Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Յորդանանի ծնունդ, Այնճար բնակող 25-ամեայ Գարոլ Հաճեան Այնճարի Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջանաւարտ է: Երկրորդականը աւարտելէ ետք անցած է Պէյրութ, ուր Էն. Տի. Եու. համալսարանին մէջ հետեւած է ժապաւէնի ու տեսալսողական հաղորդակցութեան ճիւղին:
Փոքր տարիքէն կենսունակ պարմանուհի մը եղած է եւ ուզած է դառնալ դերասանուհի մը` արուեստի աշխարհին մէջ, առ այդ, ընտրած է ուսման իր սրտին մօտ ճիւղ մը:
Իբրեւ համալսարանի աւարտական ծրագիր` ան ներկայացուցած է «Անբիծ տողեր» ժապաւէնը, որ կը խօսի ծերունի գրագէտ Սարգիսի մասին, որ կ՛ապրի առանձին ու կարօտով իր միակ զաւկին, որ արտերկրի մէջ կը բնակի:
Ժապաւէնը կը խօսի պարոն Սարգիսի հոգիի ելեւէջներուն ու այդ կարօտի զգացումին մասին: Ժապաւէնը արդէն ընդունուած է «Լիպենիզ ֆիլմ ֆեսթիվըլ ին Քանատա»-ի եւ «Լիպենիզ ֆիլմ ֆեսթիվըլ ին Օսթրալիա»-ի կողմէ ու շուտով կը սփռուի: Կան նաեւ կողմեր (ինչպէս Փանորամա ինթըրնէյշընըլ շորթ ֆիլմ ֆեսթիւըլ), որոնք տակաւին կ՛ուսումնասիրեն ժապաւէնը, եւ որոնց արձագանգին կը սպասուի:
Ժապաւէնի գործընթացին եւ անոր քուլիսային անյայտ աշխատանքին ծանօթանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց կատարեց Գարոլ Հաճեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչո՞ւ այս նիւթը` որպէս աւարտաճառ: Շատ նիւթեր կան` մեր առօրեային հետ կապուած, ինչո՞ւ ընտրեցիր «հայր-զաւակ-կարօտ» եռանկիւնը: Կա՞յ դէպք մը, որմէ ներշնչուած ես: Ունէի՞ր ուրիշ տարբերակներ աւարտաճառի, կամ սկիզբէն որոշած էիր այս մէկը:
ԳԱՐՈԼ ՀԱՃԵԱՆ.- Համալսարանական ծրագրի նկարահանումներէս մէկը վաւերագրական ժապաւէն մըն էր: Այդ մէկը նկարեցի ծերանոցի մը մէջ: Եւ այնտեղ, լսած պատմութիւններէս եւ տեսած դէպքերէս ներշնչուած, ուզեցի պատրաստել աւարտաճառ մը, որ կը հասցնէ պատգամ մը յատկապէս երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք անդրադառնան, թէ իրենց ծնողներուն պարտականութիւնը որոշ տարիքէ մը ետք չէ որ կը դադրի: Ինչպէս ծնող մը միշտ ծնող կը մնայ, նոյնպէս ալ զաւակ մը միշտ զաւակ է, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր պարտականութիւնն ու դերակատարութիւնը այս փոխյարաբերութեան մէջ:
Տարիներու հոգատարութենէ եւ գուրգուրանքէ ետք պէտք չէ զաւակ մը կռնակ դարձնէ ու լքէ իր ծնողքը եւ կեանքը շարունակէ այնպէս մը, որ կարծես թէ անոնք չկան:
«Անբիծ տողեր» ժապաւէնը սկզբունքով պիտի ըլլար կերպարանաւորուած վաւերագրական ժապաւէն մը (Featured Documentary), սակայն նկարահանումը զուգադիպեցաւ «Քորոնա»-ի պատճառով ընդհանուր փակման (լաքտաուն) առաջին օրուան եւ յետաձգուեցաւ ցնոր տնօրինում: Դժբախտաբար տակաւին նկարահանումի գործընթացին չհասած, ժապաւէնի գլխաւոր դերասանս` Այնճարի հանրայայտ Թիւճար Պապուկը` Սարգիս Այնթէպլեանը մահացաւ: Այս պատճառով ստիպուեցայ դիմել նոր ձեւի մը` պահելով թեման, որովհետեւ անպայման կ՛ուզէի այս նիւթով ըլլար աւարտաճառս, սակայն փոխեցի բեմագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացման ձեւը` վաւերագրականէ գծագրայինի (animation):
Այս ձեւին առաւելութիւնները աւելի էին, եւ յարմարագոյնն էր օրուան պայմաններուն:
Այս ձեւով ես նուազագոյն աշխատակազմը կրնայի ունենալ, որպէսզի չստիպուէի շատ շփում ունենալու մարդոց հետ` վտանգելով իմ եւ իրենց հարազատներու առողջութիւնը:
Նկատի ունենալով նաեւ երկրի տնտեսական իրավիճակի անկայունութիւնը` որոշեցի ժապաւէնին մէջ գործածուելիք ամէն առարկայ (սեղան, աթոռ, տիկնիկ) իմ ձեռային աշխատանքովս պատրաստել վերօգտագործման ու վերամշակման ձեւով:
Ինչ կը վերաբերի «հայր-զաւակ-կարօտ» եռանկիւնին, տեղին է այստեղ յիշել, որ ես երբ կերպարանաւորուած վաւերագրական ժապաւէնը պիտի նկարէի, զաւկին անունը «Կարօտ» դրած էի, ձեւով մը, անուղղակիօրէն, նկատի ունենալով անոր իմաստին առնչութիւնը նիւթին հետ, սակայն գծագրային ժապաւէնին մէջ ես ունեցայ միայն մէկ դերասան, եւ անոր մէջ անդրադարձ մը չեղաւ զաւկին մասին, պարզապէս զգացինք անոր բացակայութիւնը, սակայն հիմնական նիւթը, այո՛, կը մնար հօր կարօտը Կարօտին հանդէպ…
«Ա.».- Ինչո՞ւ «Անբիծ տողեր» վերնագիրը, ուրկէ՞ կու գայ պարոն Սարգիսի տողերուն անբծութիւնը:
Գ. Հ.- Ճիշդ է, որ Կարօտին մասին է ժապաւէնը, սակայն միաժամանակ ան բազմակողմանի է:
Այստեղ անդրադարձ կ՛ըլլայ նաեւ ընկերային ցանցերու եւ լրատուական միջոցներու ժխտական ազդեցութեան, թէ ինչպէ՛ս կեղծ լուրերը շատ արագ կը տարածուին: Այս մասին անդրադարձած եմ ժապաւէնին մէջ, երբ պարոն Սարգիս հեռատեսիլը բաց ձգած` կը փորձէ գրել բանաստեղծութեան կտոր մը, բայց գրած ժամանակ յետմասի վրայ լուրերու հաղորդում մը, որ կը խօսի արտագաղթի մեծ թիւերու վիճակագրութեան մը մասին, կը խանգարէ իր կեդրոնացումը ու կը ցնցէ իր ներաշխարհը: Ճիշդ այդ ժամանակ է, որ պարոն Սարգիսին գրած տողերը կ՛անհետանան: Այստեղ ցոյց կը տրուի լրատուամիջոցներու ազդեցութիւնը ժողովուրդին վրայ: Եւ Պարոն Սարգիս կը բանայ իր տան պատուհանները` դուրս վանելու, կարծէք, այդ ժխտական ազդեցութեան ուժը եւ բանալու համար իր սրտի դռները լաւին ու բարիին եւ դարձեալ կը նստի գրելու փորձեր ընելու եւ ի վերջոյ, կը յաջողի ու անոր տողերը կը մնան, որովհետեւ «անբիծ» սրտէ ելած «տողեր» են անոնք: Ծնողի սիրոյ մը անբծութիւնն է այս մէկը: Զաւակը լքած է զինք եւ չի հարցներ իր մասին, սակայն պարոն Սարգիս` իբրեւ հայր, երբեք չի յանձնուիր ու միշտ կը փորձէ հասնիլ անոր:
«Ա.».- Աշխատանքներու ժամանակ հակակշիռները կը փոխուին, ակնկալուած դժուարութիւններ գործի ժամանակ երբեմն այնքան ալ բարդ ու դժուար չեն ըլլար, չսպասուած բաներ դժուարութիւն կը դառնան, մինչ այդ կը ստեղծուին առիթներ, դիւրացումներ, եւ անոնք կ՛օգտագործուին աշխատանքը մէջտեղ բերելու համար: Ի՞նչ էր այս բոլորին կարգը ժապաւէնի պատրաստութեան ժամանակ:
Գ. Հ.- Ժապաւէնի մը պատրաստութիւնը ունի գլխաւոր 5 շրջաններ`
– Զարգացման շրջան (Development)
– Նախաարտադրման շրջան (Pre-production)
– Արտադրման շրջան (Production)
– Յետարտադրման շրջան (Post-production)
– Տարածման շրջան (Distribution)
Ամէն փուլ իր կարեւորութիւնն ու դերը ունի գործը յաջողցնելու համար: Առաջին նկարահանումս հասած էի «արտադրման շրջան», բայց երկրի ընդհանուր փակման պատճառով աշխատանքը ընդհատուեցաւ:
Երկրորդ նկարահանումս` «Անբիծ տողեր» ժապաւէնը, ստիպուեցայ անգամ մը եւս սկիզբէն սկսիլ, բայց ի վերջոյ յաջողութեամբ հասայ վերջին փուլին:
Աշխատանքը բոլորովին սկիզբէն սկսիլը ինքնին մարտահրաւէր մըն էր ու դժուարութիւն մը: Դժուար էր աւելի, որովհետեւ կամքէ անկախ պատճառներով ստիպուեցայ ամբողջ աշխատանք մը անգամ մը եւս կրկնել, բայց նիւթին ու ձեւին հաստատամիտ ըլլալս օգնեցին այս բոլորը աւելի հեզասահ ձեւով յառաջ տանելու:
Օժանդակողներ ալ ունէի, ըլլան անոնք ընկերներ, բարեկամներ կամ ընտանիքի անդամներ: Բոլորն ալ իրենց կարելին ըրին: Մինակ չէի:
Դժուարութիւն էր նրբութիւններու հետապնդումը, յետին մանրամասնութիւններու անդրադարձ կատարելը, վստահ ըլլալով, որ ամէն բան բնական ընթացքի է, ու անթերի աշխատանք մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ:
Որպէս օրինակ` յիշեմ տիկնիկս. տիկնիկս շինուած էր փլասթիսինէ, կաւի տեսակ մը, որ չի չորնար: Անոր հետ աշխատած ժամանակ զգուշ կ՛ըլլայի, որ սխալմամբ չվնասեմ իր դէմքի գիծերը կամ մարմնի ձեւերը, ո՛չ միայն պատկերը հարազատ ու դիպուկ պահելու համար, այլ նաեւ որպէսզի տեսախցիկներու բոլոր անկիւններէն ակնբախ ըլլային անոնք, ու թելերը, որոնցմով կը խաղայինք, չերեւէին նկարահանման ժամանակ: Նրբութիւնները յարգելու մէջ է գաղտնիքն ու գեղեցկութիւնը:
Ըլլալով այդ մէկը իմ առաջին փորձս, դժուարութենէ աւելի, մարտահրաւէր էր ինծի համար գծագրային ժապաւէն մը պատրաստելը:
«Ա.».- Կասկած չկայ, որ նման ընկերային նիւթ մը կը ներգրաւէ ժողովուրդի տարբեր կարգի ու տեսակի խաւեր: Ի՞նչ պատգամ կը յղէ տեսերիզը անոնց: Անոր աւարտին, տարբեր տարիքի դիտորդներ (պատանի, երիտասարդ, ծերունի) ի՞նչ կը սպասես, որ զգան:
Գ. Հ.- Ժապաւէնը յարմար է եւ ուղղուած` բոլոր տարիքի մարդոց:
Պզտիկի մը համար թերեւս զաւկի հանդէպ ծնողի սէրը ցոյց տայ, երիտասարդութեան աւելի արթուն պահէ նման հարցի շուրջ, տարեցներուն ու ծնողներուն թերեւս յոյս ներշնչէ:
Այս ժապաւէնի աւարտին է, որ կ՛ուզեմ ծնող մը զայն դիտելով` զգայ այդ տիկնիկին զգացածէն բաժին մը կամ ամբողջը, վերցնէ հեռաձայնը ու հեռուն ապրող իր զաւկին հետ խօսի, հարցնէ անոր մասին: Թերեւս խօսի պարզ ու առօրեայ նիւթերու մասին, բայց անգիտակցաբար` ազդուած ժապաւէնէն:
Այս ժապաւէնի աւարտին կ՛ուզեմ, որ երիտասարդ մը ըլլայ գիտակից, երբ դիմելու ըլլայ արտագաղթի` հեռանալով իր ընտանիքէն: Անցեալի իր ունեցածը մէկ կողմ դրած` նորին չերթայ:
Մէկ խօսքով, մարդկային արժանիքներու աղաւաղման այս դարուս ընտանեկան սրբութեան գիտակցութիւնն է, որ կ՛ուզեմ պատգամել այս գործին ընդմէջէն:
«Ա.».- Քանի մը բառերով. ի՞նչ է այս գործը ձեռնարկող Գարոլ Հաճեանին խօսքը իր ասպարէզին կամ նման, մեր շրջանակներուն մէջ, շուքի տակ մնացող ասպարէզներուն հանդէպ կիրք ունեցող երիտասարդներուն:
Գ. Հ.- Այս ասպարէզին մէջ գոյատեւողները միայն երկար շունչ ու համբերութիւն ունեցողներն են: Դիւրաւ յանձնուողներու դաշտ մը չէ այս մէկը:
Կը հաւատամ, որ առիթը փնտռողը անպայման կը գտնէ, եւ եթէ չգտաւ, անհատը ի՛նք պէտք է պայմանները յարմարցնէ եւ առիթը ստեղծէ: Հաստատակամութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ կիրքը գլխաւոր ներքին ուժերն են, որոնք մարդուս յաջողութեան կրնան տանիլ: