Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբին Երգահանդէսը
Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ 25 օգոստոսին կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին` «Ղօղանջ յիշատակի, երախտիքի եւ վերապրումի» խորագիրով երգահանդէսը:
Երգահանդէսին ներկայ էին` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ԱԺԿ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, հոգեւոր հայրեր, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:
Երգահանդէսին սկիզբը շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը: Ան ըսաւ. «Այս ամառ եկած եմ համերգային երկու ծրագիրով: Շուշիի անկումէն ետք, առաջին անգամ այսօր բեմ բարձրացայ` կոտրած սրտով, բայց անկոտրում ոգիով: Այսօրուան երգահանդէսը հոգիիս ճիչն է, եւ զայն առաջին հերթին կը նուիրեմ մեր նահատակներուն յիշատակին. անոնք անմահացան յանուն այս հողին: Իմ երախտիքս կը յայտնեմ Արցախի ժողովուրդին, որ այսօր կանգուն է եւ կանգուն կը պահէ այս հողը: Մշակոյթի ճամբով Արցախին եւ արցախցիին համար շուրջ երեսուն տարուան ծառայութիւնս համարժէք է այս պահին սահմանին կանգնած զինուորին ընդամէնը մէկ վայրկեանին», նշեց Զ. Քէշիշեան:
Հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին Առնօ Բաբաջանեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւնները՝ ինքնին Զաքար Քէշիշեանի կողմէ:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան իր խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Զաքար Քէշիշեանին` Արցախին անձնուիրաբար ծառայելուն համար: «Մեր ժամանակներուն մէջ շատ քիչերը կը յաջողին հաւատարիմ մնալու սիրուն ընկերութեան, աշխատանքին ու գաղափարին, եւ պարոն Զաքար հաւատարիմ է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ մեզի հաւատք ընծայողներուն»: Նախարարը այնուհետեւ Զաքար Քէշիշեանին յանձնեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան շնորհակալագիրը:
Լ. Ղարախանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հեռու չէ այն օրը, երբ Շուշիի մէջ ծնած եւ Ս. Ղազանչեցոցի ղօղանջներով սնանած «Վարանդա»-ն իր երգով կրկին ազդարարէ հայոց հինաւուրց Շուշիի ազատագրման աւետիսը: Այդ համոզումով բեմ բարձրացաւ երգչախումբը, որ նաեւ կը պատրաստուի ունկնդիրին ներկայացնելու յաջորդ ծրագիրը` նուիրուած Արցախի հռչակման 30-ամեակին: «Վարանդա» երգչախումբի երգչուհիներէն Էլինա Յակոբեան, որ 12 տարի շարունակ հանդէս եկած է երգչախումբին մէջ, կարօտով կը յիշէ Շուշիի մէջ ունեցած երգահանդէսները:
«Այսօրուան երգահանդէսը իր բնոյթով, բովանդակութեամբ եւ նշանակութեամբ կը տարբերի մեր նախորդ բոլոր երգահանդէսներէն: 28 տարի անընդմէջ «Վարանդա»-ն հանդէս եկաւ ինչպէս Շուշիի, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ: Շուշին մեր շնորհիւ կայ: Ի հեճուկս թշնամիին` Շուշին միշտ պէտք է երգէ, եւ այսօր անոր առհաւատչեան մենք ենք: Մենք պէտք է յիշենք մեր հերոս տղաները, երախտապարտ ըլլանք անոնց` մեր մէջ ապրելու ուժ գտնելով եւ դէպի առաջ շարժելով», շեշտեց Է. Յակոբեան:
Երգահանդէսին վերջին երգը հնչեց Ստեփանակերտի ազատամարտիկներու պուրակին մէջ` 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայորդիներու յիշատակին կանգնեցուած յուշատախտակին մօտ, այդպիսով յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց անմար յիշատակին:
Խմբավար Պարոն Զաքարին Խօսքը`
Երգահանդէսին
Շուշիի «Վարանդա» երգչախմբի հետ վերջին անգամ այս բեմում էի երկու տարի առաջ, այս օրերին, նշելու Կոմիտասի, Թումանեանի ու Լեւոն Շանթի ծննդեան 125-ամեակները:
Անցնող ամառ, երբ համաճարակի պատճառով մարդաշատ պարապմունքներ ու համերգներ կազմակերպելն անհնար էր այստեղ, իսկ Լիբանանում էլ նոյն պատճառներով «տնային կալանքի» տակ էինք, միակ տարին էր, որ չկարողացայ ժամանել Արցախ ու երաժշտական աւանդական ամառն ապրել իմ սիրելի ժողովրդի հետ:
Այնուհետեւ մեր հաւաքական կեանքում շատ բան փոխուեց: Միաժամանակ հարուածի տակ ընկան իմ ծննդավայր Լիբանանն ու հայրենիքը` Հայաստան աշխարհն իր աշխարհասփիւռ հայութեամբ:
Այսօր, կոտրած սրտով թէեւ, սակայն ձեզ նման տոկուն կամքով ձեզ հետ եմ կրկին, ձեզ հետ համատեղ ապրելու, արարելու, ոգեւորուելու, զօրանալու ու մեր հաւաքական ու աւանդական լաւատեսութիւնը, պայծառամտութիւնը, յոյսն ու հաւատը, պայքարելու ու կորցրածը յետ բերելու կամքն ու կորովը վերագտնելու:
Այս տարուան համերգային զոյգ ծրագրերը, «Ղօղանջ յիշատակի, երախտիքի ու վերապրումի» ու «Երգող Արցախ» համերգներն առաջին հերթին իմ հոգու ճիչն է, յարգանքի, երախտիքի ու խոնարհումի արտայայտութիւնն է յիշատակին առաջ բոլոր այն նահատակների, որոնք գերագոյն զոհողութեամբ, կեանքի գնով, զէնն ի ձեռին ոտքի ելան պաշտպանելու մեր հայրենին ու արժանապատուութիւնը:
Իմ խոնարհումն ու հպարտութիւնը նաեւ առ բոլոր այն քաջերին, որոնք ընկածների զէնք ու զրահը վերցրած, այսօր էլ խրոխտ կանգնած են մեր հայրենի եզերքում` մեր պատուի պաշտպանութեան ի խնդիր:
Եւ վերջապէս, իմ խոնարհումն ու հպարտութիւնը առ Արցախում ապրող, հայրենի հողը չլքող, մեր վաղուայ պայծառ օրուայ նկատմամբ յոյսն ու հաւատը չկորցնող, ատամները պինդ սեղմած, անպարագծելի կորուստն ու ցաւը արժանապատուօրէն գրկած, բայց արցախցու անկոտրում ու հնաւանդ կամքն ու ոգին իր մէջ ամբարած, «կոռ ճուղուպուր» իմ պաշտելի հայրենակիցներիս նկատմամբ:
Շուշիի ժամանակաւոր կորուստով Արցախի մշակութային կեանքին ծառայելու իմ վայրը փոխուեց, մնացեալ ամէն ինչը նոյնը մնաց:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համախորհուրդ, այսուհետեւ ամէն ամառ Արցախ կը ժամանեմ պատրաստելու եւ ղեկավարելու «Երգող Արցախ» երգչախմբային համերգային ծրագիրը, որին կը մասնակցեն ոչ միայն շուշեցի, այլեւ հադրութցի, ստեփանակերտցի եւ այլ շրջանների մանուկներ եւ պատանիներ: Զուգահեռաբար իր ստեղծագործական կեանքը անպայման կը շարունակի ՎԱՐԱՆԴԱ երգչախումբը, որի երիտասարդական կազմը, Շուշիի անկումից յետոյ առաջին անգամ այսօրուան համերգին կը բերի իր մասնակցութիւնը:
Ձեր բոլորի հետ միասին ես էլ ունեցայ ահռելի կորուստներ: ՎԱՐԱՆԴԱ երգչախմբի նախկին սաներիցս հինգը իրենց կեանքը զոհաբերեցին արցախեան պատերազմին, նախկին սանուհիներիցս երեքը կորցրեցին իրենց ամուսիններին ու եղբայրներին, աւելի քան երեք տասնեակ ընկերներ, հարեւաններ, գրչի ու արուեստի գործիչներ, գաղափարակից ընկերներ ու հարազատներ ցաւօք համալրեցին նախորդ պատերազմին նահատակուած ու անձնապէս ինծի ծանօթ ու հարազատ նոյնքան եւ աւելի մեծ թիւով նահատակների շարքը: Նրանք եւ հազարաւոր մեր միւս լոյս-տղերքն այս ամառ այս բեմում ինձ հետ են, մեզ հետ են: Լսեցէ՛ք նրանց, այս զոյգ համերգներին նրանք մեզ հետ երգում ու նուագում են իրենց կեանքի չերգուած բոլոր երգերն ու նուագները…
