Ֆրանսայի մէջ 5 մարտ 2026-ին իր մահկանացուն կնքեց տնտեսագէտ Ժիրայր Աշճեան:
Ժիրայր Աշճեան ծնած էր 4 հոկտեմբեր 1939-ին, Լիբանան: Ամուսնացած էր Շաքէ Պրունսուզեանի հետ եւ ունէր երեք զաւակ ու եօթը թոռ:
Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ, Ժիրայր Աշճեան եղած էր լիբանանեան դրամատան աշխատակից եւ դասախօս Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան Ֆրանսա փոխադրուեցաւ եւ Անկէրսի համալսարանին մէջ դասախօս եղաւ:
Աշճեան գործօն մասնակցութիւն ունէր հայ կեանքի տարբեր բնագաւառներէ ներս: Յատկապէս տնտեսագիտական շարք մը հետազօտութիւններ կատարած եւ յօդուածներ ու ուսումնասիրութիւններ գրած է:
Ժիրայր Աշճեան սերտ կապեր ունէր հայ եւ օտար անուանի արուեստագէտներու, գրագէտներու, բանաստեղծներու, երգիչներու ու դերասաններու հետ:
Ջերմօրէն կապուած իր ազգային արմատներուն ու ինքնութեան, ան հպարտ էր հայկական մշակոյթով, դպրութեամբ ու արժէքներով:
Աշխուժ մասնակցութիւն բերած է ֆրանսահայ հասարակական կեանքին:
Աշճեան մասնագիտական յօդուածներով աշխատակցած է «Ազդակ»-ին: Ժիրայր Աշճեանի անունը դրոշմուած կը մնայ սփիւռքահայ տնտեսագիտական մտքի պատմութեան մէջ:


