Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը Չճանչնալը Հայաստանի Կողմէ «Էական Գործօն» Էր. Փութին

Նոյեմբեր 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

17 նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներու տուած իր պատասխաններուն մէջ քանի մը կարեւոր մեկնաբանութիւններ ըրաւ արցախեան պատերազմի վերջին զինադադարին վերաբերեալ, որուն համար ան միջնորդեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:

Ռուսիոյ ղեկավարը իր հարցազրոյցը սկսաւ արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը ներկայացնելով. «Ամէն ինչ արդէն սկսած էր հեռաւոր 1988 թուականին, երբ ազգամիջեան բախումներ տեղի ունեցան Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ: Հայ խաղաղ բնակիչները զոհ դարձան այս իրադարձութիւններուն, իսկ աւելի ուշ այդ բախումները տարածուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Քանի որ Խորհրդային Միութեան ղեկավարները պատշաճ կերպով չարձագանգեցին այս իրադարձութիւններուն… թոյլ տուէք նորէն ըսել` ասոնք զգայուն հարցեր են, ես չեմ ուզեր ոեւէ մէկուն կողմէ ըլլալ կամ որոշել, թէ ո՛վ էր ճիշդ կամ սխալ: Հիմա անիկա ընդհանրապէս կարելի չէ որոշել, բայց պէտք էր կարգ ու կանոն հաստատել, պաշտպանել խաղաղ բնակիչները, իսկ այդ բանը չեղաւ: Այդ ժամանակ հայերը իրենք զէնք վերցուցին, ու սկսաւ այս երկարաձգուած կռիւը, որ տեւեց տարիներ: Վերջապէս, 1991-ին կռիւը յանգեցաւ Ղարաբաղի կողմէ իր անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ ինքնուրոյնութեան հռչակման: 1994-ին ստորագրուեցաւ պիշքեքեան արձանագրութիւնը,  եւ Պիշքեքի այս յուշագիրը այն ատեն կանգնեցուց ռազմական գործողութիւնները: Ի՞նչ արդիւնք տուաւ: Ինչպէս ըսի, Ղարաբաղ հռչակեց իր անկախութիւնը եւ յարակից եօթը այլ շրջաններ յայտնուեցան հայերուն, այսինքն Հայաստանի վերահսկողութեան տակ»:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն մեկնաբանութեան, թէ` «ոչ ոք ճանչցած է Ղարաբաղի կարգավիճակը», Փութին ըսաւ. «Այդ մէկը ճիշդ է. ոչ ոք Արցախը ճանչցաւ այն ատեն եւ անկէ ետք: Մինչ այդ, Հայաստան ինք եւս չճանչցաւ… Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալուն կամ չճանչնալուն, կրնան տարբեր մօտեցումներ ըլլալ, սակայն այդ, անկասկած, էական գործօն էր, վերջերս (յոյսով եմ) աւարտած արիւնալի հակամարտութեան պարագային: Ղարաբաղի` նոյնինքն Հայաստանի՛ իսկ կողմէ չճանչցուելուն փաստը խոր հետք ձգած է իրադարձութիւններու զարգացման եւ զայն ընկալելու ձեւին վրայ: Անկեղծ ըսած, Վրաստանի նախկին ղեկավարութեան, անշուշտ, յանցաւոր գործողութիւններէն ետք, նկատի ունիմ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ մեր խաղաղապահներուն դէմ յարձակումները, Ռուսիա ճանչցած է Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը: Մենք արդարացիօրէն ճանչցանք Խրիմի մէջ ապրող ժողովուրդին ազատ կամքի արտայայտութիւնը եւ անոնց ձգտումը` վերամիանալու Ռուսիոյ, մենք ընդառաջ գացինք մարդոց, մենք բացայայտ կերպով ըրած ենք այդ մէկը: Կրնայ մէկուն հաճելի թուիլ, ոմանց կրնայ տհաճ թուիլ, կախեալ է այդ մարդոց շահերէն, որոնք կ՛ապրին հոն, ինչպէս նաեւ` ամբողջ Ռուսիոյ շահերէն, եւ մենք կը ձգտինք ուղիղ խօսիլ այդ մասին: Ղարաբաղի պարագային, սակայն, այդ մէկը չեղաւ, եւ այդ էապէս, անշուշտ, ազդեց հոն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ»: Հարցազրոյցին մէջ աւելի ուշ Փութին աւելցուց. «Հայաստան չէր ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, այդ կը նշանակէր, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից շրջանները կը հանդիսանային Ազրպէյճանի Հանրապետութեան անքակտելի մասը»:

Ասիկա կարեւոր յայտարարութիւն էր Փութինի կողմէ: Հայաստան դժկամած էր ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը` մտահոգուելով միջազգային հանրութեան հակադարձութենէն: Վախ կար, որ նման քայլ մը կրնար խանգարել խաղաղ բանակցութիւններու ընթացքը եւ, աւելի՛ն, յանգեցնէր պատերազմի կամ առնուազն մերժման ու պատժամիջոցներու կիրարկման` ՄԱԿ-ի կողմէ Հայաստանի դէմ:

Հայաստանի ղեկավարները, մինչեւ Փութինի վերը նշուած մեկնաբանութիւնները, գաղափար չունէին, որ Արցախի անկախութիւնը չճանչնալը Ռուսիոյ ղեկավարին կողմէ կը դիտուէր իբրեւ սխալ` բացասաբար ազդելով Ռուսիոյ աջակցութեան վրայ: Անցած տասնամեակներուն Մինսկի խումբի միջնորդներուն, անոնց շարքին` Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն ընթացքին, հետաքրքրական է, թէ արդեօք Հայաստանի ղեկավարներէն ոեւէ մէկը երբեւէ պահանջա՞ծ է

Փութինէն կամ անոր նախորդներէն արձագանգել Հայաստանի կողմէ Արցախի հնարաւոր ճանաչման: Եթէ Հայաստանի ղեկավարները չեն բարձրացուցած այս հարցը, ապա ատիկա շատ մեծ սխալ էր: Եթէ Հայաստան իմանար, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ իր կողմէ Արցախի ճանաչումը, ապա հետագայ իրադարձութիւնները, ներառեալ` վերջին պատերազմը, բոլորովին ուրիշ պիտի ըլլային: Կարգ մը հայեր կ՛ենթադրէին, որ եթէ Արցախ միացած ըլլար Հայաստանի, ապա այդ իրողութիւնը կը ստիպէր Ռուսիոյ, որ պաշտպանէ Արցախը արտաքին յարձակումներէ` հիմնուած Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիրին վրայ: Ինչպէս նախօրօք առաջարկած էի, թերեւս այս ուշացած փուլին եւս Հայաստան վերջապէս կը լսէ Փութինի խորհուրդը եւ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը կամ կը միացնէ զայն Հայաստանին Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն սակարկութիւն ընելու համար:

Ի պատասխան Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ մէկ այլ հարցումի` Փութին յայտարարեց. «Այո՛, այդ խնդիրը կայ, քանի որ Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը չէ լուծուած: Մենք համաձայնած ենք պահպանել ներկայ կարգավիճակը: Թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ յետոյ, այդ ի վերջոյ կ՛որոշեն ապագայ ղեկավարներն ու այս գործընթացի ապագայ մասնակիցները: Կը կարծեմ, որ եթէ բնական կեանքի համար ստեղծուին պատշաճ պայմաններ եւ վերականգնին յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ապա մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, յատկապէս հակամարտութեան գօտիին վրայ գտնուող մարդոց միջեւ ատիկա պիտի ստեղծէ միջավայր մը` Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշելու համար»: Այս պատասխանը յոյսի մէկ նշոյլ է, որ ժամանակի ընթացքին Արցախը կը յաջողի հասնիլ իր նպատակին` անկախ կարգավիճակ ստանալուն: Հետաքրքրական է, որ Փութին այս որոշումը ձգեց «ապագայ ղեկավարներուն եւ այս գործընթացի ապագայ մասնակցողներուն»:

Այլ հարցում մը կը վերաբերէր նաեւ Արցախի յարակից տարածքներուն եւ Շուշիի կարգավիճակին` մինչեւ Ազրպէյճանի կողմէ անոր գրաւումը: Նախագահ Փութին բացատրեց, որ Արցախը շրջապատող տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու քայլը Ռուսիա առաջին անգամ առաջարկած է 2013-ին եւ ստացած է Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգների աջակցութիւնը: Ան ըսաւ, որ ատիկա կը պահպանէր Արցախի ներկայ կարգավիճակը` «որպէս չճանչցուած պետութիւն», իսկ անոր վերջնական կարգավիճակը պէտք էր լուծուէր ապագային: Փութին յայտարարեց, որ պատերազմ չէր ըլլար, եթէ Հայաստան համաձայնէր երկու կողմերու գաղթականներուն վերադարձը իրենց նախկին տուները:

Շուշի քաղաքի մասին Փութին հաստատեց, որ անոր փոխանցումը Ազրպէյճանին երբե՛ք չէ բարձրացուած իբրեւ հարց: Փութին յիշեց, որ պատերազմի աւարտէն 20 օր առաջ, երբ Ազրպէյճան նուաճած էր Արցախի միայն «աննշան մասը», ինք կրցած էր համոզել Ալիեւը դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, պայմանաւ որ ազրպէյճանցի գաղթականները կարենան վերադառնալ Շուշի` հայկական հսկողութեան տակ, ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ: Սակայն Փաշինեան Փութինի ըսած է, որ այս պայմանը անընդունելի է Հայաստանի համար եւ շարունակած է մարտերը` յանգեցնելով Շուշիի կորուստին: Փութին աւելցուց նաեւ, որ Փաշինեանի կողմէ «դաւաճանութիւն» չէ եղած:

Նախագահ Փութին նաեւ քանի մը կարեւոր զիջողական արտայայտութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ մասին: Ռուսիոյ առաջնորդը խոստովանեցաւ, որ` «Ազրպէյճան անկախ, ինքնիշխան պետութիւն է եւ ունի բոլոր իրաւունքները դաշնակիցներ ընտրելու, այնպէս` ինչպէս յարմար կը գտնէ: Ո՞վ կրնայ մերժել այս իրաւունքը: Ասիկա` առաջին: Եւ երկրորդ, ինչպէս արդէն ըսած եմ, ոչ ոք, նոյնիսկ Հայաստան, ճանչցած է Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն: Կը նշանակէ, որ Ազրպէյճան կը ձգտէր վերականգնել իր տարածքները, զորս Ազրպէյճան եւ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը կը համարեն ազրպէյճանական տարածքներ: Եւ այս առումով, ան իրաւունք ունէր ընտրելու որեւէ դաշնակից, որ իրեն որոշ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէր այս հարցով: Կրնաք Թուրքիոյ գործողութիւնները գնահատել ինչպէս կ՛ուզէք, բայց դժուար է զայն մեղադրել միջազգային իրաւունքի խախտումով»:

Յատկանշական է, որ Փութին չնշեց Թուրքիոյ կողմէ միջազգային իրաւունքի խախտումներուն մասին` Արցախի դէմ կռուելու համար հիւսիսային Սուրիայէն ահաբեկիչներ հաւաքագրելու եւ զանոնք Ազրպէյճան տեղափոխելու գծով: Հաշուի առնելով Ռուսիոյ բազմաթիւ շահերը Թուրքիոյ հետ համագործակցելով` զարմանալի չէ, որ ան անտեսեց Թուրքիոյ յանցագործութիւնները:

Նախագահ Փութին անսպասելիօրէն նշեց այն պատճառը, թէ ինչո՛ւ թուրք խաղաղապահները չեն կրնար միանալ ռուսերուն Արցախի մէջ: Ան յայտարարեց, որ այդ մէկը պայմանաւորուած է «անցեալի դառն ժառանգութեամբ, ողբերգական եւ արիւնալի իրադարձութիւններով, որոնք տեղի ունեցած են Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ` Ցեղասպանութեամբ: Սա գործօն է, որ կրնայ ճանչցուիլ կամ մերժուիլ. ոմանք ասիկա կը հասկնան, իսկ ոմանք` ոչ: Ռուսիոյ համար խնդիր չէ՛. մենք այդ մէկը շատոնց ճանչցած ենք: Բայց ինչո՞ւ հայկական կողմը գրգռել` շփման գիծի վրայ թուրք զինուորականներու ներկայութեամբ: Կը կարծեմ, որ նախագահ Էրտողան ամբողջութեամբ տեղեակ է այդ մասին»:

Վերջապէս, նախագահ Փութին արդարացուց ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին վարչապետ Փաշինեանի համաձայնութիւնը: Ան աւելցուց, որ ստորագրուած համաձայնագիրին գծով որեւէ մերժում Հայաստանի համար «ինքնասպանութիւն» կ՛ըլլայ… «Այդ մէկը հսկայական սխալ կ՛ըլլայ»: Փութին նաեւ խոստովանեցաւ, որ թէեւ ինք լաւ յարաբերութիւններ ունէր Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն հետ, Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք Ռուսիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւս չեն փոխուած: Այս յայտարարութիւնը կարելի է բացատրել այն փաստով, որ քանի որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը քննադատէ Փաշինեանի կողմէ զինադադարի համաձայնագիրի ստորագրումը, Փութին չի փափաքիր քննադատել զայն, քանի որ անոր հակառակորդները, եթէ գան իշխանութեան, պիտի մերժեն համաձայնագիրը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի վերսկսման:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Երբ Պետականութեան Անկիւնաքարերն Են Տեղաշարժել

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագիրի 100-Ամեակ` 1920-2020. Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը Համիտեան Ջարդերուն Ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի Դաշնագիրէն 25 Տարի Առաջ

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?