Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշարժան Փորձառութիւն Մը` Դաշնակցական Գաղափարաբանական Մամուլի Պատմութեան Մէջ

March 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորման եւ յատկապէս այս յատուկ թիւի ձեւաչափի ճշդման յատկացուած խմբագրական կազմի ժողովներուն ընթացքին քանի մը անգամ հնչեց այն միտքը, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ խմբագրակազմի այն անդամները, որոնք քիչ թէ շատ երկար ճամբայ կտրած են թերթին ընտանիքին հետ, սկսին գէթ սաղմնային կերպով իրենց անցած ճամբուն յիշատակներուն մասին գրել: Այս միտքը յառաջացաւ այն իրողութենէն, որ 80-ամեակին առիթով լոյս տեսած հրատարակութիւնը գլխաւորաբար բաղկացած էր թերթին ծննդոցի տարեդարձին առիթով հրապարակուած ողջոյնի եւ շնորհաւորական գիրերէ, իսկ 90-ամեակի հրատարակութիւնը կոթողային աշխատանք մըն էր, որուն մէջ թերթի ընտանիքին մաս կազմած մտաւորականներու եւ խմբագիրներու հին սերունդը իր յուշերուն ընդմէջէն 90-ամեայ պատմութեան մասին առատ հում նիւթ կը մատուցէր ապագայ ուսումնասիրողին: Անկէ զատ նաեւ, պատմագիտական հում նիւթի տրամադրման իմաստով այդ հրատարակութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունէին «Ազդակ»-ի պատմութեան վերաբերող ուսումնասիրական յօդուածները եւ զանազան ժամանակաշրջաններուն «Ազդակ»-ի հետ առնչութիւն ունեցած անձնաւորութիւններու հետ կատարուած բազմաթիւ հարցազրոյցները: Եւ ուրեմն «Ազդակ»-ի վերոյիշեալ ժողովներուն ընթացքին խօսուեցաւ այն մասին, թէ մենք կարիքը ունինք նաեւ «նոր սերունդ»-ին կողմէ գրուելիք նախնական յուշագրութիւններու միջոցով ուրուագծելու «Ազդակ»-ի գոնէ վերջին 20 տարիներու պատմութիւնը:

Անկեղծ ըլլալու համար նշեմ, որ ծրագրաւորման յատկացուած ժամանակաշրջանին ընթացքին քանի մը անգամ խօսուեցաւ հետս, թէ արդեօք կը փափաքի՞մ այդպիսի յուշագրական փորձ մը կատարել: Ես վերապահութիւնս արտայայտեցի այդ առնչութեամբ: Ժամանակը յարմար չեմ նկատեր տակաւին յուշեր գրելով զբաղելու, եւ հետագայ տողերուն մէջ ալ կրցածիս չափ պիտի փորձեմ խուսափիլ գրածիս յուշագրական երանգ տալէ: Բայց մտածեցի, որ պէտք է գրել այս երեւոյթին մասին` իր ունեցած կարեւորութեան համար: Նաեւ որպէսզի յաչս պատմութեան արդար ըլլանք 95-ամեայ իր երթին ընթացքին «Ազդակ»-ի կատարած ոչ միայն ընթացիկ լրատուական եւ քաղաքական-վերլուծական աշխատանքին գծով, այլ նաեւ թերթին ընդմէջէն դաշնակցական գաղափարաբանական միտքի արտադրութեան առումով:

