ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք մտահոգութիւն կար, որ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը քաղաքականօրէն ուղղուի դէպի Արեւմուտք: Փաշինեան իշխանութեան հասնելէ կարճ ժամանակ ետք պաշտօնական տեսակցութիւններ ունեցաւ Քանատայի վարչապետին եւ Ֆրանսայի նախագահին հետ, սակայն անոր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ մնացին զգուշաւոր, մինչ Թուրքիոյ նկատմամբ անոր կեցուածքները միշտ ալ մնացին անորոշ:
Թուրքիա 2016-էն ետք դարձաւ շրջանային ուժ: Օգոստոս 2016-ին եւ հոկտեմբեր 2019-ին ան ներխուժեց հիւսիսային Սուրիա եւ Իտլիպի պատերազմին օգտագործեց «Պայրաքտար» անօդաչու սարքը, որ բաւական արդիւնք տուաւ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան սարքերուն դէմ: Աւելի՛ն. պէտք է յիշել, որ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը նախագահ Ասատի վարչակարգի տապալումէն անցաւ քրտական զինեալ խմբաւորումներու ոչնչացման: Ճիշդ այս պատճառով ալ Թուրքիա սկսաւ հաւասարակշռել արտաքին իր քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ` տրուած ըլլալով, որ այս երկու երկիրները եւս մտադիր էին սուրիական հարցը լուծել:
Իտլիպի եւ Աֆրինի թրքացումը պէտք է ահազանգ մը հնչեցնէր Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ: Իսկ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին Թուրքիոյ վարած ռազմական քաղաքականութիւնը` ընդդէմ Ֆրանսայի, Յունաստանի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի, պէտք էր մտածել տար, որ Թուրքիա նախկինը չէ եւ ծաւալապաշտական իր քաղաքականութեամբ շուտով իր ուշադրութիւնը կրնայ կեդրոնացնել այլ ուղղութիւններու, ինչպէս` Կովկասի, ինչ որ պատահեցաւ հայրենի իշխանութիւններու կատարեալ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ: Փաշինեան այս հաշիւները չըրաւ, այլ փորձեց դառնալ «ազգայնականէ աւելի ազգայնական», երբ մտաւ կիպրական-յունական դաշինքին մէջ եւ Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին կատարեց անհիմն յայտարարութիւններ` զայրացնելով Թուրքիան: Այսօր Թուրքիա ուժանիւթի, քաղաքական եւ ռազմական կարեւոր ուժ մըն է շրջանին մէջ, եւ ասիկա այլեւս պէտք է հաշուի առնել:
Իրանի պարագան աւելի բարդ է: Ըստ թալիշ վերլուծաբան Էլտար Մամետովի, թէեւ Իրանի ղեկավարութիւնը եւ կրօնական բարձրագոյն հաստատութիւնը ողջունեցին Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնը եւ Շուշիի անկումը որակեցին «ազատագրութիւն», սակայն զինուորական հաստատութիւնը ցուցաբերեց յստակ հակաազրպէյճանական կեցուածք եւ բանակ ղրկեց արցախաիրանեան սահման: Իրան մտահոգ է, որ Իսրայէլ օգտագործէ Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած նոր տարածքները` յարձակումներ կատարելու համար Իրանի խորքը: Թեհրան նաեւ մտահոգ է սուրիացի վարձկաններու հարցով: Յիշենք, որ Իրան մխրճուեցաւ սուրիական տագնապին մէջ, որպէսզի պատերազմի իսլամամէտ ահաբեկիչներու դէմ իր սահմաններէն անդին, իսկ այսօր այդ ահաբեկիչները կը վերաբնակեցուին իր հիւսիսային սահմաններուն յարակից շրջաններու մէջ:
Իրան Արցախ-Ազրպէյճան վերջին պատերազմին չմխրճուեցաւ երկու պատճառով: Նախ` որովհետեւ ան պատրաստ չէ պատերազմելու Թուրքիոյ դէմ եւ բախում ունենալու թրքական շահերուն հետ այնպիսի պահու, երբ վերջին ամիսներուն թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները կայուն են, եւ երկու երկիրները կը գործակցին քրտական հարցով: Երկրորդ` որովհետեւ Իրանի հիւսիսը կ՛ապրին աւելի քան 20 միլիոն ազերիներ, եւ Իրան մտահոգ է, որ այս բնակչութիւնը ապստամբի Թեհրանի վարչակարգին դէմ եւ ձգտի անջատողական քայլերու այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ 1946-ին: Հայկական կողմը դժբախտաբար այս հաշիւները չկատարեց եւ պատերազմի ժամանակ հաղորդակցութեան անհրաժեշտ կապեր չհաստատեց Թեհրանի հետ:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, շատեր յուսացին, որ Մոսկուա ռազմական միջամտութիւն մը կատարէ ի նպաստ հայկական կողմին, սակայն այս յոյսը միամտութեան արդիւնք էր, որովհետեւ կարելի չէ սպասել նոյնիսկ ռազմավարական դաշնակիցէ մը, որ ուժանիւթի եւ քաղաքական յարաբերութիւնները խզէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ` վասն Արցախի: Ռուսիոյ համար Ազրպէյճանը նոյնքա՛ն կարեւոր է, որքան Հայաստանը: Մոսկուա երբեք պատրաստ չէ բախում ունենալու Թուրքիոյ հետ, երբ անոր հետ բանակցութիւններ կը վարէ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ շուրջ: Առաւել, ըստ ռուս վերլուծաբան Անտրէյ Շուշենթովի, Ռուսիոյ հիմնական նպատակն է Կովկասի մէջ կանխել արեւմտեան ազդեցութեան տարածումը, բան մը, որուն հակառակ ուղղութեամբ կ՛աշխատէր Երեւան: Հետեւաբար Ռուսիա ստիպուած էր միջամտելու` կանխելու համար Արցախի ամբողջական կորուստը եւ թրքական յաղթանակ մը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Աշխարհաքաղաքական շահերը չեն հիմնուած գաղափարախօսութեան կամ արդարութեան վրայ, այլ` քաղաքական առեւտուրի վրայ, որմէ Հայաստան տակաւին հեռու է, եւ մեր ներկայ իրավիճակը ցոյց տուաւ, որ մենք դիւանագիտական հասունութիւն չունինք: 1918-1920-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը նոյնիսկ իր նեղ պայմաններուն լեզու գտած էր թշնամիին հետ` փրկելու համար փոքրիկ Հայաստանը: Այսօր Հայաստանը կորսնցուց Արցախի անկախութիւնը եւ իր գերիշխանութիւնը պետութեան սահմաններուն վրայ` աշխարհաքաղաքական այնպիսի սխալներու պատճառով, որոնք գործուեցան Փաշինեանի իշխանութեան վերնախաւին կողմէ: