ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անոնք, որոնք առիթով մը տեսած կամ կարդացած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսաթերթ «Հասկ»-ի փետրուար-մարտ-ապրիլ 1963-ի բացառիկ թիւը` նուիրուած երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման, անպայման հանդիպած պիտի ըլլային Մարի Պապիկեանի ստորագրութիւնը կրող «Փոխան աջահամբոյրի» սրտառուչ յօդուածին (Դամասկոս, 19 փետրուար 1963):
Իմ պարագայիս, ոչ միայն օրին սոյն գրութիւնը կարդացած եմ, այլեւ Դամասկոսի մէջ, համալսարանի երկրորդ տարիս, նախախնամութեան բարի տնօրինումով, շաբաթական տասը պահերու համրանքով, իբրեւ թուաբանութեան եւ արաբերէն լեզուի ուսուցիչ պաշտօնավարած եմ այն ազգային վարժարանին մէջ, ուր հանգուցեալ Մ. Պապիկեան նախակրթարանի բարձրագոյն կարգերուն տարիներէ ի վեր նուիրեալի շունչով հայոց լեզու կը դասաւանդէր:
Եւ ահա այդ օրէն ի վեր ինծի նոր բարեկամութիւն եւ նոր ու հարազատ աշխարհ մը կը սկսէր` շնորհիւ Մ. Պապիկեանի խորհուրդներուն, խնամքին եւ ծառայասիրութեան շնորհիւ:
Իսկ հիմա, հաստատապէս յուզիչ ըլլալով հանդերձ, կեանքի կ՛ուզեմ կոչել բառերս, մտքիս հոսքը յուշերուս հետ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ կրթական մշակը մտաւորական ալ է եւ յատուկ առաքելութիւն մըն ալ ունի մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ:
Այսօր նոյն այս մտաւորական ու վաստակաշատ կրթական մշակը կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք ինծի պէս փնտռած ու տեսած էին` իր պարկեշտութիւնն ու վեհանձնութիւնը, համեստութիւնն ու ջինջ հոգին, զորս իր համակ կեանքին խորհրդանիշները դարձուցած էր:
Ահա կ՛ըսեմ, հարազատ վկայ մը, որուն հայ գիրին, գրականութեան եւ մեր մշակոյթի հանդէպ ունեցած յարգանքը, սէրն ու պաշտամունքը, ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եղած էին անգնահատելիօրէն օրինակելի: Իրեն համար հայ դպրոցը, սերունդ պատրաստող կեդրոն մը ըլլալով հանդերձ, էր նաեւ հայկական պատկանելիութիւն եւ իմացական հաւաքական մթնոլորտ ստեղծող մտքի ու հոգիի շտեմարան մը, ուր աննահանջ հայութեան անփոխարինելի սնունդի պաշարը մէկտեղուած էր:
Հանգուցեալը իր կեանքի օրինակով եւ տասնամեակներու վրայ երկարող իր ներկայութեամբ իր պաշտօնավարած հայ դպրոցին տուած էր յատուկ դիմագիծ: Որովհետեւ ան, հայոց լեզուին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայուհի մը ըլլալով հանդերձ, իր լաւատեսութեամբ հարիւրաւոր աշակերտներ ներշնչած էր` իր բարոյական եւ մտային զօրութեամբ եւ իր ազգանուէր համոզումները, պատգամներով, աղօթքներով ու օրհնութեամբ, հայ գրականութեան գոհարներուն հետ միատեղ:
Անոնք, որոնք ճանչցան եւ ապրեցան անոր մտերմութիւնը եւ հետեւեցան կեանքի փուլերուն, անպայման պիտի հաստատեն, որ ան հաւատաւոր նուիրեալ եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր ծառայութիւնները իբրեւ առաքինութիւն բաժնած էր բոլորին:
