Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Յունուար 25, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Դեղորայքային Գերզգայնութիւն (Drug Allergy)
– Անգլիական Աղի Պատմութիւն (Epsom Salt)
– Դեռահասները Պէտք Եղածէն Աւելի՞ Ժամանակ Կ՛անցընեն Ընկերային Ցանցերու Վրայ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Դեղորայքային Գերզգայնութիւն
(Drug Allergy)

Ձեր առողջութիւնը կառավարելու համար դեղերը շատ անգամ անհրաժեշտութիւն են: Անոնք կրնան հսկայական փոփոխութիւն բերել ձեր կեանքին մէջ: Բայց երբեմն մարդիկ ալերժիք հակազդեցութիւն կ՛ունենան դեղի նկատմամբ:

Երբ դուք գերզգայնութիւն ունիք, ձեր դիմադրողական համակարգը անվնաս բան մը սխալմամբ որպէս թշնամի կը տեսնէ, որուն պատճառով ձեր մարմինը կ՛արձագանգէ որոշակի քիմիական նիւթեր արտադրելով, ինչպիսիք են մեծ քանակությամբ հիսթամինը` փորձելով ձերբազատիլ անկէ:

Եթէ կը կարծէք, որ դեղորայքային գերզգայնութիւն ունիք, ըսէք ձեր բժիշկին: Կարելի է գտնել մէկ այլ բուժում, եւ կրնաք զայն փորձել անոր փոխարէն:

Ախտանիշներ

Նոյնիսկ այն մարդոց մօտ, որոնք գերզգայնութիւն չունին, շատ դեղատեսակներ կրնան յառաջացնել խնդիրներ, ինչպիսին է ստամոքսի խանգարումը: Սակայն գերզգայնութեան հակազդեցութեան ժամանակ հիսթամինի արձակումը կրնայ յառաջացնել այնպիսի ախտանիշներ, ինչպիսիք են`

– Եղնջացան (Hives)
– Ցան (Rash)
– Քերուըտուն մորթ
– Քերուըտուն աչքեր
– Արիւնազեղում (Congestion)
– Ուռեցք` բերանի եւ կոկորդի մէջ

Գերզգայնութեան աւելի ծանր հակազդեցութիւնը կը կոչուի անաֆիլաքսիս (Anaphylaxis), որ կրնայ ներառել`

– Շնչառութեան խանգարում
– Մաշկի կապտութիւն
– Գլխապտոյտ
– Նուաղում (Fainting)
– Ընկճուածութիւն
– Շփոթութիւն
– Սրտի արագ բաբախում
– Սիրտխառնուք
– Փորհարութիւն

Անաֆիլաքսիսը կեանքի սպառնացող արտակարգ իրավիճակ է եւ կրնայ յանգիլ կաթուածի (Shock) ու գիտակցութեան կորուստի:

Դեղորայքային գերզգայնութեան ախտանիշները կրնան սկսիլ դեղը առնելէ կարճ ժամանակ անց: Սակայն որոշ մարդոց համար յայտնուիլը ժամեր, օրեր կամ շաբաթներ կրնայ տեւել: Որոշ մարդիկ հակազդեցութիւն կ՛ունենան առաջին անգամ դեղը առնելէ ետք, իսկ ուրիշներ` դեղը քանի մը անգամ առնելէ ետք: Եւ դուք որեւէ մէկ վայրկեան կրնաք գերզգայնութիւն զարգացնել բանի մը նկատմամբ, նոյնիսկ` այն դեղատեսակին, որ տարիներ շարունակ անվտանգ առած էք:

Շատ անգամ դեղորայքի նկատմամբ վատ հակազդեցութիւնը չի նշանակեր, որ դուք գերզգայնութիւն ունիք անոր դէմ: Կողմնակի ազդեցութիւնները սովորական են, յատկապէս երբ ձեր մարմինը կ՛ընտելանայ նոր դեղամիջոցի մը: Եթէ այդ մէկը կողմնակի ազդեցութիւն է, եւ ոչ թէ` գերզգայնութիւն, աւելի հաւանական է, որ ունենաք`

– Սիրտխառնուք
– Ներուժի պակաս
– Մկանային ցաւեր
– Քնանալու դժուարութիւն
– Հազ
– Գլխացաւ
– Փակուած քիթ
– Ստամոքսի պրկումներ
– Փորհարութիւն
– Պնդութիւն
– Զնգոց` ականջներու մէջ
– Դիւրաւ յառաջացող կապտուկներ (1) (Bruises)

Որո՞նք են դեղերու ամենատարածուած գերզգայնութիւնները

Ոեւէ մարդ կրնայ գերզգայնութիւն ունենալ որեւէ մէկ դեղատեսակի նկատմամբ, ըլլայ այդ մէկը դեղագիրով դեղ կամ դեղեր, որոնք կարելի է առնել առանց դեղագիրի: Փենիսիլինը եւ նմանատիպ այլ հակապիոթիքները այն դեղամիջոցներն են, որոնց նկատմամբ բազմաթիւ մարդիկ գերզգայնութիւն  ունին: Սովորաբար գերզգայնութեան հակազդեցութիւն յառաջացնող դեղատեսակներէն են`

– Սուլֆայի դեղատեսակներ (Furosemide (Lasix),
– Պարպիթուրէյթներ, ինչպէս` Phenobarbital-ը,
– Լուսնոտութեան (Epilepsy) դէմ դեղատեսակներ, որոնց կարգին են` Carbamazepine (Tegretol)-ը, Chlorpromazine (Largactil)-ը, Ethiosuximide-ը, Lamotrigine (Lamictal)-ը, Phenytoin (Epanutin)-ը եւ Zonisamide-ը,
– Ցաւազերծողներ, ինչպիսիք են Aspirin-ը, Ibuprofen-ը, Naproxen-ը եւ Codeine-ը,
– ACE արգելափակողներ (ACE inhibitors), ներառեալ Captopril-ը, Enalapril-ը, Fosinopril-ը եւ Lisinopril-ը,
– Ներկեր, որոնք կ՛օգտագործուին շողանկարներու եւ MRI-ի համար,
– Էխինասիան (Echinacea) եւ բուսական այլ դեղատեսակներ:

Ախտորոշում

Ձեր բժիշկը ձեզի հետ կը խօսի ձեր բժշկական պատմութեան և ախտանիշներու մասին: Պիտի ուզէ գիտնալ, թէ ի՛նչ դեղ կ՛առնէք, կամ արդեօք երբեւէ ունի՞ք դեղատեսակի հակազդեցութիւն կամ այլ գերզգայնութիւն, եւ արդեօք ունի՞ք այլ բժշկական պայմաններ.

Ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ որքա՛ն արագ ախտանիշները կ՛երեւնան, եւ թէ անոնք փոխուա՞ծ են ժամանակի ընթացքին, եւ արդեօք որոշ բան մը ընելը օգնած է այդ մէկը մեղմելու:

Եթէ բժիշկը կասկածի, թէ գերզգայնութիւն ունիք որոշ հակապիոթիքի մը, օրինակ` փենիսիլինի նկատմամբ, կրնայ ձեր մորթին վրայ քննութիւն մը կատարել` ստուգելու համար այդ մէկը: Ան թերեւս արեան որոշ քննութիւններ պահանջէ տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատին ձեր օրկանները, եւ ստուգելու համար գերզգայնութեան հակազդեցութեան այլ նշաններ:

Սակայն մորթի վրայ քննութիւնը ոչ բոլոր դեղատեսակներու պարագային կարելի է ընել, եւ որոշ պարագաներու այդ մէկը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Եթէ դուք ծանր, կեանքի սպառնացող հակազդեցութիւն ունեցած էք որոշակի դեղատեսակի նկատմամբ, ձեր բժիշկը պարզապէս կը բացառէ այդ դեղատեսակը` որպէս բուժման տարբերակ: Գերզգայնութեան քննութիւն ստանալը պարզապէս պարզելու համար, թէ ձեր ունեցած ծանր հակազդեցութիւնը «իսկական» գերզգայնութեան հետեւա՞նք էր, անհրաժեշտութիւն մը չէ, երբ կան դեղամիջոցի այլ տարբերակներ:

Բուժում

Առաջին նպատակը ձեր ախտանիշները թեթեւցնելն է: Օգտագործուած դեղատեսակներէն են հակահիսթամինները (Aerius, Claritine, Telfast®), իսկ որոշ պարագաներու` Corticosteroid-ները (Prednisolone, Dexamethasone, Betamethasone), յաճախ կրնան վերահսկել ու մեղմացնել ցանը, եղնջացանը (Hives) եւ քերուըտուքը:

Հազալու եւ թոքերու գերբեռնուածութեան պարագային, ձեր բժիշկը կրնայ դեղագրել դեղեր, որոնք կը կոչուին bronchodilators` ձեր շնչուղիները լայնցնելու համար:

Անաֆիլաքսիսի ախտանիշներու պարագային ձեզի համար անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ էպինեֆրինի (ատրենալինի) ներարկում, եւ դուք անպայման շտապ բժշկական օգնութեան պէտք կ՛ունենաք, նոյնիսկ եթէ այդ ախտանիշները մեղմանան էպինեֆրին առնելէ ետք:

Երբեմն բժիշկները կ՛օգտագործեն մեթոտ մը, որ կը կոչուի զգայազերծում (desensitization)` փենիսիլինի կամ այլ դեղամիջոցներու նկատմամբ գերզգայնութիւնը  բուժելու համար: Ժամանակի ընթացքին կը ստանաք փոքր քանակութեամբ փենիսիլինի ներարկումներ, եւ բժիշկը հետզհետէ կը բարձրացնէ դեղաչափը, մինչեւ որ ձեր դիմադրողական համակարգը կարենայ ընդունիլ դեղատեսակը: Հաւանաբար ան դիմէ այս ընթացակարգին միայն այն պարագային, երբ չկան այլ դեղեր, որոնք կրնան բուժել ձեր վիճակը:

Կապտուկ-վնասուածք, որ ի յայտ կու գայ որպէս մարմնի գունաթափուած մաշկի տարածք` յառաջացած հարուածի մը պատճառով, որ պատռած ու վնասած է մաշկի տակի արեան երակները:

Աղբիւր` WebMD

Անգլիական Աղի Պատմութիւն
(Epsom Salt)

Անգլիական աղը ծփալու բուժման (floatation therapy) գաղտնիքն է: Հանքանիւթը` Magnesium Sulfate-ը, կ՛օգնէ ջուրը այնքան թանձր դարձնելու, որ ձեր մարմինը առանց ջանքի կը ծփայ անոր վրայ: Շատեր գիտեն այս մասին, բայց թերեւս չեն գիտեր այս հանքանիւթին պատմութիւնը, կամ թէ որքա՛ն ժամանակէ ի վեր մարդիկ կ՛օգտագործեն զայն:

Հին անգլիական աղը

Մարդիկ 17-րդ դարէն ի վեր կ՛ապաւինին անգլիական աղի օգուտներուն: Անիկա յայտնաբերուած է Անգլիոյ Էփսոմ քաղաքին մէջ: Էփսոմը կը գտնուի Լոնտոնի կեդրոնէն մօտ 15 մղոն հեռու:

Անգլիական աղը յայտնաբերուած է պատահաբար: Բնակիչները կ՛եռացնէին աղի-լեղի աղբիւրի ջուրը, եւ երբ հեղուկը շոգիանար, մարդոց մօտ կը մնար հանքային փոշին` աղը: Նեհեմիա Կրիու անունով քիմիագէտ մը փաստեց այս մէկը 1695 թուականին: Ան այս մէկը նկարագրեց որպէս «մաքրող լեղի աղեր» (bitter purging salts)` նկատի ունենալով մակնեզիոմ սուլֆաթի փորլուծողական յատկութիւնները:

Սկիզբը մարդիկ աղբիւրի ջուրը կը խմէին քարէ գաւաթներէ: Անոնք ջուրը կ՛օգտագործէին իրենց համակարգերը «մաքրելու» եւ մարսողական խանգարումները վերացնելու համար: Անգլիական աղը այնքան յայտնի դարձաւ, որ շուտով քաղաքը Բրիտանիոյ առաջին սփայի (Spa) վայրերէն մէկը դարձաւ:

Շուտով այլ աղբիւրներ յայտնաբերուեցան ամբողջ գիւղին մէջ: Քանի որ աւելի շատ մարդիկ սկսան հետաքրքրուիլ աղով, Նեհեմիա ձեռք բեռաւ թագաւորական արտօնագիր` անգլիական աղի արտադրութեան բացառիկ իրաւունքներու համար: Տարիներու ընթացքին ան այնքան առատ եւ աժան արտադրեց զայն, որ մարդիկ այլեւս պէտք չունէին հորեր այցելելու:

Այսօրուան մակնեզիոմ սուլֆաթը

Ժամանակակից օրերուն անգլիական աղը այլեւս Անգլիայէն չէ որ կու գայ: Մենք զայն կ՛արտադրենք ժայռային նիւթէ, որ յայտնի է տոլոմիտ անունով: Այս հանքանիւթը առատ է Հարաւային Ալպերուն մէջ: Տոլոմիտը կը հաւաքւուի մեծ քանակութեամբ եւ կը վերածուի օգտագործելի արտադրանքի` անգլիական աղի: Պահանջը բաւական մեծ է: Հաշուի առէք, որ Northwest Float Center-ի իւրաքանչիւր ջրամբար կը պահանջէ աւելի քան 408,5 քիլոկրամ անգլիական աղ:

Այսօրուան համար մէկ այլ փոփոխութիւն է նաեւ Էփսոմ քաղաքի վիճակը: Հակառակ անոր որ ան ժամանակին եղած է Բրիտանիոյ ամենածանրաբեռնուած սփայի վայրերէն մէկը, ան այժմ աւելի քան սովորական է, բացի` աղբիւրի սկզբնական ջրհանէն:

Դեռահասները Պէտք Եղածէն Աւելի՞ Ժամանակ
Կ՛անցընեն Ընկերային Ցանցերու Վրայ
Ահա Թէ Ի՛նչ Կ՛ըսեն Փորձագէտները Այս Մասին

Ձեր զաւակը ամբողջ օրը իր հեռաձայնի՞ն կը նայի: Կան շատ մը բաներ, զորս ծնողները կրնան ընել երեխաները պաշտպանելու համար ընկերային ցանցերու հաւանական բացասական ազդեցութիւններէն, կ՛ըսեն փորձագէտները:

Թէեւ կան ընկերային ցանցերու դրական կողմեր, սակայն կան նաեւ ապացոյցներ այն մասին, որ ան կրնայ վտանգել դեռահասներու հոգեկան առողջութիւնը բազմապիսի խնդիրներու պատճառով, ինչպիսիք են բռնածաղրը (bullying), մարմնի պատկերի մտահոգութիւնները (body image concerns) եւ ընկերային այլ ճնշումները:

«Իրականութիւնն այն է, որ ընկերային ցանցերը մէկ մասն են աշխարհի, ուր մենք կ՛ապրինք, եւ ան չ՛անհետանար», ըսած է Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի դեռահասներու եւ երիտասարդներու բժշկութեան բաժնի դարմանատնային հոգեբան Մարի Ռածիք:

«Մենք չենք կրնար պարզապէս խլել մեր երեխաներուն հեռաձայնները կամ համակարգիչները: Պէտք է իմանալ եւ պարզել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք առաջնորդել այս գործիքները օգտագործելու եւ նաւարկելու հարցին մէջ», ըսաւ է Ռածիք հիւանդանոցի լուրերու հաղորդագրութեան մէջ:

Դեռահասներու մօտ ընկերային ցանցերու հետ կապուած խնդիրներու որոշ նշաններէն են տրամադրութեան, ուտելու եւ քունի սովորութիւններու փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ` սենեակի մէջ մեկուսացումը: Նման դէպքերու պարագային, ծնողները կրնան քննարկումի սկսիլ իրենց դեռահասի կողմէ ընկերային ցանցերու օգտագործման վերաբերեալ` օգտագործելով «ես»-ը «դուն»-ի փոխարէն, առաջարկեց Ռածիք:

«Դուն «Ինսթակրամ»-ի վրայ չափազանց ժամանակ կ՛անցընես, եւ այդ մէկը քեզի համար վատ է» ըսելու փոխարէն` փորձեցէք. «Ես նկատեցի այս մէկը եւ իսկապէս մտահոգ եմ: Կրնա՞նք խօսիլ այդ մասին»: Եթէ ձեր դեռահասը չի փափաքիր խօսիլ այդ պահուն, տեղեկացուցէք անոր, որ դուք պատրաստ էք լսելու, երբ ան պատրաստ զգայ:

«Նախատինքը կը ստիպէ երիտասարդին չխօսիլ ու ինքնամփոփ դառնալ,- ըսաւ Ռածիք: – Կամ երբեմն ծնողները գաղտնաբար կը փորփրեն իրենց զաւակներուն ընկերային ցանցերու էջերը, ու այդ մէկը յարձակողական կը թուի: Մօտեցումը պէտք է բխի հոգատարութեան եւ մտահոգութեան, եւ ոչ թէ պատժիչ կամ մեղադրական մեկնակէտէն»:

«Ծնողները պէտք է յաճախակի ստուգեն իրենց դեռահասներու կողմէ ընկերային ցանցերու օգտագործումը եւ ուշադրութիւն դարձնեն անոնց», կ՛ըսէ Սառա Վոյեր` Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հոգեբուժութեան բաժնի յառաջատար ընկերային ծառայողը:

«Ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն հարցնել, թէ ինչպէ՛ս անոնք կ՛օգտուին ընկերային ցանցերէն, արդեօք անոնք կը կիսուի՞ն իրենց տեսած թարմացումները ընկերներու հետ, կը հետեւի՞ն որոշ հռչակաւոր կամ ազդեցիկ մարդոց, թէ՞ անընդհատ խորհուրդ կամ օգնութիւն կը փնտռեն, եւ ի՞նչ կը զգան ի վերջոյ, երբ անոնք կ՛օգտագործեն զայն», ըսաւ Վոյեր:

Եթէ վստահ էք, որ ընկերային ցանցերը բացասական ձեւով կ՛ազդեն ձեր զաւկի հոգեկան առողջութեան վրայ, առաջարկեցէք անոր դադար մը առնել կամ նոյնիսկ ջնջել իր հաշիւը:

«Կան դեռահասներ, որոնք կրնան կտրել այդ շղթան, եւ երբեմն ծնողէն է, որ կը սպասէ այդ օգնութիւնը», ըսաւ Ռածիք:

Նախքան երեխային ընկերային ցանցերն օգտագործելը` ծնողները պէտք է յարաչափեր (parameter) սահմանեն, ըստ Ռածիքի:

«Այդ մէկը կրնայ խնդրայարոյց ըլլալ, երբ երեխաներուն կանուխ տարիքէն ազատ հասանելիութիւն կը տրուի բջիջային հեռաձայներու,- ըսաւ ան: – Ես կը հասկնամ օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը երբեմն, յատկապէս` տարիքի համապատասխան նիւթերու պարագային: Բայց որպէս ծնողներ` մենք պէտք է խրախուսենք շրջապատող աշխարհի հետաքրքրասիրութիւնը եւ օգտագործենք ստեղծագործական գործիքներ, եւ ոչ թէ մնայուն կերպով ապաւինինք ընկերային ցանցերուն»:

Աղբիւր` WebMD

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան

Յաջորդը

Առանց Ազգի Եւ Ժողովուրդի Միութեան` Անիմաստ Է Հայկական Բանակի (Եւ Ընդհանրապէս) Վերականգնումի Մասին Խօսիլը

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն.  Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն. Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Յուլիս 5, 2022
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ – Monkeypox

Յուլիս 4, 2022
Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները

Յուլիս 2, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In