Յայտնի է, որ ներկայ ժամանակաշրջանին համաշխարհային մակարդակով քաղաքական եւ ընկերային գաղափարախօսութիւնները նահանջի մէջ են, նախորդ դարու տարողութեամբ ներկայիս հետաքրքրութիւն չկայ անոնց նկատմամբ: Բայց մասնաւորաբար հայկական մակարդակի վրայ զանազան առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով կը նշմարուի կտրուկ անկում մամուլին մէջ թէ առանձին հրատարակութիւններու ճամբով գաղափարաբանական խնդիրներու շօշափման: Դաշնակցական մամուլին մէջ ալ նոյն պատճառներով ներկայիս հազուադէպօրէն կը գտնենք քաղաքական-գաղափարաբանական բնոյթի լուրջ վերլուծութիւն` հայ ազգային թէ ընկերային կեանքը յուզող հարցերու առնչութեամբ: Պարզ դիտարկում մը` օրաթերթային տարբերակին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն, ցոյց կու տայ, թէ մանաւանդ հայ ազգային քաղաքական կեանքին վերաբերող յօդուածները կը բնորոշուին պարզապէս իրենց առօրէական վերլուծականութեամբ եւ ոչ թէ ապագայատեսիլ շեշտաւորումով: Նաեւ, եթէ առարկայական ախտաճանաչում պիտի ընենք, պէտք է ըսենք, որ բաւական նուազած է թիւը այն մտաւորականներուն, որոնք ներկայիս հարցերը կը վերլուծեն զուտ դաշնակցական ազգային եւ ընկերվարական գաղափարաբանական մեկնակէտէ: Դաշնակցական մամուլին մէջ գոյութիւն ունեցող այս բացը ներկայիս որոշ չափով կու գան գոցելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը եւ «Վէմ» հանդէսը, մանաւանդ վերջինս յայտնի է իր հրապարակումներուն գիտականութեամբ եւ սկզբունքային գաղափարականութեամբ:

Մեկնելով այս ընդհանուր մտածումներէն, կ՛ուզեմ յիշել իւրայատուկ եւ յիշարժան փորձառութիւն մը, որ ապրած եմ վերջին քանի մը տարիներուն: Այդ յիշարժան փորձառութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը եւ խմբագրական կազմը բաւական խիզախ քայլով մը որոշեցին կտրել գաղափարաբանական նիւթերու նահանջի կամ չգոյութեան փակ օղակը, եւ այսպիսով ծնունդ առաւ զուտ գաղափարաբանական դաշնակցական մամուլ` «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածի տեսքով, որուն խմբագրական աշխատանքն ալ ստանձնեց նուաստս: Իմ կարծիքովս, վերջին գոնէ 20 տարուան ընթացքին ասիկա սփիւռքեան դաշնակցական մամուլի եզակի փորձերէն մէկն էր` ստեղծելու զուտ գաղափարախօսական-տեսական երանգ ունեցող դաշնակցական մամուլ:

Ընդամէնը երկու թիւ լոյս տեսաւ «Ազդակ-գաղափարաբանական»-էն: Մէկը 2018-ին`  դաշնակցական մեծ գաղափարախօս եւ տեսաբան Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին առիթով, իսկ երկրորդը 2019-ին` ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ Ռոստոմի մահուան 100-ամեակին առիթով: Բայց այս երկու փորձերուն ժամանակ ալ «Ազդակ-գաղափարաբանական»-ը կրցաւ իր շուրջ համախմբել տակաւին գաղափարաբանական-տեսաբանական խնդիրներու գծով հետաքրքրութիւններ ունեցող, կարծիք արտայայտող դաշնակցական մտաւորականութիւնը, Հարաւային Ամերիկայէն Միացեալ Նահանգներ, Լիբանանէն Յունաստան, Ֆրանսա, Հայաստան, որքան որ ալ այդ մտաւորականութեան շարքերը նօսրացած ըլլան ներկայիս: Երկու-երեք անգամ ալ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ մտաւորական սեղմ շրջանակի հանդիպումներ կայացան: Այս հանդիպումներուն նպատակն էր գիտնալ, թէ ի՛նչ միջոցներով կարելի էր բարելաւել այսպիսի յաւելուածի մը բովանդակութիւնը: Նաեւ կարեւոր էր շեշտել երեւոյթ մը, որ այսպիսի յաւելուածի մը հրատարակութիւնը պարզապէս մտամարզանքի համար չէ, այլ մենք ունինք յստակ մարտահրաւէր մը, թէ ինչպէ՛ս դաշնակցական միտքը յուզող եւ չարչրկող ժամանակակից մարտահրաւէրներուն կրնանք ելքեր գտնել Դաշնակցութեան ազգային, ընկերվարական, յեղափոխական եւ ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան ընդմէջէն: Չդառնալ գիրքի, տառի գերին, այլ այդ տեսաբանական-գաղափարախօսական մտորումները բերել մեր առօրեայ կեանք եւ այս ձեւով ընդելուզումը կատարել դաշնակցական առօրեայ քաղաքական աշխատանքին եւ այդ աշխատանքին համար ուղղութիւն ցոյց տուող  գաղափարախօսութեան, քաղաքական փիլիսոփայութեան միջեւ:

«Ազդակ-գաղափարաբանական»-ին համար կարեւոր էր շեշտել նաեւ մտաւորական աքթի ազատութիւնը: Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եղած է եւ էապէս է ազատութեան գաղափարախօսութիւն` կուսակցութեան հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր: Այս ազատութեան գինը մարդիկ վճարած են աքսորի, բանտի, կախաղանի, գնդակահարութեան տեսքով: Պէտք էր ընդգծել, որ գաղափարաբանական-տեսաբանական նիւթերով արտայայտուող մտաւորական անհատին առաստաղը Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն է միայն, ուրիշ որեւէ սահմանափակում չկայ: Եւ ընդհանրապէս պէտք չէ վախնալ արտայայտուելու ազատութենէն, այլ պէտք է վախնալ ազատութեան վրայ:

Կը կարծեմ, թէ յաւելուածի երկու փորձերուն ալ պարագային «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը այն ժամանակ կրցաւ իրագործել իր առջեւ դրած նպատակը, կրցաւ քանդել յառաջացած այն կարծրատիպը, որ ներկայիս անկարելի է զուտ տեսաբանական-գաղափարաբանական խօսոյթ մը ստեղծել մամուլի մակարդակով: Նաեւ այս յաւելուածներուն աշխատակից մտաւորականները կրցան տեսական-գաղափարաբանականը բերել ներկայ եւ ներկայի մեր բազմապիսի հարցերը դիտել այդ ակնոցով: Երուանդ Ֆրանգեանին նուիրուած յաւելուածին պարագային վերաշեշտաւորումը կատարուեցաւ դաշնակցական անզուգական տեսաբանի յառաջ քաշած պատմափիլիսոփայական տեսութեան, որ մինչեւ հիմա ալ անբաժան մասն է ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրին գաղափարաբանական հիմքին. մարդկային կեանքը, պատմութիւնը յառաջ կ՛երթայ առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու գոյութեամբ, որեւէ տեսակի փոփոխութիւն պայմանաւորուած է այս առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու փոխլրացումով եւ փոխներգործումով: Ռոստոմի մահուան 100-ամեակին նուիրուած յաւելուածը եկաւ վեր հանելու անոր էապէս միջազգայնական եւ խորապէս ազգային մտածող, յեղափոխական գործիչ ըլլալու իրականութիւնը, միջազգայնականի եւ ազգայինի համադրումը մէկ մարդու մէջ, յատկանիշ մը, որ դրոշմեց նաեւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը:

Հիմա տարիներ անցած են այդ երկու, ինծի համար յիշարժան, բայց նաեւ ֆիզիքապէս յոգնեցուցիչ փորձերէն: Գաղափարաբանական նիւթերու պակասին բացը տակաւին զգալի է հայ եւ մանաւանդ դաշնակցական մամուլին մէջ: Այդ նահանջը չէ կասեցուած, այլ ընդհակառակն` խորացած է: Դժուարութիւններն ալ աւելի մեծցած են ներկայիս: Այդ երկու փորձերն ալ կը յուշեն սակայն, որ կարելի չէ յուսահատիլ: Մանաւանդ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք ուրուագծուելիք Դաշնակցութեան ռազմավարութիւնը կը պարտադրէ, մեր կարծիքով, որ վերանորոգ փորձեր կատարուին գաղափարաբանական խօսոյթը վերստին մամուլի էջերուն վերադարձնելու: Թերեւս նախկին փորձերը չկրկնուին իրենց յաւելուածական տեսքով` մեկնելով Լիբանանը հարուածած ելեւմտական-տնտեսական ահաւոր ճգնաժամին հետեւանքներէն, բայց այդ փորձերը պէտք է անպայման զգալի դառնան առօրեայ օրաթերթային ձեւաչափով: «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակը կու գայ այս ձեռնոցը նետելու նաեւ իր 34-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտելիք Դաշնակցութեան մամուլին, դաշնակցական գաղափարական մտաւորականութեան ընդհանրապէս…

 

Նախորդը

«Ազդակ« 95-ամեակ. «Ազդակ»-ը` Լիբանանահայութեան եւ Սփիւռքի Փնտռուած Օրաթերթը

Յաջորդը

Որպէսզի Մամուլը Կատարէ Իր Առաքելութիւնը («Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առթիւ)

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.