Յօդուածներ

Արհեստական  Բանականութիւնը  Հակամարտութեան Մէջ. Մարդկութիւնը  Հսկողութեան Տակ  Պահելը

Արհեստական Բանականութիւնը Հակամարտութեան Մէջ. Մարդկութիւնը Հսկողութեան Տակ Պահելը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ ՄԱԿ-ի կայքէջը անցեալ տարեվերջին հրապարակեց մտահոգութիւն մը` պատերազմներու, հակամարտութիւններու առնչուած, արծարծելով արհեստական բանականութեան վերապահուած դերակատարութիւնը մարդկութիւնը հակակշռելու ջանքերուն մէջ: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Բանավէճը Գիտաերեւակայականէն Կ՛անցնի Իրականութեան Տասնամեակներ շարունակ զանգուածային մշակոյթը պատկերացուցած է արհեստական բանականութեան (ԱԲ) կողմէ ղեկավարուող մեքենաներու վտանգները, որոնք կ՛ազդեն պատերազմի որոշումներու վրայ: Colossus: The Forbin Project-էն (1970), որ կը  պատկերէր գերհամակարգիչի կողմէ կորիզային  հրամանատարութեան...

Հոգեխոցի Ըմբռնումը Եւ Ծնողներու Դերը` Տագնապներու Յաղթահարումին Մէջ

Հոգեխոցի Ըմբռնումը Եւ Ծնողներու Դերը` Տագնապներու Յաղթահարումին Մէջ

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Տագնապներով, պատերազմներով եւ անորոշութեամբ բնորոշուող ժամանակակից աշխարհին մէջ մանուկներու եւ պատանիներու հոգեկան եւ մտային առողջութիւնը կը դառնայ առաջնահերթութիւն` կրթական եւ ընտանեկան համակարգերուն համար: Մանուկներն ու պատանիները ոչ միայն ականատես են այս իրադարձութիւններուն, այլեւ անոնց ազդեցութեան տակ կը կերտեն իրենց աշխարհընկալումը, ինքնութիւնը եւ ընկերային յարաբերութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ ծնողներուն դերը կ՛անդրանցնի առօրեայ խնամքի պարտաւորութիւններու ծիրը եւ կը վերածուի...

«Փախածներն» ու Պատասխանատուութեան Ուրացումը

«Փախածներն» ու Պատասխանատուութեան Ուրացումը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Հաւանաբար բոլորդ ալ տեսած էք 22 մարտի պատահարին աղմկայարոյց տեսանիւթը. Երեւանի մեթրոյի կառքին մէջ քարտէս-կրծքանշաններ բաժնող վարչապետին ու Արցախէն տեղահանուած կնոջ մը միջեւ հանդիպումը վայրկեաններու ընթացքին վերածուեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած փաշինեանական պոռթկումի: «Փախածներով չփորձէք ասել, որ ես Ղարաբաղ եմ տուել», յոխորտաց երկրի ղեկավարը քաղաքացիին վրայ, որ իր ցաւն ու կորուստը յիշելով` պարզապէս (եւ քաղաքավարօրէն) կը մերժէր վարչապետին փորձերը:...

Մահացաւ Լիբանանի Մշակութային Կեանքի Գործիչներէն Թորոս Սիրանոսեանը

Մահացաւ Լիբանանի Մշակութային Կեանքի Գործիչներէն Թորոս Սիրանոսեանը

11 մարտին մահացաւ լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ իր նշանակալի դերակատարութիւնը ունեցած Թորոս Սիրանոսեանը, որ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի փառատօներու ու գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու ստեղծման ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկն էր: Ան աւելի քան հինգ տասնամեակ իր կեանքը նուիրեց լիբանանեան արուեստի տարածման եւ զբօսաշրջութեան ծառայութեան: Սիրանոսեան ճանչցուած էր զանազան տիտղոսներով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներն են «Շրջուն զբօսաշրջութեան նախարար»-ն ու «Արուեստի դեսպան»-ը: Ան առաջիններէն էր,...

Սթափելու Ժամանակը

Պատերազմը Նպատակ Ունի՞

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը Իրանի դէմ թեւակոխեց երրորդ շաբաթը: Պատերազմը շղթայազերծողները կը նախատեսէին, որ երկրի գլխաւոր ղեկավարներու սպանութիւններով սկսած բուռն ռմբակոծութիւնները շուտով պիտի յանգեցնեն իրանեան վարչակարգի փլուզման: Գաղտնի սպասարկութիւններու նախատեսութիւնները սխալ դուրս եկան, որովհետեւ իրանեան իշխանութիւնները ոչ միայն ղեկավար պաշտօններու բացերը կրցան նորերով փոխարինել, այլ նաեւ զսպել հաւանական ըմբոստութեան փորձը: Իրան, ինչպէս սպառնացած էր, հեռավար հրթիռներով...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Միջին Արեւելքը Եւ Ծոցի` Իրան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Պատերազմի Լոյսին Տակ. Սրում Եւ Ռազմավարական Վերադասաւորում

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող հակամարտութիւնը կը ներկայացնէ վճռորոշ շրջադարձ մը Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ռազմավարական միջավայրին մէջ: Այն, ինչ որ երկար ժամանակէ ի վեր կը սահմանափակուէր վերահսկուած եւ անուղղակի «ստուերային պատերազմով», այսօր վերածուած է աւելի բացայայտ եւ բազմաշերտ բախման մը, որ կը վերափոխէ ոչ միայն ուժերու հաւասարակշռութիւնը, այլ նաեւ պատերազմելու ձեւերը` ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Այս...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Ժամանակը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Պատերազմներու ժամանակի տեւողութիւնը մեծ դեր կը խաղայ թէ՛ զինուարական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական ճնշումներու իմաստով: Իրանի դէմ իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմը եթէ կարճ ժամանակի ընթացքին արդիւնքներու հասնէր, բնականաբար տարբեր եզրակացութիւններու պիտի յանգէին: Ժամանակը ի վնաս Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին է, ժամանակէն օգտուողը Իրանն է: Պատերազմի սկսիլը առաջին քայլը առնողին որոշումով կ՛ըլլայ, սակայն աւարտը` ոչ անպայման: Արդարեւ, ժամանակի հանգամանքը մեծ...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Կլատիաթէօրներու Մարտադաշտերէն Մինչեւ Տրոններու Ու Հրթիռներու Աշխարհ. Նորօրեայ Բարբարոս Կայսրիկներն Ու Կայսրերը, Ծափող-Նկարող-Լափող Հաւաքականութիւնն Ու Չզիջող-Չյանձնուող Ժամանակակից Սպարտակիւսները

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Հին Հռոմէական կայսրութեան մէջ կլատիաթէօրներու մենամարտերը տեղի կ՛ունենային հազարաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեամբ: Կայսրերը այս ծրագիրները կ՛իրականացնէին` հասարակութիւնը համախմբելու, հեղինակութիւն ցուցադրելու եւ երբեմն ալ հաճելի ժամանակ անցընելու: Մենամարտողները ստրուկներ, պատերազմի գերիներ եւ կամ ալ «հերոսացման» ուղիին ձգտող ու նիւթական շահեր հետապնդող «ազատ» մարդիկ էին, որոնք կը ստանային յատուկ մարտական դաստիարակութիւն: Պարտուած կլատիաթէօրին ճակատագիրը կ՛որոշուէր կայսեր եւ երբեմն ալ հանդիսատեսներու «քուէարակութեամբ»:...

Մարդկութեան Խաւար Եզրին Առջեւ

Մարդկութեան Խաւար Եզրին Առջեւ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Աշխարհը կրկին կը գտնուի մռայլ փուլի մը առջեւ, ուր պատերազմը այլեւս  չի  սահմանափակուիր միայն ռազմաճակատի սահմաններուն մէջ, այլեւ կը թափանցէ` քաղաքներու սիրտը, դպրոցներու պատերէն ներս, հիւանդանոցներու սրահներուն մէջ: Իրանի եւ Լիբանանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումները   ռազմավարական քայլեր կը ներկայացուին, սակայն իրականութիւնը աւելի դաժան է. անոնք վերածուած են մարդկային ողբերգութիւններու, որոնց զոհը կը դառնան անմեղ քաղաքացիներ: Անխնայ ռմբակոծումները, յաճախ  կոյր`...

Երբ Արեւագալը Կը Հրաւիրէ Հոգեւոր Վերանորոգումի

Երբ Արեւագալը Կը Հրաւիրէ Հոգեւոր Վերանորոգումի

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Մեծ պահքի ընթացքին հաւատացեալին սրտին ու հոգիին խօսող արեւագալի հնչեղ ժամերգութիւնը տարբեր խորհուրդ մը կը ստանայ, երբ մարդ իր ամբողջ էութեամբ կը փորձէ իր հոգիին խորքը թափանցել եւ հասնիլ հոգեւոր վերանորոգման վսեմ գործընթացին: Արեւագալ եզրը, որ կը նշանակէ «արեւուն ծագիլը» կամ «հասնիլը»,  սոսկ նիւթեղէն արեւածագին չի վերաբերիր, այլ նիւթեղէնէն անդին` հոգեւոր լոյսի խորհրդանիշն է, որ կը ներկայացնէ:...

Սահակ Բ. Կաթողիկոս Քեսապի Մէջ.  Սահակեան Եւ Աղջկանց Դպրոցներու Կառուցում

Սահակ Բ. Կաթողիկոս Քեսապի Մէջ. Սահակեան Եւ Աղջկանց Դպրոցներու Կառուցում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սահակ Բ. կաթողիկոս Գալատուրանի մէջ, Մանճիկեան թաղի խոշոր տանձենիին տակ. աջին` Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան եւ Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան. ձախին` Գիւտ ծայրագոյն վարդապետ Մխիթարեան: Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան, Կիլիկիոյ աղէտահար ժողովուրդին հովուական այցելութեան ճամբուն վրայ 1909-ի ամրան Քեսապ հասնելով ժողովրդային փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ: Զանգահարութեամբ, խաչով, խաչվառով, Աւետարանով, խունկով ու մոմով, քահանաներու առաջնորդութեամբ եւ հազարաւոր հաւատացեալներով շրջապատուած, կաթողիկոսը առաջնորդուեցաւ...

Փաշինեան «Փախածներ» Կոչեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութիւնը

Փաշինեան «Փախածներ» Կոչեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութիւնը

Կիրակի, 22 մարտին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած էր շրջիլ Երեւանի մէջ եւ Երեւանի բնակիչներուն տրամադրութիւնները շօշափել` նախընտրական արշաւի ծիրին մէջ: Սակայն ամէն ինչ այդքան ալ պարզ ու դիւրին չընթացաւ, ինչպէս ան կը կարծէր: Արդարեւ, «Իրական Հայաստան»-ի քարտէսը անցորդներուն բաժնող Փաշինեան մեթրոյին մէջ իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ ցոյց տուաւ Արցախի վերաբերող որեւէ մատնանշում ու յիշեցում մերժողի, չհանդուրժողի իր խանգարուած ու...

Մահացաւ Բարսեղ Կանաչեանի Դուստրը` Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան

Մահացաւ Բարսեղ Կանաչեանի Դուստրը` Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան

Հանրահռչակ յօրինող-երաժշտագէտ Բարսեղ Կանաչեանի դուստրը`  Սեդա Կանաչեանը (ծնած` Կիպրոս, 19 նոյեմբեր 1926-ին), մահացաւ խոր ծերութեան մէջ, կիրակի, 22 մարտին, Միացեալ Նահանգներ: Երկու տարեկանին իր մայրը (Քնար) կորսնցուցած` ան չզրկուեցաւ մայրական գուրգուրանքէ: Որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք Բարսեղ Կանաչեան ամուսնացաւ Քրիստինէ Գալֆայեանին հետ, որ «Մամի» անունով ճանչցուելով իր մտերիմներուն կողմէ` լաւապէս հոգ տարաւ Սեդային եւ քոյրերուն (Այտա եւ Ռիթա): Իր հօր տեսողութիւնը...

Կեանք-Պարգեւը

Կեանք-Պարգեւը

 ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Ե. Հաւատացեալի Աղօթքին Պատասխանը  Ադամ չորեքշաբթի գիշերուան Աստուածաշունչի սերտողութեան ներկայ կը գտնուի: Հովիւը զԱստուած մտիկ ընելու եւ անոր խօսքին հնազանդելու մասին կը խօսի: Ադամ կը զարմանայ եւ ինքզինքին հարց կու տայ. «Աստուած տակաւին մարդոց հետ կը խօսի՞»: Աստուածաշունչի սերտողութենէն ետք Ադամ ընկերներուն հետ սուրճ խմելու կ՛երթայ, եւ միասնաբար հովիւին ըսածներուն մասին կը զրուցեն: Շատեր կը պատմեն, թէ...

Տարածաշրջանային Հակամարտութիւնից Մինչեւ Ընդհանուր Անվտանգութեան Եւ Ուժանիւթի Ճգնաժամ

Տարածաշրջանային Հակամարտութիւնից Մինչեւ Ընդհանուր Անվտանգութեան Եւ Ուժանիւթի Ճգնաժամ

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Ժամանակակից միջազգային անվտանգութեան համակարգում ծովային հաղորդակցութիւնների եւ ուժանիւթի մատակարարումների անվտանգութիւնը դարձել է ընդհանուր կայունութեան առանցքային բաղադրիչներից մէկը: Մերձաւոր Արեւելքում սրուող հակամարտութիւնները յատկապէս ընդգծում են այն հանգամանքը, որ ռազմավարական նշանակութեան ծովային «խեղդուող կէտերը» կարող են վերածուել համաշխարհային տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամերի կենտրոնների: Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնների խորապատկերին, որոնցում առանցքային դեր են խաղում Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը,...

Սարգիս Մահսէրէճեանին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուած

Խօսք՝ Քառասունքի, Յարգանքի Ու Երախտիքի (Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Վաղը մահուան քառասունքն է ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանին՝ շատերուն ծանօթ եւ սիրելի ընկեր Սագոյին, «Ազդակ»ի՛ Սագոյին, որ 10 Փետրուարին անդարձ մեկնեցաւ, հայ մամուլին եւ մանկական գրականութեան պատկառելի աւանդ մը ձգած իր ետին։ Ընկեր Սագոյին ծառայութեան գլխաւոր դաշտը եղաւ Լիբանանը, ուր 1976-1997 ան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի անձնակազմին, նախ իբրեւ օգնական խմբագիր, ապա՝ խմբագիր եւ վերջապէս՝ տնօրէն եւ...

Քառասունք` «Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի

Քառասունք` «Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի

40 օրեր առաջ Լոս Անճելըսի մէջ անժամանակ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեանը, որ երկար տարիներ լիովին նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ: Նախապէս յայտարարած էինք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը որոշած է անոր նուիրել «Ազդակ»-ի յաւելուած մը, որ պիտի ներառնէ մամլոյ վաստակաւոր գործիչին մասին յուշագրական նիւթեր եւ անոր...

«Պատերազմ Կը Յայտարարեն Ծերերը, Բայց Սպաննուելու Կ՛երթան Երիտասարդները»

«Պատերազմ Կը Յայտարարեն Ծերերը, Բայց Սպաննուելու Կ՛երթան Երիտասարդները»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Փիքասոյի Կեռնիքա կտաւը ճանչցուած է որպէս պատերազմի մասին արուեստի լաւագոյն գործերէն: Պատերազմներու մասին նետերլանտցի փիլիսոփայ Սփինոզայի (1632-1677) խօսքը այս օրերուն շատ դիպուկ է` նկատի ունենալով ժամանակակից «դերակատարները»: Մարդիկ միշտ ալ հարցուցած են, որ կարելի չէ՞ խուսափիլ պատերազմէն: Գոհացուցիչ պատասխան ունի՞ այս հարցումը: Փիլիսոփաներ, մտածողներ, քաղաքական գործիչներ տարաբնոյթ կարծիքներ արտայայտած են: Ն.  Պատերազմը Անդիմադրելի Մարդկային Մղո՞ւմ Է, Թէ՞...

Հաղորդագրութիւն

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

Մարտ ամիսը միայն գարնան սկիզբը չէ, այլ նաեւ յիշեցում մը` պայքարի եւ յառաջընթացի: Կիներու միջազգային օրը ծնունդ չառաւ իբրեւ սոսկ տօն, այլ իբրեւ ձայն բարձրացնելու օր` անարդարութիւններու, անհաւասարութեան եւ ճնշումներու դէմ: 1917 թուականին Ռուսիոյ մէջ կիներու բողոքները` «Հաց եւ խաղաղութիւն» պահանջող, դարձան շրջադարձային. քանի մը օր անց ցարը հրաժարեցաւ գահէն, եւ կիները ստացան ընտրելու իրաւունք: Տարբեր երկիրներու մէջ եւս կիներու...

Հայուհին` Ազգի Յառաջդիմութեան Շարժիչ Ուժը

Հայուհին` Ազգի Յառաջդիմութեան Շարժիչ Ուժը

ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԷՀԻԶԵԱՆ Մարտ ամիսը ընդհանրապէս եւ յատկապէս մարտ 8-ն համաշխարհային օրացոյցին մէջ ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Անիկա պարզապէս տօն մը չէ, այլ կենսական յիշեցում մը` կիներու իրաւունքներու համար մղուած տասնամեակներու պայքարին մասին: Հայ իրականութեան մէջ այս օրը նաեւ յարմար առիթ մըն է վերարժեւորելու հայ կնոջ տիպարը, որ դարեր շարունակ եղած է ընտանիքի անսասան սիւնը, ազգային գոյատեւման երաշխիքը եւ, երբ հարկը պահանջած...

Page 43 of 1110 1 … 42 43 44 … 1,110

Արխիւներ