Յօդուածներ

Հաղորդագրութիւն

Հայրիշխանութեան Արմատները

ՄԱՐԳՕ ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ Երբ փորձ կը կատարենք հասկնալու ընթացքի մը կարգավիճակը, պէտք է սկսիլ պատմութեան առաջին իսկ օրերէն` փնտռելով պատճառները եւ փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցան այս երկար ժամանակաշրջանին ընթացքին, եւ որոնց արդիւնքն է այսօրուան իրողութիւնը: Հայրիշխանական ժամանակաշրջանին արական սեռը կը տիրապետէր բարձր պաշտօններու, կը պարտադրէ իր որոշումները տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՛իշխէ աշխարհին:  Բարեբախտութի՞ւն, թէ՞ անբախտութիւն: Պէտք է փոխե՞լ, թէ՞ պահել:...

Հաղորդագրութիւն

Կիները` Քնքուշ Եւ Տոկուն

ԼԻԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Մարտ 8-ն Կիներու միջազգային օրն է, օր մը, որ նուիրուած է` կիներու իրաւունքներուն, պայքարին, յաջողութիւններուն եւ հասարակութեան մէջ անոր անփոխարինելի դերին: Հայ կինը պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է տոկունութեան, նուիրուածութեան եւ մտաւոր ուժի խորհրդանիշ: Ան եղած է մայր, ուսուցչուհի, մշակութային գործիչ, ինչպէս նաեւ` գիւտարար, դեսպան, գրող եւ ի պահանջել հարկին` ֆետայի: Հայ գրականութեան եւ հասարակական կեանքի մէջ նշանակալի...

Հաղորդագրութիւն

Կիներու Միջազգային Օրը

ՅԱՐՈՒԹ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ Կիներու նուիրուած ամէնէն կանուխ արձանագրուած տարբերակը «Կիներու օր»-ն էր, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, 28 փետրուար 1909-ին: Կիներուն հետ համերաշխութիւն ցուցաբերելով` համայնավար քաղաքական գործիչ Քլարա Ցետքին առաջարկեց «Աշխատաւոր կիներու օր» նշել, եւ այս առաջարկը ընդունուեցաւ 1910 թուականին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային ընկերվար կիներու համաժողովին, սակայն` առանց օր ճշդելու: Յաջորդ տարի առաջին...

Հայ Կինը` Հայոց Պատմութեան Մէջ

Կինն Ու Կեանքը

ՌԻԹԱ ՔԻՒՓԷԼԵԱՆ Մարտ 8-ն միայն տօնախմբութիւն չէ, այլ յիշեցում հայ կնոջ առաքելութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին: Հայ կինը միայն ընտանիքի անդամ չէ, ան առաջին ուսուցիչն է, առաջին աղօթողը եւ առաջինը, որ երեխային ականջին մէջ կը յուշէ մայրենի լեզուին սրբութիւնը: Այն տունը, ուր մայրը հայերէն կը խօսի, հոն հայրենիքը կը շարունակէ շնչել, նոյնիսկ երբ այդ տունը հազար քիլոմեթր հեռու է հայրենիքէն:...

Կիներու Օր

Կիներու Օր

ԿԱՐԻՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Կիներու օրը կը նշուի ամէն տարի մարտ 8-ին`  օր մը, որ նուիրուած է կիներու իրաւունքներուն, արժանապատուութեան եւ ձեռքբերումներուն: Անիկա ոչ միայն տօնական առիթ մըն է, այլ նաեւ` յիշեցում, որ կիները դարեր շարունակ պայքարած են հաւասար իրաւունքներու, կրթութեան եւ աշխատանքի համար: Կիներուն իրաւունքները կը ներառեն կրթուելու, աշխատելու, ազատ միտք արտայայտուելու, որոշումներ տալու եւ բռնութենէ պաշտպանուելու հիմնարար իրաւունքները: Պատմութեան ընթացքին...

Կեանք-Պարգեւը

Կեանք-Պարգեւը

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Գ. Ճաթած Դոյլը Չին ծեր կին մը երկու մեծ դոյլ ունէր եւ զանոնք ձողի մը երկու ծայրերուն ամրացուցած ու վիզէն կախած` կը քալէր: Դոյլերէն մին ճաթած էր, մինչ միւսը կատարեալ էր եւ ամբողջ ջուրը տեղէ-տեղ կը փոխադրէր` առանց նոյնիսկ կաթիլ մը թափելու. իսկ ճաթած դոյլը մինչեւ աղբիւրէն տուն հասնէր, ջուրին կէսը թափած կ՛ըլլար: Ամբողջ երկու տարի, ամէն...

Աստուած Տակաւին Կու Լայ…

Աստուած Տակաւին Կու Լայ…

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Անցնող շաբաթ աշակերտներուս կը բացատրէի Ղազարոսի յարութեան հրաշալի հատուածը, որ արձանագրուած է Յովհաննու Աւետարանին մէջ: Երբ հասայ դէպքին այն հատուածին, ուր աւետարանիչը կը նկարագրէ, թէ  Յիսուս ինչպէ՛ս իր բարեկամին` Ղազարոսին գերեզմանին առջեւ կը կենայ եւ կու լայ, ինքզինքս գտայ նոյն դէպքին վայրին մէջ: Աստուա՞ծ ալ կու լայ: Եթէ ոեւէ անծանօթին դէմքին արցունք տեսնես, սիրտդ կը ճմլուի,...

Ժիրայր Աշճեանի Յիշատակին

Ժիրայր Աշճեանի Յիշատակին

Ֆրանսայի մէջ 5 մարտ 2026-ին իր մահկանացուն կնքեց տնտեսագէտ Ժիրայր Աշճեան: Ժիրայր Աշճեան ծնած էր 4 հոկտեմբեր 1939-ին, Լիբանան: Ամուսնացած էր Շաքէ Պրունսուզեանի հետ եւ ունէր երեք զաւակ ու եօթը թոռ: Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ, Ժիրայր Աշճեան եղած էր լիբանանեան դրամատան աշխատակից եւ դասախօս Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան Ֆրանսա փոխադրուեցաւ եւ Անկէրսի համալսարանին մէջ դասախօս եղաւ: Աշճեան...

Կեանք-Պարգեւը

Կեանք-Պարգեւը

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Ա. Խոհեր Ծերութեան Մասին Նշմարա՞ծ ես, թէ կը ցանկանք ծեր ըլլալ միայն այն ատեն, երբ մանուկ ենք: Երբ տակաւին տասը տարեկան չենք եղած, մեծապէս կը խանդավառուինք ծերութեամբ: Բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս. երբ տակաւին տասը տարեկանը չես թեւակոխած, եւ քեզի հարցնեն` «Քանի՞ տարեկան ես», կը պատասխանես` «Չորսուկէս տարեկան եմ». այսինքն ըսել կ՛ուզես` «Չորսուկէս տարեկան եմ եւ հինգ պիտի ըլլամ»:...

35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հռչակագիրէն Հեռանալը` Ազգային Նահանջի Վտանգ

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեանի այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը պէտք չէ յղում կատարէ Անկախութեան հռչակագիրին, խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Ասիկա պարզ իրաւական կամ սահմանադրական փոփոխութիւն մը չէ, այլ հարց է Հայաստանի պետական ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ ազգային ուղղութեան: Առաջին մտահոգիչ կէտը Արցախի հարցն է: Անկախութեան հռչակագիրը պատահականօրէն չէ, որ կ՛անդրադառնայ Արցախի ազգային իրաւունքներուն: Անիկա կ՛արտայայտէ հայ ժողովուրդի պատմական...

«Պատերազմի Ստուերը Մարդկային Պատմութեան Մէջ. Կա՞յ Արդեօք Պատերազմազերծ Շրջան»

«Պատերազմի Ստուերը Մարդկային Պատմութեան Մէջ. Կա՞յ Արդեօք Պատերազմազերծ Շրջան»

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ Պատմութեան ընթացքին մարդկութիւնը բազմիցս երազած է խաղաղ աշխարհի մը մասին, բայց հարցումը կը մնայ նոյնը, արդեօք երբեք եղա՞ծ է ժամանակ մը, երբ աշխարհի վրայ ընդհանրապէս պատերազմ չէ բռնկած: Պատասխանը, որքան ալ տխուր հնչէ, պատմական փաստերու լոյսին տակ յայտնի է` ո՛չ: Ժամանակակից դարաշրջանը, որ կը պարծենայ իր գիտական եւ մշակութային յառաջընթացով, նոյնպէս չկրցաւ կոտրել պատերազմի շղթան: 20-րդ դարը ականատես...

Կիրակնօրեայ Մտորումներ.   Կախարդական Գաւազանը, Խաղաղութեան Խաղը Եւ Պակսած Աղը

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Կախարդական Գաւազանը, Խաղաղութեան Խաղը Եւ Պակսած Աղը

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Բարե՛ւ: Չեմ գիտեր` ի՞նչ կոչեմ քեզ: Անծանօթ ընկե՞ր, բարեկա՞մ, զբօսաշրջի՞կ, թէ՞ այլ... Ճիշդը` քեզ անձամբ չեմ ճանչցած, չեմ տեսած, հետդ չեմ խօսած, սակայն դէմքդ շատ ծանօթ կը թուի ինծի: Ես քեզ տեսած եմ քանի մը անգամ փոքր պաստառի վրայ, երբեմն ալ` մամուլի էջերուն մէջ, եւ միշտ ալ հիացած եմ քու կարմիր ու ճաշակաւոր փողկապիդ: Ամիսներ առաջ, երբ քեզ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Վանքուվըրի Մէջ Արժանավայել Կերպով Նշուեցաւ ՀՅԴ 135-Ամեակը Ուրբաթ, 6 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին Վանքուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով` խմբերգութեամբ «Արշաւիր Շիրակեան» պատանեկան միութեան ընկերներուն, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն: Հայերէն եւ անգլերէն բացման...

Սթափելու Ժամանակը

Պահանջ Ազգային Պետութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Իրանի դէմ իսրայէլեան - ամերիկեան պատերազմը եւ անոր ածանցեալ Իսրայէլի պատերազմը լիբանանեան Հըզպալլայի դէմ թեւակոխեց երրորդ շաբաթը եւ երկար շաբաթներ շարունակուելու միտում ցոյց կու տայ: Պատերազմական այս առօրեան մոռցնել տուաւ, աւելի ճիշդ` լուսարձակներէ հեռացուց, ռուս-ուքրանական անվերջանալի ճակատումը եւ քանի մը աւելի փոքրածաւալ ընդհարումներ: Մեր լուսարձակներէն առժամապէս հեռացան նաեւ հայաստանեան իրադարձութիւնները, մեզի համար հիմնականէն դառնալով ոչ առաջնային: Սակայն, նոյնիսկ...

Ներում Խնդրելու Ինը Եղանակները

Ներում Խնդրելու Ինը Եղանակները

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Ներում խնդրելու ինը եղանակներ գոյութիւն ունին, որոնցմով անկեղծ ներում խնդրելու կենսականութիւնը կ՛ընդգծուի եւ մեզ պարզ, եւ յաճախ` մակերեսային, «Ներող եղիր»-էն անդին կը տանի: Առաւել` մեր մարդկային փոխյարաբերութիւնը իմաստալից եւ հեզընթաց կը դարձնէ: Ա.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԻՍԿԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Այս ներողութիւն խնդրելու «ոսկի կանոն»-ն է: Բոլորս ալ կը ձգտինք զայն տալ եւ ստանալ: Օրինակ` «Կը գիտակցիմ, որ վիրաւորեցի քեզ, եւ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են  Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ

Իրանը Պիտի Չներէ Փաշինեանին

ՎԱՐՈՒԺ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատուն այցելած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան (աջին) եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ցաւակցական գրառում կը կատարեն այաթոլլա Ալի Խամենէիի սգոյ մատեանին մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայաստանի հարաւային դրացի եւ բարեկամ Իրանը վերջապէս ներքաշուեցաւ Իսրայէլի դաւադրական պատերազմին մէջ: Պատերազմ մը, որ ո՛չ արդարացում ունի եւ...

Զօրանանք Տիրոջմով

Զօրանանք Տիրոջմով

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ Այնքան ատեն որ մարդ տակաւին կ՛ապրի այս աշխարհի վրայ, ապա ենթակայ է թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեւոր դժուարութիւններու, նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ յարձակումներու, որոնց դէմ մարդ պարտաւոր է պայքար մղելու` կարենալ տոկալու եւ յաղթանակած դուրս գալու համար այդ բոլորին մէջէն: Ոմանք կը տկարանան այս պայքարին մէջ, ուրիշներ չե՛ն ալ ուզեր մտնել այս պայքարին մէջ, ընդհակառակը, կը յանձնուին դիւրութեամբ` ըսելով,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արցախի Ժողովուրդը Հայաստանի Ներկայ Իշխանութիւնը Իր Անունով Խօսելու Չի Լիազօրեր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան 13 մարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն միջոցով ան կը հաստատէ, որ Արցախի ժողովուրդը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը չի լիազօրեր արտայայտուելու իր անունով: Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը. «Վերջին օրերին Եւրոպական խորհրդարանում ու լրագրողների հետ հանդիպումներում Արցախի եւ արցախեան շարժման վերաբերեալ տգիտութեան ու կեղծիքի...

Քեսապի Հայութիւնը 1909-Ի Աղէտէն Ետք  Վերականգնում Եւ Վնասուց Հատուցում Ու Օժանդակութիւններ

Քեսապի Հայութիւնը 1909-Ի Աղէտէն Ետք Վերականգնում Եւ Վնասուց Հատուցում Ու Օժանդակութիւններ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աղէտեալներուն վերադարձը Քեսապ Քեսապցիք Պասիթէն իրենց հայրենի օճախները սկսան վերադառնալ 1909 մայիսի կէսերուն (նոր տոմարով): Ոմանք աւելի երկար մնացին Պասիթ եւ ամրան սկիզբը վերադարձան: Կային նաեւ ընտանիքներ, որոնց բնակարանները հիմնովին աւերուած էին եւ ապրուստի միջոց չունէին. անոնք աւելի երկար մնացին Լաթաքիա: Կարգ մը ընտանիքներ ալ Քեսապ չվերադարձան եւ Պէյրութ ու այլ քաղաքներ փոխադրուեցան: Քեսապի հայութեան կորուստը 1909-ի աղէտին...

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Գարնանային պայծառ կիրակի մըն էր։ Այն հազուագիւտ օրերէն մէկը, երբ բնութիւնը երկար ձմեռնաքունէ ետք կամաց-կամաց կ՚արթննայ, կը բանայ իր քնահար աչքերը ու կը քաշէ զարթօնքի նոր շունչ մը։ Ժընեւի եկեղեցիներու զանգերուն մեղմ եւ թախծոտ ղօղանջը տակաւին կը մնայ ականջներուս մէջ, երբ Ս. Պատարագէն ետք ընտանիքով դուրս եկանք քաղաքէն։ Ինքնաշարժին մէջ կինս կողքս նստած էր, իսկ ետեւի...

Page 44 of 1110 1 … 43 44 45 … 1,110

Արխիւներ