Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիրի 100-Ամեակ` 1920-2020. Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը Համիտեան Ջարդերուն Ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի Դաշնագիրէն 25 Տարի Առաջ

Նոյեմբեր 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կը Ներկայացնեմ քանի մը օրինակներ այդ օրերու արեւմտեան մամուլին մէջ լոյս տեսած գրեթէ առօրեայ, հազարաւոր յօդուածներէն, կոչերէն, ծաղրանկարներէն եւ ծանուցումներէն:

«Սան Ֆրանսիսքօ Էկզեմինըր»-ի 19 յուլիս 1890-ի առաջին էջին լուրը. «Բռնութիւններ Հայաստանի մէջ. Անգլիան այլեւս պիտի չհանդուրժէ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը: Կտրուկ նամակ մը  ղրկուած է Դրան, եթէ սուլթանը չմիջամտէ, Անգլիան պիտի միջամտէ. Թուրքիան ահազանգի մատնուած է ռուսական զօրքերուն դէպի սահման յառաջացումէն եւ պատերազմական հռետորութենէն:

10. «Պոսթըն Կլոպ» 7-12-1895                                                                           11.«Օմահա Տէյլի Պիի» 30-12-1895

Լոնտոն, 18 յուլիս 1890.- Լորտ Սալիզպուրին դիտողութիւն յղած է Դրան` Հայաստանի մէջ այժմ տեղի  ունեցող խռովութիւններուն կապակցութեամբ:

12. Անգլիական «Տը կրաֆիք» շաբաթաթերթի 30 հոկտեմբեր 1895-ի տասնեակ մը լուսանկարներէն մէկը՝ Էրզրումի ջարդերուն զոհերուն հաւաքական գերեզմանը:

«Էրզրումի սպանդը – Հայեր ջարդուած եւ անգլիական հիւպատոսարանը քարկոծուած» խորագիրով 26 յուլիս 1890-ին «Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ. «20 յունիսին զինուորները հրահանգ ստացան ցրուելու հայերը, որոնք եկեղեցւոյ բակին մէջ ժողով կը գումարէին: Զինուորները սկսան հայերու ջարդին, եւ թուրք ժողովուրդը միացաւ յարձակումին: Հայերուն խանութներն ու տուները կողոպտուեցան: Կողոպուտը տեւեց 4 ժամ»: Նոյն թերթը` 6 նոյեմբերին. «Թուրքերուն վայրագութիւնը – փրոֆ. Պրայս Հայաստանի վիճակը կը նկարագրէ» խորագիրով կը գրէ` Նիւ Եորքի Կրանտ Օփերային մէջ հայ ունկնդիրներուն ուղղուած Պրայսի զեկուցումին մասին. «Պայմանները շատ աւելի վատ էին, քան կ՛երեւի…»:

«Տը Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթը` 7 դեկտեմբեր 1895-ին. «Եթէ Թուրքիոյ մասին ճշմարտութիւնը հրատարակուի, ամբոխը Լորտ Սալիզպուրիին (Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ*) վրայ կը յարձակի … 500.000 ոճիրներ» խորագիրով երկար սիւնակին մէջ կը գրէ. «Այս առաւօտ պրն. Յակոբ Պողիկեան (իր մասին առանձին*) վերադարձաւ Ուաշինկթընէն, պետական քարտուղար (արտաքին գործոց նախարար*) (Ռիչըրտ*) Օլնիի եւ Կարմիր խաչի նախագահ օրդ. (Քլարա*) Պարթընի հետ տեսակցելէ ետք, Թուրքիոյ լքեալ հայերուն նպաստ բաժնելու նպատակով…»:

Նոյն էջին վրայ. «Ամերիկացի քաջ աղջիկը` Մէյրի Պրիուըր կ՛ազատէ անօգնական հայ կին մը` անգութ թուրք ամբոխին ձեռքերէն»:

«Օմահա Տէյլի Պի» (Omaha daily bee), 30 դեկտեմբեր 1895-ին կը գրէ. «Կ՛ըսուի, թէ թրքական վերսկսած ջարդերը կը կատարուին այն տեսութիւնով, որ անպատմելի թուրքը կ՛ուզէ ոեւէ հայ ողջ չպահել, որ վայելէ իր խոստացած բարենորոգումները: Թուրքերը կարծես թէ կը կիրարկեն «մեռած հնդիկը լաւ հնդիկ է» սկզբունքը` Հայաստանի քրիստոնեայ բնակիչներուն վրայ»:

Նիւ Եորքի «Փաք» քաղաքական-երգիծական շաբաթաթերթին 16 յունուար 1895-ի կողքը կը ներկայացնէ Անգլիան, որ գրպանը թրքական եկամուտներ, մուրհակներ, փոխառութիւններ եւ Սուէզի բաժնետոմսեր ունի, երկընտրանքի առջեւ է, միջամտէ՞ պաշտպանելու Հայաստանը, որ ներկայացուած է իբրեւ գեղեցիկ կին, որ յարձակման կ՛ենթարկուի (թուրք կառավարութեան մղումով, Համիտեան ջարդերուն 1894-1896*) սուրով ու ատրճանակով զինուած քիւրտի մը կողմէ, թէ` իր տնտեսական շահերուն համար անտեսէ: Եւ կ՛անտեսէ:

13. Նիւ Եորքի «Փաք» քաղաքական-երգիծական շաբաթաթերթին 16 յունուար 1895-ի կողքը, (11) եւ, 14. «Լեզլիզ» շաբաթաթերթին ծաղրանկարը, 21 ապրիլ 1898 (12):

Միւս կողմէ, Հայաստան բառը փոխաբերութեան (metaphor) վերածուած էր ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն կողմէ, որ կը նշանակէր` «Անտէր,  անօգնական երկիր մը, որուն ժողովուրդը վայրագօրէն կը բնաջնջուի» եւ կ՛ըսէին` «Քուպան մեր Հայաստանն է» (13), (14), ուր գաղութարար Սպանիան կը ջարդէր քուպացիները, յատկապէս` 1895-էն 1898, Համիտեան ջարդերու օրերուն:

«Լեզլիզ» շաբաթաթերթին 21 ապրիլ 1898-ի ծաղրանկարին մէջ արիւնարբու թուրք սուլթանը կը շնորհաւորէ սպանացին, որ ջարդելու մրցանիշը կոտրած էր: Թէեւ քուպացիներն ալ, հայերու նման, նոյնքան` շուրջ 300 հազար զոհ տուին, ներառեալ` համաճարակի զոհեր: Քուպան`  իբրեւ Ամերիկայի մերձակայ դրացի կղզի (միայն 103 մղոն, կամ` 166 քիլոմեթր հեռու), Ամերիկան զինուորապէս միջամտեց կասեցնելու համար սպանդը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն կողմէ, առանց Քոնկրեսի հաւանութեան, օսմանեան Թուրքիոյ դէմ զինուորական ուժ կը «ցուցադրուի» առաջին անգամ 1851-ին, նախագահ Միլարտ Ֆիլմորի (1800-1874) հրահանգով, երբ ջարդերու զոհ գացին, հայերու կողքին, օտարներ եւ ամերիկացիներ:

Երկրորդ անգամ` 1858-1859-ին նախագահ Ճէյմս Պուքանընի կողմէ (1791-1868), երբ արտաքին գործոց նախարար Լէուիս Քաս (1782-1866) կը խնդրէ, որ ամերիկեան ծովուժը վրէժ լուծէ ամերիկացիներու սպանութիւններուն համար` «յիշեցնելու թուրք պատասխանատուներուն Միացեալ Նահանգներուն ուժը»:

15. Կարմիր խաչի յայտարարութիւնը, 23-12-1895 (16), 16. «Հայրենիք»ի լրատուութիւնը տոքթ. Ճէյմս Լեւի Պարթընի դասախօսութեան, 23-12-1919 (17)

Երրորդ անգամ` Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ 1919-ին ամերիկեան ծովուժը ցամաքահանում կը կատարէ Կոստանդնուպոլիս, ամերիկեան հիւպատոսարանը պաշտպանելու համար, երբ Յունաստան կը գրաւէ (կ՛ազատագրէ*) քաղաքը:       Վերջինը, Ուորրըն Հարտինկի (1865-1923), հրամանով, 1922-ին ամերիկեան ծովուժը ցամաքահանում կը կատարէ պաշտպանելու համար ամերիկացիները եւ ամերիկեան շահերը թուրք ազգայնականներէն (15):

Յատկանշական է, որ 1895-ին 1000-է աւելի ամերիկացի կամաւոր ծառայողներ եւ գրեթէ նոյնքան յանձնախումբեր եւ բոլոր նահանգներէն մասնակցեցան հայերու օգնութեան, նոյնի՛սկ Ալասքայէն 4 անձեր (23): Փաստօրէն, Ամերիկեան Կարմիր խաչի նախագահ տոքթ. Քլարա Պարթըն ստիպուեցաւ մամուլով յայտարարել, որ կամաւորներուն թիւը բաւարար է:

Նկար 15. «Բաւարար օգնականներ – Կարմիր խաչը առայժմ յաւելեալ կամաւորներու կարիքը չունի» խորագիրով 23 դեկտեմբեր 1895-ին Քլարա Պարթըն «Տը Կազեթ Եորք»-ի եւ այլ թերթերու մէջ կը ծանուցէ. «Այնքա՜ն մեծ թիւով դիմումներ եղան առաջարկուած հայկական նպաստամատոյցին` Կարմիր խաչի արշաւախումբին միանալու համար` բժիշկներէ, հիւանդապահներէ եւ գրեթէ ամէն տեսակի այլ արհեստներէ եւ ազգութիւններէ, որ հետեւեալ պատասխանը կը տրուի անոնց. «Այժմ կարելի չէ վստահօրէն կռահել անհրաժեշտ օգնականներուն թիւը, կամ որակը, օժանդակութեան բնոյթը: Կարմիր խաչը անցեալի տասնեակէ աւելի աղէտներուն ընթացքին անդամագրած է մեծ թիւով հաւատարիմ եւ փորձառու անձնակազմ մը, որոնք մէկ օրուան կոչով կը ներկայանան. կը թուի, թէ առ այժմ անոնք բաւարար են»:

17. Վերապատուելի Սայրըս Հէմլին                                                                18. Ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլ

1918-ին Ամերիկայի 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզուելթ (1858-1919*) Ա. Աշխարհամարտին մասին աներկդիմի կերպով ըսած է` «Հայ ժողովուրդին սպանդը պատերազմին մեծագոյն ոճիրն էր» եւ` մարգարէացած, որ այդ ոճիրին հեղինակները պարկեշտութեամբ պատասխանատուութեան չենթարկելը կը նշանակէր, որ` «Աշխարհի ապագայ խաղաղութիւնը երաշխաւորելու բոլոր խօսակցութիւնները չարամիտ անհեթեթութիւն են» (13), (17): Իսկ լորտ Ռոպըրթ Սեսիլ (1864-1958*) Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը (1937-ի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր*) նոյն առիթով ըսած է. «Առանց դոյզն չափազանցութեան, աշխարհի պատմութեան մէջ ասկէ (Հայոց ցեղասպանութիւն*) աւելի ահռելի ոճիր չէ եղած» (13):

22 յուլիս 2020  
(Շար. 2)

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(11).-  «Puck» volume XXXVI, No. 932, January 164 1895, New York:

(12).-  «Leslie’s Weekly», New York, April 21, 1898.

(13).- «Sharing the burden: The Armenian Question, Humanitarian Intervention, and Anglo-American Visions of Global Order», Charlie Laderman, Oxford University Press, 2019, Print ISBN-13: 9780190618605:

(14).- «Cuba in the American Imagination: Metaphor and the Imperial Ethos», Louis A. Perez Jr., Univ of North Carolina Press, 2008, 352 p, ISBN 0807886947, 9780807886946:

(15).- «Vital statistics of the presidency: George Washington to Barack Obama, Lyn Ragsdale, Rice University, 4th edition, 2014, CQ press.

(16).- The Gazette, York, Pennsylvania, Red Cross, 23 December 1895:

(17).- Տոքթ. Պարթըն «Հայրենիք», 23 դեկտեմբեր 1919, թիւ (2326):

 

Նախորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նորոգութեան Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Հրապարակուեցաւ Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Անցած Արցախի Համայնքներուն Ցանկը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?