Մուսալեռցիները արուեստի հանդէպ յատուկ սէր ունեցող ժողովուրդ են: Հին դարերուն նոյնիսկ անոնք ճանչցուած էին որպէս գեղեցիկ կառոյցներ շինողներ: Ալեքսանտրեթի շրջանին մէջ մուսալեռցիներու կողմէ կառուցուած մեծաթիւ կամուրջներ եւ գեղեցիկ երկյարկանի տուներ տակաւին կանգուն են մինչեւ այսօր:
Մուսալեռցիներուն մէջ կան այնպիսի արուեստագէներ, որոնցմէ ոմանք համաշխարհային հռչակի տէր դարձան, նոյնիսկ ամէնէն դժուար արուեստի շրջանակներուն մէջ:
Եւ այսպէս, մուսալեռցի-այնճարցիները ունեցան երեք սերունդի արուեստագէտներ, որոնք արդէն պատկառելի թիւ մը կը կազմեն եւ հպարտութիւնն են հայ ժողովուրդին:
Այս արուեստագէտները հանրութեան ծանօթացնելու նպատակով Այնճարի «Արթ կալըրի»-ն սկսաւ հարցազրոյցներու շարքի մը, որուն ծիրին մէջ յունուար 2020-ին կատարուեցաւ հետեւեալ զրոյցը նորոգ հանգուցեալ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանին հետ:
Ստորեւ` անտիպ եւ վարդապետին կերպարը ներկայացնող հարցազրոյցը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ստեղծագործական ի՞նչ ուղի անցած է գեղանկարիչ Յարութ վրդ. Պզտիկեան, համառօտ գիծերու մէջ, խնդրեմ, պատմեցէք մեր ընթերցողներուն:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ.- Ամէնէն առաջ Մխիթարեան վանական եմ, եւ ամէն բանի այդ անկիւնէն պէտք է մօտենալ: Այն առիթները, որոնք ներկայացած են ինծի (իբրեւ եկեղեցականի) ամէնուն չեն ներկայանար: 1962-ին Վենետիկի պատրիարքարանը իր ափրիկեան առաքելութիւններուն համար բարեսիրական ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր տոժերու պալատին մէջ: Ես ալ հրաւէր ստացայ մասնակցելու եւ անակնկալօրէն գտնուեցայ նոյն սրահին մէջ` Տէ Գիրիգոյի, Սաէթթիի, Սան Թոմազոյի, Կուիտիի, Վետովայի նման աշխարհահռչակ անձերու կողքին, որոնց քաջալերական խօսքերը խթանեցին իմ ապագայ գործունէութիւնս (հայկական միջավայրէն հեռու), եւ այդ երկարեցաւ մինչեւ փարիզեան տարիներս:
Հ.- Արուեստի մէջ ի՞նչ է ձեր ոգեշնչումի աղբիւրը:
Յ. Վ. Պ.- Արարատը եւ Էջմիածինը չնկարած` կրեցի ազդեցութիւնը փարիզեան դպրոցի տիտաններուն (Փիքասոյի, Տալիի, Ժան Փոլ Սարթրի, Ժաք Փրեւերի եւ խումբին): Արդարեւ, շաբաթավերջերուն կը յաճախէի «Մոնփառնասի աթըլի»` «Վերնատունը», միաժամանակ ծանօթանալով Գառզուի, Շարթի, Ժանսէմի, Արշակի, Զարեհ Մութաֆեանի, Թիւթիւնճեանի, Փափազի եւ այլ հայ անուանի նկարիչներու, որոնք սկսած էին յայտնի դառնալ արուեստի մայրաքաղաքին մէջ: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած էի Մութաֆեանի եւ նոյնինքն Փիքասսոյի կողմէ. անոնք ինծի առաջարկեցին «սալոն»-ներու մասնակցիլ, եւ փարիզեան առաջին ցուցահանդէսս հովանաւորեց մեծ վարպետը (Փիքասոն), ինչ որ առիթ տուաւ, որ այդ տարիներուն մայր դռնէն մտնեմ փարիզեան դժուար եւ պահանջկոտ արուեստի աշխարհին մէջ:
Այս բոլոր նպաստաւոր պատահականութիւնները դիւրացուցին մուտքս, եւ յաջորդեցին ցուցահանդէսներս Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ: Բնականաբար եկեղեցականի հանգամանքս իր դերը կը կատարէր:
Հ.- Խօսինք ձեր ոճին մասին:
Յ. Վ. Պ.- Ոճս եւ գիտարուեստական բաժինը վենետիկեան եւ դասական տուեալներու խառնուրդ մըն է, որուն հաւատարիմ մնացած եմ մինչեւ հիմա:
Հ.- Ի՞նչ է գեղանկարչութիւնը ձեզի համար:
Յ. Վ. Պ.- Հաւատացեալի մը ապրումն է` մասնակցելու Արարիչին հետքերով, ստեղծագործութեան, քանի Աստուած իր պատկերի նման ստեղծեց մարդը, այսինքն ստեղծագործելու կարողութիւն տուաւ, բան մը, որ ո՛չ հրեշտակները ունին, ո՛չ ալ անասունները:
Հ.- Ձեր մասնագիտական կեանքին ընթացքին պատահա՞ծ է իրադարձութիւն մը կամ դէպք մը, որ յատուկ կերպով ոգեշնչած է ձեզ:
Յ. Վ. Պ.- Ես շուրջս կը նայիմ (բնութեան եւ մարդկութեան)` միշտ նոր երեւոյթներ փնտռելու. ամէն բան կրնայ ոգեշնչել զիս. մեր կեանքը շատ կարճ է, եւ բնութեան ու մարդկութեան ներշնչած հարստութիւնը այնքան զանազան է, որ կեանք մը չի բաւեր ըմբոշխնելու այս բոլորը: Դաշտին մէջ երբ կովը կամ ոչխարը անշարժ ինծի նային, կը փորձեմ հասկնալ, թէ ի՛նչ է ուզածնին…
Հ.- Ձեր գեղանկարչական ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ հեղինակն էք շատ հարուստ շարք մը գիրքերու, ցարդ քանի՞ հատորներ հրատարակած էք, եւ ձեր հատորներուն հիմնական թեման ի՞նչ ուղղութեամբ կը զարգանայ:
Յ. Վ. Պ.- Շուրջ 50 հատոր լոյս տեսած են իմ ստորագրութեամբ: Ընդհանուր առումով, էսսէ-ներ են, կը փորձեմ ճամբորդութիւններուս առիթը օգտագործել (Հայաստան, Հալէպ եւ այլուր) եւ մարդոց առօրեայ կեանքը ուսումնասիրել: Ունենալով հանդերձ ընդհանուր գիծեր (Հայաստան , Լիբանան կամ Սուրիա), գիրքերը ունին իրենց իւրայատկութիւնները: «Շատ սուր է դիտելու աչքդ», օր մը ըսաւ Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ հաւատարիմ ընթերցողներէս է. բնականաբար կան նաեւ ազգային պատմական- մշակութային նիւթեր:
Հ.- 21-րդ դարը նոր մտածողութիւն բերած է բոլոր ասպարէզներուն մէջ, ձեր գործերով ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այսօրուան խնդիրները:
Յ. Վ. Պ.- Տարիները կը սահին, դարերը կը փոխուին, ԱՆՁԸ կը մնայ նոյնը եւ կ՛ընկալէ արտաքին փոփոխութիւնները` յարմարելով ժամանակի պահանջներուն, առանց զիջելու սկզբունքային կէտերու մէջ :
Գանձը ԱՆՁՆ Է, որ կը պահես փայտէ, արծաթէ կամ ոսկեպատ տուփին մէջ. ինք նոյնն է, պարունակողը ժամանակի ընթացքին կը փոխուի:
Յ. Գ. Ես Այնճարի չոր դաշտը տեսած եմ` առանց բնակարաններու, տեսած եմ բնակարաններով` առանց ծառերու եւ տեսած եմ իր սիրուն եկեղեցիով եւ շէն բնակչութեամբ, բայց այնճարցին նոյն հրաշալի ժողովուրդն է, զոր չես կրնար չսիրել:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