Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Երկու Սաֆարով Ե՞ւս…

Յունուար 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերին Ազրպէյճանէն Երեւան հասաւ օդանաւ մը, որ պատերազմական 44 հայ գերի վերադարձուց Հայաստան: Ո՛չ մէկ կասկած, որ սա ուրախալի իրադարձութիւն է եւ դրական քայլ մը` Արցախի մէջ 44 օր տեւած պատերազմին ցաւալի հետեւանքներէն մէկուն դարմանումի ճամբուն վրայ: Հայկական գրեթէ բոլոր աղբիւրները` պետական, մարդասիրական թէ այլ միաւորներու, օրեր շարունակ կը հաղորդէին, որ գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքին հիմամբ (անկախ այն իրականութենէն, որ Ազրպէյճան բազմիցս ձգձգումի ենթարկեց այս հարցը, պատկան մարմիններուն չէ փոխանցած իր ձեռքին եղող պատերազմական գերիներուն ամբողջական ցանկը եւ, աւելի՛ն, այս թղթածրարը վերածած է այլօրինակ ճնշումներու եւ քաղաքական սակարկութեան խաղաթուղթի):

Դրական այս նշոյլին դիմաց «փայլատակեց» այլ լուր մը. Հայաստանի իշխանութիւնները Պաքու ղրկած են երկու ազերիներ, որոնք կը կոչուին Տիլհամ Ասկերով եւ Շահվազ Կուլիեւ, որոնք ձերբակալուած էին… 2014-ին: Կարեւոր մանրամասնութիւն. անոնք պարզ ոճրագործներ են, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Արցախ, սպաննած են մանուկ մը եւ չափահաս մարդ մը, վիրաւորած են կին մը եւ կը գտնուին լրտեսութիւն կատարած ըլլալու ամբաստանութեան տակ: Անոնք ո՛չ մէկ կապ ունին պատերազմական որեւէ գործողութեան հետ: Ատենին` դատուած են եւ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներ ստացած: Յանկարծ անոնց անունը կը ծփայ… պատերազմական գերիներու թղթածրարին վրայ, եւ Ազրպէյճանի կը յանձնուին այն յոյսով, որ իրենց բանտարկութեան պատիժները պիտի շարունակեն կրել իրենց երկրին մէջ:

Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն «Լուսաւոր Հայաստան»-ի ղեկավար Էտմոն Մարուքեան հաստատեց, որ ինք նախօրօք տեղեակ էր ոճրագործներուն յանձնումի որոշումին, եւ երբ անոր հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ընդունին մեղադրեալ եւ դատապարտուած ոճրագործներ, որոնք պատերազմական գերի չեն կրնար դասուիլ, կը յանձնուին Ազրպէյճանի, ան խղճի ամենայն հանդարտութեամբ պատասխանեց հարցումով մը. հապա կ՛ուզէիք, որ մեր ռազմագերիները Ազրպէյճա՞ն մնային եւ ենթակայ` խոշտանգումի…

Այս տրամաբանութիւնը, որ յայտնապէս նման քայլը առնելու շարժած է իշխանութիւնը, երկար մեկնաբանութեան արժանի չէ, ո՛չ ալ կրնայ հիմնաւորուիլ տրուած բացատրութեամբ: Միայն արձանագրենք, որ հոն կը «ճառագայթէ» անպատուաբեր պարտութեան կերտիչներուն ամբողջ հոգեբանութիւնն ու մտածելակերպը (իսկ Ազրպէյճանի որեւէ հաւաստիքի հաւատք ընծայելը գիտէ՛ք, թէ ո՞ւր կը դասէ հաւատացողը): Մեր նպատակն ալ հոն կանգ առնել չէ, այլ կ՛ուզենք հարցը դիտել քիչ մը աւելի լայն կարկինի մէջ:

Վաղը պէ՞տք է զարմանանք, եթէ Ալիեւ այս երկու անվիճելի ոճրագործներուն ներում շնորհէ եւ, աւելի՛ն, անոնք յայտարարուին… ազգային հերոս: Մեր յիշողութիւնը այնքա՞ն կարճ է (ըսենք, որ դատողութիւն ունենալը կամ չունենալը ուրիշ հարց է), որ արդէն մոռցած ենք, թէ Ազրպէյճան ինչպէ՛ս վարուեցաւ այլ ոճրագործի մը հետ, որ կը կոչուի Ռամիլ Սաֆարով: Չմոռցողներ կան, որ ան աւելի քան 15 տարի առաջ, 2004-ին, հայ սպայ մը` Գուրգէն Մարգարեանը կացինահար սպաննեց Հունգարիոյ մէջ, յոխորտաց, որ երկրորդ հայ սպայ մըն ալ սպաննելու դիտաւորութիւն ունէր, դատուեցաւ, դատապարտուեցաւ եւ բանտ դրուեցաւ Հունգարիոյ մէջ, յետոյ` 2012-ին յանձնուեցաւ Ազրպէյճանի իշխանութեան, որպէսզի վճիռը ամբողջացնէ իր երկրին մէջ, սակայն անմիջապէս ազատ արձակուեցաւ եւ հռչակուեցաւ ազգային հերոս, արժանացաւ պետական պարգեւներու եւ պատիւի, իբրեւ օրինակելի մարդ ներկայացուեցաւ իր երկրի երիտասարդին ու պատանի-մանուկին, մինչեւ այսօր ալ կը փառաբանուի: Ուրեմն, պիտի ունենանք երկու նոր Սաֆարո՞վ…

Ի վերջոյ, թուրք-ազերիին համար ոճիր գործելը մի՛շտ ալ հերոսութիւն է. անցեալ շաբաթ Էրտողանն ալ Պաքուի մէջ փառաբանեց Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներն ու գործադրողները, եւ ուշ չէ այն օրը, երբ նման փառաբանանք պիտի շռայլէ նաեւ… Եւրոպայի մէջ հերոսացող իր «Գորշ գայլեր»-ուն:

***

Քիչ է ըսել, որ տեղ մը շատ բան խախտած է Հայաստանի իշխանաւորներու տրամաբանութեան, մտածելակերպին մէջ: Ազրպէյճան դեռ երէկ էր, որ Թուրքիոյ հետ զինակցութեամբ եւ ՈՃՐԱԳՈՐԾ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒ օգտագործումով լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախի վրայ, հողեր խլելու կողքին` մահ ու աւեր տարածեց, պատերազմական բազմապիսի ոճիրներ գործեց, միջազգային ամէ՛ն օրէնք խախտեց, մինչեւ այսօր ալ կ՛ոտնակոխէ իր ստորագրութեամբ` մեզի համար անընդունելի համաձայնութիւնը, նոր գիւղեր եւ պարտէզներ կը խլէ-կը բռնագրաւէ անարգել, իսկ հայկական կողմը պատերազմին հետ կապ չունեցող` դատապարտեալ ոճրագործներ կը յանձնէ անոր: (Թող մէկը չըսէ, որ Մեղրիի վրայով անցք տալու տրամաբանութիւնն ալ կապ չունէր պատերազմին հետ…):

Նոյն «տրամաբանութենէն» է, որ կը բխին այլ «չնաշխարհիկ» գաղափարներ ու ծրագիրներ, ինչպէս` Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն բանալու, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, առեւտուր-երթեւեկ զարգացնելու առաջադրանքները: (Իրաւաբան մը արդարօրէն կը նկատէր, որ կարծէք թէ խօսքը կը վերաբերի Զուիցերիոյ եւ Նորվեկիոյ միջեւ կապերու զարգացման):

… Լիբանանցի հռչակաւոր բանաստեղծ-երգահան մը` Զիատ Ռահպանի, ունի կատակախառն երգ մը, որուն մէջ Լէյլայի մը սիրահարուած մը կը գանգատի. «Ընթա պի-ուատի, նահնա պի-ուատի…» (որ թարգմանի. «Դուն հովիտի մը մէջ ես, ես\մենք` ուրիշ հովիտի մը): Նոյն արուեստագէտին կը պատկանի նաեւ երգիծական այլ երգ մը, որուն կրկներգը կ՛ըսէ. «Հալ-սայեարա մըշ ամթեմշի, պատտա հատան եըտֆըշհա տաֆշէ» (որ թարգմանի. «Այս ինքնաշարժը չի քալեր, պէտք ունի մէկուն, որ զինք դէպի յառաջ հրէ…»): Հայաստանի այս օրերու իրադարձութիւնները կատակի նիւթ չեն կրնար ըլլալ, բնականաբար, այլ կարելի է միայն ողբալ եւ սպասել, որ թուրքին եւ ազերիին իսկութեան գիտակցումը առաջնորդուի ոտքերը գետին դնողներու կողմէ…

14 դեկտեմբեր 2020

Նախորդը

Ամանորեայ

Յաջորդը

Ամանորի Եւ Սուրբ Ծնունդի Բացիկ. «Բարի Պատերազմը Պատերազմեցայ»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?