Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանը Պիտի Չներէ Փաշինեանին

March 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՈՒԺ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատուն այցելած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան (աջին) եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ցաւակցական գրառում կը կատարեն այաթոլլա Ալի Խամենէիի սգոյ մատեանին մէջ:

Միջին Արեւելքի մէջ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայաստանի հարաւային դրացի եւ բարեկամ Իրանը վերջապէս ներքաշուեցաւ Իսրայէլի դաւադրական պատերազմին մէջ: Պատերազմ մը, որ ո՛չ արդարացում ունի եւ ո՛չ ալ պատճառ, եթէ անմիջապէս նշենք, որ, ըստ Իրանի բանագնացներուն, ամէն բան դրականօրէն կ՛ընթանար եւ կարելի էր բանակցութիւններէն դրական արդիւնքներ ակնկալել շատ մօտիկ ապագային:

Կ՛ակնկալուէր, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ հաւանական համաձայնութեան մը պիտի գային եւ խանգարէին Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի բոլոր հաշիւները: Հաւանական համաձայնութիւն մը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ եւ այդ համաձայնութենէն բխող դրական արդիւնքները, երկուստեք, թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Իրանին համար, պիտի յանգեցնէին մօտ կէս դարու հասնող թշնամանքի աւարտին եւ նախակարապետը պիտի ըլլային` Միջին Արեւելքի եւ տարածաշրջանի հանգրուանային քաղաքական հանդարտութեան, փոխըմբռնման, տնտեսական յարաբերութիւններու հանգրուանային վերահաստատման եւ այս բոլորին հետ փոխկապակցուած հարցերու լուծման: Իսկ այս բոլորին մէջ մեծագոյն կորսնցնողը պիտի ըլլար Իսրայէլը, ի մասնաւորի` Պենիամին Նեթանիահուն, որ կը խոստովանի, թէ  Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ոչնչացման երազը իր սրտին մէջ կը փայփայէ աւելի քան քառասուն տարիներէ:

Ուստի, Ամերիկա-Իրան բանակցութիւնները ամէն գնով պէտք էր որ ձախողէին: Իսրայէլ գործի դրաւ իր ծանր հրետանին: Հրեայ ազդեցիկ յայտնի եւ անյայտ դէմքեր, թեւ ու թիկունք դառնալով Նեթանիահուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին վրայ ազդեցութիւն գործադրելով` գլխիվայր դարձուցին արդիւնքները, եւ Իրանը երկրորդ անգամ դէմ յանդիման գտնուեցաւ ամերիկեան սադրանքներուն եւ ինքզինք դաւաճանուած զգաց:

Արդարեւ, իրանցի բանագնացներն ու իշխանութեան բարձր դասի պատասխանատուները յաճախ անդրադարձած են, թէ առաջին բանակցութիւններուն ժամանակ, որոնք աւարտեցան տասներկուօրեայ պատերազմով, նոյնպէս Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ, առանց որեւէ հիմունքի կամ վաւերական փաստարկումներու, դարձեալ նախայարձակ դարձան եւ ամբողջ տարածաշրջանը վերածեցին աւերակներու:

Այս բոլորին մէջ ընթերցողը պիտի հարցնէ. հապա ո՞ւր է կապը այս բոլորին եւ Փաշինեանի միջեւ: Արդարացի է, եւ այս կապին ծայրը գտնելու համար պէտք է վերադառնալ, այսպէս կոչուած, թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն եւ տրամաբանօրէն վերլուծել թաւշեայ յեղափոխութեան իրականացման հանգամանքներն ու անոր գլխաւոր դերակատարները, եւ հոն պիտի տեսնենք` Ամերիկա-Ռուսիա յարաբերութիւններու հանգրուանային վատթարացումը, ռուսական առաջին բախումները Ուքրանիոյ հետ, ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման ծրագիրները տարածաշրջանին մէջ եւ Ռուսիոյ հռետորական ու ոչ դրական յայտարարութիւնները, իրեն պատկանող տարածաշրջանը կորսնցնելու մտահոգութիւնը եւ այլն, եւ այլն:

Այս խուլ պայքարի մէջ Միացեալ Նահանգները կը կառուցեն իրենց ամէնէն մեծ դեսպանութիւնը Հայաստանի մէջ: Թէ ինչո՞ւ, պարզապէս յառաջիկայ տասնամեակներուն իր եւ ՕԹԱՆ-ի վերահսկողութեան տակ առնելու տարածաշրջանը, Հայաստանի, Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի համագործակցութեամբ արգելք հանդիսանալու Իրան-Ռուսիա օրէցօր ջերմացող յարաբերութիւններուն, արգիլել Չինաստանին հասնիլ տարածաշրջան եւ ամէնէն կարեւորը` իրանական քարիւղին, ձեռք ձգել Ուքրանիոյ հազուագիւտ մետաղներու պաշարները` տրուած ըլլալով, որ Չինաստան իր հողերուն մէջ ունի աշխարհի հազուագիւտ մետաղներու իննսուն տոկոսը եւ կրնայ որեւէ պարագայի արգելք հանդիսանալ, որ Միացեալ Նահանգներ հասու դառնան այդ յոյժ կարեւոր մետաղներուն: Առաւել, Միացեալ Նահանգները որեւէ կերպ կարելիութիւն չունին Չինաստանին արգիլել հասնելու իրանական քարիւղին` տրուած ըլլալով, որ արդէն Ռուսիոյ արեւելեան շրջաններէն քարիւղատարներու ցանց մը հաստատուած է:

Ուստի, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենար, այսպէս կոչուած, «խաղաղ յեղափոխութիւն» մը, որ փափուկ բարձ պիտի դնէր հայ ժողովուրդի գլխուն տակ, եւ գործի գլուխ պիտի գար անձնաւորութիւն մը, որ պիտի խօսէր համեստ դասակարգի լեզուն, «բաժնէր անոր ցաւերն ու հանապազօրեայ մտահոգութիւնները» եւ պիտի կոչուէր «թաւշեայ յեղափոխութիւն», սակայն այս բոլորին դերն ու պարտականութիւնը պիտի ըլլար Հայաստանի պէս խիստ կարեւոր ռազմավարական երկրի իշխանութեան գլուխ կարգել Միացեալ Նահանգներու կամակատար, դրամապաշտ, ընչաքաղց ու բարոյապէս շեղած անձնաւորութիւն մը, որ պիտի չվարանէր նոյնիսկ իր սեփական մայրը դնել զոհասեղանին, երբ իր սեփական շահերը վտանգուած ըլլային:

Փաշինեան լաւապէս կը կատարէ իրեն վստահուած դերը: Հանգրուանային յաճախականութեամբ Հայաստանի յարաբերութիւնները փճացուց Ռուսիոյ հետ, դաւաճանեց իր սեփական ժողովուրդին, մասնաւորաբար արցախահայութեան, աւելի քան հինգ հազար մեր եղբայրներու եւ քոյրերու նահատակութեան պատճառ դարձաւ, երկրի տնտեսական, ընկերային, մէկ խօսքով, բոլոր մակարդակներու վրայ քաոս պատճառեց, իսկ ամէնէն կարեւորը` հարաւի մեր պատմական դրացի ու բարեկամ Իրանին հետ յարաբերութիւնները փճացուց, մինչեւ այն մակարդակի, որ Իրանի մէջ բարձրաստիճան մակարդակի վրայ Փաշինեանին որպէս դաւաճան կը նկատեն, եւ այս բոլորը կը դրսեւորուին, երբ մտիկ կ՛ընէք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մօտիկ խօսնակներն ու վերլուծաբանները:

Իրանցի կարկառուն վերլուծաբաններէն Սայիտ Մարանտին իր հարցազրոյցներուն մէջ յստակօրէն չի խուսափիր բացասական իր տպաւորութիւնները արտայայտելէ, երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանին ու անոր վարչապետին: Ի միջի այլոց, փրոֆ. Մարանտին շատ մօտիկ յարաբերութիւններու մէջ է Իսլամական Յեղափոխութեան պահապան ջոկատներուն հետ եւ իշխանական բարձրաստիճան խաւին հետ, ուստի վերջինիս իւրաքանչիւր խօսքը կամ արտայայտութիւնը պարտաւոր ենք ընդունիլ լրջութեամբ եւ խորհիլ անոր իւրաքանչիւր յայտարարութեան մասին:

Իրանի  բարձրաստիճան պատասխանատուներու ուշադրութենէն անշուշտ չի վրիպիր Փաշինեանի վերջին եօթը տարիներուն ցուցաբերած վարքագիծը` Իրանի ու անոր բարձրաստիճան պատասխանատուներուն նկատմամբ: Վստահաբար իրանցիները պիտի չմոռնան Իրանի վրայ Ամերիկա-Իսրայէլ տասներկու օրերու յարձակումին յաջորդած Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Թեհրանի հակառակորդներուն ցոյցերը եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն բացայայտ բարեացակամութիւնը` ցուցարարներուն նկատմամբ:

Իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու ուշադրութենէն նաեւ պիտի չվրիպի Ամերիկայի կողմէ նահատակուած հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահուան առիթով Երեւանի դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ ոեւէ պաշտօնատարի ցաւակցական գիրի բացակայութիւնը կամ նոյնիսկ դեսպանատուն չայցելելուն իրողութիւնը:

Յառաջիկայ օրերը Փաշինեանի փորձաքարը պիտի դառնան: Փորձաքար մը, որ երկսայրի սուր է իր գլխին ճօճուող: Հազար ու մէկ մեղքի մէջ խորասուզուած Փաշինեանը արդեօք պիտի կարենա՞յ իր տէրերու գծած ուղիէն դուրս գալ եւ շնորհաւորել Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդ Մոջթաբա Խամենէիի նշանակումը, այլապէս իրանցիները պիտի չներեն Փաշինեանին:

Մարտ 9, 2026
Լոս Անճելըս

Նախորդը

Զօրանանք Տիրոջմով

Յաջորդը

Նահատակ Ընկեր Զաւէն Թաշճեանի 40-րդ Տարելիցի Նշում

RelatedPosts

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.