Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութիւնը Երէկ Չէ Միայն, Այլ Նաեւ` Այսօր

Դեկտեմբեր 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ

Նոյեմբեր 9-ի անփառունակ տեղատուութիւնը կը շարունակուի դժբախտաբար օրէ օր, նախ` Արցախի 7+ շրջանները յանձնելով եւ պարտութիւնը վերագրելով անցեալի «կոռումպացուած» իշխանութեան, այսօր` Սիւնիքի խորհրդային քարտէսի տրամաբանութեան արդարացումով, իսկ վա՞ղը…

Ժողովրդընտիր վարչապետը, որ արժանացաւ թաւշեայ յեղափոխութեան հեղինակը ըլլալու, յետթաւշեայ դաշնագրին, զոր կոչեց «պատուով եւ յաղթական» դաշնագիր, մուտք գործելով Սիւնեաց աշխարհ կաշառակեր ովսաննաներով, որուն մէկ մանրամասնութիւնը չար բախտէն նկարահանուած է, այժմ թաւշեայ դիւանագիտութեամբ կը պատրաստէ թաւշեայ բարգաւաճ Հայաստան մը` տեղեակ ըլլալով կամ ոչ, որ արիւնարբու բորենին մշտապէս ծարաւ է նորանոր զոհերու արեան, եւ որ` մամոնային ընձեռած այնքան ճարտար սադրանքներով, համոզիչ կամ ոչ, աշխարհին կ՛ապացուցէ, որ ոճրագործը զոհն է, իսկ բուն զոհը` ոճրագործ:

Պարզ քահանայ մը, գիտակցութեան հրաւէր կարդալով ճակատագրական այս թաւալգլոր անկումի դերակատարին, մերժելով ձեռք սեղմել եկեղեցի մուտք գործող «բարեպաշտ» վարչապետին, ցոյց կու տայ անոր` եկեղեցւոյ ելքը:

Թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ այս համեստ հոգեւորականի արարքին հետեւանքը, այդ կը թողունք ապագային: Այս տողերուն նպատակը արդարացնել չէ վերոյիշեալ քահանան, զոր ո՛չ ճանչցած եմ եւ ո՛չ ալ կը կարծեմ, որ պատեհ առիթը կ՛ունենամ հանդիպելու իրեն, այլ առհասարակ բոլորի մտքերուն մէջ թարմացնել է պատմութիւնը, որ միայն անցեալ չէ, այլ նաեւ` ներկայ:

Չորրորդ դարու ապրած բարեպաշտ ինքնակալ մը` Թէոդոս կայսր, որ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովի գումարման մղիչ ուժն էր, եւ որուն անունը Հայ եկեղեցւոյ սուրբ սեղանին վրայ մատուցուած իւրաքանչիւր պատարագի ընթացքին կը յիշատակուի Կոստանդիանոս եւ Տրդատ թագաւորներու հետ, Թեսաղոնիկէի մէջ իր հրամանով յեղափոխութիւն մը ճզմելու նպատակով բազմահազար անմեղներու արեան պատճառ դառնալէ ետք, երբ կ՛ուզէ մասնակցիլ Ս. Ծննդեան սուրբ օրուան տօնախմբութեան, Միլանոյի եպիսկոպոսը` Ամբրոսիոս, կ՛արգիլէ անոր մուտքը եկեղեցի, մինչեւ որ զղջումով ապաշխարութեան շրջան մը չանցընէ: Ինքնակալը, որ ամէն արդարացում ունէր իր կամքը բանեցնելու, խոնարհաբար պալատ կ՛երթայ, եւ ապաշխարութեան շրջան անցընելէ ետք, Զատկուան տօնին ցնծութեամբ կը դիմաւորուի Ամբրոսիոս եպիսկոպոսին եւ ժողովուրդին կողմէ:

Այդ օրուընէ սկսեալ ծանօթ ասացուածք դարձած է այն խօսքը, որ` «Երբ Ամբրոսիոս եպիսկոպոսներ ըլլան, Թէոդոս կայսրեր կ՛ըլլան, եւ երբ Թէոդոս կայսրեր ըլլան, Ամբրոսիոս եպիսկոպոսներ կ՛ըլլան»:

Քրիստոնէութեան ճանապարհը ինքնաքննադատութիւն է եւ ո՛չ ինքնարդարացում, ինչպէս այլապէս ըսած է չորրորդ դարու հայրապետ Կիւրեղ Երուսաղէմացի. «Եղի՛ր քու անձիդ դատաւորը, եւ ո՛չ թէ` փաստաբանը»:

 

 

 

Նախորդը

Կաղանդը` Սկովտիական Փոքրիկ Գիւղի Մը Մէջ

Յաջորդը

Մատրիտեան Փաթեթը Սահմանային Ռեժիմ Չի Հաստատեր…

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?