագրեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Երէկ, «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժինէն հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղէտին, անոր վնասներուն` հիմնական շեշտը դնելով անպայման վերականգնելու հրամայականին եւ այդ գծով տարուող աշխատանքներուն վրայ: Ան յայտնեց, որ նորակազմ Լիբանանահայութեան վերականգնման մարմինը շատ շուտով պիտի սկսի իր...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Հայրենի «Թերթ» Կայքի Հարցումներուն Պատասխանելով` Բագրատունի. «Հաւաքական Արտագաղթի Շարժում Չկայ Լիբանանի Հայ Համայնքին Մօտ. Մերձաւոր Արեւելքի Մեր Գաղութները Ռազմավարական Իմաստով Կարեւոր Են»

ԱՄԱԼԻԱ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Պէյրութի պայթումէն, այդ ցնցումէն ետք մեր համայնքին համար, բնականաբար, հիմնական խնդիրը, ապրելու, գոյատեւման կամքի վերականգումն է: Պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդին մօտ հիմա բացառիկ կերպով ինքզինք վերագտնելու, իր տան, բնակարանին, հաստատութեան հետ ըլլալու մթնոլորտը կը տիրէ: Այս մասին արտայայտուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` «Թերթ Էյ. Էմ.»-ի հետ զրոյցի պահուն, անդրադառնալով Պէյրութի աղէտէն ետք...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Լիբանանի Հայութիւնը՝ Սփիւռքահայութեան Անշէջ Հնոցը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնը արհաւիրքեան կացութեան մատնեց Լիբանանը եւ Լիբանանի ժողովուրդը։ Հարուածը Լիբանանի դէմ էր։ Հարուածին անմիջական թիրախներն էին երկրի քաղաքական կայունութիւնը, տնտեսական վերականգնումի ճիգերը եւ ժողովուրդի համերաշխ գոյակցութիւնը։ Ժամանակի կրնայ կարօտիլ պայթիւնին իսկական էութեան եւ պատճառներուն բացայայտումը։ Մինչ այդ, կարելի չէ միամտաբար հարցը վերածել պատահական արկածի եւ փակել էջը։ Եթէ կան մութ ուժեր այս արարքին ետին, անոնք պիտի...

Ցաւի Արձագանգ Մը Հեռուէն

Ցաւի Արձագանգ Մը Հեռուէն

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Աւերակ դարձած փողոցներ, փլատակ տուներ, արիւն եւ մոխիր... Օր 3...Կ'արթննամ փորձելով հաւատալ, որ ցաւը հեռացած կրնայ ըլլալ քիչ մը ...Իսկոյն տեղս կ'առնեմ համակարգիչին դիմաց եւ... Նոյն Լուսանկարները... Այսօր նորեր ալ կան... Կը դիտեմ, կը սկսիմ նորէն երեւակայել այդ ամէնէն մարդաշատ փողոցները, ամէնէն բանուկ ճամբաները, որոնք հիմա աւերակ են ու փլատակ... Մարդոց ցաւի ճիչերը լուսանկարներէն դուրս կ'ելլեն եւ կը...

Պէյրութը` Աւերակ, Արիւնլուայ Ու Սգաւոր

Պէյրութը` Աւերակ, Արիւնլուայ Ու Սգաւոր

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ահ, սարսափ, զարհուրանք ու սոսկում. մահաբեր ցնցում մը շարժեց ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցիները: Պէյրութը հիմնայատակ է, քարուքանդ, մոխրածածկ, Ո՛Չ ԵՒՍ: Կարելի պիտի չըլլայ յիշողութենէ ջնջել Պէյրութը թնդացուցած մահաբոյր պայթիւնը եւ անկէ ծնունդ առած սարսափազդու ալիքը, որ քալեց աւելի քան 250 քիլոմեթր` հասնելով մինչեւ Կիպրոս: Անբացատրելի երկվայրկեաններ. խառնափնթոր միտքեր ու զգացումներ, զօրաւոր երկրաշարժ, ապա ականջալուր` հզօր որոտումի: Շէնքը կը...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ակնարկ. Ձրի Խելք Տուողներուն Ձրի Խրա՛տ Եւ Յանդիմանութի՛ւն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 6-7 տարիներ ոճրային անփոյթ տնօրինումով մը՝ շուրջ 2700 թոն սաստիկ վտանգաւոր, պայթուցիկ ամոնիա-բորակատ (ammonium nitrate NH4NO3) պահ դրուած է թիւ 12 շտեմարանին մէջ, որ 4 օգոստոս 2020-ին ցարդ անյայտ պատճառներով պայթեցաւ, կորիզային փոքր ռումբի համազօր ուժգնութեամբ, որ խլեց շուրջ 300 զոհեր եւ 5000 վիրաւորներ, եւ մեծ թիւով առանց ապահով բնակարանի ժողովուրդ, պատճառելով հսկայական նիւթական վնասներ,...

Page 487 of 1112 1 … 486 487 488 … 1,112

Արխիւներ