Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կարելի Է Սխալիլ, Սակայն Կարելի Չէ Հայրենիք Յանձնել» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Դեկտեմբեր 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 27 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերէն հարցազրոյց մը կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հիմնական երեք ենթաբաժիններով Յ. Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն մասին:

Լիբանանեան կեանքին առնչութեամբ ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ ամէն ինչի, պէտք չէ մտահան ընել այն, որ Լիբանան փիւնիկի նման կը բարձրանայ մոխիրներէն: Բագրատունի արագ ակնարկով անդրադարձաւ հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումներուն, տնտեսական տագնապին, «Քորոնա»-ի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւններուն` հասնելով 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` ոճիրին, կառավարութեան հրաժարականին, նոր վարչապետի նշանակման եւ ցարդ  կառավարութեան կազմելու անկարողութեան: Երեսփոխանը յայտնեց, որ, նոյնիսկ կառավարութեան կազմութեան պարագային պէտք չէ ունենալ այն ակնկալութիւնը, թէ ամէն ինչ պիտի վերադառնայ այնպէս, ինչպէս որ էր հոկտեմբեր 2019-էն առաջ, որովհետեւ գէթ յառաջիկայ 4-5 տարիներուն նման բան իրատեսական չէ: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս բոլորը դիմագրաւելու համար կարիք կայ լիբանանահայութեան հաւաքական կամքին ու աշխատանքին:

Այս բոլոր դժուարութիւններուն մէջ լիբանանահայութեան համար իրականացած բազում եւ բազմաճիւղ գործունէութիւններուն մասին խօսեցաւ Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, որ ժողովուրդին ծառայութիւնը նորութիւն չէ Դաշնակցութեան համար, սակայն այս տարուան գործին տարողութիւնը հսկայական էր: Ան լուսարձակի տակ առաւ դեկտեմբեր 2019-էն սկսան տարբեր նախաձեռնութիւնները, որոնք զանազան ձեւերով օգնութեան ձեռք երկարեցին ընկերային-տնտեսական ծանր կացութիւն դիմագրաւող լիբանանահայուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ մարտին կազմուեցաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի մարմինը, որ բազմազան ծառայութիւններ մատուցեց, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Դաշնակցութեան եւ ուղեկից կառոյցներուն կողմէ ԿԱՄՔ-ը յառաջացաւ` ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու, նահատակ հայորդիներու բնակարաններուն նորոգութիւնը կատարուեցաւ, իսկ Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ կազմուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը նիւթական հատուցում տուաւ պայթումէն տուժածներուն, նաեւ զոհերուն ընտանիքներուն: Յ. Բագրատունի նաեւ ընդհանուր ակնարկով մը յիշեց Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ հաստատեց, որ օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին` կոչ ուղղելով ժողովուրդին պահելու հայու արժանապատուութիւնը, կամքն ու հաւատքը:

Հարցազրոյցին երրորդ բաժինը յատկացուած էր Հայաստանին ու Արցախին: Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետը ժողովուրդը մեծ աղէտի, անփառունակ պարտութեան առաջնորդեց` աւելցնելով, որ հազարաւոր նահատակներուն, խրամներ ղրկուած եւ սպաննուած մեր զինուորներուն ու կամաւորներուն, անոնց ծնողներուն ու զաւակներուն դատաստանին պիտի ներկայանայ Փաշինեան: Ան նշեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ կարելի է սխալներ արձանագրել, սակայն կարելի չէ ու երբեք ընդունելի չէ հայրենիք յանձնել, իսկ այս բոլորին պատասխանատու եղողը պէտք է անպայման հեռանայ, ինչ ալ ըլլան միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիքը փրկել յաւելեալ քանդումներէ եւ աղէտներէ: Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ տակաւին նահատակներուն արեամբ թաց հողը պիտի չհանդուրժէ նման վարչապետ մը:

Վերջին բաժինով իր խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ժողովուրդը միշտ ալ վստահած է զինք պաշտպանողին, իսկ Դաշնակցութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ պէտք է ժողովուրդին ողնայարը պաշտպանել, զայն երբեք առանձին չձգել: Ան կոչ ուղղեց` չյուսահատելու, որովհետեւ առանց յոյսի մարդը կորսուած է` նշելով, որ պատուաւոր ժողովուրդին նկատմամբ Դաշնակցութիւնը պարտաւորութիւն ունի եւ հաշուետու է անոր: Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանէն մեկնիլ փափաքողներուն ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, որովհետեւ հայրենիքի հողն է կարեւորն ու մնայունը, ոչ վարչակարգերը:

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք մեր յառաջիկայ թիւով:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Երկարատեւ Արշաւը

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է` 250 Միլիոն Տոլար Օգնութիւն Տրամադրելու Արցախին Եւ Հայաստանին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?