2022-ը «Սփիւռքի Տարի» Հռչակման Հետքերով
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անցնող հազարամեակին հայ ժողովուրդը ունեցած է քանի մը մեծաթիւ տեղաշարժ, գաղթ` անոր պարտադրուած բռնութիւններուն, եղեռններուն... պատճառով: Անոնց մէջ յիշատակելի են սելճուքական, թաթար-մոնկոլական, շահ-աբբասական, օսմանական, քեմալական բռնութիւններն ու եղեռնները: Ասոնց պատճառով ստեղծուած են նոր գաղթավայրեր, սփիւռքներ, որոնց մեծ մասէն հազիւ հայերու բեկորներ մնացած են` գաղթավայրերու բնակիչներուն մէջ ձուլուելով: Թուենք քանի մը հատը` արեւելեան Եւրոպայի, Հունգարիոյ, Լեհաստանի, Տոնի Ռոստով-Նոր...



















