ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր քարտուղար` Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն
«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ,
ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի»:
Բ. Տիմոթէոս 4:7
Տիմոթէոսը Պօղոս առաքեալին հոգեւոր զաւակն էր: Այս նամակը Պօղոս առաքեալ կը գրէ Տիմոթէոսի` իբրեւ յորդոր, երբ բանտն էր: Երեւի Պօղոս առաքեալին վերջին նամակն էր, ուր ան կը գիտակցէր, թէ շուտով մահուան պիտի դատապարտուէր եւ սպաննուէր: Այս տրամադրութիւններու մէջ էր, որ Պօղոս առաքեալ կը գրէր իր նամակը Տիմոթէոսի: Պօղոս առաքեալին ներաշխարհը եւ անոր տրամադրութիւնները պէտք է նկատի առնել, որպէսզի աւելի լաւ ընկալենք նամակին բովանդակութիւնը: Եթէ նամակը մէկ կողմէ քաջալերական յորդոր էր Տիմոթէոսի, միւս կողմէ ալ նոյնքան վճռակամ ու հաստատ գիտակցութիւն իր` Պօղոսի կեանքին ու առաքելութեան վերաբերող: Այս` իր երկրային կեանքի վերջին օրերուն:
Հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկը եօթներորդ համարին մէջ է: Պօղոս առաքեալին կատարած մատնանշումն է իր ապրած կեանքին համար: Իր գործածած բայերը, ուր բոլորն ալ անցեալ կատարեալ են` «պատերազմեցայ», «կատարեցի» եւ «պահեցի»: Յստակ է, թէ ան կը խօսի իր կեանքին ու անոր վկայութեան մեծ առաքելութեան մասին, ուր ցոյց կու տայ, որ ինք ինքնավստահ եւ վճռակամ է, երբ կ՛ըսէ. «Պատերազմը պատերազմեցայ»: Չկայ կասկած ու տարակուսանք, թէ ան դասալիք եղած է, երբ կը գտնուէր «պատերազմական» դաշտին վրայ, անշուշտ պատերազմը` իր փոխաբերական հասկացողութեան մէջ: Չկայ նոյնիսկ երկչոտութիւն, այլ կայ մէկ ու յստակ դիրքորոշում` «պատերազմեցայ»:
Նոյնքան դիպուկ են համարին մնացեալ մասերը` «ընթացքը կատարեցի» եւ «հաւատքը պահեցի»: Եթէ պատերազմը պատերազմած է, նոյնքան նաեւ այդ պատերազմի հոլովոյթներու մէջ մնացած է անշեղ, երբ կ՛ըսէ` «կատարեցի»: Այդ պատերազմին եւ անոր ընթացքին մէջ ան վեր պահած է հաւատքը: Այս հաւատքը ան տարաւ մինչեւ վերջ, երբ մահուան դատապարտուեցաւ:
Քրիստոնեային կեանքը այս աշխարհին վրայ պատերազմ է: Պատերազմը կրնայ ընդգրկել մէկ կողմէ ֆիզիքական-ռազմական տարողութիւն, նոյնքան իմացական, հոգեւոր, ընկերային ու տակաւին: Պատերազմ է, քանի աշխարհի վրայ չարը` իմա մեղքը, զօրաւոր կերպով առկայ է: Չարը կը ստանայ տարբեր երեւոյթներ, մանաւանդ երբ ան պատերազմի մէջ է ընդդէմ բարիին: Պօղոս առաքեալին պատերազմը, զոր պատերազմեցաւ նոյնինքն չարին դէմ էր, կը նպատակադրէր ճամբայ բանալ, զոր բարին յաղթէ:
Պօղոս առաքեալ գիտակից է, թէ այս պատերազմի գործընթացին մէջ իր կարողութիւնը, խելքը եւ իմացականութիւնը իր անձնական ուժին արդիւնքը չէին, ոչ ալ անոր վրայ յենելով էր, որ կրցած էր պատերազմիլ: Այդ արդիւնքն էր Քրիստոսի ուժին, որ կը գործէր իր մէջ, եւ որուն հետ ապրեցաւ իր կեանքին ընթացքին: Ան այս Քրիստոսի ուժը իր մէջ պահելով եւ իւրացնելով է, որ կրցաւ պատերազմիլ, առանց յուսահատելու, երբ «կատարեց», բայց նաեւ պահեց ու շինեց հաւատքը: Պօղոս առաքեալ երբեք դասալիք չեղաւ:
Անպակաս չէին ձախողութիւնները, անհասկացողութիւնները, սխալները եւ տակաւին այլ անորոշ երեւոյթները Պօղոս առաքեալին մղած այս պատերազմի կեանքին մէջ: Եւ չ՛ուշանար իր վկայութիւնը. «Վասնզի ես արդէն զոհ ըլլալու նուիրուած եմ» (Բ. Տիմոթէոս 4:6): Բայց զոհը եւ զոհուելու իրականութիւնը չշեղեցին Պօղոսի ընթացքը: Ան մնաց «արթուն» եւ «նեղութիւններուն համբերեց» (Բ. Տիմոթէոս 4:5): Պօղոս առաքեալ, որ հաւատացած էր բարի պատերազմին կարեւորութեան, պատերազմեցաւ առանց յուսահատելու: Եւ արդի՞ւնքը. «Կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը» (Բ. Տիմոթէոս 4:8): Ան պահեց եւ կերտեց հաւատքը` բարին, եւ որուն երախայրիքը արդարութեան պսակն է:
2020 տարին շատ դժուար տարի մըն էր բոլորիս համար: Դժուար` բազում մակարդակներու վրայ` անհատական, ընտանեկան, ընկերային, լիբանանեան, Արցախ-Հայաստան ու տակաւին: «Քորոնա» ժահրը եկաւ զգետնելու շատ մը մարդկային կեանքեր, որոնց կարգին նաեւ սիրելի բարեկամներու` յեղաշրջելով մեր ապրելակերպը ու հիմնականօրէն փոխելով մեր կենցաղը: Բարեկամական հաղորդակցութիւններու ոճը փոխուեցաւ, ուր մարդ սկսաւ հեռու մնալ մարդէն, եւ մարդը ու անոր կեանքը ամփոփուեցան այսպէս ըսած «տուփի» մը մէջ, ուր ան դարձաւ ինքնիր մէջ ապրող եւ շնչող էակ: 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը նոյնպէս ցնցեց մեզ բոլորս` իբրեւ Լիբանան եւ լիբանանահայեր, նոյնքան նաեւ` համայն հայութիւն: Պայթում մը, որ պատճառ եղաւ մայրաքաղաքի շատ մը շրջաններու քանդումին ու տակաւին մարդկային զոհերու, վիրաւորներու, իսկ վատն այն է, որ մինչեւ օրս տակաւին չբացայայտուեցան սոյն արարքին պատճառները եւ զայն գործողները: Արցախեան պատերազմը եւ նոյեմբեր 10-ի համաձայնագիրը հայուն գոյութեան եւ լինելութեան գիտակցութեան տուին ուժգին հարուած, նաեւ պատճառ դարձաւ մարդկային մեծ թիւով զոհերու ու հայրենի հողատարածքներու կորուստի:
Այս բոլոր իրադարձութիւններուն արագ ակնարկ մը նետելով պիտի կարենանք տեսնել, թէ ինչքան հսկայական պատերազմի մը մէջ էինք եւ տակաւին ենք: Պատերազմը, յար եւ նման Պօղոս առաքեալի յիշեցումներուն, բայց տարբեր բովանդակութեամբ: Վերջապէս միշտ պիտի յիշենք, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Փոխուողը ընկերամշակութային, տնտեսական ու քաղաքական բովանդակութիւնը եւ տարողութիւնն է: Կրկնուող պատմութի՞ւնը: Չարն է եւ անոր պատերազմը բարիին դէմ:
2021 տարին ի՞նչ անակնկալներ կրնայ բերել իրեն հետ, կը մնայ սպասել եւ տեսնել: Բայց կայ կարեւոր հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ իւրաքանչիւրիս այս Ամանորի ուրախ-տխուր, երեւի այս տարի աւելի տխուր մթնոլորտին մէջ, երբ այս դժուար տարին կը բոլորենք միասին. «Պիտի կարենա՞նք ետեւ նայիլ եւ ակնարկ մը նետել մեր ապրած կեանքին եւ անոր մեր գնահատականը տալ»:
Եթէ չարին գրոհները շատ էին եւ տակաւին դժուար դիմադրելի, եւ անոր յարձակումներուն դիմաց կրեցինք «պարտութիւն», բայց կը մնայ ամուր պահել մեր դիրքը եւ դիրքորոշումը` իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն: Պիտի կարենա՞նք ըսել, թէ դասալիք չեղանք եւ «բարի պատերազմը պատերազմեցանք», անոր «ընթացքը կատարեցինք» եւ անպայմանօրէն «հաւատքը պահեցինք»: Երբեք մտահան պէտք չէ ընել, թէ Պօղոս առաքեալին մատնանշած պատերազմը շարունակուող եւ կրկնուող իրադարձութիւն մըն է մարդկային կեանքի պատմութեան բոլոր ընթացքին մէջ:
Քրիստոսի ծնունդը իրական է: Ան աշխարհ եկաւ, որպէսզի նոր կեանք մը հաստատէ: Նոր կեանք մը, որուն պիտակը ԲԱՐԻ է: Քրիստոսի ծնունդով մենք իւրացուցինք Անոր շնորհած այս բարի կեանքը եւ արժանի եղանք ապրելու անով: Բայց ոչ միայն պիտի բաւարարուինք ապրելով, այլ պիտի պատերազմինք ԲԱՐԻ կեանքին համար եւ պիտի պահենք ու կերտենք զայն:
2020 տարուան մեր կեանքերու պատերազմները եղան շատ զօրաւոր եւ ահռելի: Այդ պատերազմին մենք կորսնցուցինք շատ, կրեցինք ֆիզիքական պարտութիւններ եւ կուտակեցինք հոգեկան հսկայական ընկճուածութիւն: Բայց կը մնայ կարեւոր իրականութիւնը:
Քրիստոսի ծնունդով մենք ստացանք ու կը շարունակենք ստանալ նոր կեանքի ուժը: Ուժը, որ մեզի կարողութիւն պիտի տայ բարի պատերազմը պատերազմելու, ընթացքը կատարելու, այդ ալ` առանց յուսահատելու: Բայց նաեւ ձախողութիւնները վերածելու յաջողութեան: Անհրաժեշտ է, որ գիտակցինք մէկ հիմնական իրականութեան: Այդ ալ հաւատքը ու զայն պահելու գրաւականն է:
Իսկ հաւատքը:
Այն, որ կը ստանանք Աստուծմէ, երբ Իրեն հետ կ՛ունենանք ուղղակի կապ` ուղղահայեաց դրուածքով: Բայց ինչ որ կը ստանանք Աստուծմէ, երբեք պէտք չէ պահենք մենք մեզի: Այլ պարտինք բաժնել զայն` հորիզոնական դրուածքով, մեր ապրած հաւաքականութիւններուն եւ հայրենիքին հետ: Հոն, ուր պէտք է տքնիլ շինելու համար բարին: Այս ուղղահայեաց եւ հորիզոնական յարաբերութիւնները, ուղղահայեացը Աստուծոյ եւ հորիզոնականը հաւաքականութեան հետ, կը կիսուին իրարու հետ` յար եւ նման խաչին, որուն կիզակէտը կը դառնայ Ինքը` Քրիստոս, հաւատքը: Քրիստոսի շնորհած կեանքը կը սկսի ճիշդ այս իրականութենէն: Հաւատքը այս իմաստով ընդհանրական եւ համապարփակ իրականութիւն մը կ՛ըլլայ` վերածուելով կեանքի: Իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն կեանքին: Հայուն կեանքը, որ հաւատացած է կերտել բարիին հիմքով:
Այս հաւատքը պահելով է, որ պիտի ապրինք ու շարունակենք ապրիլ, կերտել կեանք եւ հայրենիք, նոյնիսկ երբ կը պարտուինք եւ ձախողութիւններ կը կրենք: Իսկ ապրելու համար պէտք է, որ բարի պատերազմը շարունակենք պատերազմիլ` բարի պատերազմը պատերազմելու վճռակամութեամբ եւ Քրիստոսի շնորհած հաւատքի ուժին վստահելով:
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Քուէյթ, դեկտեմբեր 2020





