ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մուսա Լեռ-Այնճար կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին վարդապետը խնդրեց, որ շրջինք նաեւ Այնճարի պարտէզներուն մէջ: Տեսնելով աջ ու ձախ խնամուած պտուղի պարտէզները` ուրախացաւ եւ հպարտացաւ: Նաեւ ըրաւ սրտցաւ խոստովանութիւն մը` յայտնելով. «Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ամրան արձակուրդները անցընեմ իմ հարազատ գիւղիս եւ ժողովուրդիս մէջ»: Մեկնելէ առաջ հրաշալի գեղանկար մը նուիրեց Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին: Մեկնեցաւ դարձեալ վերադառնալու խոստումով:
Վարդապետը ժառանգորդն էր Մուսա Լերան հերոսամարտի քաջարի նահատակներէն Յովհաննէս Գուճանեանի (Ֆենտ), որ լերան վրայ շարունակած էր կռուիլ մինչեւ պաշարուիլը եւ իր որսի զէնքով (գըրմա թէք) սպաննած էր հինգ թուրք զինուորներ: Վարդապետին երակներուն մէջ կը հոսէր այդ հերոսներուն արիւնը` ազգին եւ հայրենիքին համար միշտ պատրաստ ըլլալու վճռակամութեամբ:
Այդ այցելութեան ընթացքին արդէն գաւազանով սկսած էր քալել: Ըսաւ` երկաթ դրած են ողնայարին երկու կողմերը: Հետագային իմացայ, որ երբ հայկական եկեղեցիներ կ՛այցելէր, վանքի մը տանիքէն ինկած էր եւ վնասուած էր ողնայարը: Միայն բժշկական բարդ գործողութեան մը որպէս արդիւնք` չէր անդամալուծուած:
Դժբախտաբար, սակայն, վերջին տարիներուն չկրցաւ գալ դարձեալ եւ այժմ արդէն վերջնականապէս բաժնուած է այս աշխարհէն ու մեկնած` հանգչելու իր այնքան սիրած Ս. Ղազարի կղզիին մէջ:
Վարդապետին հետ ծանօթութիւնս կ՛երթայ մինչեւ 1980-ականներու երկրորդ կէսը, երբ առաջին անգամ առիթ ունեցանք Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի յարկին տակ կազմակերպելու իր առաջին նկարչական ցուցահանդէսը Այնճարի մէջ: Աւելի մօտէն ծանօթացանք վարդապետին, եւ մեր կապը դարձաւ մնայուն ու ջերմ:
Վարդապետը հիացուց մեզ: Ան ոչ միայն մեծ հոգեւորական էր, հայագէտ, գրաբարագէտ, նկարիչ, կրթական մշակ, քաջ մուսալեռցի, այլեւ` շատ մեծ հայ, որ կ՛ապրէր իր ժողովուրդին հոգերով եւ հայրենիքով:
Վարդապետը ստացած էր բարձր կրթութիւն` դոկտոր աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ արուեստի պատմութեան մէջ եւ յաջողած էր դառնալ հանրաճանաչ նկարիչ (վկայուած` Վենետիկի ակադեմիայէն) իր իւրայատուկ ապակիի փոշի ներկերով եւ Եւրոպայի տարածքին ու աւելի հեռուները զինք կը ճանչնային որպէս արդի նկարչութեան ամէնէն օժտուածներէն: Ստեղծած էր իր գերիրապաշտ ոճը եւ` միջազգային գնահատանքի արժանացած: Փիքասոն կազմակերպած էր իր առաջին ցուցահանդէսը: Արժանացած էր բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատականներու:
Վարդապետը, սակայն, չէր սահմանափակուած միայն նկարչութեամբ եւ հոգեւոր կեանքով, այլ ան բեղուն գրող էր եւ իր հրատարակած հատորները կը հասնին շուրջ 43-ի` հայերէն եւ օտար լեզուներով:
Վարդապետը նաեւ պաշտպանն էր հայ ճարտարապետութեան: Այցելելով տարբեր շրջաններ գտնուող մեր վանքերն ու եկեղեցիները` հանրութեան կը ներկայացնէր մեր ճարտարապետական հարստութիւնը առանձին գիրքերով: Այս աշխատանքին մէջ շատ մեծ է իր ներդրումը եւ` մնայուն: Մանաւանդ իրեն կը պարտինք Սեւ ծովի մերձափնեայ շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու «բացայայտում»-ը:
Սերունդներ դաստիարակած ուսուցիչ-տնօրէն էր վարդապետը, եւ այդ պատճառով ունէր լայն ծանօթութեան շրջանակ եւ դարձած էր բոլորի սրտին սիրելի վարդապետը:
Գործած էր թէ՛ Միջին Արեւելքի, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ամերիկայի հայկական գաղութներուն մէջ: Եղած էր Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն երկար տարիներ եւ` սերունդներ դաստիարակած:
Դարձած էր Մխիթարեան միաբանութեան ամէնէն գործունեայ եւ հաւատաւոր անդամը, որուն աշխատանքային ծիրը շատոնց անցած էր միաբանութեան սահմանները:
Յարութիւն Պզտիկեանը դարձած էր հայկական մշակոյթի արթուն պահակը եւ իր աշխուժ աշխատանքներով սիրուած` յատկապէս երիտասարդներուն կողմէ:
Վերջին տարիներուն ան տէրն ու տնօրէնն էր իր ամէնէն սիրած Փարիզի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին եւ ծրագրած էր այս վարժարանը վերածել Եւրոպայի հայկական մշակութային կեդրոնի: Պէտք էր տեսնել իր խանդավառութիւնը, երբ ցոյց կու տար մշակութային կեդրոնի քարտէսները, որոնք պատրաստուած էին մեծ բծախնդրութեամբ:
Մնաց միշտ արթուն եւ հայկական արժէքներու պաշտպան, չնահանջեց, նոյնիսկ երբ քանի մը անգամ յարձակում գործուեցաւ վարժարանին վրայ, որ դժբախտաբար չդատապարտուեցաւ ըստ արժանւոյն:
Արցախեան վերջին պատերազմը սարսափելիօրէն ազդեց իր հոգիին վրայ: Չհաշտուեցաւ մեր կորուստներուն հետ, բողոքեց, դժգոհեցաւ եւ դժբախտաբար հոգեպէս աւելի ընկճուեցաւ: Դիմատետրի վրայ ամէն օր ըսելիք ունէր: Կը ներկայացնէր մէջբերումներ եւ աղօթքներ:
Հակառակ այս բոլորին, սակայն, մնաց իր սիրած վարժարանին մէջ որպէս տնօրէն` մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը:
Վարդապետը մնաց պատնէշի վրայ, մահացաւ աշխատանքի սեղանին վրայ:
Ա՜խ վարդապետ, ա՜խ,
Վա՜խ վարդապետ, վա՜խ,
Դուն մեկնեցար:
Հայր Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանի կորուստը ծանր է: Ազգը, Հայ եկեղեցին, Մխիթարեանները, հայ մշակոյթը` գրականութիւնը, նկարչութիւնը, կրթութիւնը, հայկական ճարտարապետութիւնը ` բոլորը կորսնցուցին մեծ վարդապետը:
Վարդապե՛տ, դուն մեծ էիր, մեծ պիտի մնաս յաւիտեան:
Վարդապե՛տ, դուն մեր լուսաւոր աստղն ես, որ պիտի շողայ յաւիտեան:
29 ապրիլ, 2021
Մուսա Լեռ-Այնճար