Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արեւմտեան Կարգ Մը Երկիրներուն Երկակի Չափանիշները

December 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս յօդուածը 28 հոկտեմբեր 2020-ին գրած էի, որ ցարդ չէր հրատարակուած, սակայն կը մնայ այժմէական՝ կարգ մը պատշաճեցումներով:

«Ազդակ»-ի 21 հոկտեմբեր 2020-ի համարին մէջ (1). «Առանց Ռուսիոյ Կարելի Չէ Լուծել Տագնապները, Որոնց Շարքին` Լեռնային Ղարաբաղինը, կ՛ըսէ Մաաս» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը կարդանք (Մաաս անուղղակի կերպով կը բացայայտէ, որ առանց ռուսիոյ՝ Արցախի տագնապը լուծելու փորց տեղի կ՛ունենայ).

«Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս գերմանական «Առ.Էն.Տի.» խմբագրական միութեան հետ զրոյցին մէջ կը նշէ, որ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի առնչուած միջադէպէն ետք Գերմանիան չի պատրաստուիր հրաժարիլ Ռուսիոյ հետ երկխօսութենէն, որովհետեւ Մոսկուան անհրաժեշտ է շրջանային տագնապներու լուծման համար: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

1. Ազրպէյճանի կողմէ արձակուած՝ միջազգայնօրէն արգիլուած, Իսրայէլեան բազմաթիւ բեկորային հրթիռներէն մէկը, խաղաղ բնակիչներուն դէմ ուղղուած, Ստեփանակերտի մէջ:

«Մենք Ռուսիոյ հետ նոյն սեղանին շուրջ կը նստինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, Լիպիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ` պերլինեան հոլովոյթին մէջ: Բոլոր ընդհանուր ժողովներուն մէջ կը խօսուի պատերազմները դադրեցնելու լուծում գտնելու մասին», նշած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:

Ան աւելցուցած է, որ առանց Ռուսիոյ կարելի չէ լուծել տագնապները ո՛չ միայն Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի, Պիելոռուսիոյ եւ Վենեզուելայի»:

Հեգնական եւ ընդվզեցուցիչ է, որ  Լիպիոյ, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Վենեզուելայի ու Լեռնային Ղարաբաղի «տագնապները» նոյն Արեւմուտքն էր, կամ աւելի ճիշդը՝ Օթանն ու անոր հովանաւոր Միացեալ Նահանգներն էր որ հրահրեց պատերազմները՝ իրեն ենթարկելու համար այս երկիրներուն վարչակարգերը, եւ երկիրները:

Այստեղ կ՛ուզեմ շեշտը դնել Արցախի վրայ կատարուող բարբարոսութիւններուն մասին այս Արեւմուտքին անմարդկային լռութեան վրայ՝ յատկապէս Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ (զանց կ՛առնենք գերման ողջամիտ պատգամաւորները, որոնք Արցախ այցելեցին) պարագաներուն, երբ 100 միլիոն հաշուող թուրք-ազերի-իսրայէլեան-ահաբեկչներ դաշինքը մէկ ամիսէ աւելի է, որ 15 միլիառ տոլարէ աւելի արժողութեամբ (միայն ազերիներունը) արդիական սպառազինութեամբ կը յարձակի 150 հազար բնակիչ հաշուող «աղքատ» Արցախի վրայ: Ֆրանսան եւ Յունաստանը առաջին օրէն ուղղակի Ազրպէյճանը դատապարտեցին այս նախայարձակ պատերազմին համար:

Իսկ Արեւմուտքին այս երկակի չափանիշը աւելի ցայտուն կը դառնայ, երբ Մաաս կը նշէ այլախոհ ռուս, փտածութեան դէմ պայքարող Ալեքսէյ Նաւալնին, որ ենթադրաբար 20 օգոստոս 2020-ին «թունաւորուած» էր պաշտօնական ռուսական կողմէն, իբրեւ թէ մահացու՝ անբժշկելի նիւթով մը: Արեւմուտքի ղեկավարները անընդհատ բողոքներ բարձրացուցին Ռուսիոյ դէմ, պատժամիջոցներով սպառնացին, իրենց ազդեցիկ մամուլը շաբաթներով դատապարտեց Ռուսիան… Մինչ այս, Նաւալինը «հրաշքով» մը քանի մը օրէն բուժուեցաւ այս «անբուժելի թունաւորումէն»: Անդին, քար լրութիւն ցեղասպանութեան վտանգին ենթարկուած Արցախին մասին, ուր գիւղեր եւ քաղաքներ կը քանդուին, կործանիչ՝ արգիլուած հրթիռներով, խաղաղ բնակչութեան զոհեր եւ տեղահանութիւններ պատճառելով:

Իսկ զարմանալին եւ ահաւորը՝ Հայաստանի եւ այլ «Սորոսեան» տասնեակներով «մարդու իրաւանց» եւ այլ «մարդկային» ոչ պետական կազմակերպութիւններուն (NGO) քար լրութիւնն է: Ի՞նչ է ուրեմն նպատակը այս կազմակերպութիւններուն, որոնք նոյնպէս քար լրութիւն կը պահեն այժմու ցուցարարներուն դէմ ապահովական մարմիններուն կիրարկած բռնութիւններուն դէմ…Ո՞ւր է խօսքի ազատութիւնը…

Սփիւռքահայութիւնը, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի, եւ ուր որ հայեր կը գտնուին, հսկայական ցոյցերով խորտակեց այս յանցաւոր լռութեան պատը: Նոյնը կ՛ընեն նաեւ հերոս Արցախի կանայք Երեւանի մէջ, արեւմտեան դեսպանատուներուն առջեւ:

Զինուորական յաղթանակը ա՛նպայման մերն է:

Կեցցէ՛ մեր հերոս ազգին պաշտպան  հերո՛ս զինուորները:

 28 հոկտեմբեր 2020

 

Հակառակ անոր, որ շատ մը չհերքուած դաւադրութեան եւ դաւաճանութեան մասին վկայութիւնները արդէն լոյս կը սփռեն, թէ ինչո՞ւ կարգ մը ճակատներու վրայ թշնամին յառաջացաւ՝ տրամաբանական հարցումով մը կ՛աւարտեմ: Եթէ ազերին իսկապէս կը յաղթէր, ինչո՞ւ զինադադարին համաձայնեցաւ, թող շարունակէր:

25 նոյեմբեր 2020

haroutchekijian.wordpress.com

 

(1)  https://www.aztagdaily.com/archives/486886

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Դեկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Սննդագիտական. Ուտելիքներ, Որոնք Կ՛օգնեն Ձմրան Լաւ Տրամադրութիւն Ունենալու Համար

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.