Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ Հայաստանի Անհասկնալի Եւ Ահազանգային Կերպով Օրէ-Օր Բազմացող Յոռի Երեւոյթներուն Վերջինը. Անարդարանալի Անտրամաբանական Եւ Զարմանք Պատճառող Խնդիրներ

Օգոստոս 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

13 սեպտեմբեր 2017-ին «Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն Թէ՝ Այլ Բնագաւառի Երկիր» յօդուածիս մէջ (1), միամտօրէն, անհաւատալի թուացող, ճարտասանական հարցում մը հարցուցած էի. «Եթէ մեր պատանիները եւ երիտասարդութիւնը ապագային գրասենեակներու մէջ համակարգիչին առջեւ նստած աշխատանք պիտի տանին, ո՞վ պիտի մշակէ հողերը, ո՞վ պիտի արածէ հօտերը եւ արջառը, ո՞վ պիտի զբաղի երկրագործութեամբ, ո՞վ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգ պարէնաւորումը… Լիբանանի եւ Յորդանանի նման՝ արտերկրէն բանուորնե՞ր պիտի ներածենք»: Իսկ 12 նոյեմբեր 2016-ին Յորդանանի մասին. «Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման» յօդուածով անդրադարձած էի մէկ կողմէ անգործութեան եւ միւս կողմէ մեծ թիւով օտար բանուորներու ներկայութեան (2): Իսկ այժմ.

  1. Հայաստանը սնունդի պարէնաւորման ինքնաբաւ ըլլալու կարողականութիւն ունենալով հանդերձ՝ կարիքներուն 70 տոկոսը կը ներածէ, նո՛յնիսկ Թուրքիայէն:
  2. Թրքական զանազան արտադրութիւններու տարուէ տարի աճող՝ Հայաստանի շուկաները ողողելու յոռի եւ անհասկնալի  իրողութիւնը:
  3. Թուրք-Թրքական բաժնետէրեր Ամուլսարի հանգերուն մէջ, կենսոլորտային բազում խնդիրներու կողքին (3):
  4. Վերջերս աղմուկ բարձրացուցած՝ Հայոց պատմութեան եւ հայերէն լեզուի դասագիրքերու ընդվզեցուցիչ, ապազգային, թրքահաճոյ, ահաւոր, անընդունելի եւ անհաւատալի ծրագիրները, որոնք պէտք է չէզոքացուին:
  5. Իսկ այժմ՝ օտար բանուորներու գոյութեան անհաւատալի հարցը…

6 օգոստոս 2020-ին Արամ Ներսէսեան «Սփութնիք Արմէնիա»-ի մէջ գրած է, «Տաւուշում գիւղացին պարապ, օտարերկրացիներն են աշխատում. վարչապետին ասել են՝ ինչու» խորագիրով յօդուածը (4), որ ստորեւ արեւմտահայերէնի կը վերածեմ:

«ՀՀ վարչապետին Տաւուշի մարզէն լուսանկարներ ուղարկած են, ուր կ՛երեւի, որ Տաւուշի մարզի Պառաւաքար գիւղին մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներ բանուորական աշխատանք կը կատարեն ընկերութիւններէն մէկուն մէջ։

«ՀՀ կառավարութեան 6 օգոստոս 2020-ի նիստին, ազերի ռմբակոծումէն վնասուած Տաւուշի մարզի բնակավայրերու վերականգնման ծրագիրի քննարկման ժամանակ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ իր տեղեկութիւններով` Հայաստանի մէջ գործազրկութեան բարձր մակարդակի պայմաններուն մէջ՝ Տաւուշի գիւղերուն մէջ կ՛աշխատին արտասահմանցիներ։

«Ինձ լուսանկարներ ուղարկեցին Տաւուշի մարզի Պառաւաքար գիւղէն, ուր կ՛երեւէր, թէ ինչպէս ակնյայտ օտարերկրեայ քաղաքացի հանդիսացող մարդիկ բանուորական աշխատանք կը կատարեն ընկերութիւններէն մէկուն մէջ։ Եւ, քանի որ պատահաբար զուգադիպած էր, որ այդ ընկերութեան ներկայացուցիչը կը մասնակցէր մեր աշխատանքային քննարկումին, ես հետաքրքրուեցայ, թէ ի՞նչն է պատճառը, որ իրենք օտարերկրեայ աշխատանքային ներուժ կ՛ընդգրկեն», – պատմեց Փաշինեանը։

« «Տաւուշ տեքստիլ» ընկերութեան ներկայացուցիչը, պարզաբանած է, որ խնդիրը նոր չէ. հայաստանեան գիւղերուն մէջ մարդիկ աշխատանք չունին, սակայն աշխատելու առաջարկը չեն ընդունիր։ Աւելցնելով, որ 2 օրէն Տաւուշի մարզի Պառաւաքար գիւղին մէջ նոր գործարան պիտի բացուի, սակայն տեղւոյն բնակիչներէն, շրջանէն՝ աշխատուժ չենք յաջողիր ներգրաւել:

 

Տաւուշի մէջ ազերի հռթիրէն վնասուած բնակարաններէն մէկը

«Նո՛յնիսկ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, երբ կը թուի, թէ իւրաքանչիւր աշխատատեղ պէտք է շատ մեծ դիմողներ ունենայ, մենք ունինք այսպիսի խնդիր»,– ըսաւ վարչապետը` համոզում յայտնելով, որ իր խօսքէն ետք, պէտք է ցած աշխատավարձերու մասին փաստեր քննենք։

«Սակայն ես չեմ կարծեր, թէ զէրոյէն նուազ աշխատավարձք կայ»,– ըսաւ ան` նախապէս պատասխանելով ընդդիմախօսներուն։ Վարչապետը յայտնեց նաեւ, որ իր նշած օտարերկրացիները Տաւուշի մէջ օրական 5000 դրամ կը ստանան։ Անոր խօսքով` ընկերութեան աշխատակիցը ըսած է, թէ իրենք նոյնիսկ 8-10 հազար դրամ օրավարձքով  չեն կրցած տեղացի աշխատողներ գտնել։ (Այստեղ հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ են աշխատանքի միւս պայմանները՝ աշխատանքի ժամեր եւ այլն -ՅՉ):

«Այսուհանդերձ, Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ ինքը բառացի կը հաղորդէ այն, ինչ իրեն յայտնած է գործարարը եւ անձամբ չէ ստուգած այդ տեղեկութիւնը»։

Այսքա՞ն միայն, եւ վե՞րջ …

Արդարացի է հարց տալ, թէ՝ Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան բնագաւառին պատկանող այս հարցին մէջ, նախարար Զարուհի Բաթոյեանը եւ նախարարութիւնը ըսելիք չո՞ւնէր, արդեօք բացակա՞յ էր: ՄԻԱՅՆ ԿԸ ԶԱՐՄԱՆԱՆՔ: Օտարերկրացիներու աշխատանքի օրէնք չկա՞յ: Աշխատավարձքի օրէնք չկա՞յ: Ինչպէ՞ս այս օտարները Հայաստան եկած եւ աշխատանքի արտօնագրեր ստացած են, մինչ անգործութիւնը կը տարուբերի 17-20 տոկոսի միջեւ: Առանց մանրամասնութեան մէջ մտնելու անհրաժեշտութեան՝ ահաւասիկ Հայաստանի մէջ կը կրկնուի վերեւ նշած եւ 2016-ին զգուշացուցած Յորդանանի մասին օրինակս: Երբ «ցանկացած ներդրում» բնաբանով կ՛առաջնորդուի տնտեսութիւնը՝ թուրքն ալ, ազերին ալ եւ միւսները կ՛օգտուին, մինչ հայը անգործ կը մնայ:

Իսկ այս բոլորը լռելեան ըսել կ՛ուզեն, թէ՝ Հայաստանի ժողովուրդը ծո՞յլ է, թէ՝ գործարարներուն նպատակը աւելի մեծ եկամուտ ապահովելն է, Յորդանանի նման օտար «ստրուկներու» միջոցով:

Այս է հետեւանքը՝ տնտեսական մարտավարութեան բացակայութեան, կամ՝ եթէ կայ՝ չգործադրուելուն, որ մաս կը կազմէ Ազգային Անվտանգութեան Մարտավարութեան:

8 օգոստոս 2020 

 

(1)  https://www.aztagdaily.com/archives/364045

(2)  https://www.aztagdaily.com/archives/324227

(3)  http://www.armecofront.net/amulsar/turkey-lydian/

(4)  https://armeniasputnik.am/armenia/20200806/24013527/tavush-gyuxaci-ashxartanq.html

 

 

Նախորդը

Յիշելով Հալէպն Ալ

Յաջորդը

Լիբանանեան Հորիզոններ – Գ. Ի՞նչ Հորիզոններ Լիբանանի Հայութեան Դիմաց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?