Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորքային Ճշմարիտ Փոփոխութեան Մը Սպասումով

Մայիս 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախընտրական հետզհետէ թէժացող մթնոլորտին մէջ, երբ քաղաքացիներու հայեացքները սեւեռուած էին իշխանութեան փոփոխութեան ուղղութեամբ, Ազրպէյճան կատարեց իր հերթական հակահայկական գրոհը. Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի շրջաններուն մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերը ներխուժեցին Հայաստանի գերիշխան տարածքներ, յայտարարելով, որ անոնք իրենցն են: Իր տարած յաղթանակէն գինովցած, Իլհամ Ալիեւ իր լկտի յայտարարութիւնները կը գործնականացնէ ու լպիրշ եղանակով կը սպառնայ նոյնիսկ… Հայաստանի գոյութեան:

Ո՛չ ստեղծուած վիճակին պատճառները, ո՛չ ալ զայն դարմանելու համար ձեռք առնուած միջոցները այս հանգրուանին հրապարակային քննարկման առարկայ պէտք չէ դառնան: Պաշտօնակատարի հանգամանքով գործող իշխանութիւնը ազգային բոլոր ուժերը, բոլորը, պէտք է զօրաշարժի ենթարկէ: Իսկ ազգային ուժերը պէտք է մասնակից դառնան ազրպէյճանական նորագոյն այս յարձակումին ետ մղման գործին: Քննարկումը հարկ է յետաձգել ապագային, երբ Հայաստան վերատիրացած կ՛ըլլայ իր հողերուն:

Համագործակցելով հանդերձ իրարու հետ ի խնդիր Հայաստանի հողային ամբողջականութեան վերահաստատման, կուսակցութիւնները եւ զանազան այլ կազմակերպութիւններ չեն կրնար անտեսել գալիք ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնը: Հիմնական գաղափարներու շուրջ գոյացող միասնականութիւնը չ՛ենթադրեր անպայման միատեսակ մտածողութիւն, ո՛չ ալ` անցեալէն եկած տարակարծութիւններու, բաժանումներու, քէներու յարատեւում: Ընտրութիւնը նոր սկիզբի մը կարելիութիւնը կը շնորհէ, անցեալի սխալները սրբագրելու եւ ապագային նորովի նայելու հնարաւորութիւն կը պարգեւէ: Դրական մօտեցումով պէտք է գիտնանք օգտուիլ հրամցուած առիթէն:

Ընտրարշաւը շուտով կը սկսի: Ընտրութեան մասնակցող կուսակցութիւնները եւ դաշինքները հանդէս պէտք է գան ճգնաժամի մատնուած երկրին նոր մղում տուող ծրագիրներով: Դժբախտաբար, թէ՛ հեռաւոր եւ թէ՛ մտաւոր անցեալի սատանայացումը մեծ թափով կը շարունակուի: Շատերը գոհ չեն երկիրը ճգնաժամի մատնած իշխանութիւններէն, սակայն կը վախնան հիներու վերադարձէն, քանի որ ամբողջ երեք տարի, հիները ամբաստանուեցան բազում մեղքերով, անոնց վերագրուեցան բոլոր ձախողումները, անոնց շարունակուող ազդեցութեամբ բացատրուեցան իշխանութիւններու շարունակական անյաջողութիւնները: Յայտնի է, որ թերութիւններու ու սխալներու չափազանցուած քննադատութիւնը կրնայ սովորական վրէպ մը անդարմանելի սխալի վերածել: Ժխտական իրողութիւններու այս չափազանցումը կ՛ամլացնէ տրամաբանութիւնը եւ անելանելի կը դարձնէ հարցերու առարկայական զննումը: Ազատ քաղաքացին կը վերածուի երկրին դիմագրաւած իսկական խնդիրները անտեսող, զանոնք դարմանելու միջոցները մոռցող, մարդոց իրական թէ կարծեցեալ թերութիւնները խոշորացոյցով դիտարկող միամիտ արարածի:

Առ այժմ, փնտռուածը այն բացառիկ անձնաւորութիւնն է, որ պիտի կարենայ կառավարել հանրապետութիւնը: Հայաստանի մէջ չկա՞ն քաղաքական այնպիսի այրեր, որոնք ի վիճակի են կառավարական վաւերական ու համապարփակ ծրագիր մը իրագործել: Համամասնական դրութիւնը կարելիութիւն կու տայ ընտրելու ոչ թէ բացառիկ անհատ մը, այլ կառավարման ծրագիր մը եւ այդ ծրագիրը իրագործելու ատակ հաւաքականութիւն մը: Այս է հիմքը համամասնական դրութեամբ ընտրուած Ազգային ժողովի կողմէ իրականացուող խորհրդարանական կառավարման: Չյոգնեցա՞նք բացարձակ ղեկավարներէն ու անոնց կամայականութիւններէն: Փոխարինենք զանոնք ծրագիրներով ու Ազգային ժողովը օժտենք հաւաքական պատասխանատուութեամբ գործող, ապագայի տեսիլք ունեցող, գաղափարապաշտ այրերով:

 

 

Նախորդը

Ողջոյն Մեր Մայրերուն (Մայրերու Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող Յօդուածը. Մեր Լինելիութեան Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?