Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Պետրոս Եւ Ս. Պօղոս Ժայռը Եւ 13-րդ Առաքեալը Ժայռը

December 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՍՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Հայ առաքելական եկեղեցին իր տօնացոյցով կու գայ հաւատացեալ մարդուն սրբոց վարքը ներկայացնելու: Ինչպէս գիտենք, դեկտեմբեր ամիսը եկեղեցական առումով հարուստ է տօներով: Իւրաքանչիւր տօն ունի իւրայատուկ իմաստ եւ խորհուրդ: Դեկտեմբեր ամսուան ամենայատկանշական տօներէն մին է Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակութեան տօնը:

Ս. Պետրոս առաքեալ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մին էր: Նկարագրով համարձակ, անվախ եւ ամբողջական նուիրումով կը հետեւէր անոր` Վարդապետին: Ան դաւանեցաւ զՔրիստոս որպէս «Կենդանի Աստուծոյ Որդի» (Մտ.16-16) եւ հիմնուելով այս դաւանութեան վրայ` ան կոչուեցաւ «Կեփաս», որ կը նշանակէ ժայռ, որուն վրայ պիտի հիմնուի Քրիստոսի եկեղեցին` հիմնակէտ ունենալով իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ամուր հաւատքն ու սէրը:

Պետրոս` նախնական անունով Սիմոն, գալիլիացի ձկնորս մըն էր, որ ամուսնացած ու հաստատուած էր Կափառնայում քաղաքին մէջ: Ան այն ընտրեալ Մարդու Որսորդն էր, որ հետեւեցաւ Քրիստոսի կանչին` դառնալով հաւատքի առաքեալ:

Պետրոս առաքեալ, հաւատքի ժայռ ըլլալով հանդերձ, իր առաքելութեան ընթացքին երեք անգամ կ՛ուրանայ զՔրիստոս, սակայն Քրիստոսի ողորմութիւնն արտայայտող «կը սիրես զիս» հարցադրումէն ետք ան` որպէս հաւատարիմ առաքեալ, կը վերահաստատէ իր ուխտը:

«Գործք առաքելոց» գիրքը արտացոլացումն է Պետրոս առաքեալի հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան: Իր առաքելութիւնը շարունակելով` ան դարձաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր առաջնորդը:

Պետրոս առաքեալ երկու ընդհանրական նամակներով խրախուսած է քրիստոնեաները` դիմանալու եւ կառչած մնալու իրենց ունեցած ճշմարիտ հաւատքին:

13-րդ Առաքեալը

Պօղոս առաքեալ Սօղոս անուամբ ճանչցուած անձնաւորութիւնն էր, որ քրիստոնէութեան գլխաւոր հալածիչը կը հանդիսանար, սակայն Դամասկոսի մէջ Քրիստոսի յայտնութեամբ ան գլխաւոր տարածիչը եւ 13-րդ առաքեալը կը դառնայ:

Պօղոս առաքեալ իր առաքելութիւնը շարունակեց` ճամբորդութիւններ կազմակերպելով, սոյն ճամբորդութիւնները Քրիստոսի վարդապետութիւնը տարածելու նպատակ կը հետապնդէին: Ան պատճառ դարձաւ զանազան շրջաններու մէջ եկեղեցիներ հիմնելու, եւ ապա նամակներ ուղղարկելով` կը խրախուսէր նոր քրիստոնէական համայնքները: Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր կտակարանին մէջ թիւով 14 հատ են:

Քրիստոնէութեան մեծագոյն քարոզիչը` Պօղոս, իր առաքելութեան ընթացքին տարբեր խաւերու ուղղած նամակներուն մէջ կ’ուզէր ներկայացնել մէկ ամբողջական մարմինը Քրիստոսի:

Ըստ պատմական տուեալներուն, Պօղոս առաքեալ կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ` այնտեղ սուրով կը նահատակուի:

Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն առաքելութիւնը հաւատքի արտացոլացում է: Հաւատք` ամբողջական իմաստով,  մանաւանդ նկատի առնելով այդ օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ընդհանուր առմամբ տիրող կացութիւնը: Հակաքրիստոնէական հալածանքները չկասեցուցին առաքեալներուն թափը, այլ առաւել սիրով Սուրբ Պայքարը մղեցին հասնելու Լոյսին, նոյն այդ Լոյսը փոխանցելու համայն մարդկութեան:

Առաքելական եկեղեցւոյ անդամ ըլլալու հրամայականը ուրիշ բան պիտի չըլլայ, եթէ ոչ` հետեւիլ առաքեալներուն օրինակին, իտէալ եւ օրինակ ունենալով մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս:

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, կոչուած ենք մեր առաքեալներուն նմանելու, կոչուած ենք հաւատքով պայքարելու ճշմարտութեան հասնելու համար, կոչուած ենք համարձակօրէն անարդարութեան դէմ կենալու:

Ուստի, հաւատքով սպառազինուինք եւ պայքարինք. այդպիսով կ՛իմաստաւորենք առաքեալներուն մեզի փոխանցուած կեանքն ու վարքը:

 

 

Նախորդը

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.