Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիրի 100-Ամեակ` 1920-2020. Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը Համիտեան Ջարդերուն Ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի Դաշնագիրէն 25 Տարի Առաջ

Նոյեմբեր 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Դ. Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներգրաւումը` Հայկական Հարցին մէջ:

Ուիլսըն բարոյական բարձր արժանիքի տէր անձնաւորութիւն, կը հաւատար, որ բարոյականութիւնը պէտք է իշխէ քաղաքականութեան վրայ: Իբրեւ նախագահ 1913-1921 տարիներուն` ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան: Ան խաղաղութեան ջատագովը եղած է, սակայն միայն 6 ապրիլ 1917-ին է, որ Գերմանիոյ դէմ (ո՛չ թէ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ դէմ) պատերազմ յայտարարեց, երբ վերջինս դրժեց իր խոստումը եւ հիւսիսային Ատլանտեանի մէջ մարտանաւեր եւ սուզանաւեր տեղակայեց, ճամբորդատար նաւեր խորտակեց ու փորձեց Մեքսիքան Ամերիկայի դէմ լարել:

Թէ ինչո՛ւ Ամերիկան չմիջամտեց կասեցնելու Ցեղասպանութիւնը, լայնօրէն քննարկուած է Արթըր Լինքի «Վուտրօ Ուիլսընի թուղթերը» ծաւալուն 35 հազար թուղթ, 69 հատոր (21) աշխատութեան մէջ, նաեւ Ճէյ Ուինթըրի խմբագրած «Ամերիկան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915» (22), ինչպէս նաեւ` շատ մը այլ աղբիւրներու մէջ: Միջամտութիւնը մի՛այն քաղաքական եղած է, այն ալ` ապարդիւն:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Ուիլսըն նախաձեռնողը եղաւ Ազգերու լիկայի կազմութեան, որուն համար 1919-ին արժանացաւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին: Նաեւ իր նախաձեռնութեամբ, 1920-ին ամերիկացի կիները քուէարկելու իրաւունք ստացան:

27. Նախագահ Ուիլսընի աշխարհի խաղաղութեան համար 14 կէտերը, 1 յունուար 1918, «Տը իվընինկ ուըրլտ, Նիւ Եորք:

Ստորեւ` Ճէյմս Պարթընի «Մերձաւոր Արեւելքի խնամատարութեան պատմութիւնը» գիրքէն հատուածներ (23): «Քոնկրեսի շատ մը անդամներ անձամբ զօրավիգ էին (հայութեան*) օգնութեան դիմումին, եւ ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը պաշտօնապէս յանձնարարեցին` տառապող մարդոց օգնութեան կարիքը Ամերիկայի ժողովուրդին ուշադրութեան եւ համակրանքին յանձնել:

«10 յուլիս 1916-ին Քոնկրեսը համատեղ բանաձեւ ընդունեց` խնդրելով նախագահէն յատուկ օր նշանակել` հայ ժողովուրդին ճգնաժամային իրավիճակին ազգովին գիտակից դառնալու եւ երկրի քաղաքացիներէն խնդրելու առատաձեռն կերպով աջակցիլ օգնութեան ծրագիրին:

«Ի յետեւումն Քոնկրեսի բանաձեւին, նաեւ` իբրեւ իր անձնական համոզումը, նախագահ Ուիլսըն 31 օգոստոս 1916-ին հրապարակեց հետեւեալ հռչակագիրը.

««Այժմ ես Վուտրօ Ուիլսըն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ, համաձայն ծերակոյտի նշուած առաջարկութեան եւ Քոնկրեսի խնդրանքին, կը նշանակեմ եւ կը հռչակեմ շաբաթ, 21 հոկտեմբեր եւ կիրակի, 22 հոկտեմբեր 1916-ը իբրեւ համատեղ օրեր, որոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը կարենայ նիւթական այնպիսի ներդրում ունենալ, որքան իրենք տրամադիր են, հարուածի ենթարկուած սուրիացի եւ հայ ժողովուրդին»:

«Այս առաջինն էր նախագահական հռչակագրերու յաջորդական շարքին, որոնք տրուեցան նախագահներ Ուիլսընի, Հարտինկի եւ Քուլիճի կողմէ` իրականացուող օժանդակութեան համար»:

8 յունուար 1918-ին նախագահ Ուիլսըն պատերազմի նպատակին եւ խաղաղութեան պայմաններուն մասին 14 կէտերէ բաղկացած ուղերձով ներկայացաւ Քոնկրեսին, որուն 12-րդ կէտը Օսմանեան Թուրքիոյ եւ անոր ենթակայ ժողովուրդներուն կը վերաբերէր: Այսպէս.

«Այժմու Օսմանեան կայսրութեան թրքական մասին պէտք է ապահովուի անվտանգ ինքնիշխանութիւն, բայց միւս ազգութիւնները, որոնք այժմ կը գտնուին օսմանեան տիրապետութեան տակ, պէտք է անոնց ապահովուի կեանքի անվերապահ անվտանգութիւն եւ ինքնավար զարգացման բացարձակ անկաշկանդ հնարաւորութիւն, եւ Տարտանելը պէտք է վերջնականապէս բաց մնայ` իբրեւ միջազգային երաշխիքներու տակ գտնուող բոլոր երկիրներու նաւերուն եւ առեւտուրի ազատ անցք» (24), տեսանիւթը այստեղ (25):

Հայկական հարցին նկատմամբ շատ աւելի գործնական ու մարդկային արժէքներու եւ արդարութեան վրայ հիմնուած տեսակէտներ դրսեւորուեցան 1895-1898-ի` վերեւ նշուած Ներկայացուցիչներու տան եւ Քոնկրեսին մէջ: Այժմ, վերջապէս, նոյնը կրնանք ըսել 2019-ի Ներկայացուցիչներու տան եւ քոնկրեսին մասին, որոնք առ այժմ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը:

Եզրակացութիւն. 1890-ական թուականներէն սկսեալ, մինչեւ Սեւրի դաշնագիրը` 1920, Ալասքայէն մինչեւ Ֆլորիտա ամերիկացի ամբողջ ժողովուրդը, ներառեալ` դպրոցական մանուկները եւ կառավարութիւնը, տեղեակ էին հայ ժողովուրդի տառապանքին, նիւթապէս իրենց օժանդակութիւնը նուիրեցին, հազարաւոր կամաւորներ ղրկեցին Հայաստան եւ, վերջապէս, նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն անվարան ընդունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը ճշդելու իրաւարարութիւնը:

22 յուլիս 2020
(Շար. 4 եւ վերջ)

 

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(21)  https://rotunda.upress.virginia.edu/founders/WILS.html

(22) «America and the Armenian Genocide of 1915», Edited by Jay Winter,  Cambridge University Press, 2004:

(23) «Story of Near East relief (1915-1930)», James Levi Barton, New York, Macmillan, 1930:

(24)  https://en.wikipedia.org/wiki/Fourteen_Points#Text

(25)  https://www.youtube.com/watch?v=lbdhxLVlrhI

Տես նաեւ

Ա. Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ները – Ա.

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա.

Բ. Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ները – Բ.

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.

Գ.  Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան

Ակնարկ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան

Դ.  Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»

Ե.  Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը

Զ.  Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Զօրավար Հարպորտի Այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ Հեռագրական Գործակալութեան)

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Զօրավար Հարպորտի Այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ Հեռագրական Գործակալութեան)

Է.  Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած Ուիլսընեան շատ մեծ չափի յստակ քարտէսը:

https://www.loc.gov/resource/g7431f.ct000197/?r=0.752,0.619,0.116,0.046,0

Ը. Հարպորտ առաքելութեան 1919-ի Մերձաւոր Արեւելք եւ Հայաստան այցելութեան տեսանիւթը:

 

 

Նախորդը

Արցախը Չճանչնալը Հայաստանի Կողմէ «Էական Գործօն» Էր. Փութին

Յաջորդը

Քերականութիւն…

RelatedPosts

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Նիւ Եորքի Քաղաքապետը Ութ Տարուան Ընթացքին Մասնակցած Է Թուրքիոյ Առնչուող 80 Ձեռնարկի

Նոյեմբեր 29, 2023
Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ
Անդրադարձ

Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

Նոյեմբեր 29, 2023
Խմբագրական «Զգոյշ»- ի.  Մարդկութեան Խլացնող Լռութիւնը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Զգոյշ»- ի. Մարդկութեան Խլացնող Լռութիւնը

Նոյեմբեր 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In