Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրիշխանութեան Արմատները

March 20, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԳՕ ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ

Երբ փորձ կը կատարենք հասկնալու ընթացքի մը կարգավիճակը, պէտք է սկսիլ պատմութեան առաջին իսկ օրերէն` փնտռելով պատճառները եւ փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցան այս երկար ժամանակաշրջանին ընթացքին, եւ որոնց արդիւնքն է այսօրուան իրողութիւնը:

Հայրիշխանական ժամանակաշրջանին արական սեռը կը տիրապետէր բարձր պաշտօններու, կը պարտադրէ իր որոշումները տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՛իշխէ աշխարհին:  Բարեբախտութի՞ւն, թէ՞ անբախտութիւն: Պէտք է փոխե՞լ, թէ՞ պահել:

Արդեօք ինչո՞ւ կ՛ապրինք հայրիշխանական տիրապետութեան տակ:

–  Ֆիզիքական ուժի առաւելութիւն

Տղամարդը ի ծնէ կենսաբանօրէն մկանային եւ ոսկրային աւելի ուժեղ կազմ ունի` բաղդատած կնկան, նաեւ թեսթոսթերոնի հորմոնի տղոց մօտ առկայութիւնը անոր կու տայ ֆիզիքական յաւելեալ ուժ: Ի վերջոյ գետնի վրայ ֆիզիքական ուժը ամէնէն հզօր ուժերէն է, որովհետեւ ուղղակիօրէն կապուած է մարդուն մահուան կամ կեանքին հետ, կը կիրարկուի ինքնապաշտպանութեան եւ նաեւ յարձակողական փորձառութիւններու ընթացքին: Այսպիսով տղամարդը ունի կարելիութիւնը պաշտպանելու նախ իր անձը, ապա իր ընտանիքն ու տունը: Նաեւ ֆիզիքական լաւ կազմ ունեցող տղամարդը կրնայ վախ յառաջացնել ուրիշներու մօտ, իսկ վախը կրնայ վերածուիլ ենթարկումի:

– Ապրուստի ապահովութիւն

Նախնադարեան օրերէն մինչեւ օրս, բայց նուազ համեմատութեամբ, տղամարդն է, որ տան ապրուստը կը հոգայ` ըլլայ ուտելիք ապահովելով (գնել, հնձել ու որսալ) եւ պարզապէս գործ աշխատելով եւ տան նիւթական աղբիւրը ըլլալով: Այսինքն, այլ իմաստով` տան գոյատեւման կարգավիճակը կապուած էր տղամարդուն ճիգերուն: Դրամի եւ ապրուստ ապահովելու ուժը նաեւ իշխող ուժ կը համարուի մեր առօրեայէն ներս:

– Պատերազմի գերիշխանութիւն

Յայտնի իրողութիւն է, թէ երկիրներու միջեւ պատերազմներու եւ կռիւներու յաղթականներն են, որ կ՛իշխեն աշխարհին, իսկ պատերազմներուն մեծամասնութիւնը ծրագրած եւ անոնց մասնակցած են տղամարդիկը: Առաւել կէտ մը եւս` տղամարդուն գերակայութիւն տուող:

– Կրօնքի դերը

Պատմութեան առաջին օրերէն մինչեւ օրս, կղերական եւ հոգեւորական հասարակ կամ ղեկավար դասակարգի պաշտօնները վարած են տղամարդիկ:  Մեր կրօնքին մէջ կինը չի կրնար դառնալ կաթողիկոս կամ վարդապետ, ուստի չի կրնար մաս կազմել  այն եկեղեցական ընտանիքին, ուր կը կազմաւորուին առաջնորդներ եւ ղեկավարներ:

Պէտք է յիշել նաեւ, որ Աստուծոյ միակ որդին` Յիսուսը, եւ անոր 12 աշակերտները արական սեռին կը պատկանէին, նոյնիսկ իսլամներու կողմէ պաշտուած Մոհամետը` Աստուծոյ վերջին մարգարէն, այր է. յայտնի եւ պաշտուած դէմքեր, որոնք յաւելեալ ուժ կը ներշնչեն մինչեւ օրս:

Բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ կրօնքը միշտ ալ եղած է իշխող ուժն ու իտէալը ազգերու, իսկ կրօնքին մէջ առաջնորդողները տղամարդիկ են, որոնք կը գերադասէին կիները իրենց առօրեայէն ներս:

– Գործի առիթ

Հետաքրքրական կէտ մը, որուն կ՛արժէ անդրադառնալ, բայց չունի նոյնքան ուժ եւ ազդեցութիւն, ինչպէս նախորդ կէտերը,  ամուսնացած կիներուն կը վերաբերի: Արդարեւ, վերջինները շատ մը ընկերութիւններու մէջ նոյնքան հաւասար առիթ չեն ունենար ընդունուելու կամ մեծ պաշտօններու հասնելու, որովհետեւ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ յղի մնան եւ երկար բացակային իրենց պաշտօնէն, այս պատճառով ալ շատ մը մեծ ու յարգուած ընկերութիւններ կը նախընտրեն տղոց յաւելեալ առիթ ընծայել, ինչ որ կը նուազեցնէ աղջիկներուն առիթները` հասնելու բարձր պաշտօններու:

Վերջապէս, աշխարհը նոյնը չէ ինչպէս սկզբնական օրերուն, ան տեւական յառաջդիմութեան մէջ է, գոյատեւելու միջոցները փոխուած են, նոյնիսկ մարդոց մտածելակերպը փոփոխութեան եւ զարգացման մէջ է: Զարգացում` արժէքներու եւ առաջնահերթութիւններու: Կարգ մը արժէքներ արդէն իսկ բոլորովին փոխուած են, ուրիշ արժէքներ փոխուելու ընթացքի մէջ են, ուրիշներ ալ երեւի կը մնան ինչպէս որ են:

Այսօր ֆիզիքական ուժը նոյնքան կարեւորութիւն չունի, որքան առաջ, զարգացած աշխարհը կը տիրապետէ պատերազմներուն, եւ ուժի հաշիւները կը փոխուին: Ինչպէս նաեւ ներկայ օրերուն կիները որոշ չափով նոյնքան ապրուստ կրնան ապահովել ընտանիք մը ապրեցնելու, որքանով տղամարդիկը, ուրեմն այլեւս տղամարդը աւելորդ ուժ մը չի կրնար ունենալ այս ոլորտին մէջ:

Երեւի «ուժ» բարի ըմբռնումը հետզհետէ կը փոխուի՞ եւ կ՛արժեւորուի՞ տարբեր իմաստի եւ մտածողութեան մէջ…

Ի վերջոյ հաւասար առիթ պէտք է ընծայուի բոլոր անոնց, որոնք արժանի են եւ կը տիրապետեն համապատասխան պաշտօնին անհրաժեշտ հմտութեան, ինչպէս նաեւ կարողութիւնը ունին ղեկավար դառնալու եւ ուժ պարտադրելու անկախ անկէ, թէ ո՛ր սեռին կը պատկանին:

 

 

Նախորդը

Կիները` Քնքուշ Եւ Տոկուն

Յաջորդը

Հայուհին` Ազգի Յառաջդիմութեան Շարժիչ Ուժը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.