Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիրի 100-Ամեակ` 1920-2020. Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը Համիտեան Ջարդերուն Ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի Դաշնագիրէն 25 Տարի Առաջ

Նոյեմբեր 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

19. «Նիւ Եորք Թրիպիւն» օրաթերթի 17 Նոյեմբեր 1895-ի առաջին էջի գլխաւոր լուրը՝ «Սարսափը կը տիրէ Հայաստանի մէջ»:

Գ. Քոնկրեսին եւ Ծերակոյտին ներգրաւումը Հայկական Հարցին մէջ:

Ստորեւ` Մերլ Քուրթիի (Merle Curti, 1897-1996) (18) «Ամերիկեան արտերկրի մարդասիրութեան պատմութիւնը» գիրքէն (19) հատուածներ, որ պատրաստուած է արխիւային բազմաթիւ աղբիւրներէ:

««Տի Աութլուք»-ի (Նիւ Եորք հրատարակուող ամսաթերթ*) 7 դեկտեմբեր 1895-ի թիւին մէջ վերապատուելի Սայրըս Համլին (Cyrus Hamlin, 1811-1900*)` Կոստանդնուպոլսոյ Ռոպերթ քոլեճի հիմնադիրը եւ առաջին նախագահը («Հայկական ջարդերը» խորագիրով յօդուածին միջոցով*), հայթայթեց բնագիրը` աւելի լաւ հասկնալու այն ահռելի վայրագութիւնները, որոնք կը սպառնային ժողովուրդ մը ոչնչացնել, որ գրգռեց ամերիկացիներուն կրկնապատկուող վրդովմունքը: Համլինը նշած է եւրոպական ուժերուն կողմէ միջամտութեան դժկամութիւնը, կամ` հրաժարիլը, հակառակ այն խոստումներուն, որոնք նախապէս ապահոված էին Թուրքիայէն` հայ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հանդէպ արդար վերաբերմունք ցուցաբերելու համար:

«Ան յստակ կերպով կ՛ըսէ, որ սուլթանին` հայերու ջարդերուն մէջ իր պատասխանատուութեան ուրացումը շատ սնամիտ է եւ լուրջի չի կրնար առնուիլ: Առնուազն 250 հազար հայեր մեռնելու ենթակայ էին ձմեռուան աւարտէն առաջ` մի՛այն ցուրտէն, անօթութենէն, թիֆոյիտէն եւ այլ հիւանդութիւններէ, բացի եթէ մեծածաւալ օժանդակութիւն հասնի Հայաստան եւ տնօրինուի վստահելի ամերիկացի ողորմաբաշխներու կողմէ: Եզրակացնելով` ան կ՛ըսէ, որ եթէ Ամերիկայի կառավարութիւնը յօժար չէ միջամտելու եւ եւրոպական ուժերուն դերը վերցնելու` պաշտպանելու համար հայերը յաւելեալ բռնութեան դէմ, առնուազն ամերիկացի ժողովուրդը իր ունեցած առատութենէն պէտք է 1 միլիոն տոլար իբրեւ նպաստ յատկացնէ (հայերուն*)»:

Այլ օրինակ մը` վերի նկար թիւ 19. «Նիւ Եորք Թրիպիւն» օրաթերթի 17 նոյեմբեր 1895-ի առաջին էջի գլխաւոր լրատուութիւնը` «Սարսափը կը տիրէ Հայաստանի մէջ» խորագիրով եւ «Կրակն ու սուրը գործի լծուած», «Խարբերդի մէջ` քրիստոնէական առաքելութիւններ կողոպտուած եւ հրկիզուած», «500 մարդ մորթուած», «Քիւրտերը կը խնայեն միսիոնարներուն կեանքերը» ենթավերնագիրերով: Գլխագիր վերտառութեամբ կը գրէ. «Թուրքերն էին նախայարձակը, քանի որ անոնցմէ միայն տասն սպաննուեցաւ Սվազի մէջ, մինչ 4000 սովահար հայեր ջարդուեցան…»: Այսպիսի յօդուածներ ընդվզում յառաջացուցին արդարամիտ ու մարդկայնական զգացումներով տոգորուած ամերիկացի ժողովուրդին, ներկայացուցիչներուն եւ ծերակուտականներուն մօտ:

20. Պլանշարտի Ծերակոյտին ներկայացուցած S.R. 107 բանաձեւը (20):

