Այնքան ատեն որ մարդ տակաւին կ՛ապրի այս աշխարհի վրայ, ապա ենթակայ է թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեւոր դժուարութիւններու, նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ յարձակումներու, որոնց դէմ մարդ պարտաւոր է պայքար մղելու` կարենալ տոկալու եւ յաղթանակած դուրս գալու համար այդ բոլորին մէջէն:
Ոմանք կը տկարանան այս պայքարին մէջ, ուրիշներ չե՛ն ալ ուզեր մտնել այս պայքարին մէջ, ընդհակառակը, կը յանձնուին դիւրութեամբ` ըսելով, թէ ինչ որ պիտի ըլլայ, թող ըլլայ. իսկ ոմանք ալ կամք դրսեւորելով մուտք կը գործեն այս պայքարէն ներս` փորձելով յաղթահարել ու առաջ ընթանալ:
Այս բոլորին համար եւ մանաւանդ վերջիններուն համար այնքա՜ն խրախուսիչ, գօտեպնդիչ եւ միաժամանակ յուսադրիչ են Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը.
«Ի վերջոյ, զօրացէք Տիրոջմով եւ Իր ամենակարող զօրութեամբ: Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք սատանային հնարքներուն դէմ դնել: Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ` երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ: Ուստի Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ, կարենաք ետ մղել չարին հարուածները, եւ ամէն ինչ ըրէք կանգուն մնալու համար: Հետեւաբար պատրաստ եղէք. ճշմարտութեամբ ամրապնդեցէք ձեր մէջքը, արդարութիւնը հագէք զրահի պէս եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութիւնը հագէք կօշիկի պէս: Եւ այս բոլորին վրայ` հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը: Առէք նաեւ փրկութեան սաղաւարտը եւ Սուրբ Հոգիին սուրը, այսինքն` Աստուծոյ խօսքը: Այս բոլորին հետ` աղօթեցէ՛ք, աղօթեցէ՛ք եւ խնդրեցէ՛ք տեւաբար, Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ: Ատոր համար ալ արթուն հսկեցէք` կատարեալ յարատեւութեամբ աղօթելով բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն համար» (Եփ. 6.10-18):
Առաքեալին այս խօսքերը կու գան գօտեպնդելու եւ յուսադրելու մեզ, մղելով`
Ա.- Զօրանալ Տիրոջմով եւ Անոր զօրութեամբ,
Բ.- Աստուծոյ սպառազինութիւնը առնել մեր վրայ` կարենալ դիմադրելու համար սատանային ու անոր յարձակումներուն,
Գ.- Ճշմարտութեամբ ամրապնդուինք, արդարութիւնը որպէս զրահ հագնինք եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամ ըլլանք,
Դ.- Հաւատքը որպէս վահան ունենանք` զերծ մնալու չարին նետերէն,
Ե.- Փրկութեան սաղաւարտն ու Սուրբ Հոգիին սուրը առնենք մեր վրայ,
Զ.- Աղօթենք թէ՛ մենք մեզի համար եւ թէ՛ մեր հաւատացեալ եղբայրներուն համար:
«Ժամանակ»



