Ակնարկ. Աթոռին Կառչելու «Բարիքներէն»…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը հրկիզուի Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2021-ին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքն ու յատկապէս ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն պալատը բեմ դարձան խուժանային յարձակումներու, որոնց աւելի դաժան տարբերակը պատմութեան անցած է Գերմանիոյ մէջ, երբ Ատոլֆ Հիթլերի պաշտօնավարութեան առաջին օրերուն հրոյ ճարակ դարձաւ այդ օրերու խորհրդարանը եւ ճամբայ բացաւ նացիներու իշխանութեան ամրապնդման: Բարեբախտաբար ամերիկացի «նացիներու» այս փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ: Տոնըլտ Թրամփ յաջողեցաւ...
