Ուստի, 10 դեկտեմբեր 1895-ին Ֆլորիտայէն դեմոկրատ ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլ (Wilkinson Call, 1834-1910, որ կը պատկանէր քաղաքական պաշտօններով նշանաւոր ընտանիքի մը*) ծերակոյտին ներկայացուց երկու կուսակցութիւններուն անունով համատեղ բանաձեւ մը (S.R. 107*), (20), որով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, կամ անհրաժեշտութեան պարագային, զէնքի միջոցով կանխել հայերուն հասցուած դաժանութիւնները: Ան բանաձեւը ներկայացուց` հռչակելով զայն յանուն կրօնի, մարդկութեան եւ այն սկզբունքներուն, որոնց վրայ քաղաքակրթութիւնը հիմնուած է: Իր մտադրութեան ազդեցութիւն տալու համար ան բանաձեւին մէջ ներառեց անկախ հայկական պետութիւն հիմնելու առաջադրանքը, որուն գոյատեւումը պիտի երաշխաւորէին աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւնները»: Ներկայացուցիչներու տունը համաձայն գտնուեցաւ եւ բանաձեւը յղեց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին (19), (էջ 131-133):

«Այս մէկը չափազանց մտահոգիչ բանաձեւ էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին համար, որուն յղուած էր: 24 յունուար 1896-ին յանձնաժողովի նախագահը` Իլինոյ նահանգի հանրապետական ծերակուտական Շելպի Մուր Քալըմ (Shelby Moore Cullom, 1829-1914, նախապէս` նահանգապետ*) Քոնկրեսին ներկայացուց երկու կուսակցութիւններուն անունով համատեղ բանաձեւ մը, որ նախագահին կը հաւաստէր Քոնկրեսին աջակցութիւնը որեւէ քայլի, որուն միջոցով ան կրնար ստիպել եւրոպական ուժերուն` յարգելու հայ ժողովուրդին հանդէպ դաշնագիրով ճշդուած իրենց պարտաւորութիւնները` համապատասխան ճնշում բանեցնելու օսմանեան կառավարութեան վրայ: Զօրավիգ կանգնելով այս բանաձեւերուն` ծերակուտական Քալըմ, ընդունելով հանդերձ Միացեալ Նահանգներուն չէզոքութիւնը` չմիջամտելու Եւրոպայի գործերուն, պնդեց, որ երկիրը մարդկութեան հանդէպ պարտաւորութեան տակ է եւ չի կրնար կոյր ձեւանալ:

21. Շէլպի Մուր Քալըմ                                                      22.Նիութըն Քրէյն Պլանշարտ                                         23. Ուիլիէմ Ֆրայյ

«Ներկայացուցիչներու տան մէջ ճառախօսութիւնը ցոյց տուաւ, որ առնուազն, բոլոր անոնց կողմէ, որոնք խօսք առին, բանաձեւը բաւարար չէր: Այս էր տեսակէտը Լուիզիանայի ծերակուտական Նիութըն Պլանշարտի (Newton C. Blanchard 1849-1922, նախապէս` նահանգապետ*) եւ Ֆլորիտայի ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլի: Քոլ պնդեց, որ Քալըմի բանաձեւը մեղկ եւ աննշան էր, որ (հայերուն*) ո՛չ ամոքում, ո՛չ ալ ապահովութիւն կու տար: Մէյնի հանրապետական ծերակուտական Ուիլիըմ Ֆրայ (William P. Frye 1830-1911*) նկատել տուաւ, որ Ամերիկայի ժողովուրդը 6 միլիոն տոլար ներդրում կատարած էր Թուրքիոյ մէջ` միակ նպատակ ունենալով բարելաւել (հայ) ժողովուրդին վիճակը: Այդ հրաշալի բարեգործութեան աշխատանք մըն էր, որ այժմ հասած է բացարձակ անելի: Կառավարութիւնը ոչի՞նչ պիտի ընէր` բացի յորդորելէ եւրոպական պետութիւնները կատարելու իրենց պարտաւորութիւննե՞րը:

«Միակ այլախոհ տեսակէտը յայտնեց Մասաչուսեցի ծերակուտական Ճորճ Ֆրիզպի Հորը (George Frisbie Hoar, 1826-1904*), որ համակրելով հանդերձ պաշտօնակիցներուն տեսակէտներուն եւ զգացումներուն, յայտնեց, որ անխոհեմութիւն պիտի ըլլար Թուրքիոյ երեսին ծանր խօսքեր շպրտել, մինչ Քլարա Պարթընը (Clara Barton, 1821-1912, հիմնադիրը` Ամերիկայի Կարմիր խաչին*) օգնութիւն պիտի մատակարարէր, եւ տակաւին յստակ չէր, թէ Բ. դուռէն արտօնութիւն պիտի ստանա՞ր այս բարեսիրական առաքելութեան համար, թէ՞ ոչ: Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւը եւ Քոնկրեսին յղեց:

24. Քլարա Պարթըն                                                   25. Ճորճ Հոր                                                                      26. Չարլզ Հ. Կրոսվենըր

«Քոնկրեսին մէջ չորս ժամ տեւած ոգեւորուած ճառախօսութիւններով զանազան կարծիքներ յայտնուեցան: Օհայոյէն Չարլզ Հենրի Կրոսվենըր (Charles H. Grosvenor, 1833-1917*) նկատեց, որ բանաձեւը ամէնէն անզօր եւ ամերիկացի ժողովուրդին անվայել արտայայտութիւնն է: «Անոնք մեզմէ հաց խնդրեցին, եւ մենք անոնց քար կու տանք: Անոնք մեզմէ ձուկ խնդրեցին քրիստոնեայ ժողովուրդի մը հզօր բողոքով, եւ մենք անոնց կու տանք օձաբարոյ գձուձ ներողամտութիւնով` թրքական կառավարութեան ոտքերուն»: Ինչո՞ւ, պահանջեց ան, Միացեալ Նահանգները այլ ժողովուրդներէն պիտի խնդրէ ընել այն, ինչ որ մենք կատարեա՛լ իրաւունքը ունինք ընելու: «Նիւ Եորք Թրիպիւն»-ի թղթակիցը, որ ներկայ էր, կ՛ըսէ, որ առնուազն ներկաներուն 8-էն 7-ն համաձայն էր բանաձեւին, եւ ի վերջոյ 143 թեր եւ 26 դէմ ձայնով, որոնց մեծամասնութիւնը դեմոկրատներ էին, բանաձեւը անցաւ»:

«Այս ճառախօսութիւններուն եւ Քոնկրեսին համատեղ ընդունուած բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով շեշտը դրուեցաւ պետական, կառավարական քաղաքական ճնշումի վրայ, հարցին տուն տուող պատճառները վերցնելու, քան թէ իբրեւ առժամեայ դարման` նպաստ բաժնելու»: Այս` 1895-ին:

Նոյն Ուիլքինսըն Քոլը 1898-ին ծերակոյտին առջեւ ըսաւ «Մենք այստեղ դրան ետին Հայաստան մը ունինք եւ անշարժ կեցած ենք, հզօր երկիր ենք եւ քանդում ու արիւն կը հոսի մեզմէ 6 ժամէն նուազ հեռաւորութեան վրայ…», ակնարկելով Քուպային, «Մեր աչքերուն տակ եւ մեզի հասանելի» … «Սպանիան Արեւմուտքի թուրքն է…» ըսաւ Վըրճինիայէն ծերակուտական Ճոն Տանիէլ: «Մինիափոլիս Ճըռնըլ»-ը գրեց. «Ամերիկացիներս դատապարտեցինք Անգլիան եւ Ռուսիան` Հայաստանի մէջ ջարդերուն` արիւնարբու թուրքերուն ձեռքերը չզսպելնուն համար…» (14):

22 յուլիս 2020
(Շար. 3)

(14)  «Cuba in the American Imagination: Metaphor and the Imperial Ethos», Louis A. Perez Jr., Univ of North Carolina Press, 2008, 352 p, ISBN 0807886947, 9780807886946:

(18).-  https://en.wikipedia.org/wiki/Merle_Curti_Award

(19).-  American Philanthropy Abroad: A History, Merle Curti, Rutgers University Press,1963, New Brunswick, New Jersey, 670 pp, Library of Congress Catalogue Card Number: 62-18950: «Ամերիկեան արտերկիրի մարդասիրութեան պատմութիւնը»:

(20).- History of bills and joint resolutions. Senate bills, 1895, GPO-CRECB-1895-pt5-v27-GovInfo. Page 1-123.

 

 

Նախորդը

Պահչելի` Անիէն Մինչեւ Նախիջեւան. Ալիեւեան Թելադրանք` Արկամ Այվազեանի

Յաջորդը

10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք – Դ. Դէպի Վերականգնում Եւ Անկէ Անդին – Քաղաքական Եւ Տնտեսական-Ընկերային Երեսներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?