Կան մարդիկ, որոնք կը ծառայեն պաշտօնին` անոր մէջ տեսնելով իրենց արժանիքը: Միւս կողմէ` կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք գործով կ՛իմաստաւորեն իրենց պաշտօնը: Անոնք կ՛առաջնորդուին ազգային տեսլականով: Այդպիսիներու արժէքը իրենց անձին մէջն է, ոչ` հանգամանքին, եւ տիկին Պապիկեան իր գործունէութեամբ, իր անխոնջ աշխատանքով երաշխաւորեց թէ՛ իր պաշտօնը եւ թէ՛ ինքզինք:
Պարկեշտութեան, վեհանձնութեան, համեստութեան խորհրդանիշն էր ան: Պատուական ընտանիքի մը դուստրը, որուն կեանքը անցաւ ուսուցչական ասպարէզի մէջ: Հայ գիրին ու գրականութեան հիացող մը, հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայուհի մը: Ամէն անգամ որ ծանօթ մը, բարեկամ մը, մտերիմ մը, միջուկով ազգայնական դէմք մը մեզմէ կը հեռանայ, մտքիս խորերէն յանկարծ ինքնածին մեծ հարցում մը կ՛ուղղեմ. «Արդեօք քանի մը էջերու անոր յետմահու տողերովս կամ գրելու այս որդեգրումովս պիտի կարենա՞մ արդարացնել մահացողին հաւատքին ու հոգեկան մեծութեան հանդէպ ունեցած յարգանքս»:
Բայց, որքան ալ մեր կեանքի մէջ ներմուծած ըլլանք այս երկրի ներկայի ընկերային կենցաղի տուրքերը, մեր հաւատքն ու սէրը, մեր յարգանքն ու մօտեցումը կը տարբերին միւսներէն, որովհետեւ շնորհիւ հայ մտքի անխոնջ մշակ հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի նման ուսուցչուհիներու կեանքի օրինակին` մեր համոզումը կը փոխուի, կը լուսաւորուի եւ կը դառնայ արմատական ու հաստատ:
Արդարեւ, բոլոր նուիրեալ հայ ուսուցիչներու նման, ինքն ալ մեր նորահաս սերունդին հոգիներուն մէջ, հայրենիքէն հեռու, փոքր հայրենիքներ կերտեց եւ այս ձեւով միշտ մնաց մեր գոյութեան ի խնդիր տարուած պայքարին, առաջնահերթ դիրքերուն վրայ:
Ու կրկնութեան գնով ըսեմ, որ հանգուցեալն ու իր ընտանիքը մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի տակաւին համալսարանական տարիներուս: Ահա թէ ինչո՛ւ հպարտօրէն կրնամ վկայել, որ հայ լեզուին, հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին համար իր ունեցած անսակարկ մատուցումը անզուգական էր եւ իսկ ազգին ծառայելու վաստակը` անհունօրէն գնահատելի:
Անձնասէր չեղաւ երբեք: Պաշտօններն ու հանգամանքները մանր փառասիրութեան կռուան չեղան, այլ` ազգին նկատմամբ յաւելեալ սիրոյ ու ծառայութեան: Եւ այս յանձնառու ծառայութիւնը եղաւ իր կեանքին կեդրոնը:
Սքանչելի հայուհի մըն էր ան, կրթուած, բանիմաց մեծ կին` բառին իսկական առումով ու բովանդակութեամբ, համեստ` թէ՛ հոգիով ե՛ւ թէ սրտով: Ահա թէ ինչո՛ւ իր երկու մանչերն ալ, հետեւելով իրենց մօր ուղեգծին, հաւատարմօրէն մինչեւ այսօր կը ծառայեն հայ գիրին ու գրականութեան, հայ հաւատքին եւ գաղութի հեւքին:
Տիկին Պապիկեան մէկն էր ամէնէն աւելի վաստակ ունեցողներէն, որ իր ամբողջական նուիրումով, վճռական հաւատքով եւ բացառիկ պարտաճանաչութեամբ ոգի եւ շունչ վատնեց յանուն նոր սերունդի ապագային:
Շողշողուն խօսքերու եւ բեմերու «մարդը» չեղաւ ան: Սակայն իր գործով յարգանք ու ակնածանք պարտադրեց բոլորին ու այս ձեւով իմացական եւ հաւաքական մթնոլորտ մը ստեղծողի ճարտարութեամբ, ան մնայուն հետք ձգեց իր անմիջական շրջապատին ու իր ապրած գաղութի կեանքին մէջ:
Ինծի համար իր հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ, ազգային նկարագրով իբրեւ ներկայի եւ ապագայի անշեղ կողմնացոյց մըն էր ան, որ ուխտեց եւ գործեց պարտաճանաչութեամբ:
Ժառանգած էր հայու ճակատագիր: Այսպէս, ծնած էր տեղ մը եւ կեանքը շարունակած ուրիշ երկիր` ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ իր կարողութիւններու առաւելագոյն լարումով: Հանգուցեալին համար հայոց լեզուի եւ գիրի կողքին պաշտելի էր նաեւ իր հայրենի հողը` ծննդավայրը, որուն ամբողջ կեանք մը մեծ կարօտով ապրեցաւ: Շնորհիւ իր վեհ կոչումին, ինք բոլոր պարտականութիւնները, իբրեւ ազգային առաքելութիւն իր վրայ առած, կը տանէր սիրով եւ անտրտունջ, յարգանքով եւ գիտակցութեամբ, որովհետեւ հանգուցեալը կը պատկանէր հայ ուսուցիչ կոչուած օրհնեալ այն փաղանգին, որ մեր նոր սերունդներուն մտքերէն եւ հոգիներէն ներս ոգեկան հայրենիք կը կառուցեն, հայութեան աւիշ կը ներմուծեն, անհուն սիրով, համբերութեամբ ու հոգածութեամբ կը դաստիարակեն: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ հպարտօրէն կրնանք վկայել, որ հայ լեզուին, հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին համար իր ունեցած անսակարկ մատուցումը անզուգական էր, իսկ ազգին ծառայելու վաստակը անհունօրէն գնահատելի:
Հաստատապէս ան մաս կազմեց գաղութի կեանքին եւ մեր ժամանակակից պատմութեան:
Այս բոլորը սովորական եւ աժան տողեր չեն: Յարգանքի տուրք ըլլալով հանդերձ, երախտապարտ զգացումներու փունջ մըն է իր յիշատակին, իր հայ գիրին, լեզուին, հաւատքին եւ կրթական մշակի իր խոնջէնքին, իր մաքուր բոլոր երազներուն, մաշտոցի բանակի իր կամաւոր եւ անսակարկ ծառայասիրութեան:
Բոլոր առիթներուն իր մտքի եւ սրտի գանձերը բաժնած էր բոլորին, անսակարկ եւ առատօրէն: Անոր համար ան, բառին իսկական առումով եւ հոգիով եւ բովանդակութեամբ, մնաց մեծ ու նաեւ` հարազատ այն վկաներէն մէկը, որ մեր լեզուին հանդէպ ունեցած սէրն ու պաշտամունքը փոխանցեց իր զաւակներէն սկսեալ զինք յաջորդող սերունդներուն` անսակարկօրէն եւ օրինակելի:
Ան նաեւ իր կեանքին հետ բերաւ հայ ուսուցիչի բարի թելադրանքը եւ իր ներկայութեամբ մեզմէ շատերուն կեանքին տուաւ ոչ միայն որոշ կշիռք, այլեւ հարուստ հունձքով մըն ալ արժեւորեց: Ճիշդ է, որ յետմահու արժանիքներ շարելու սովորութիւնը մարդկային է եւ հասկնալի, սակայն այս չէր հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի պարագան, որովհետեւ իր արժանիքները այնպիսին էին, որ զանոնք ստեղծելու հնարելու պարտադրանքին առջեւ չի դներ մեզ իր պարագան:
Արդ, բի՜ւր յարգանք իր քաղցր յիշատակին: