Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէտք

Յունուար 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Այս յօդուածս ուղղուած է քեզի՛, այնքան ատեն որ կրնաս զայն կարդալ:

Վստահ եղիր` քարոզ մը պիտի չտամ ու պիտի չերկարեմ ըսելիքս: Ամպիոնի մը վրայ, գրակալի մը ետեւ կենալով ու փողկապս պինդ պահելով չէ, որ պիտի խօսիմ: Պիտի խօսիմ այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէիր լսել կամ կ՛ուզէիր կարդալ:

Խօ՛սք. մեծ-մեծ պիտի փորձեմ չխօսիլ եւ արեգակնային դրութեան միւս մոլորակներու բնակիչներէն միտքեր պիտի չարծարծեմ:

* * *

 

Օրս սկսած էի տեսերիզով մը, որուն մէջ յիշուած էր, որ մարդկային ուղեղը չի կրնար հասկնալ «ժխտականը», այսինքն եթէ մէկու մը ըսես` այսինչ բանը մի՛ ըներ կամ այդինչ բանին մասին մի՛ մտածեր, իր միա՛կ ընելիքը կամ մտածելիքը այդ բանը կ՛ըլլայ: Հետեւաբար պէտք է ընել հակառակը: Պէտք չէ մտածել այսինչ բանը չընելու, այլ մտածել ի՛նչ ընելու մասին ու կեդրոնանալ անոր վրայ:

Որքա՜ն ճիշդ է այս մէկը. սակայն մէյ մը ձգենք զայն հոս, ե՛տքը կը վերադառնանք իրեն:

Երէկ բախտն ու առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու Արամ Ա. կաթողիկոսին կազմակերպած խորհրդակցական հաւաքին:

Խորհրդակցական հաւաք` առաջարկներ, միտքեր ու կարծիքներ արծարծելու եւ սփիւռքը վերակազմակերպելու դժուարին գործը տանելու համար` նկատի առնելով, որ այս տարին` 2022-ը, նուիրուեցաւ անոր եւ կոչուեցաւ «Սփիւռքի տարի»:

Շա՛տ բարի:

Ինչպէ՞ս կրնանք, սակայն, այդ մէկը ազատել լոզունգի կապանքէն:

Փո՛րձ մըն էր այս հաւաքը այդ մէկը ընելու:

Հաւաքին ներկայ էին տարբեր կուսակցութեանց, միութեանց ու կառոյցներու պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ, իսկ ես` սուրիահայ երիտասարդս, զիս այդ հաւաքին շաղկապողը սփիւռքահայ ինքնութիւնս էր ու Պէյրութի մէջ այժմեայ կեցութիւնս:

Վեհափառը ամփոփ ձեւով իր պատգամը տալէ ետք առիթը տուաւ ներկաներուն, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին յայտնեն իրենց մտածումները, կարծիքները եւ առաջարկները:

Տարբեր կարծիքներ տրուեցան: Իւրաքանչիւր մասնակցող յայտնեց, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսիլ, թէ` կան ինչպիսի՛ բաներ, որոնք անհրաժեշտ կարիքը ունին փոփոխութեան, թէ` ի՛նչ բաներ ժամանակավրէպ են հիմա ու մեր այսօրուան պայմաններուն անհամապատասխան:

Ես ալ պահ մը մտածեցի ձայն առնել ու ըսել մտքինս, բայց նախընտրեցի ըսել հո՛ս, ձեզի՛, բոլորի՛դ:

Ամփոփեմ:

Եթէ մենք մտահոգ ենք «վաղուան»-ով, պէտք է գիտնանք նախ, թէ ո՛վ են «վաղուանները»` ղեկը վարողները ու ղեկավարուողները: Ո՛ւր են անոնք: Ինչպէ՞ս կ՛ապրին: Ի՞նչ է իրենց փնտռածը: «Երթալ իրենց ջուրով» ու բարեփոխումներ կատարել:

Սերունդ մը պատրաստելու լաւագոյն թիրախը ո՞վ է:

Մարդու մը անհատականութիւնը կազմաւորուելու, իր փիլիսոփայութիւնն ու լեզուամտածողութիւնը մշակուելու ամենահիմնական տարիքը ո՞րն է:

Ո՞ւր կարելի է մուտք գործել եւ դէպի անդունդ գացող այս ուղղութիւնը շեղել ու տանիլ եթէ ոչ դէպի բարձունք, ապա գոնէ` հարթավայր:

Հայերէնը ունի «խմորել» բառը:

«Խմոր», «խմորել», այսինքն կարելի է ուզածդ հանել այդ խմորէն, ձեւ ու գոյն տալ, կաղապարով մը հատել, եւ պայման չէ գիտնաս, թէ ի՛նչ է ըրածդ, կարեւորը յարմար իրեղէնները ունենաս այդ բոլորը ընելու, բան մը մէջտեղ բերելու համար:

Խմորումի տարիքը ո՞րն է, իսկ խմորումի տարիքի մարդիկ ընդհանրապէս ո՞ւր են:

Պատանիները չե՞ն անոնք ու երեխաները, որոնք իրենց ժամանակը դպրոցներու մէջ կ՛անցընեն (երբեմն տունէն աւելի):

Չմոռնանք խմորուողները այստեղ մարդիկ են, խմորներ չեն:

Խմոր խմորած ժամանակ եթէ պայման չէ գիտնաս, թէ ի՛նչ կ՛ընես, ապա մարդ խմորած ժամանակ ընելիքդ գիտնալը անհրաժեշտութիւն է:

Խմոր խմորելով` նոյն բանը կրնաս ստանալ նոյն պայմաններուն մէջ, սակայն մարդ խմորելով` նոյն արդիւնքը չես կրնար ստանալ, այսինքն մարդ խմորելը ըսել չէ, որ միատեսակ ու միօրինակ, իրարու նման անհատականութեամբ մարդիկ կարելի է պատրաստել, այլ` ուղղութիւն մը տալ անոնց ընթացքին, իւրաքանչիւրը իր յատկութիւններով ու շնորհքներով` իր ձեւով արդիւնաբերելու հաւաքական շահին համար:

Եթէ նմանցնենք սփիւռքը բերդի մը, ապա անոր լայն ու հսկայ դարպասը դպրոցն է: Դարպասը եթէ ամուր ու փակ պահենք, ապա բերդի խոռոչներէն եկած թեթեւ հարուածներուն դիմադրելը աւելի դիւրին կը դառնայ, սակայն այնքան ատեն որ դուռը խախուտ է ու բաց, փորձանքներն անխուսափելի են:

Եթէ կայ տեղ մը, ուր պէտք է կեդրոնանալ, դպրո՛ցն է:

Եթէ կայ տեղ մը, ուր պէտք է սփիւռքի պահպանման համար արհեստավարժութիւն կիրարկել, դպրոցին համար պէտք է ըլլայ այն:

Եթէ կայ տեղ մը, ուրկէ կրնանք արդիւնք ստանալ, դպրոցէն է:

Դպրոցը, դպրոցը, դպրոցը…

Երեխան հայկական դպրոցէն տուն գալով չէ՞, որ հայերէնն այնտեղ պիտի հնչէ ու տունը հայերէն բուրէ, ստեղծէ մթնոլորտն ու կազմէ իր անհատականութիւնն անոր, եւ այդ բոյրը օրըստօրէ փոխանցուի հոս ու հոն, տարբեր շրջանակներու մէջ…

Նայեցէ՛ք պատմութեան մէջ մեր գաղութային կեանքերու ամենաբեղուն տարիներուն ու աչք մը նետեցէք այդ տարիներու դպրոցներու աշակերտութեան թիւին, որակին ու անուններուն: Հո՛ն է գաղտնիքը: Պոլիսի Կեդրոնականը, Թիֆլիսի Ներսիսեանը, Կիպրոսի Մելգոնեանը, Պէյրութի Ճեմարանը, Հալէպի Հայկազեանը եւ այլ դպրոցներ, որոնց շարքը կ՛երկարի ցանկի մը վրայ ու քարտէսի վրայ կը ցրուի հոս ու հոն, տարբեր ժամանակաշրջաններուն, անոնք դարձան մարդուժի պատրաստութեան դարբնոցներ եւ իրենց պատմութեան ամենաբեղուն տարիներուն կենսունակութիւն ու թռիչք տուին գաղութին:

Նայեցէ՛ք պատմութեան մէջ մեր գաղութներէն. այսօրուան բացականերուն. դպրոցներու օրըստօրէ նօսրացումը չէ՞, որ անոնք հասած են իրենց այս իրավիճակին. անշուշտ` չմոռնալով նաեւ երկրի տեղական պայմանները:

Գտէք այն պատճառները, որոնց պատճառով հայ ծնողը իր զաւակը հայկական դպրոց չի ղրկեր, ուղղեցէք զանոնք, փոխեցէք կամ չեղարկեցէք: Հայութեան շահը վեր է ամէն տեսակի ներքին հատուածական շահերէ: Շեշտադրեցէք զայն եւ ըստ այնմ գործեցէք, որպէսզի հայկական դպրոց ղրկելու ընթացքը ոչ թէ ներգործական, այլ կրաւորակա՛ն բնոյթ ստանայ եւ դառնայ ինքնաբուխ:

Գտէք այն պատճառները, որոնց պատճառով այսօր հայ երիտասարդութիւնը հեռու է հայերէնէն, եւ ազատեցէք զայն լոկ մտաւորական դասի լեզուն ըլլալէ:

Չեմ ըսեր` հազար հատ բանաստեղծ ու արձակագիր հանեցէք աշակերտութենէն, սակայն 1000-էն քանի մը հատը գոնէ թող ըլլայ, եւ եթէ 1000 հոգի ունենայ համաշխարհային գետնի վրայ նուաճումներ, ապա անոնցմէ մէ՛կը, լո՛կ մէկը գոնէ մեր դպրոցներէն ըլլայ:

Ուրեմն կեդրոնանանք դրականին վրայ, ինչպէս երեւցած էր տեսերիզին մէջ. ըլլանք առարկայական, իրապաշտ ու անկեղծ, քանի «ուշ»-ը չէ եկած:

Յօդուածս փակեմ 1912-ին գրուած, հայ լեզուին նուիրուած Սիպիլի բանաստեղծութենէն տողերով, որոնց տակ ամբողջ ազգի մը տառապանքը պարփակուած է.

Օրհնեա՜լ ըլլան մեր հայրերը, որոնք թէեւ ցիր ու ցան,
Մութ օրերուն` մոլորած չոր շիւղին պէս.
Մոռցան իրենց տունն ու տեղը, զաւակներն ուրացան,
Իրենց անձն ալ, բայց չմոռցան երբեք քեզ:

Օրհնեա՜լ ըլլան մեր մայրերը, որոնք զքեզ սնուցին,
Իրենց շունչովն ու աղօթքով սրտակէզ.
Խարխուլ, փլած կտուրին տակ, կարօտ պատուռ մը հացին,
Գուրգուրանքով պահպանեցին միշտ զքեզ:

Թո՜ղ որ ես ալ, մեր հայրերու յետին զաւակը թշուառ,
Սուրբ տաճարիդ ոտքը բերեմ ողջակէզ
Միշտ տառապած, երբեք շիջած սիրտէս կայծ մը խանդավառ,
Հոգով պաշտեմ ու քնարովս օրհնեմ քեզ:

Պէյրութ, 15 յունուար 2022

Նախորդը

Առանց Գիրքի Եւ Ուսուցիչներու Դպրոցնե՞ր

Յաջորդը

Ակնարկ. Համահայկակա՛ն Ցունամիի Մը Հրամայականը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?