Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրածինի Կարեւորութիւնը Եւ Մարմնի Առողջութիւնը

January 24, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մեր մարմինը կը պարունակէ տեսակաւոր մետաղներ: Կրածինը (calcium) այդ մետաղներէն մէկն է, ամէնէն շատ քանակութեամբ գտնուող մետաղը: Անիկա շատ կարեւոր է մարմնի առողջութեան համար:

Մարմնին մէջ գտնուած կրածինը առաւելապէս կը գտնուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն մէջ: Անիկա շատ քիչ քանակութեամբ կը գտնուի ջիղերուն, հիւսուածքներուն, արեան եւ այլ հեղուկներուն մէջ:

Մարմնին մէջ կայ 1,2-1,4 քկ կրածին: Մարմնի կրածինին 99 առ հարիւրը կը գործածուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն կողմէ, իսկ մնացեալ 1 առ հարիւրը` այլ օրկաններու կողմէ:

Մեր սպառած կրածինին ներծծումը (absorbtion) դէպի մարմին` տեղի կ՛ունենայ  բարակ աղիքներուն մէջ: Անիկա կը ներծծուի  բարակ աղիքներու պատերէն եւ կը հասնի մարմնի զանազան օրկաններուն: Ներծծումը տեղի չ՛ունենար ստամոքսին մէջ: Կրածինի ներծծումը աղիքներուն մէջ կը կատարուի Տէ. կենսանիւթի, ֆոսֆորի (phosphorus), մակնեզիոմի (magnesium) եւ բնասպիտներու (proteins) օժանդակութեամբ:

Կրածինը ունի հետեւեալ պարտականութիւնները` մարմնին մէջ. անիկա կ՛օգնէ`

1.- Զօրաւոր եւ առողջ ոսկորներու եւ ակռաներու  կազմաւորման եւ աճման,
2.- Արեան լերդացումի (clotting) գործընթացին,
3.- Մարմնի ջիղերուն բնականոն գործունէութեան` ազդանշաններ ղրկելու եւ ընդունելու,
4.- Մկաններու պրկումին եւ թուլացումին,
5.- Սրտի մկաններուն կծկումներուն-պրկումներուն եւ զարկի կանոնաւորման,
6.- Արեան ճնշումին կանոնաւորման,
7.- Երակներու ընդլայնումին եւ կծկումներուն,
8.- Ներբջիջային աշխատանքին:

Մեր մարմնի կրածինի աղբիւրներն են մեր սպառած կարգ մը սննդեղէնները եւ կերակուրները, այսինքն`

Ա.- Կաթը եւ կաթնեղէնները` մածունը, պանիրը եւ կարագը:

Կաթ եւ կաթնեղէններ

Բնական կաթը հարուստ է ճարպով: Ան կը պարունակէ 4 առ հարիւր ճարպ: Կաթը յանձնարարելի է 1-2 տարեկան երեխաներուն: Երկու տարեկանէն ետք նաեւ չափահասները խմելու են նուազ ճարպ պարունակող կաթ, այսինքն` 1-2 առ հարիւր ճարպ պարունակող կաթ:

Կաթը հարուստ է նաեւ ֆոսֆորով եւ մակնեզիոմով, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին աղիքներու պատերէն կիրի ներծծման մէջ:

Տէ. կենսանիւթը կարեւոր է մարմնին մէջ կրածինի գործունէութեան համար: Այս պատճառով մեր խմած տեսակաւոր կաթերը հարստացուած են Տէ. կենսանիւթով:

Բ.- Կանաչ բանջարեղէնները, օրինակ` բրքուկը (broccoli), կաղամբը, բանջարը, շողգամը, շոմինը, ոլոռնը, կանաչ սոխը, կանաչ սխտորը, անանուխը:

Գ.- Լոսդի ձուկը (salman) եւ ոսկորներով հարուստ սարտին ձուկը:

Դ.- Նուշը, արեւածաղիկի կուտը, շուշման (sesame seed), շուշմայի մածուկը, խորիսխը (sesame seed paste), լուբիան եւ բակլան:

Ե.- Շատ մը դեղերու եւ կենսանիւթերու մէջ աւելցուած կրածինը` իբրեւ լրացուցիչ սննդանիւթ (supplement):

Կրածինը իր օգտակարութիւններուն կողքին ունի, նաեւ շատ մը կողմնակի վնասներ, երբ անիկա օրինաւոր չափով չի գործածուիր: Այս կողմնակի վնասներն են հետեւեալները.

