Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ողբ»-ը

Նոյեմբեր 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Կ՛ողբամ քեզ, հայո՛ց աշխարհ: Կ՛ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերուն մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ ու ուսուցանողդ, վրդովեցաւ խաղաղութիւնդ, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ չարափառութիւնը տգիտութեամբ:

«… Որովհետեւ մեզի տիրեցին խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ կը բարձեն, անտանելի հրամաններ կու տան. կառավարիչները կարգ չեն պահեր, անողորմ են, սիրելիներ դաւաճանուած են, թշնամիներ զօրացած, հաւատքը այս ունայն կեանքին համար կը ծախսուի: Անհատնում աւազակներ կու գան, եւ շատ կողմերէ տուները կը թալանուին, ստացուածքները կը յափշտակուին: Գլխաւոր մարդիկը կը կապուին, յայտնի անձերը կը բանտարկուին, ազնուականները կ՛աքսորուին դէպի օտարութիւն, ռամիկները անթիւ նեղութիւններ կը կրեն, քաղաքներ կ՛առնուին, ամրոցներ կը քանդուին, աւաններ կ՛աւերուին, շինութիւններ կը հրդեհուին, անվերջ սովեր եւ հիւանդութիւններ եւ բազմատեսակ համաճարակներ» (Մովսէս Խորենացի, «Հայոց պատմութիւն», հատուած «Ողբ»-էն):

Կ՛ողբար Պատմահայրը հինգերորդ դարու իրադարձութիւններուն ի տես, ողբով կ՛աւարտէ ան «Հայոց պատմութիւնը» հայոց ծագումնաբանութենէն` Հայկէն մինչեւ իր ապրած օրերը նկարագրելով:

Ողբը պահեց իր այժմէականութիւնը եւ ժամանակավրէպ չդարձաւ, մենք չդաստիարակուեցանք անոր խորախորհուրդ պատգամներով, մնաց պատմաբաններու ուսումնասիրութեան նիւթ եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ որպէս դասաւանդման առարկայ, դասախօսութեան նիւթ®

Հիմա կ՛ողբանք ազգովին:

Կ՛ողբանք` ի տես բազմահազար նահատակներու թափած արիւնին,

Կ՛ողբանք` ի տես խայտառակ պարտութեան,

Կ՛ողբանք` ի տես հինգերորդ դարու մեր գոյութիւնը ապահովող լեզուի աղաւաղման, որ կ՛երեւի, կը լսուի անխտիր բոլորին` ղեկավարին, զինուորին, ժողովուրդին կեղտոտ արտայայտութեանց մէջ,

Կ՛ողբանք` նիւթին իշխանութեան աղէտը տեսնելով. «Տունդ ղարաբաղցուն չտաս, զգուշացնում եմ, հա՛, ձեռէդ փախնելու է: Յետոյ չասես` չզգուշացրի»,

Կ՛ողբանք` ի տես մարմնի անդամներէն զրկուած զինուորներուն,

Կ՛ողբանք մեր ազգի ցաւոտ ճակատագրին,

Կ՛ողբանք` անհամերաշխութիւնն ու անմիաբանութիւնը տեսնելով,

Կ՛ողբանք սիրոյ եւ ամօթի բացակայութեան,

Կ՛ողբանք` զաւակազուրկ ծնողներուն արցունքները տեսնելով եւ անոնց աղիողորմ խնդրանքները` իրենց կորսուած զաւակներուն մարմինները գտնելու ջանքերը, անպատասխան աղերսները կը փոթորկեն բոլորիս հոգիները,

Կ՛ողբանք` ի տես սուգը թաղած, իր շահերուն մասին խորհողներուն,

Կ՛ողբանք յաճախացած` «շտապ վաճառւում է» յայտարարութիւնը կարդալով,

Կ՛ողբանք` «Չէ՛, ես տեղէս չեմ շարժիր, աս տարիքէս ետք նորէն զերոյէն սկսիլ չեմ ուզեր» արտայայտութիւնը լսելով սուրիահայ բարեկամէ մը:

Կը սոսկանք գաղթին անունէն, որ հայը իր ճիտին վրայ կը կրէ.

«Վառեցէք մոմերը, մի՛ թողէք, որ հանգին. գոնէ էսպէս յարգենք մեր նահատակների յիշատակը», կը յորդորէ մին Ազատութեան հրապարակի մոմավառութեան ընթացքին:

Ողբալով վառեցինք եւ մեր ժպիտները վերացան, անհետացան:

Ժպիտին թախծոտը, փոշոտը, տժգոյնը տեսա՞ք այդ տան մէջ` գիւղին մէջ օրերով առանձին մնացած մանուկին դէմքին, զոր փրկեց զինուոր մը իր կոկորդէն կտրած սնունդով եւ հասցուց հիւանդ մօրը:

Մեր պատկերն է, պատառիկ մը աւերակուած, թախիծ հագած, գունատ հայրենիքին, որ մոխիրներէն յառնելու համար ապտակէն սթափիլ կարողացող, հզօր ձեռքի մը պէտք ունի:

 

Նախորդը

Քերականութիւն…

Յաջորդը

10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք – Ե. Դէպի Վերականգնում Եւ Անկէ Անդին – Շրջանային Եւ Միջազգային Հորիզոններ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?