ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն թշնամիին հողային զիջումներ ընելու Փաշինեանի արարքը արդարացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ստեղծած Մատրիտեան փաթեթի տուեալներով, չարաչար կը սխալին: Այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆՕՐԷՆ միայն ընդունած է 5+2 ազատագրուած շրջաններու վերադարձը ազրպէյճանական իրաւասութեան, չի կրնար իրաւական հիմք հայթայթել ներկայի սահմանագծման խօսակցութիւններուն: Կը կրկնեմ. չի կրնար` առնուազն հետեւեալ երեք հանգամանքներու հիման վրայ.
(ա) Մատրիտեան փաթեթը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան բանակցային գործընթացի բոլոր տուեալներով ՓԱԹԵԹԱՅԻՆ բնոյթ ունեցող փաստաթուղթ մըն է եւ անոր մէջ ընդգրկուած բոլոր կէտերը մինչեւ վերջին վայրկեանը կը մնան վիճելի եւ բանակցութեան ենթակայ, այնքան ատեն որ վերջնական համաձայնագրով (եւ կողմերու խորհրդարանական վաւերացումներով) ան չէ պաշտօնականացած: Բանակցային փաթեթը, ինքնըստինքեան, համաձայնագիր չէ: Ան ոչ իսկ ունի դիտաւորութեան հանգամանք: Ասիկա բանակցային տարրական սկզբունք է եւ ենթակայ չէ այլընտրանքային մեկնաբանութիւններու:
(բ) Փաթեթը ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆՕՐԷ՛Ն միայն կը խօսի «շրջան»-ներու մասին: Եւ յամենայն դէպս ան չի խօսիր «սահման»-ներու մասին: Միջազգային սահմանավէճերու բանակցային գործընթացները տեղի կ՛ունենան հանգրուանային մեթոտաբանութեամբ: Նախ կը լուծուին տարածքային պատկանելիութեան հարցերը: Յետո՛յ միայն (եւ բոլորովին այլ աշխատակարգով) տեղի կ՛ունենան սահմանագծման եւ սահմանային ռեժիմի ճշդման հետ կապուած խօսակցութիւնները: Եւ մինչեւ որ այս երկրորդ հանգրուանը չհանգուցալուծուի, առաջինի համաձայնութիւնը վերջնականացման չ՛ենթարկուիր:
(գ) Այն, որ նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ ձեւաւորուած բանակցային գործընթացին համար հիմք ընտրած են հին խորհրդային սահմանագծերը, բացարձակապէս կամայական որոշում է (ինչպէս յայտարարութիւնը` ի՛նք) եւ անշուշտ ` զուրկ որեւէ տրամաբանական հիմնաւորումէ: Խորհրդային ներքին սահմանագծերը ծնունդ էին պոլշեւիկեան համակարգի ներքին կամայականութիւններուն: Յատկապէս կարեւոր է ընդգծել, որ Անդրկովկասի ներքին միջհանրապետական սահմաններու հաստատման մէջ անձամբ դերակատար էր Ստալինը` ի՛նք: Այս բոլորը ընդունուած իրողութիւններ են: Թէ ինչպէ՞ս Հայաստանի կազմէն դուրս մնացին Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, Նախիջեւանը, Արցախը եւ ուրիշ շրջաններ, լայնօրէն վաւերագրուած փաստեր են եւ չեն կարօտիր յաւելեալ քննարկումներու: Խորհրդային Հայաստանի սահմանները կեղծ էին, մեզի պարտադրուած եւ զուրկ` օրինական հիմնաւորումէ: Այս իսկ տրամաբանութեամբ, այսօրուան գործընթացը կ՛ենթադրէր սահամագծման մանրակրկիտ բանակցութիւններ եւ պահանջատիրական քաղաքականութիւն… Անգրագէտ մեքենականութեամբ կարելի չէ վերաբերիլ սահմաններ ճշդելու պատասխանատու գործին հետ եւ թշնամին բերել մեր տան շեմէն ներս:
Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր իշխանութեան եւ եռակողմանի յայտարարութեան միւս կողմերուն միջեւ, ըստ էութեան, քրէական է եւ բացարձակապէս անընդունելի: Ան մահացու հարուած է հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան սկզբունքին: Ընդունիլ Փաշինեանի սահմանները` կը նշանակէ ընդունիլ Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակումը թուրք-ազրպէյճանական թշնամիին կողմէ: Ընդունիլ այդ սահմանները կը նշանակէ մեր իսկ ձեռքերով ստորագրել հայ անկախ պետականութեան մահավճիռը:
Անշուշտ մեզի պիտի ըսուի, որ այս դաժան հաւասարութեան մէջ այնուամենայնիւ գոյութիւն ունին ռուս խաղաղապահ ուժերը, որոնք պիտի երաշխաւորեն սահմաններու խաղաղութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը… Իսկապէ՞ս: Լո՞ւրջ էք: Հարցո՛ւմ. իշխանութիւնը ա՞յս միայն ունի տալիք մեր ժողովուրդին որպէս ապահովութեան հաւաստիք: Այսինքն նախագահ Փութինի հաւաստիքնե՞րը…Ա՞յն նախագահ Փութինին, որ իր պետութեան շահերէն ելլելով` որոշեց հեռուէն միայն դիտել պատահածը, երբ տեղի կ՛ունենար թշնամիի նախայարձակումն ու անխնայ հրետանակոծութիւնը Ստեփանակերտի վրայ ազերիներու ապօրինի զէնքերով…
Առ ի գիտութիւն, ըստ վերջին լուրերուն, այսօր իսկ տեղի ունեցաւ անխուսափելին…Թշնամի ուժերը բացարձակապէս մերժեցին Բերձորի (Լաչինի) վրայով անցք հայթայթել Արցախէն Սիւնիք դիմող հայկական բանակի միաւորներուն: Եւ ասիկա միայն սկիզբն է երկանց:
Յստակ է, որ մեր երկիրը կը դիմագրաւէ անվտանգութեան մեծ ճգնաժամ մը այսօր եւ պր. Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը (որ ընդունած է մաս կազմել մեր հայրենական հողերը թշնամիին յանձնելու յանցաւոր գործողութեան) ի վիճակի չէ արժանապատիւ լուծում բերելու այս հրամայական հարցերուն: Այս է հանրագումարը այսօրուան իրականութեան: Եւ հետեւաբար արդար չէ, որ իշխանութիւնը իր ձեռնթափութիւնները չքմեղելու սիրոյն պաշտպանութիւն փնտռէ Մատրիտեան փաթեթի մարտավարական նրբութիւններուն ետին` ամէն օր աւելի ապակողմնորոշելով բազմաչարչար մեր ժողովուրդը եւ հանրութիւնը տանելով ապիկար բեւեռացումներու: Մեր երկիրը պերճանքը չունի ժամանակ վատնելու: Վճռական գործի օրերն են: Պր. Փաշինեան պէտք է հրաժարի: Երկիրը պէտք ունի նոր ու խոհեմ եւ միաժամանակ համարձակ ղեկավարութեան, որ կաշկանդուած չըլլայ պարտութեան դեւերով: Մենք այսօրուընէ սկսեալ պէտք է լծուինք մեր վաղուան յաղթանակը կերտելու դժուարին գործին:
23 դեկտեմբեր 2020