Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տակաւին Վճռա՞ծ Ենք

January 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅՐ ԱՒԵՏԻՔ

Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ վճռեցինք: Ո՞ր նիւթի շարունակութիւնն է: Այս գրութիւնը նիւթի մը շարունակութիւնը չէ՛, այլ` մեր կայացուցած որոշումներուն եւ տուած խոստումներուն յիշեցման նամակը: Ընդհանրապէս տօնական գեղեցիկ օրերուն կը սկսինք խորհիլ եւ որոշումներ տալ, այսպէս` «Այս տարի լաւ մարդ պիտի ըլլամ: Այս տարի շատերու պիտի օգնեմ: Բոլոր այն մարդոց հետ, որոնց հետ կապերս խզած եմ, զանոնք պիտի վերամշակեմ: Բարի քրիստոնեայ ու հաւատացեալ պիտի ըլլամ: Աղօթական կեանքիս մէջ առաւել եւս պիտի խորանամ»: Եւ այսպէս, խոստումներու շարքը կրնայ երկարիլ ու երկարիլ:

Սիրելի՛ ընթերցող, դո՛ւն գիտես, թէ ի՛նչ խոստացած ես նախ Աստուծոյ, ապա` անձիդ եւ շրջապատիդ: Սակայն տակաւին նոյն վճռակամութեանդ վրա՞յ ես:

Մենք ամէն օր բարի մարդ մնալու պարտաւորութիւնը ունինք, որովհետեւ մարդկութիւնը մեզմէ այդ կը պահանջէ: Չարացած մարդկութեան հետ մենք եւս պէտք չէ չարանանք: Մենք պէտք է տարբեր ըլլանք` բոլորին մէջէն մատնորոշուող: Այսօր մարդկութիւնը կը տառապի բարիներու չգոյութենէ: Վճռած էինք բարի ըլլալ, սակայն եկէք` մնա՛նք: Վճռելը ամէնէն դիւրինն է, մնալը` դժուար:

Տակաւին, վճռած էինք մնայուն աղօթող ըլլալ, չէ՞: Գիտէ՞ք` մեր աղօթքի ձայնով Աստուծոյ ականջները կ՛ուրախանան, սիրտը կը ցնծայ եւ մեր աղօթական կեանքի ճամբով կը լսէ մեր բոլոր մտահոգութիւններն ու ի պահանջել հարկին կու տայ յարմարագոյն լուծումը: Արձանագրուածները ճերմակ էջը գեղեցկացնելու համար չե՛ն, այլ` իրականութեամբ իմաստաւորուած ճշմարտութիւն, զոր կարելի է հասկնալ, ըմբռնել ու մանաւանդ ապրիլ` փորձառութեամբ:

Վճռած չէի՞նք, որ մեզմէ նեղացող կամ մեր նեղացած անձերուն հետ դարձեալ բարեկամութիւն մշակել: Մտածած էինք դարձեա՛լ ուրախացնել զանոնք ու դարձեա՛լ շահիլ անոնց ներկայութիւնը մեր կեանքերէն ներս: Եթէ պիտի ըսես` կտրուածը չի՛ շինուիր, ուրեմն քեզի կ՛ըսեմ` սակայն վիրաւորուածը կը դարմանուի:

Ինչպէս ինծի համար, նոյնպէս քեզի համար, սիրելի՛ ընթերցող, ամէնէն նեղացուցիչ մարդը կրնայ խոստմնադրուժ անձը ըլլալ: Կարելի չէ շուտով դարձեալ վստահիլ խոստմնադրուժ մարդուն: Կարելի չէ՛, որովհետեւ կրնայ ամէն ինչի մէջ այդպէս ըլլալ, եւ ինչպէս արձանագրեցի, կրնայ սովորութեան վերածած ըլլալ, որմէ ձերբազատիլը քիչ մը դժուար է: Խոստմնադրուժ մարդը նաեւ կրնայ անվստահելի ըլլալ, որովհետեւ ան կրնայ ամէն բան պատահականութեան կամ անտարբերութեան ձգել, ուստի, եկէք, մեր խոստումին տէրն ու տիրականը ըլլանք, որպէսզի մթութեան մէջ լոյսով փնտռուինք:

Պօղոս առաքեալի արձանագրած հետեւեալ հատուածը միասնաբար վերածենք կեանքի նշանաբանի. «Նոր մարդ եղէք` ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով» (Կողոսացիս 3.10):

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Է Գոհունակ Ազրպէյճանը Հայ-Թուրքական Մոսկովեան Բանակցութիւններից…

Յաջորդը

Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին Յիշատակին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.