Իսկ Շուշին, Հադրութն ու մնացեալ հող հայրենին մի օր պիտի վերամիանան Հայաստանին:
Մեծանուն գրող Մուշեղ Գալշոյեան իր «Ձորի Միրօ» վիպակին մէջ ռազմաճակատ մեկնող իր թոռանն ասում է. «Յարութ, Գառ, աշխարք ամենամեծ կորուստ մարդու կորուստ է: Մարդու կորուստ անդարձ կորուստ է»: Դառնօրէն ցաւալի այս ճշմարտութիւնից սակայն հասկանում ու հաւատում ենք, որ հողի կորուստը անդարձ կորուստ չէ:
Ցեղասպանութիւնից յետոյ մենք այս հաւատքով շարունակեցինք ապրել ու արարել: Մենք ո՛չ մի օր մեր մտքի, սրտի ու հոգու մէջ թշնամուն չյանձնեցինք Մուսալեռն ու Վանը, Սասունն ու Մուշը, Կարինն ու Արտահանը: Շուշին ու Հադրութը մենք վերջնականապէս կը կորցնենք միայն այն ժամանակ, երբ եւ եթէ այս տեսլականը երբեւէ կորցնենք մեր մէջ: Բոլոր նրանք, ովքեր չեն հաւատում այս իրողութեան, թող համարեն, որ անդառնալիօրէն կորցրել են Շուշին ու Հադրութը եւ թող համակերպուեն այն մտքի հետ, որ շուտով կորցնելու են նաեւ Ստեփանակերտն ու Երեւանը: Մնացեալներիս համար Արցախը կայ ու կը մնայ իբրեւ ամբողջական Հայաստանի անկորնչելի ու դրախտային այն մասնիկը, որ համայն հայութեան պարծանքն է եւ համայն հայութիւնը պարտաւորութիւններ ունի անոր նկատմամբ:
Այս պատերազմում պարզուեց, որ ինչքան ալ ունեցած էինք անհատ հայրենասէրներ, ինչքան ալ ունեցած էինք անհատ իմաստուններ, մեր հաւաքական հայրենասիրական ոգին ու հաւաքական մտային մակարդակը բարձր չէր բնաւ ու չէր համապատասխանում մեր պատկերացրածին ու իտէալականին: Մենք պարտաւոր ենք դասեր քաղել մեր հին ու նոր պատմութիւնից ու հաւատալով արդարութեան յաղթանակին, եռամիասնաբար կերտել մեր գալիք սերունդների վաղուան օրը:
Չկա՛յ այլ ճշմարտութիւն:
Շնորհակալութեան խօսք ունեմ Արցախի ԿԳՄՍ նախարարութեանը, նրա տարբեր բաժանմունքների աշխատակիցներին, որոնք լաւապէս կազմակերպում են ՎԱՐԱՆԴԱ երգչախմբի աշխատակազմի հետ միասնաբար իրագործուող այս զոյգ համերգային ծրագրերը: Շնորհակալութիւն Լիբանանից դուրս ապրող իմ ազգականներին, բարեկամներին ու ընկերներին, որոնք, լիբանանեան քաղաքատնտեսական ճգնաժամի այս օրերին նեցուկ կանգնեցին 29 տարիներ առաջ սկսած եւ երկար տարիներ միանձեայ իրագործած առաքելութեանս անխափան երթին:
Ապրենք ու արարենք այնպէս, որ թշնամու աչքի առաջ վերակառուցենք հզօր ու բարգաւաճ երկիր, որպէսզի մեր բազում նահատակների թափած արիւնը անօգուտ վատնուած չլինի ու նրանք մեր մտապատկերին ու յիշողութեան մէջ չվերածուեն սովորական մեռելների:
Փառք մեր հերոսներին, օրհնութեամբ ու երախտիքով լինի նրանց յիշատակը եւ վերապրեցնող լինեն նրանց լուսաւոր կերպարները:
Յիշատակի Նշում «Արցախի Հերոս» Աշոտ Ղուլեանի
Օգոստոս 24-ը արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յիշատակի օրն է: 24 օգոստոս 1992-ին Մարտակերտ շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը վերջինը եղաւ Բեկորին համար:
«Եթէ զինուորէն սկսեալ մինչեւ նախարարը բոլորը իրենց գործը կատարեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները կը պսակուին յաղթանակով…»: Այս խօսքերը շատ արտասանած է Արցախի հերոս Բեկոր Աշոտը, որուն համար` «Հայրենասիրութիւնը իւրաքանչիւրիս վրայ դրուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարումն է»: Մարտերու միջեւ դադարի ժամանակ Բեկոր կ՛ըսէր մարտական ընկերներուն. «Եթէ Ղարաբաղը կործանի, ապա միայն քաղաքական խաղերու պատճառով կը կործանի»:
Բեկոր մասնակցած է Արցախի մէջ մղուած մարտերէն շատերուն` Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Կրկժան, Վերին Շէն, Պուզլուխ, Մանաշիտ, Մալիպէյլու, Խոճալու, Լեսնոյ, Քարինտակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխավենդ, Բաշ-Գիւնեփայա, Օրթա-Գիւնեփայա, Դրմբոն: Անոր հրամանատարութեամբ բազմաթիւ բնակավայրեր ազատագրուեցան:
1992 թուականին Շուշիի ռազմական գործողութեան ժամանակ առաջին վաշտը Բեկորի գլխաւորութեամբ առաջինը կը մտնէ քաղաք: Մայիս 8-ին, առաւօտեան 6:30-ին Աշոտ հեռակապով կը կապուի հրամանատարական կէտին հետ եւ կը հաղորդէ, որ յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Գէորգի Պետրոսեանին, որ ինքը նստած է Շուշիի բերդի պատին ու կը սպասէ տղաներուն բարձրանալուն: «Մինչեւ քանի մը վայրկեան` կը մտնեմ քաղաք», աւելցուցած էր Բեկոր:
Հերոսի նահատակութեան 29-ամեակին առիթով, անոր անունը կրող պուրակին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին ծաղիկներ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին` Բեկորի այրին` Նելլի Ղուլեանը, որդիները, հարազատներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, կուսակցական եւ մարտական ընկերներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, ՀՕՄ-ուհիներ, զինուորականներ, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Աշոտ Ղուլեանը:
Հաղորդենք, որ Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի աշակերտները եւս յուշակոթողին մօտ յիշատակի ձեռնարկ մը կատարեցին:
Արցախի Ներկայացուցիչները Եւ Քերոլայն Քոքս Քննարկեցին Արցախի Իրավիճակը
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան 20 օգոստոսին առցանց քննարկում ունեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Լորտերու պալատի անդամ, հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի եւ Մարդասիրական օգնութեան բարեսիրական կազմակերպութեան անդամներուն հետ:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ առցանց հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազրպէյճանական-թրքական յարձակումին պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին, Արցախի կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած մարդասիրական քայլերուն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հովանիին տակ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին ուղղութեամբ աշխատանքներու վերականգնման:
Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պարոնուհի Քոքսին եւ անոր խումբին` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով ներդրած ջանքերուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը տարբեր ծրագիրներու շուրջ:
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս յայտնեց իր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը ազրպէյճանական վայրագութիւններու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու մասին միջազգային կառոյցները իրազեկելու, Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման աջակցելու իմաստով:
Սանահին Վանական Համալիրին Մէջ Պիտի Շարունակուին Վերականգնման Աշխատանքները. Յատկացուած Է Եւս 192 Հազար Տոլար
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Թռչունեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի, Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանի եւ Ալավերտի համայնքապետ Սասուն Խեչումեանի ուղեկցութեամբ, այցելած են Սանահին վանական համալիր: Այս մասին տեղեկացուցին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութենէն` մանրամասնելով, որ այցելութեան նպատակը վանական համալիրի հիւսիսային յուշարձանախումբի` Զաքարեաններու դամբարան-մատուռի եւ Արղութեան-Երկայնաբազուկներու դամբարանի ամրակայման, նորոգման եւ վերականգնման նախատեսուող աշխատանքներու ազդարարումն էր:
«Տակաւին անցեալ տարի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակին մէջ պատուիրակուեր էին Հայաստանի Լոռիի մարզի Ալավերտի համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Սանահին վանական համալիրի հարաւարեւելեան յուշարձանախումբի` Ս. Յարութիւն, Ս. Յակոբ եկեղեցիներու եւ Տուտէորդու խաչքարի ուսումնասիրման` նախագծային եւ վերականգնողական աշխատանքները:
Մշակութային պահպանութեան աշխատանքները ամբողջացնելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին կողմէ յատկացուած է յաւելեալ` 192 հազար տոլար, հարաւարեւելեան յուշարձանախումբի աշխատանքները իրականացնելու նպատակով, մինչ 2019 թուականին յատկացուած էր 100 հազար տոլար», նշած են նախարարութենէն:
Ստեփանակերտի Մէջ Ցուցադրուեցան Արցախցի Գեղանկարիչներու Ստեղծագործութիւններ
Օգոստոս 28-ին Փոլ Էլեուարի տուն ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 3 գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը: Այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանը:
Ան տեղեկացուց, որ «Փոլ Էլեուարի տուն ֆրանքոֆոնիայի կեդրոն» հիմնադրամի եւ «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Գայիանէ Շուշեցի, Սամուէլ Թաւադեանի եւ Համլեթ Պաղտասարեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացման, որով սկիզբ առաւ Փոլ Էլեուարի կեդրոնին մէջ կազմակերպուող միջոցառումները: Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան 32 ստեղծագործութիւններ», եզրափակեց Գասպարեան:
Գուգարաց Թեմին Մէջ Օծուեցաւ Պուշկինօ Վարչական Շրջանի Սուրբ Դաւիթ Եկեղեցւոյ Հիմը
Օգոստոս 25-ին Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեան օծեց Գիւլագարակ համայնքի Պուշկինօ վարչական շրջանի Սուրբ Դաւիթ եկեղեցւոյ հիմը:
Հաղորդենք, որ Ս. Դաւիթ եկեղեցին կառուցուած է բարերարութեամբ Անժելա Ստեփանեանի եւ անոր ընտանիքին:
Օծման արարողութեան մասնակցած էին` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Արա Գէորգեան, Գիւլագարակ համայնքի համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Խաչիկ Վարդանեան, նախկին համայնքապետ Մհեր Գէորգեան, Օձունի տարածաշրջանի հոգեւոր հայրեր Վրթանէս քհնյ. Բաղալեան եւ Արարատ քհնյ. Շահվերդեան, Պուշկինօ վարչական շրջանի դպրոցի տնօրէնը, ուսուցիչներ եւ բարեպաշտ հաւատացեալներ:
Յաւարտ օծման արարողութեան, սրբազան հայրը գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսք յղեց բարերարին` աստուածահաճոյ այս գործը իրականացնելուն համար: