Կաղանդ Պապուկին Ամէնէն Գեղեցիկ Նուէրը Արցախահայութեան (Հեքիաթներու Աշխարհէն)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Համամարդկային արժեւորում եւ հնչեղութիւն ունեցող կերպարին` Կաղանդ պապուկի մասին դեռ ինչե՜ր պիտի պատմուին: Ան` ըլլալով բոլոր ժամանակներու հզօր ու հրաշալի մարդը, մեծերու եւ փոքրերու ամենասիրելի անձնաւորութիւնը, ամենավստահելի ու արդարամիտ սպիտակ մօրուսաւորը, համայն մարդկութեան երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն ցանկացող ու այդ ուղղութեամբ աշխատող մեծագոյն բարեգործը, երազանքներ իրականացնող կարմիր այտերով եւ զգեստով լեռնականը, ահա՛, կրկին ցոյց կու տայ իր ուժեղ կամքին...


