Ա.- Կրածինի մեծ քանակութեամբ եւ երկարատեւ գործածութիւնը կը պատճառէ գերկիրութիւն (hypercalcemia), որ կը վնասէ մարմնի կարգ մը օրկաններուն, մասնաւորապէս` երիկամներուն, ուր կը կազմուին երիկամային քարեր:

Բ.- Երկար ժամանակ կրածինի նուազ գործածութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ ենթակիրութեան (hypocalcemia), որ կը յառաջացնէ`

1.- Ոսկրափխրութիւն (osteoporosis) եւ ոսկորներու կոտրուածք,

Առողջ ոսկորներ                                                                       Ոսկրափխրութիւն

2.- Ակռաներու տկարութիւն, անբնական երեւոյթներ, դիւրաբեկութիւն եւ փտում (decay),

Ակռաներու փտում

3.- Լինտերու գրգռութիւն,
4.- Մկանային ցաւ, մասնաւորապէս`  թեւերու եւ սրունքներու,
5.- Մկանային պրկուածութիւն, մարմնական ցնցումներ (seizures),
6.- Ոտքերու եւ ձեռքերու մատներու թմրութիւն եւ ասղնտոց (tingling),
7.- Յոգնածութիւն եւ ընկճուածութիւն,
8.- Մորթի չորութիւն եւ քերուըտուք,
9.- Եղունգներու ճեղքրտուք,
10.- Հերաթափութիւն,
11.- Նախադաշտանի եւ դաշտանի ցաւեր,
12.- Սրտանօթային հիւանդութիւններ` երակներու մասնակի խցում կրածինի մասնիկներու կիտումով (deposition) երակներու պատերուն վրայ, սրտի մկանային տկարութիւն, սրտի աշխատանքի ձախողութիւն, սրտի կաթուած (myocardial infarction, MI) սրտի զարկի անկանոնութիւն (arrhydmia) եւ սրտադող (fibrillation):

Ենթակրածին չունենալու համար պէտք է սպառենք կիրով հարուստ սննդեղէններ: Մանուկներ, յղի կիներ եւ տարեցներ միաժամանակ գործածելու են կրածինի լրացուցիչ դեղատեսակներ:

Լրացուցիչ կրածինը գործածուելու է հետեւեալ ցուցատախտակին համաձայն.

0-6 ամսու երեխաներ` օրական 200 մկ,
7-12 ամսու երեխաներ` օրական 260 մկ,
1-3 տարեկան երեխաներ` օրական 700 մկ,
4-8 տարեկան երեխաներ` օրական 1000 մկ,
9-18 տարեկան պատանիներ` օրական 1300 մկ,
19-50 տարեկան չափահասներ` օրական 1000 մկ,
50-70 տարեկան տղամարդիկ 1000 մկ,
50-70 տարեկան կիներ` օրական 1200 մկ,
70-էն վեր չափահասներ` օրական 1200 մկ,
14-18 տարեկան յղի եւ կաթնտու կիներ` օրական 1300 մկ,
19-50 տարեկան յղի եւ կաթնտու կիներ` օրական 1000 մկ:

Երեխաներ եւ պատանիներ օրական պէտք ունին 2500-3000 մկ կրածինի, որ պէտք է հայթայթուի սննդեղէններէն եւ լրացուցիչներէն:  Իսկ այդ տարիքէն վեր անձեր` 2000-2500 մկ կրածինի:

Կարգ մը սննդանիւթեր կը պարունակեն հետեւեալ քանակութեամբ կրածին.

250 մլ կաթը ունի 300 մկ կրածին,
42 կրամ պանիրը ունի 300 մկ կրածին,
170 կրամ մածունը ունի 300 մկ կրածին,
84 կրամ սարտինը ունի 300 մկ կրածին,
23 կրամ նուշը ունի 100 մկ կրածին,
100 կրամ բանջարեղէնը ունի 100 մկ կրածին:

Որո՞նք աւելի հակամէտ են ենթակրածին.

1.- Բոլոր տարիքի կիներ եւ աղջիկներ, մարզիկներ, դաշտանի խանգարում ունեցող աղջիկներ, դաշտանադադարի (menopause) հասնող կիներ,
2.- Կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունեցողներ, որոնք բաւարար կաթ չեն խմեր,
3.- Պատանեկան տարիքի տղաք եւ աղջիկներ, որոնք կաթի փոխարէն զովացուցիչներ կը խմեն,
4.- Տարեցներ, որոնք բաւարար կրածին չեն սպառեր:

Կրածինի համաչափութեան ղեկավարումը մարմնին մէջ տեղի կ՛ունենայ երեք ներազդակներով.

1.- Յարվահանագեղձի ներազդակ (parathyroid hormone), որ կ՛արտադրուի  յարվահանագեղձին (parathyroid) մէջ,
2.- Calcitriol, որ Տէ. կենսանիւթէն կ՛արտադրուի եւ կը գրգռէ աղիքները,
3.- Calcitonin, որ կ՛արտադրուի վահանագեղձին (thyroid gland) մէջ: Անիկա արգելք կ՛ըլլայ ոսկորներու փճացումին եւ կը կանոնաւորէ արեան կրածինի քանակը,
4.- Սեռային ներազդակները, կիներուն estrogen եւ տղամարդոց testosterone ներազդակները  մեծ դերակատարութիւն ունին կիներուն եւ տղամարդոց ոսկորներուն աճման եւ առողջութեան մէջ,
5.- Աճման ներազդակը (growth hormone), որ կ՛արտադրուի մակուղեղի (pituitary gland) մէջ,  կը սատարէ եւ կը կանոնաւորէ ոսկորներու աճումը:

Մոնրէալ, 6 ապրիլ 2021

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Յունուար 2022)

Յաջորդը

Ուրախ Լեր

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.