Մարտ 8-ն միայն տօնախմբութիւն չէ, այլ յիշեցում հայ կնոջ առաքելութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին:
Հայ կինը միայն ընտանիքի անդամ չէ, ան առաջին ուսուցիչն է, առաջին աղօթողը եւ առաջինը, որ երեխային ականջին մէջ կը յուշէ մայրենի լեզուին սրբութիւնը: Այն տունը, ուր մայրը հայերէն կը խօսի, հոն հայրենիքը կը շարունակէ շնչել, նոյնիսկ երբ այդ տունը հազար քիլոմեթր հեռու է հայրենիքէն:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան մէջ կինը երբեք անտեսանելի չէր: Ան եղած է կազմակերպող, դաստիարակող եւ պայքարող: Դաշնակցական կնոջ դերը երկրորդական չէ, այլ սկզբնական. ան բռնած է զէնքը քաջարի ոգիով եւ պատրաստ կանգնած մարտի դաշտին մէջ:
Սփիւռքի ցուրտ ու տագնապալից օրերուն, հայ կինը եղած է կապող կամուրջ` անցեալին եւ ապագային միջեւ: Զինուորը կրնայ զօրութիւնը ունենալ սահմանը պաշտպանելու, բայց հայ մայրը կը հսկէ հոգին, հաւատքը եւ հայրենասիրութիւնը: Երբ հայրենիքը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, հողը կը դառնայ պարզ տարածք: Իսկ մեր սուրբ կիները դարեր շարունակ եղած են այս ինքնութեան պահապանը` սփռելով լեզու, մշակոյթ ու հարուստ պատմութիւն իրերայաջորդ սերունդներու:
Ցեղասպանութենէն ետք, մեր պատմութեան մէջ ամէն բան դաժան ու խարխափած էր, բայց հայ կինը կանգնեցաւ որբերուն կողքին, մնաց ընտանիքին հիմը, կառուցեց նոր տուն ու դպրոցներ, եղաւ զոհուող հիւանդապահուհի եւ տեղահան ու կարիքաւոր մարդոց օգնող: Ան չյանձնուեցաւ յուսահատութեան, այլ ընտրեց ստեղծագործ կամքը: Իր ուժը խաղաղ ու սքանչելի էր, բայց նաեւ անխախտելի:
Այսօր հայ կինը կը շարունակէ այդ ուղին` պատիւով ու հպարտութեամբ, սակայն նորօրեայ պայմաններու մէջ: Ան բժիշկ է, իրաւաբան, քաղաքական գործիչ, արուեստագէտ… Ան բարձունքներ նուաճած է, առանց մոռնալու իր արմատները:
Այս կինը կը դառնայ իր կամքին, որոշումին ու գործին տէրը եւ կը շարունակէ իր կոչումն ու նուիրումը` դարերու ընթացքին եւ յաւերժ:



