Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

…Ձեզի Եւ Մեզի Մեծ Աւետիս

Դեկտեմբեր 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Տօն մը, որ աշխարհի չափ հին ալ է: Անկեղծօրէն եւ համեստ, ըսեմ, որ այս անգամ տողերս անգաղտնապահ բաներ ունին իրենց ետին, ու պիտի փորձեմ բարոյախօսութեան սահմաններէն դուրս գալով, անմեղ յուշերէս մէկն ալ ներկայաց-նել: Միտքս պարզեմ:

Այսպէս տարիներ առաջ, երբ Ամերիկայի Արեւելեան ափերուն գտնուող հայահոծ քաղաքնե-րէն մէկուն մէջ ընտանեօք եւ հարազատներով հաստատուած էինք, եւ երբ սուրբ Ծննդեան նախորդող Կիրակիին եկեղեցի գացած էինք, պատարագիչ քահանան յայտարարած էր, թէ «նկատի առնելով, որ Քրիստոսի Ծննդեան նշուած ճիշդ օրը, բոլորիդ համար աշխատանքի օր էր, ուստի Սուրբ Ծնունդը յաջորդ Կիրակի օր՝ Յունուար 11-ին պիտի տօնակատարէինք»:

Առ՛, քեզի նորութիւն: Ահա Ամերիկա: Վայրկեանին, զարմանքէս յօնքերս վեր-վար ցատկած էին: Ուղղակի տխրեցայ: Բերնիս անկիւնները վար ինկան: Զգացի, որ պարզապէս զոհ դարձած էինք «տխուր» իրականութեան մը: Ուրեմն իմ գիտցած «երէկս» այլեւս չկար եւ կամ ալ՝ առանց մեր կամքին, մոռացութեան գիրկը ինկած էր: Ի՞նչ ըսել էր տարին չորս անգամ մեր փրկիչի ծնունդը նշել: Երեքը՝ գիտէի: Յարգելի էին: Բայց այս մէկը իսկապէս, որ «անհամ էր»: Կը նմանէր, Կաղանդ պապուկը դիմաւորել՝ Յուլիսին կամ Օգոստոսին եւ կամ Ապրիլին:

Չէ՛, չէ՛, անձնապէս չէի կրնար այս մէկը «մարսել»: Որովհետեւ, չէ՞ որ հայ էինք, եւ աշխարհի առաջին քրիստոնեան եւ հաւատարիմ ու հաւատացեալ: Չէ՞ որ ամէն Կիրակի եւ բոլոր տօնա-կան օրերուն, կարգապահ եւ ճշդապահ եկեղեցի կու գայինք, մոմ կը վառէինք եւ մեր Աստու-ծոյն հետ, մտերմօրէն կը խօսէինք:  Ուրեմն ինչպէ՞ս հաւատք ընծայել այս նշուածին: Մեզի համար թէեւ նորութիւն էր, բայց միւս կողմէ ալ մեզմէ առաջ, հոս հաստատուած շատ-շատերուն՝ բնական:  Համակերպում: Մեզի, նորեկներուս համար, մեղք մը գործելու պէս բան մը: Անընդունելի: Այդ օրերուն նաեւ լսած էի, որ այս երկրի Արեւմտեան ափի կարգ մը նահանգներէ ներս, ուր տեղացի հայերը անգլիախօսներ էին, մեր եկեղեցւոյ գրաբար պատարագը, անգլերէնով ալ կը կատարուէր: Ինչպէ՞ս ընդունիլ…:

Ճիշդ էր, որ բոլոր նոր շրջապատիս կողմէ միամիտ եւ աւանդապաշտ մը նկատուած էի, որ զոհը դարձած էր ամերիկեան իրականութիւն եւ հայ կեանքի նոր ձեւին, բայց եւ այնպէս տարիներով հետեւած էի այս «նորութեան»: Իբրեւ կեանքի նոր պատկեր, ուրիշ ճար չունէի: Որո՞ւ կրնայի բողոքել: Ես ո՛չ առաջնորդ սրբազան մըն էի, եւ ո՛չ ալ կաթողիկոս կամ եկեղեցւոյ վարչական կազմի անդամ: Ու կը մտածէի, թէ իրապէս «բան» մը փլած էր մեր մէջ: Եկեղեցին, ինքզինք զոհած էր նիւթին: Այսպէս կը մեկնաբանէր միտքս: Ուրեմն, ուրեմն ո՞ւր մնաց մեր հաւատքն ու անկէ բխող թելադրանքը:

Ազգովին, ե՛ւ օրին, ե՛ւ հաւատարմօրէն, Քրիստոսի խօսքերուն հնազանդ հետեւորդներն եղած էինք ու տակաւին կը մնանք: Մեր մանկութենէն, մեր ծնողներն ու մեր եկեղեցին, մեր ակումբն ու մեր ղեկավարները, մեզի հաւատացուցած էին ամէն «տեսակի» հրաշքի ներկայութեան ու տասնամեակ-ներով այդպէս ապրած: Նաեւ անոնք բոլորն ալ մեզի դաստիարակած էին, թէ մեր հաւատքին կողքին այդ հրաշքներէն մէկը եղած էր հայրենի հողը, իսկ միւսը՝ մեր մայրենին լեզուն, որոնք մեզ դարերէ ի վեր կ’առաջնորդէին դէպի յաւերժութիւն:

Իսկ հիմա: Իրապէս որ մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէր, որովհետեւ գիտակցաբար եւ յաճախ ալ անգիտակցաբար կը վերաբերէինք թեթեւամտօրէն: Անոր համար մեր կեանքի ընթացքին, չարն ու բարին ակամայ իրար կը խառնէինք:

Բայց եթէ Քրիստոսի Ծննդեան թուականի նշումը ճիշդ օրին նշելը աւանդութիւն ալ էր, ուրեմն ի՞նչ էր այս աւանդութիւն ըսուածը: Շինծո՞ւ «բան» մը, թէ ո՛չ, առեղծուած մը, որ այդ օրերուն կարծես հին ներկի նման կորսնցուցած էր իր գոյները: Ահա թէ ինչո՞ւ հիմա տողերուս հետ, շանթեր ալ ինկած էին մտքիս մէջ:

Գիտեմ, որ աւանդութիւնը կը նպաստէ մեր ինքնաճանաչման: Նաեւ լաւապէս կ’ըմբռնեմ, թէ աւանդութիւնը սովորութիւն ալ էր, անգիր ու մեզի հասած դարերու ճամբով:

Ուրեմն աւանդութիւնը սովորութիւն էր եւ ոչ թէ առասպէլ եւ կամ ալ՝ պատմութիւն: Ուղղակի պարզ եւ խրթին երեւոյթ, եթէ կ’ուզէք: Այլ խօսքով՝ օրէնք մը, որ ժողովուրդի քաղաքակրթութ-եան մաս կը կազմէր: Մեր մօտ նաեւ՝ հայ մտքի ազգային եւ պատմական արտայայտութիւնն ալ էր, որ մաքուր եւ յստակ պատգամ մը ըլլալով հանդերձ, մտածելու կը ղրկէր մարդը:

Անկասկած դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ միատեղ հայ աւանդու-թիւնն ալ ծագում առած էր: Ծնած էր մեր ժողովուրդի մտածելակերպերէն եւ որ իր մէջ ունէր եւ կը պարունակէր իւրայատուկ խորհուրդ:

Աւանդութիւնը կամ աւանդութիւնները մեզի համար մէկական դասատուներ ալ էին, որոնք նաեւ ունէին յատուկ յիշողութիւններ եւ երեւակայութիւն ու ոճ: Աւելի ճիշդ, նաեւ հայ կեանքի եւ հաւատքի թելադրանք: Հաստատ դրսեւերում, որ իբրեւ ներշնչում ատաղձ ունի մեր ինքնու թիւնը որոնող տոհմիկ յատկանիշներուն հետ:

Աւանդութիւնը մեզ պահողն ալ է: Ու չենք անդրադառնար, որ ընդհանրապէս անոր մեր կողմէ պահելու ձգտող անտեսումը կը վրդովեցնէ եւ հեքնանքի կը վերածէ հայու պատմական մթնոլորտը:

Արդ, ճիշդ է, որ երբեմն գաղտնագողի եւ երբեմն ալ համարձակ ու բարձրաձայն բողոքած եւ բարկացած ենք մեր երկնաւոր արարիչին եւ անոր միակ որդիին դէմ եւ հասցէին եւ «ուր էիր» պոռացած անոր երեսին, յատկապէս վերջերս Արցախեան պատերազմի ընթացքին, բայց հակառակ այս սոսկ իրականութեան, կրկին անգամ փարած մնացինք մեր նոյն կրօնքին եւ հաւատքին ու մեր նոյն փրկիչին եւ այս ձեւով կրկին անգամ իբրեւ փիւնիկ՝ կը փորձենք վերապրիլ:

Բայց, այս անմեղ յուշիս տողանցումը, որքան ալ դարձաւ երկար եւ արդար նախաբան մը իմ եւ ձեր հաւատքին գոյնզգոյն չափանիշներովը, ըսեմ, որ Յունուար  6-ի Քրիստոսի Ծննդեան թուականը կը մնայ անխտիր բոլորիս հարմար լաւագոյն առիթը իրապէս վերանորոգուելու մեր յոյսերուն ու երազներուն, մեր կարգախօսներուն ու բաղձանքներուն հետ միատեղ:

Ուստի, բոլորիդ՝  «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի եւ մեզի Մեծ Աւետիս»:

bedig54@aol.com

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պրէյնըրզ Ակադեմիայի Թրի Փոյնթի Եւ Ցուցադրական Մրցաշարք

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Դեկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?